Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

khanamirian2_70916

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ  Միրէյ Խանամիրեանի, չորեքշաբթի, 22 յունիս 2016, երեկոյեան  ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

khanamirian1_70916

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք շրջանաւարտ աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագիրով: Անոնք երկու արարով ներկայացուցին թատրոն մը, որ կը խօսէր անվերջ նուաճումներ փնտռելու, դէպի ճշմարտութիւն ու գիտութիւն անդարար խոյանք ունենալու անհրաժեշտութեան մասին: Ներկայացման աւարտին աշակերտները ստացան գիտութեան ջահը եւ անոր պահապան նշանակուեցան: Անոնք պատգամ ստացան անխախտ շարունակել գիտութեան լոյսը ու ցեղին ձայնը սերմանել փոքրերու հոգիին ու մտքին մէջ: Յ. Թումանեանի  «Մեր ուխտին» խմբական ասմունքով թատրոնը վերջ գտաւ: Ներկայացման ընթացքին շրջանաւարտ աղջիկներու խումբը ներկայացուց հայկական նազպար մը, իսկ յայտագիրի աւարտին Քրիստ Քիրեճեան դաշնամուրով մեկնաբանեց երկու երաժշտական կտոր, որմէ ետք Արազ Էլէյճեան ապրումով արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Իմ ժողովուրդին» կտորը:

Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Խնամակալներէն Ռիթա Սալխանեան, Ժաքլին Օհանեան, Սոնիա Սարգիսեան եւ տնօրէնուի Նելլի Վէքիլեան բաժնեցին մրցանակներ` պատուոյ ցանկին մաս կազմող բոլոր կարգերու աշակերտներուն: Խանամիրեանականներու միութեան ծառայասէր աշակերտի մրցանակը շնորհուեցաւ Է. կարգէն Աբօ Գէորգեանին: Սանդուխտ եւ Հայրապետ Խաչերեաններու միջնակարգի հայերէնի բարձրագոյն միջինի մրցանակը շնորհուեցաւ Ը. կարգէն Արազ Էլեճեանին, տիպար աշակերտի մրցանակը` Սերժ Չոլաքեանին, իսկ Ժաք Վէքիլեան միջնակարգի գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջինի մրցանակը շնորհուեցաւ Ը. կարգէն Փաթիլ Եագուպեանին:

Հանդիսաւոր մուտքով մը շրջանաւարտները բարձրացան բեմ: Անոնք ուրախութեամբ եւ յուզմունքով մեկնաբանեցին «Վերջին զանգ» երգը: Շրջանաւարտներէն Սելլա Վարդան կարդաց հայերէն ուղերձը, Սերժ Չոլաքեան` արաբերէնը, իսկ Արա Գունճեան` անգլերէնը:

Խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի Նելլի Վեքիլեան: Ան շրջանաւարտներուն ուղղած խօսքին մէջ ըսաւ. «Դպրոցէն բաժնուելու ձեր տխրութիւնը պիտի վերածուի ուրախութեան, երբ տարիներ ետք այս դպրոցի վկայականով զինուած` արժանանաք աւելի բարձր վկայականի: Իսկ ուրախութիւնը պիտի վերածուի ցնծութեան, երբ կեանքի մէջ յաջողած անհատներ դառնաք ու վերադառնաք ձեր դպրոցը` ձեր երախտագիտութիւնը արտայայտելու եւ ուրախութիւն բաշխելու գալիք սերունդներուն»: Տնօրէնուհին խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ 114 տարի հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ ծառայած Խանամիրեան դպրոցը գոյատեւած է շնորհիւ այն երախտագիտութեան գիտակցութեան, որ ցուցաբերած են իր աշակերտները: Ն. Վէքիլեան աւարտեց խօսքը` ըսելով. «Յաւելեալ գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ դիմաւորեցէք վաղուան փուլերը: Քաջ եղէ՛ք եւ ողջամիտ, քալեցէ՛ք ճակատաբաց, խրոխտ քայլերով եւ խանամիրեանականի հպարտութամբ յաղթահարեցէ՛ք դժուարութիւնները: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն, բարերարներուն եւ դպրոցի բարեկամներուն:

Ապա սրբազան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեան բաշխեցին վկայականները քսան շրջանաւարտներուն` Ապաճեան Քարլա, Արթինեան Արմէն, Գազանճեան Բալիկ, Գարաժապրլեան Սերժ, Գունճայեան Արա, Եահանեան Քլարա, Էլէյճեան Արազ, Թադէոսեան Գէորգ, Թանաշեան Ժիւլի, Յակոբեան Քարոլին, Չոլաքեան Սերժ, Չուլճի Մեղեդի, Պարտիզպանեան Մէյրի-Քարլի, Պետրոսեան Մեղեդի, Սընըքճեան Քարինա, Վարդանեան Սելլա, Տեմիրճեան Ճենիֆըր, Տօնապետեան Քրիստ, Քիլեճեան Գրիգոր, Քիրեճեան Քրիստ:

Ելոյթ ունեցաւ  սրբազան հայրը, որ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, խանդավառութեամբ ձեր վկայականը բռնած` կը նայիք վաղուան կեանքին, պատճառ չունիք վախնալու, որովհետեւ հայ դպրոցը ձեզի ջամբած է բաւարար գիտութիւն եւ ծանօթութիւն, որպէսզի անոնցմով դուք կարողանաք վաղուան կեանքը ձեւաւորել կրթական հաստատութիւններուն մէջ: Ձեր կեանքով պարտաւոր էք փաստելու, թէ հայ դպրոցին մէջ ազգային արժէքներով մեծցաք եւ ձեր կեանքէն հաւաքածը իբրեւ նոր արժէք պիտի բերէք ու տաք ձեր ժողովուրդին, հա՛յ դպրոցին, հա՛յ եկեղեցիին»:

Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթ տուաւ բոլորին` տեսնելու շրջանաւարտները բեմին վրայ, ողջունելու եւ հպարտութեամբ  սեղմելու անոնց ձեռքը` շնորհաւորելու համար տարիներու ընթացքին անոնց տարած աշխատանքը եւ յաջողութիւնները, ապա իր օրհնութիւնը տալով` ըսաւ. «Կ’աղօթեմ, որ բարին Աստուած ձեր քայլերը առաջնորդէ ուղիղ ճամբով, որ կը տանի դէպի այն երազներն ու իտէալները, որոնց համար մեր ժողովուրդը դարերէ ի վեր կը յուսայ, կը տքնի եւ հաւատքով կը սպասէ: Մեր ակնկալութիւնն է, որ հայ վարժարանը  ամէն տարի նոր հունձքերով ճոխացնէ փաղանգը անոնց, որոնք հայ ժողովուրդի իտէալներուն կ’ընծայեն ինքզինքնին: Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին կողքին եղան եւ տարբեր առիթներով աջակցեցան այս կառոյցի կրթական ճիգերուն, վարձքը կատար բոլոր ծնողներուն, բարեկամներուն, որոնք պահեցին ու պիտի պահեն հայ դպրոցը»:

Հանդիսութեան աւարտին, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, բոլոր ներկաները մաղթանքներով  շնորհաւորեցին շրջանաւարտները:

Նախորդը

«Արցախի Ճակատը Կ՛երկարի Մինչեւ Սփիւռքահայ Դպրոց». Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աւարտական Հանդէս

Յաջորդը

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու Նոր Հունձքը Յանձնառու` «Արցախին Հետ, Արցախին Համար» Գործելու

RelatedPosts

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In