Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Յուլիս 9, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

CHSPR16-(258)-(Copy)

Կրթական տարեշրջանի աւարտին, մեծ գոհունակութեամբ եւ խանդավառութեամբ չորեքշաբթի, 29 յունիս 2016-ի  երեկոյեան ժամը 8:00-ին վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի ամավերջի հանդէսը:

Ներկայ էին Էշրեֆիէի եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան, Սիտնիէն  ժամանած վեր. Գրիգոր Եումուշաքճեան, հովիւներ, վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներ, կրթական խորհուրդի պատասխանատուներ, ծնողաց յանձնախումբի անդամներ, լիբանանեան բանակի զօրավար, հիւրեր, ուսուցիչներ եւ ծնողներ:

Կարդացուեցաւ Աստուածաշունչէն հատուած մը, ապա հանդիսաւոր  կերպով մուտք գործեցին նախակրթարանի Զ. եւ երկրորդականի ԺԲ. կարգերու  աշակերտներ եւ ուսուցիչներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Սելին Թութուշեան կարդաց աղօթք մը, որմէ ետք բացման խօսքը կատարեց Աւօ Տաքեսեան:

Վեցերորդ դասարանի աշակերտուհի Ռիթա Գասպարեան  ելոյթ ունեցաւ ասմունքով: Ապա նախակրթարանի Զ. կարգի աշակերտներ ներկայացուցին խմբային պար մը:

Ջութակով ելոյթ ունեցաւ Աւօ Տաքեսեան` կիթառի նուագակցութեամբ Արի Տաքեսեանի:

CHSPR16-(546)-(Copy)

Վարժարանի պարի ակումբի աշակերտուհիները  հանդէս եկան պարով:

Վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Տէյիրմենճեան առաջին հերթին ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ տարեշրջանի կրթական թէ վարչական իրագործումներուն, յայտնեց, թէ մշակուած են տարբեր ծրագիրներ եւ աշխատանքային ուղղութիւններ:

Հուսկ, ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց անշահախնդիր նիւթաբարոյական ներդրումը բերին   վարժարանի վերելքին, ծաղկումին, զարգացման եւ յառաջդիմութեան`  մասնաւորաբար յիշելով ընտանեկան ֆոնտեր, բարերարներ, պաշտօնէութիւն, ուսուցչակազմ եւ եկեղեցւոյ հովիւը:

CHSPR16-(1058)-(Copy)fCHSPR16-(1054)-(Copy)Ան ներկայացուց վեր. Գրիգոր Եումուշաքճեանը, որ յատկապէս այս առիթով Սիտնիէն ժամանած է Լիբանան` մասնակցելու համար այս հանդիսութեան, ապա  հրաւիրեց վերապատուելին,որպէսզի ան փոխանցէ իր պատգամը:

Վեր. Գրիգոր Եումուշաքճեան անդրադարձաւ հայ վարժարանի առաքելութեան` շեշտը դնելով անոր հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան վրայ:

Ան ըսաւ, որ կրթութիւնը կը պսակէ մարդկային արժանիքները:  Նպատակի մը հասնելու համար պէտք է արդիւնքը նկատի ունենալ եւ ոչ թէ` դժուարութիւնները: Լաւատեսութիւնը կեանքի ուղենիշն է: Պատգամաբերը յայտնապէս բարին արժեւորելով` ըսաւ. «Ուր որ կեանք կայ, հոն կայ յաղթանակ: Առ այդ կեանքի պայքարին մէջ երբե՛ք չնահանջել, իսկ յարատեւութիւնը յաջողութեան նախապայմանն է»:

Աւելի՛ն. վերպատուելին վեր առաւ  կեանքի այն իմաստութիւնը, որն է` դպրոցէն վկայուելէ ետք հարկ է կեանքին աշակերտել:

Անոր պատգամին առանցքը եղաւ հետեւեալ միտքը, որ դպրոցի աստիճաններով դէպի կեանք բարձրանալը վստահութիւն կը ներշնչէ` այլապէս տոկալու եւ ապագան կերտելու:

Իր խօսքի աւարտին վեր. Գրիգոր Եումուշաքճեան ուրախութեամբ եւ մեծ հաճոյքով յայտարարեց, որ հաստատուած է  «Անթընի Ռոզանսքի» կրթական ֆոնտ մը, որմէ պիտի օգտուին ԿԲՎ-ի միջնակարգի Է. կարգի եւ երկրորդականի ԺԱ. կարգի առաջին հանդիսացած աշակերտները` ստանալով ամբողջական կրթաթոշակ:

Յանուն ԺԲ. կարգի շրջանաւարտներուն ուղերձներ կարդացին Նանոր  Ոսկերիչեան` հայերէն, Շանթալ Նարկիզեան` արաբերէն, Սթիւ Աշգարեան` անգլերէն:

Իրենց գերազանց նիշերուն համար տարբեր նիւթերու մրցանակներ ստացան բազմաթիւ աշակերտ-աշակերտուհիներ: Սոյն մրցանակները հաստատուած են ԿԲՎ-ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող շրջանաւարտից միութեան կողմէ:

Արդարեւ, աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի մրցանակ ստացան  հետեւեալ աշակերտները .

Կենսագիտութեան ճիւղէն` Նանոր Ոսկերիչեան, տնտեսագիտութեան ճիւղէն` Շանթալ Նարկիզեան. ընդհ. գիտութեան ճիւղէն` Սթիւ Աշգարեան: Նանոր Ոսկերիչեան արժանացաւ ուսումնական բարձր պատուոյ  յիշատակութեան  եւ  ստացաւ հետեւեալ մրցանակները.

Սուրբ Գիրքի մրցանակ, որ տրամադրուած է Էշրեֆիէի Հայ աւետ. եկեղեցւոյ կողմէ, արաբերէնի բարձրագոյն միջին  ապահովողի  «Սիլվա Գալֆայեան» մրցանակը եւ հայերէնի, անգլերէնի եւ ուսողութեան բարձրագոյն միջին ապահովողի  մրցանակ:

Նարօտ Աճեմեան արժանացաւ ուսումնական բարձր պատուոյ յիշատակութեան:

Իսկ ուսումնական պատուոյ յիշատակութեան արժանացան հետեւեալ աշակերտները` Կարսի Անտոնեան, Մարիա Արթինեան, Սելին Թութուշեան եւ Շանթալ Նարկիզեան:

Վարքի մրցանակ ստացան ` Մարիա Արթինեան, Սթիւ Պոտուքեան եւ Սէրլի Եթիմեան:

Աւօ Տաքեսեան ստացաւ ծառայասիրութեան մրցանակ:

Զ. կարգի աշակերտներէն Սէրլի Եթիմեան ստացաւ բարձրագոյն միջին ապահովողի եւ վարքի  մրցանակներ: Ան արժանացաւ ուսումնական  բարձր պատուոյ  յիշատակութեան, Ռիթա Գասպարեան` ուսումնական բարձր պատուոյ յիշատակութեան, Քամի Արապեան եւ Սարօ Մղտեսեան` ուսումնական պատուոյ յիշատակութեան :

Հուսկ բանքով, բարերար Հրայր Սողոմոնեան խօսք առաւ եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանին, ուրկէ ինք շրջանաւարտ եղած է: Ան յայտնեց, որ իր կեանքի ու գործի յաջողութիւնը կը պարտի այս վարժարանին, որուն  մաղթեց յարատեւ վերելք:

Այս հանդիսութեան հոգեպարար երեւոյթներէն մէկն է վարժարանի վահանի փոխանցումը` երկրորդականի ԺԲ.  եւ նախակրթարանի Զ. կարգերու միջեւ, որ աւանդաբար տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի, որով շրջանաւարտներ կը յայտնեն իրենց երախտագիտութիւնը` հանդէպ վարժարանի առաքելութեան եւ դաստիարակութեան եւ ջահը կը փոխանցեն կրտսեր սերունդին` շարունակելու համար սրբազան երթը:

Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:

Վկայականներ ստացան.

Աւարտական ԺԲ. կարգի աշակերտներ.

Կենսագիտութեան  ճիւղէն` Աճեմեան Նարօտ, Անթունեան Նենսի, Ոսկերիչեան Նանոր, Պոտուքեան Սթիւ, Տաքեսեան Աւետիս:

Ընդհանուր գիտութեան ճիւղէն` Աշգարեան Սթիւ, Պագգալեան Քեւըն, Քէօշկերեան Տիգրան:

Տնտեսագիտութեան ճիւղէն`  Անտոնեան Կարսի, Առաքել Հրակ, Արզումանեան Սահակ (ի բացակայութեան), Արզումանեան Սարոնա (ի բացակայութեան), Արթինեան Մարիա,  Թութուշեան Սելին, Ճանսըզեան Մարիլու, Նարկիզեան Շանթալ  Փափազեան Լէա, Փելթեքեան  Քրիսթինա, Քելեքեան Նանոր, Քիւփճեան Կարսիա-Մարիա:

Նախակրթարանի Զ. կարգի աշակերտներ.

Արապեան Նարօտ, Արապեան Քամի, Գասպարեան Ռիթա, Գճըլեան Կալիա, Գրիգորեան Սէրլի, Եթիմեան Սէրլի, Թրվանտեան Սերժ, Իսկենտերեան Էմմանուէլ, Լեպլեպճեան Սերժիօ, Կէյիքեան Ռիթա, Կիւվլեքճեան Մակի, Ղուկասեան Նենսի, Ճիկերեան Ճեսիքա, Մարգարեան Արազ, Մարգարեան Թիլա, Մարտիրոսեան Փիթըր, Մկրտիչեան Սերժ, Մղտեսեան Սարօ, Մուշեան Մելանի, Յովակիմեան Վանայ, Չիլինկիրեան Սեւակ, Տէր Խաչատուրեան Ենովք:

Վկայականներու բաշխումէն ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Քաղաքական Նոր Ուղիներու Փնտռտուքով

Յաջորդը

«Արցախի Ճակատը Կ՛երկարի Մինչեւ Սփիւռքահայ Դպրոց». Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աւարտական Հանդէս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?