ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
«Ազդակ»-ի շաբաթ, 2 յուլիսի խմբագրականը հանգամանօրէն լուսարձակի տակ կ’առնէր հայկական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներու առիթով հայկական վարժարաններու կողմէ հաշուետուութեան կարգով արձանագրուած կրթական յաջողութիւններու թիւերը, համեմատութիւնները եւ պիւտճէական պատկերները: Այս ծիրին մէջ ան կ’անդրադառնար բացակայող թիւերու մասին եւ անհրաժեշտ կը գտնէր որ նո՛յն նախանձախնդրութեամբ ներկայացուին նաեւ հայ դպրոցի առաքելութեան մաս կազմող հայ կեանքին մէջ շրջանաւարտներու կամ ընդհանրապէս աշակերտութեան ունեցած մասնակցութեան համեմատութիւնները:
Ամավերջի հանդէսներու առիթով դարձեալ հայ դպրոցը ուշադրութեան կեդրոն է: Պետական քննութեանց արձանագրուած յաջողութիւններով եւ կրթական տարեշրջանի իրագործումներով բնականաբար կը հպարտանանք բոլորս: Տարեմուտին անգամ մը եւս խանդավառութիւնը կը դառնայ համակող եւ այսքա՛ն: Տարուան ընթացքին շատ քիչ բան կը լսենք ու շատ քիչ հետաքրքրութիւն կը ծաւալենք հայ դպրոցին մասին: Ամավերջի այս տարեփակի հանդէսներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ օրինաչափ ու անհրաժեշտ է խորհրդածել հայ դպրոցի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, առաքելութեան ծաւալման ու անոր երթի շարունակականութեան մասին: Հայ դպրոցի առաքելութեան ու էութեան քաջածանօթ իւրաքանչիւր անհատ` համայնքի պատասխանատու, տնօրէն, ուսուցիչ, բարերար եւ ծնողք պարտաւոր է հանդէսներէն, յաջողութիւններու առթած հպարտութիւններէն անդին ապացուցէ մարդակերտումի ու հայակերտումի այս անփոխարինելի ամրոցին գծով իր յանձնառութիւնն ու գիտակից պարտաւորութիւնը:
Այսօ՛ր յարանուանութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող լիբանանահայ գրեթէ բոլոր վարժարաններն ալ կը դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներ: Այս կացութեան մէջ սակայն կարծէք հայ ծնողքին մօտ սկսած է արմատաւորուիլ անբացատրելի զգացում ու մտածում մը, որ ինք ազգին օգտակար կը դառնայ եւ բաւարարուածութիւն մը կը զգայ եթէ իր զաւակը հայկական վարժարան ուղարկէ: Մնացեալը ազգին ու դպրոցին ճիտին պարտքն է: Հայկական վարժարան ուղարկելը շատերու համար սկսած է դառնալ սակարկութեան նիւթ, եւ ինչու չէ` պահպանողականութեան ցուցանիշ, երբ փաստօրէն այս մէկը` մեր միջավայրին մէջ տակաւ յամեցող օտարացման երեւոյթին ի տես, հայկականութեան ու հայեցի դաստիարակութեան դարբնումի համար օդի եւ ջուրի նման կենսական է: Հետեւաբար ծնողներու դերակատարութեան շեշտադրումը, բոլոր ժամանակներէ աւելի այս հանգրուանին հրամայական անհրաժեշտութիւն է:
Մեր կրթական հաստատութիւնները միշտ ալ կը գտնուին կրթական ժամանակակից մեթոտներու օգտագործման անհրաժեշտութեան դիմաց եւ այդ մէկը կը կատարուի բծախնդիր մօտեցումով ու նախանձախնդրութեամբ: Բնականաբար, պետական քննութեանց յաջողութեան համեմատութիւնը խիստ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ դպրոցին, թէ՛ ծնողքին եւ թէ՛ անհատին համար: Բայց կայ աւելին` հայ դպրոցի հայակերտման առաքելութեան շեշտադրումը: Կարելի չէ առիթ տալ այն մտածողութեան, որ կու գայ պղտորելու կարգ մը անշրջանցելի հասկացողութիւններ եւ կը պատճառաբանէ, թէ` ժամանակներն ու պայմանները փոխուած են եւ հայ դպրոցը այլեւս համայնքի եւ գաղութի մտահոգութիւնները ապրելու պարտաւորութեան տակ չէ եւ իր պարտականութիւնը կը սահմանափակուի յաջողած աշակերտներ համալսարան հասցնելու առաքելութեան մէջ:
Գաղութի կենսունակութեան եւ յառաջդիմութեան մէջ տակաւին հայ դպրոցին դերը կը մնայ անփոխարինելի եւ առանցքային: Հետեւաբար, կրթական կառոյցներու բոլոր պատասխանատուները եւ համայնքային բոլոր միաւորները պարտաւոր են գուրգուրալու այս գործօնին վրայ:
Վերջապէս, իրատեսութիւնը կը պարտաւորեցնէ մեզի ցուցաբերելու յաւելեալ յանձնառու մօտեցում: Այսօր, երբ կը խօսուի արեւմտահայերէնի նահանջի մասին, ո՞վ պիտի դառնայ անոր արթուն պահապանը` եթէ ոչ նախ եւ առաջ հայ վարժարանը: Ազգային մթնոլորտի խորացման ու հայ հոգեմտաւոր արժէքներու փոխանցման առաքելութեան մէջ` հայ դպրոցը ունի վճռական դերակատարութիւն: Եթէ այս մթնոլորտը խամրի` այլեւս ամէն աշխատանք պիտի դառնայ ինքնանպատակ, խաբուսիկ ու ժամանակաւոր:
«Ազդակ»-ի 2 յուլիս թուակիր «Բացակայող թիւեր» խորագիրը կրող խմբագրականը պէտք է մտահոգէ եւ միաժամանակ նոր մտածումներու դիմաց դնէ բոլորս հաւաքաբար: Ժամանակն է, որ կատարուի ճշգրիտ ու առարկայական գնահատումը դպրոցներու, աշակերտութեան եւ շրջանաւարտներու հայ կազմակերպ կեանքի մարդուժ հասցնելու համեմատութեանց առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատիլ այնպէս, որ իսկապէ՛ս «Հայ դպրոցը իր ճիշդ ուղիին վրայ գտնուի», ինչպէս պիտի եզրակացնէր «Ազդակ»-ի խմբագրականը: