Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Եգիպտոսի Միջնորդի Դերը Վտանգուած

Յուլիս 5, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_70416

Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ «յաւելեալ բարեկամներ եւ նուազ թշնամիներ» սկզբունքով արտաքին նոր քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն: Գահիրէ-Անգարա յարաբերութիւններու ապագան, սակայն, կը շարունակէ մնալ մշուշոտ: Այդտեղ կ՛ուրուագծուի միայն տնտեսական ոլորտով սահմանափակուող մասնակի բնականոնացման կարելիութիւնը:

Միւս կողմէ` յստակ է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացումով` վտանգուած է Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ միջնորդի դերը: Անգարան կը փորձէ ստանձնել այդ դերը` առնուազն Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ: Մտադրութիւն մը, որ կիրակի օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յստակ դարձուց, երբ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր»-ին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց. «Յառաջիկայ փուլին Թուրքիան Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ պիտի ունենայ նկատառելի ներդրում մը»: Աւելին, դիւանագիտական աղբիւրներ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեցին, որ Թուրքիա` Իսրայէլի հետ համաձայնութեան ծիրին մէջ խոստացած է ջանալ Համասը համոզել` վերադարձնելու յուլիս 2014-ին Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումի ընթացքին սպաննուած իսրայէլացի 2 զինուորներու դիակները:

Իսլամ եղբայրներու գաղափարակից Համասի հետ Գահիրէի յարաբերութիւնները վատ են: Վերջինս Համասը կ՛ամբաստանէ Եգիպտոսի մէջ ի նպաստ Մուրսիի ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու յանցանքով, իսկ Համաս Եգիպտոսը կ՛ամբաստանէ Ռաֆահի անցքը փակելով Կազայի իսրայէլեան շրջափակումին մեղսակից դառնալուն համար: Միջնորդի դերի պահպանման համար Գահիրէի միակ յոյսը Համասի հետ յարաբերութիւններու բարելաւումն է, որուն համար վճռորոշ պիտի ըլլայ Համաս շարժումին տարբեր թեւերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եւ Թուրքիա-Իսրայէլ համաձայնութեան պատճառով առաւել եւս սրած տարակարծութիւններու լուծման արդիւնքը: Վստահաբար, թէ՛ Համասի, թէ՛ արաբական աշխարհին մէջ շատերու ուշադրութենէն չէ վրիպած այն իրողութիւնը, որ առանց Կազայի շրջափակման ջնջման, իսրայէլեան Աշտոտ նաւահանգիստի ճամբով Կազա օժանդակութիւն ուղարկելու Թուրքիոյ քայլը համազօր է Իսրայէլի կողմէ Կազայի շրջափակման օրինականութեան լռելեայն ընդունման:

Այժմ կը մնայ տեսնել, թէ Եգիպտոս պիտի պահէ՞ պաղեստինեան հարցով իր միջնորդի լիարժէք դերը, թէ՞ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդի ներկայիս սառեցուած դերի կորուստով` պիտի սահմանափակուի Պաղեստինեան իշխանութեան եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդութեամբ, կամ ամբողջովին կորսնցնէ միջնորդի իր երկարամեայ կարգավիճակը:

 

Նախորդը

«Ալպա» Համալսարանը Կը Մեծարէ Վաստակաշատ Արուեստագէտ Կիւվտէրը

Յաջորդը

Կոլանի Մէջ Սուրիական Բանակի Դիրքերուն Դէմ Իսրայէլեան Օդային Հարուածներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?