Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Ժելեզնովոտսքի Համաձայնագիրը Եւ Հայաստանի Առաջին Նախագահի Ընտրութիւնը

Յուլիս 6, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շահումեանի Գիւղերուն
Ծանր Վիճակը

mda_70616

Լեռնային Ղարաբաղ 1991 սեպտեմբերի սկիզբը անկախութիւն հռչակեց Ազրպէյճանէն, որմէ ետք ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութիւն հռչակեց: Նոյն օրերուն տեղի ունեցան ժելեզնովոտսքի բանակցութիւնները, որուն հիմամբ պիտի վերահաստատուէր նախկին իրավիճակը, վերջակէտ մը պիտի դրուէր հայ-ազերի բախումներուն եւ գաղթականները պիտի վերադառնային իրենց տուները:

Յաջորդող օրերուն, ժելեզնովոտսքի համաձայնագիրին «պտուղներէն» սկսաւ բաժին հասնիլ նաեւ Ստեփանակերտի, որ ռմբակոծուեցաւ եւ յարձակման ենթարկուեցաւ:

«Ազդակ» իրերայաջորդ ակնարկներով կ՛անդրադառնայ դէպքերու հոլովոյթին:

4 հոկտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Ո՛չ ժելեզնովոտսքին» խորագիրով ակնարկով «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Արցախն ու Հայաստանը նախանձելի վիճակի մէջ չեն, իբրեւ հետեւանք` Խորհրդային Միութեան ապրած տնտեսական-ընկերային վերիվայրումներուն, որոնցմէ օգտուելով` Ազրպէյճանի իշխանութիւնները բազմապիսի դառնահամ «պտուղներ» տուին հայ ժողովուրդին, Սումկայիթէն մինչեւ տնտեսական պաշարում եւ` Գետաշէն ու Մարտունաշէն: Այդ բոլորին դիմաց, հայ ժողովուրդին, ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդին պահանջներուն ու իրաւունքներուն դրօշը պարզած ու Երեւանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր` «Ղարաբաղ» «Միացում» համահայկական կամքը արտայայտող անձնաւորութիւններ, 1923եան ոճով երկրորդ համաձայնագիր մը` Ժելեզնովոտսքը նուիրեցին Ազրպէյճանի:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ մենք` հայերս, տարբեր չենք այլ ժողովուրդներէ: Մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալներուն, մեզի՛ ալ պարտադրուած են պարտուողական դաշինքներ, ինչպէս որ պատահած է այլ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ Ժելեզնովոտսքը ստորագրողը` Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Արցախի բանալիները նուիրեց Պաքուի, ինչպէս որ հազարամեակ մը առաջ, Վեստ Սարգիս մը Անիի բանալիները կը յանձնէր Բիւզանդիոնի կայսեր, յուսալով որ իր այդ «ժեսթը» թագ ու իշխանութիւն պիտի ապահովէր իրեն:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ պատմութենէն առաջ, հայ ժողովուրդը իր վճիռը տուած է Վեստ Սարգիսներուն մասին: Հայ ժողովուրդը չի կրնար մարսել նոր Վեստ Սարգիսներ:

Իսկ 7 հոկտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Ո՛չ` ժելեզնովոտսքին ու զայն ստորագրողներուն» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ 1988-ի փետրուարէն ի վեր, Արցախի, Հայաստանի եւ Արտերկրի հայութիւնը միաձայնութեամբ եւ աննախընթաց համախոհութեամբ ձայն բարձրացուցած էր, յայտարարելու համար որ 1923-ի դաւադիր համաձայնագիրով, Արցախի Ազրպէյճանի յանձնումը չէր համապատասխաներ հայ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութեան, այլ` անիկա պարտադրուած էր արցախցիին եւ ամբողջ հայութեան: Արցախի հետ միացումի պահանջին շուրջ, հայ ժողովուրդի հոսանքներուն միջեւ աննախընթաց, հազուադէպ, բայց նաեւ` քաղաքական հասունութիւն ու ազգային գերագոյն շահերու գիտակցութիւն արտայայտող միակամութիւն ստեղծուած էր, ամէնուրեք, մինչեւ այն օրը, երբ ստորագրուեցաւ ժելեզնովոտսքի պարտուողական, ինքնալքումի եւ վերոյիշեալ ուղիէն ետդարձի համաձայնագիրը:

Մահսէրէճեան կ՛ըսէր, որ կարելի՞ է երեւակայել, որ գտնուի հայ մը, մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն եւ Արցախը ի՛րը, այսինքն` ամբողջ հայ ժողովուրդի անզիջելի մէկ սեփականութիւնը ճանչցող հայ, որ կարենայ ընդունիլ ժելեզնովոտսքը:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով որ ժելեզնովոտսքը ո՛չ միայն վերահաստատումն է Արցախի վրայ ազերիական գերիշխանութեան 1923-ի դաւադիր աքթի, ալ նաեւ վերականգնումը` մինչեւ Արցախեան պահանջատիրութիւն ու անկէ ետք ալ շարունակուած հաճոյակատարութեան, իշխանութեան վրայ մնալու համար` Մոսկուայի երբեմնի բռնատէրերուն պարզ կամակատարը ըլլալու վարքագիծին. մինչդեռ հայ ժողովուրդը, եւ առաջին հերթին` հայրենի մեր ժողովուրդը սկսած էր հաւատալ, որ անիկա ա՛լ անցեալին կը պատկանի եւ պատմութեան անցած է անվերադարձ կերպով, ձգելով դառն ու կսկծալի յիշատակներ:

***

Հայաստանի մէջ 16 հոկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ: Այս առիթով «Ազդակ», «Առաջին նախագահը` համահայկական նախագահ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Հայաստանի հողին վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան հպատակները պատմական եւ աննախընթաց աքթ մը կը կատարեն:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ մեր պատմութիւնը արձանագրած է անունները հայկական բազմաթիւ հարստութեանց եւ հարիւրաւոր թագաւորներու եւ իշխաններու, որոնք սոսկական միապետներ եւ իշխանաւորներ ըլլալէ անդին, էի՛ն նաեւ հայկական ինքնիշխանութեան եւ անկախ պետականութեան խորհրդանիշները, ազգային մեր սեփական ճակատագիրին տէրը ըլլալու մեր քաղաքական իրաւունքին մարմնացումը:

«Ազդակ» կը նշէր, որ ժողովուրդներու քաղաքական կեանքի զարգացումը եւ յառաջդիմութիւնը իրեն հետ բերաւ ժողովրդավարութեան գաղափարները. այդ նոր գաղափարները հետզհետէ բիւրեղացան.  ժողովուրդները, իրենք իրենց համար եւ իրենց անմիջական մասնակցութեամբ` ստեղծեցին իշխանութեան ժողովրդավար դրութիւնները, որոնց գագաթնակէտներէն մէկն է իշխանութեան գլուխը կանգնող անձին ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրութիւնը:

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ ստալինեան եւ պրեժնեւեան բռնատիրական կարգերու տապալումն ու բարեկարգումները անպայման պիտի իրականանային օր մը: Այդ ուղին բացուեցաւ Խորհրդային Միութեան մէջ ծայր տուած բարեկարգչական հովերով, որոնք կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կրցան աննախատեսելիօրէն արագ ընթացք տալ քաղաքական դրութեանց բարեկարգումին:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ քաղաքական նոյն ուղեգիծին` հայկական հողերու վրայ սեփական իշխանութիւն վերահաստատելու, պատմականօրէն հայապատկան բոլոր հողերուն վրայ ինքնիշխան պետութիւն վերահաստատելու ճամբուն վրայ կ՛իյնար նաեւ Արցախեան պահանջատիրութիւնը, որ եթէ ստեղծուած նոր հոսանքներուն մէկ բնական արդիւնքն էր, ապա նաեւ` բնական ու անխուսափելի մէկ դրսեւորումն էր ամբողջ հայ ժողովուրդի խլուած իրաւունքներուն պայքարին: Ինքնիշխան ըլլալու մեր տենչը այնքան համահայկական ձգտում է, որքան հայապատկան որեւէ հողաշերտի վերատիրացման մեր ձգտումը. իսկ այդ պահանջները ոչ թէ միայն զիրար ամբողջացնող, իրարու լրացուցիչ են, այլ աւելին, առանց անոնցմէ մէկուն, միւսը կը պարպուի իր բովանդակութենէն:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ Հայաստան հանրապետութեան առաջին ընտրեալ նախագահը պարտի ըլլալ համահայկական նախագահ` բառին ամբողջական առումով:

***

Հայաստանի մէջ կայացած ընտրութեանց ընթացքին Լեւոն Տէր Պետրոսեան ստացաւ քուէներուն 83,03 առ հարիւրը եւ այդպիսով դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը:

«Ազդակ» 24 հոկտեմբեր 1991-ի թիւով եւ «Նախագահի ընտրութեան պատմական քայլէն անդին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ պատմագէտները պիտի արձանագրեն հայոց պատմութեան քսաներորդ դարու վերջին տասնամեակի իրադարձութեանց շարքին, որ Խորհրդային Միութեան մէջ, համայնավար կարգերու տեղատուութեան ստեղծած մթնոլորտին իբրեւ արդիւնք` Խորհրդային Հայաստան եւս թեւակոխեց ազատականութեան եւ ժողովրդավարութեան ուղին: Հայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդը, կիրարկելով ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքներն ու սկզբունքները, մեր հայրենիքին մէջ առաւ համապատասխան քայլեր: Այդ քայլերուն շարքին էր 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցած Հանրապետութեան առաջին նախագահի ընտրութիւնը` ուղղակի քուէարկութեան ճամբով:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ 16 հոկտեմբերի ընտրութիւնները եղան ժողովրդավարութեան կիրարկման առաջին շօշափելի ապացոյցներէն մէկը, մանաւանդ որ ընտրութիւնները տեղի ունեցան խաղաղ մթնոլորտի մէջ:

«Ազդակ» կը նշէր, որ 16 հոկտեմբերի ընտրութիւնները, անոնց արդիւնքէն աւելի, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կենսագործման հաշուոյն արձանագրուած դրական կէտ մըն էր: Պայոց պատմագիրը այդ թուականը պիտի արձանագրէր նախորդող ամիսները ուրուագծող դիպաշարին իբրեւ մէկ կարեւոր հանգրուանը: Այդ ժամանակամիջոցը յատկանշուեցաւ այնպիսի իրադարձութիւններով, որոնք առաւել կամ նուազ չափով իրենց կշիռը պիտի ունենան մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ:

Ընտրութիւնները կանխող հանգրուաններուն շարքին էին անկախութեան համար հանրաքուէն եւ անոր արդիւնքին հիման վրայ կատարուած` անկախութեան անխուսափելի յայտարարութիւնը:

«Ազդակ» կ՛ընդգրկէր ըսելով որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը այդ քայլերուն մօտեցաւ բացարձակապէս հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն պահպանման դիտանկիւնէն: ՀՅ Դաշնակցութիւնը 1920-էն ետք ու տասնամեակներ շարունակ, մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ ու քաղաքական մտապատկերի հորիզոնին վրայ անթեղուած պահեց անկախ պետականութեան վերականգնումի գաղափարը, ձգտումը, մինչեւ այն օրը, երբ 28 մայիսի հայակերտ գաղափարը յաղթանակեց 29 նոյեմբերով մարմնաւորուած ստրկամութեան վրայ, ճշմարտութիւնը եւ հայ քաղաքական անկախ մտածողութիւնը վերականգնեցաւ ու բոլորս միասին սկսանք խօսիլ նոր լեզուով:

«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ հայ ժողովուրդի ու մեր հայրենիքին գերագոյն շահերուն ու անժամանցելի իրաւունքներուն հետապնդման աշխատանքը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղած է ու պիտի մնայ արի քննադատը բոլոր այն երեւոյթներուն եւ ուղղութիւններուն, որոնք շեղում են մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղիէն:

***

9_70616

Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը 1991 նոյեմբերի սկիզբը ծանրացած էր զինեալ դէպքերուն պատճառով: Ազրպէյճան ոչ թէ միայն հետեւողական կերպով կ՛ոտնակոխէր Ժելեզնովոտսքի համաձայնագիրը, այլ նաեւ` անոր գրգռիչ յարձակումները սկսած էին թիրախ ընտրել նաեւ Խորհրդային Միութեան ներքին գործոց նախարարութեան ուժերը եւ անոր դիրքերը:

Լարուած վիճակ կը տիրէր նաեւ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ Ազրպէյճան արգելակած էր վառելանիւթի դէպի Հայաստան առաքումը:

Արդէն իսկ տկար վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի ճարտարարուեստը տագնապի մատնուած էր: Տուները զրկուած էին ջեռուցիչ դրութենէն, իսկ ժողովուրդը երկար շարքերով կը սպասէր փուռերուն առջեւ, տրուած ըլլալով որ պատրաստուած հացին քանակը նուազած էր:

Ստեղծուած վիճակին առջեւ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Քրեմլինի ղեկավարներէն պահանջեց պատժամիջոցներ կիրարկել Ազրպէյճանի դէմ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը 11 նոյեմբեր 1991-ին գումարեց յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին Լեւոն Տէր Պետրոսեան տուաւ սահմանադրական իր երդումը եւ ստանձնեց իր պաշտօնը:

Նիստին ներկայ եղաւ Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոս, որ այդ առիթով նախագահին յղեց շնորհաւորական հեռագիր մը, ընդգծելով այն ակնկալութիւններն ու դժուարութիւնները, որոնք կապուած են անոր պաշտօնավարութեան:

***

Շահումեանի շրջանի հայկական գիւղերը ճակատագրական պայքարի մէջ մխրճուած էին ազերիներուն դէմ: Խորհրդային բանակն ու ներքին գործոց նախարարութեան ուժերը հեռացած էին շրջանէն, դաշտը ձգելով ազերիական լաւ զինուած կանոնաւոր բանակին:

Ճամբաներն ու ելեկտրականութիւնը խզուած էին սեղմ պաշարումին հետեւանքով: Հեռաձայնի սպասարկութիւնը եւս լաւ չէր բաներ: Գաղտնի ճամբաներով հասնող վառելանիւթը կը պահուէր, որպէսզի օգտագործուէր պաշտպանութեան նպատակներու համար:

Սննդանիւթերու մեծ մասը կ՛արտադրուէր շրջանին մէջ, բայց ալիւրը կը ներածուէր Լեռնային Ղարաբաղէն: Ալիւրի փոխադրութիւնը վտանգաւոր էր, որովհետեւ ճամբաներուն վրայ, ազերի արձակազէններ դիրք բռնած կ՛ըլլային:

Խորհրդային ուղղաթիռներ, որոնք կը կրէին «Աէորոֆլոթ»-ի նարնջագոյն եւ կապոյտ նշանակներ, կ՛ապահովէին Հայաստանի հետ միակ կապը, սակայն անկանխատեսելի կլիման, հակաօդային զէնքերն ու վառելանիւթի տագնապը կ՛արգելակէին ազերիներուն կողմէ արգիլեալ նկատուած այդ թռիչքները:

Պաշարումը եւ կռիւները պատճառ դարձած էին որ երկրագործական հարուստ այդ գօտին ստիպուի դիմելու խնայողական խիստ միջոցառումներու: Դուրսէն դրամ չէր հասներ, եւ տնտեսական վիճակը ահաւոր վիճակ արձանագրած էր:

Յատկապէս ճակատի գիւղերը` Էրքէջ, Բուզլուխ եւ Մանաշիթ, ծանրօրէն վնասուած էին. բնակարանները ծակծկուած ու քանդուած էին հրթիռներէն: Գիշերները արձակազէններ պարբերաբար կրակ կը բանային հովիտին մէջ:

Հակառակ տարապայման կացութեան, շրջանի բնակիչներուն մօտ տիրապետող էր բնակավայրերուն կառչած մնալու կամքը: Բուռ մը հայեր կեանքի ու մահուան կռիւ կը մղէին անարգ թշնամիին դէմ, իրենց պապենական հողերուն վրայ ապրելու եւ գոյատեւելու համար:

Շրջանի գիւղերուն մեծ մասը աւերուած ու թալանուած էր: Ազատագրուած Բուզլուխ, Մանաշիթ եւ Էրքէջ գիւղերը տակաւին չէին վերաբնակեցուած, որովհետեւ պայմաններ չկային: Պղծուած էին նաեւ եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները:

Շահումեանցի տղաք ու աղջիկներ, մեծամասնութեամբ` դպրոցականներ, իրենց դասագիրքերը ձգած, մեծերուն միանալով պաշտպանութեան խումբեր կազմած էին եւ դիրքեր հաստատած գիւղերու մուտքերուն: Անոնք գլխաւորաբար որսի հրացաններով զինուած էին: Շահումեանցի կիներն ու տարեցներն ալ զինուած էին եւ գիւղերուն մէջ զօրաշարժի վիճակ կը տիրէր:

Հայաստանէն Շահումեան մեկնած բուռ մը ֆետայիներ իրենց ուսերուն վերցուցած էին յառաջացեալ դիրքերու պաշտպանութեան ծանր բեռը: Անոնք մեծ մասամբ մարզուած էին Աֆղանիստանի պատերազմին մէջ: Զէնքի գաղտնի գործարան մըն ալ հաստատուած էր, ուր զէնքեր եւ զէնքի զանազան մասեր կը պատրաստուէին, ինչպէս նաեւ ազերիներէն գրաւուած եւ կիսաքանդ զրահապատներ կը նորոգուէին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Յուլիս 1966)

Յաջորդը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպման Հարցով Խորհրդակցութիւններ Տեղի Կ՛ունենան

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?