Հայ պատանիները լիցքաւորել հայրենասիրական գաղափարներով` կը նշանակէ պատրաստել նոր նուիրեալներ, որոնք անձնուիրաբար պիտի ծառայեն սփիւռքին եւ հայրենիքին:
Ազգային Ռուբինեան Ս. Մ. վարժարանը իր տասնեակ տարիներու առաքելութեամբ սերունդներ կանգուն պահեց:
Հինգշաբթի, 16 յունիս 2016-ին, վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջան նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Նշան վրդ. Լախոյեանի, Ռըմէյլ թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ Լօշխաճեանին, Նոր Հաճըն թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ Հեճինեանի, յարգարժան ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Կիրակոս Թիւթիւնճեանի, Պէյրութի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ եւ ՀԿԲՄ.-ի ատենապետ Արամ Մալեանի, ՀՄՄ Պէյրութի ատենապետ Րաֆֆի Մալեանի, Ռըմէյլ թաղի Ս. Յարութեան եւ Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու թաղական խորհուրդի ու տիկնանց յանձնախումբերու ատենապետներ եւ անդամներու, վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներու, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն եւ «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ Անի Եփրեմեանի, ԼՕԽ-ի «Կարս» եւ «Աստղիկ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան, շրջանաւարտներու ծնողներու եւ հարազատներու:
Սրահէն ներս ներկաները հիացմունքով ըմբոշխնեցին հայ ժողովուրդն ու հայ վարժարանը խորհրդանշող` բեմի ետնապատի գծապատկերը, գործ` վարժարանի նկարչութեան ուսուցչուհի Ամալիա Գրամեանին:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները գործադրեցին իրենց պատրաստած գեղեցիկ յայտագիրը:
Առաջին հերթին բեմը տրամադրուեցաւ վարժարանի երգչախումբին. աշակերտները երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կատարեցին հայերէն եւ արաբերէն ազգային-հայրենասիրական երգերու փունջ մը` «Կարօտել եմ, տուն իմ հայրենի», «Հայաստան», «Գետաշէն», «Ամալ ըլժէյի», «Ըշթաանա քթիր, եա հապայէպ»: Ներկաները բարձր գնահատեցին յաջող ելոյթը եւ շնորհաւորեցին երգի եւ հայերէն առարկաներու ուսուցչուհի Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեանը:
Ապա հայերէն ուղերձ կարդաց Քեւըն Պեքարեան:
Ան սիրալիր ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Տարիներ միասին ապրելէ, սերտելէ եւ խաղալէ ետք օրը հասած է, որ մենք հրաժեշտ տանք մեր սիրելի Ազգային Ռուբինեան-Ս.Մ. վարժարանին, ուր ամէն մէկ անկիւն ունինք լաւ յիշատակներ:
Այսօր ինծի վիճակուած է իմ եւ շրջանաւարտ դասընկերներուս անունով շնորհակալութիւն յայտնել եւ այն անհուն զոհողութեան ու բարիքներուն համար, որոնք շռայլուեցան մեզի մեր դպրոցի յարկին տակ. բարերարներուն, բոլոր պատասխանատուներուն, տնօրէն Յ. Կէրկէրեանին, նաեւ` մեր կրթական մշակներուն:
Ահա հասած է հրաժեշտի պահը, եւ մենք այս վարժարանէն պիտի բաժնուինք` մեզի հետ տանելով լաւ եւ գեղեցիկ յիշատակներ:
Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն մեր ծնողներուն` իրենց մեծ ծառայութեան համար»:
Ան աւարտեց իր խօսքը` բարձրաձայն արտասանելով, թէ իրենք կ՛ըսեն ցտեսութիւն, ո՛չ մնաք բարով ու կը խոստանան մնալ այս տան հարազատ զաւակները:
Արաբերէն ուղերձ կարդաց Մայքըլ Ֆայեատ.
Ան ըսաւ. «Այսօր ուրախ ենք, որովհետեւ շրջանաւարտ կ՛ըլլանք այն վարժարանէն, ուր ստացանք մեր նախակրթութիւնը` ունենալով հոգատար տնօրէն եւ ուսուցչական կազմ: Նաեւ յուզիչ է պահը, որովհետեւ կը բաժնուինք մեր երկրորդ տունէն` մեր սիրելի Ազգային Ռուբինեան-Ս. . վարժարանէն, ուր ունինք անմոռանալի յիշատակներ, որոնք մեր մտքերուն մէջ պիտի մնան առյաւէտ»:
Ան խօսքը աւարտեց` իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելով վարժարանի մեծ ընտանիքին եւ իրենց ծնողներուն:
Անգլերէն ուղերձ կարդաց Վանեսա Չիրիշեան:
Ան հպարտութեամբ արտասանեց. «Այսօր յատուկ օր է իմ ու շրջանաւարտ դասընկերներուս համար»:
«Դուք մեզմով հպարտ էք, որովհետեւ մենք առաջնորդուեցանք դէպի լոյս եւ կրցանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները` մեր կողքին ունենալով վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեանն ու աննման նուիրեալ ուսուցիչներ, որոնց զոհողութիւններն ու քաջալերանքը մեզի ներշնչեցին ինքնավստահութիւն:
«Մենք այստեղ ստացանք լաւ դաստիարակութիւն, դարձանք իսկական հայեր, նաեւ` լաւ քաղաքացիներ»:
Ան իր խօսքը աւարտեց շնորհաւորելով բոլորը:
Ապա շրջանաւարտները Գէորգ Էմինի «Մենք» բանաստեղծութիւնը ներկայացուցին խմբային արտասանութեամբ: Անոնց ինքնավստահ եւ խոր յուզականութեամբ ելոյթը բոլորին կողմէ բարձր գնահատուեցաւ:
Իր սրտի խօսքը արտասանելու համար բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան:
Ան ողջունելէ ետք բոլորը` ըսաւ. «Մենք այսօր համախմբուած ենք մեր վարժարանի սրահէն ներս` նախ Զ. դասարանի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդէսի պերճանքը միասնաբար վայելելու, բարեխիղճ նուիրումովն ու ծառայութեամբ կատարելով մեզի վստահուած ուսումնական ու ազգային պատմաքաղաքական եւ դաստիարակչական պարտականութիւնները` աւարտեցինք 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանը, Ազգային առաջնորդարանի ուսումնական խորհուրդին հետ գործակցաբար:
Ազգային վարժարանի առաքելութիւնն է, ուսման կողքին, կերտել հայ մարդն ու պիտանի քաղաքացին, որ պիտի ծառայէ իր ազգին:
Մենք կը հաւատանք, որ մեծ է դերը հայ վարժարաններուն, հոն կը տրուի ազգային դաստիարակութիւն, հայ մանուկին սրտին մէջ հայ ազգին պատկանելիութեան վեհ դաստիարակութիւնը կը դրոշմուի, եւ անոնք կը հասնին իրենց նպատակներէն շատերուն. օրինակ, հայ զանգուածի երկար հետապնդումներէն ետք, Գերմանիան 100 տարի անց, օրեր առաջ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իր մեղսակցութիւնը` այդ արարքին:
Մենք պիտի շարունակենք, ուսուցանել մեր լեզուն, մեր կրօնն ու պատմութիւնը. ուստի հայեցի շունչով դաստիարակուած ու իր արմատները լաւ ճանչցած պատանին պիտի կարենայ լաւ կատարել իրենց վստահուած գործը եւ տէրը կանգնի իր Դատին ու պատրաստ ըլլայ փութալու դէպի մարտադաշտ` կռուելու թշնամիին դէմ` պաշտպանելու հայրենիքը եւ Արցախը»:
Յակոբ Կէրկէրեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Շահէ եպս. Փանոսեանին` անոր հայրական հոգատարութեան համար, նաեւ Ազգային իշխանութեան ուսումնական խորհուրդին, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ շնորհակալական խօսք ըսաւ եւ շնորհաւորեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները վստահած էին այս վարժարանին:
Տնօրէնը իր խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու ծնողները` անոնց մաղթելով ուսման մէջ նորանոր յաջողութիւններ եւ բարձունքներ:
Ապա երաժշտութեան ընկերակցութեամբ բեմ բարձրացան նախակրթարանին Զ. դասարանի տասնչորս շրջանաւարտները` առաջնորդութեամբ իրենց դաստիարակ Ազնիւ Ալթունեանին եւ ստացան իրենց վկայականները Շահէ եպս. Փանոսեանի, հոգաբարձութեան ատենապետուհի Ռիթա Տէր Ստեփանեանի, վարժարանի տնօրէնին եւ Ազնիւ Ալթունեանի ձեռամբ:
Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն. նուէրներ ստացան Լուսին Թապագեանի կողմէ յատկացուած նախակրթարանի Զ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան բարձրագոյն միջինը ունեցող աշակերտները, տէր եւ տիկին Վարդան եւ Թագուհի Ինկիլիզեաններու կողմէ յատկացուած կրօնի բարձրագոյն միջինը ունեցող երկու աւարտական աշակերտները, նաեւ` Վահրիճ եւ Վերժին Ճէրէճեան ֆոնտին շրջանաւարտ երկու աշակերտները, ինչպէս նաեւ` վարժարանի տիպար աշակերտուհին եւ իւրաքանչիւր դասարանի ուսման մէջ բարձրագոյն միջինը ունեցող աշակերտները:
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդը:
Ան ըսաւ. «Այստեղ բոլորս համախմբուած ենք իբրեւ հայ դպրոցի բարեկամներ: Հակառակ մեր կեանքէն ներս տեղի ունեցած մեծ փոփոխութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, հայ վարժարանը գոյատեւելով, ամէն տարի հանդիսութեան այս առիթով կը ներկայանայ եւ ապագայի նկատմամբ մեզ կը լեցնէ նոր հաւատքով ու յոյսերով:
«Մեր նախնիները պատահականօրէն չհաստատեցին հայ դպրոցները, որոնք ամրոցներ եղան, որպէսզի գոյատեւենք եւ մեր ինքնութիւնը ամրացնենք:
«Հայ վարժարանն է, որ կը շարունակէ սերունդը կանգուն պահել` անոնց տալով հայեցի դաստիարակութիւն»:
Ան նշեց, որ դժուար գործ է դպրոց պահելը. ուստի որպէս գիտակից հայորդիներ` հայ դպրոցին մենք մեր սէրը, գուրգուրանքը եւ նուիրումը արտայայտենք»:
Ան իր հերթին շնորհաւորեց շրջանաւարտները անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալական խօսք յայտնեց` վարժարանի կրթական գործի նուիրեալներուն եւ ուսուցչական կազմին, որոնց զոհողութիւններով հայ վարժարանը մնաց եւ կը մնայ կանգուն:
Առաջնորդ հօր «Պահպանիչ»-էն ետք հնչեց «Վերջին զանգ» երգը:
Յուզիչ էր պահը եւ բոլորին աչքերը` արտասուքով լի ուսուցչուհիները շրջապատեցին շրջանաւարտները եւ անոնք ըստ աւանդական սովորութեան, բարձր նետեցին իրենց գլխարկները:
Շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները ընդունեցին շնորհաւորանքներ եւ բարեմաղթութիւններ:
Վարձքը կատար բոլորին:
Մանկապարտէզի Վկայականաց
Բաշխման Հանդէսը
Հայ վարժարանը կանգուն պահել` կը նշանակէ
մեր ազգային կեանքի բերդը ամուր պահել:
Շաբաթ, 11 յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, վարժարանի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը` ներկայութեամբ Ռըմէյլ թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի եւ Նոր ՀաՃըն թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Հեճինեանին, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչի, Ս. Յարութիւն եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներու ատենապետներու եւ անդամներու, անոնց յարակից տիկնանց յանձնախումբերու հոգաբարձութեան ատենապետուհիին եւ անդամներուն, շրջանաւարտներու ծնողներուն, վարժարանի ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան եւ բարեկամ-բարեկամուհիներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք աշակերտները գործադրեցին իրենց յայտագիրը, որուն նիւթն էր` «Փրկենք մեր միջավայրը»:
Ծաղիկ դասարանէն Վանեսա Ապի Նատեր կատարեց բացման խօսքը եւ ըսաւ. «Մեր փափաքն է, որ ապրինք մեզ առողջ պահող միջավայրի մէջ: Բնութիւնը վայելենք իր բոլոր հարստութիւններով, պտուղներով, անուշաբոյր եւ գոյնզգոյն ծաղիկներով, թռչուններով, թիթեռնիկներով եւ օգտակար մեղուներով»:
Ան աւարտեց իր խօսքը` ըսելով. «Բոլորս միասին պահպանենք բնութիւնը եւ մաքուր պահենք մեր միջավայրը»:
Խօսքէն ետք փոքրիկն Սեւակ Խապայեան արտասանեց անգլերէնով «Քիտծ Փրոմիս» բանաստեղծութիւնը, իսկ արաբերէնով ելոյթ ունեցաւ Ռամի Մաժտը, արտասանելով «Ուաատ ըլ աթֆալ»-ը:
Յայտագիրի ընթացքին ներկաները ըմբոշխնեցին Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի փոքրիկներուն երեք լեզուներով կատարած խմբային արտասանութիւնները, երգերն ու պարերը:
Փոքրիկներ` Փիթըր Հոփալեան, Թրէյսի Գոճաօղլանեան եւ Սէրլի Արփաճեան նոյնպէս իրենց խօսքերուն մէջ բնութեան գովքը հիւսեցին` յիշելով անոր բարիքներէն պայծառ արեւը, ծառերը, մեղուները եւ այլն:
Մանկամսուրի թռչնիկներու «Թիրի թիրի եա ասֆուրա» եղանակով պարային մուտքը բեմ` շատ զուարճացուց ներկաները, եւ բոլորը ծափով ընկերակցեցան անոնց:
Հայկական խանդավառ ֆինալ պարէն ետք` վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան արտասանեց իր սրտի խօսքը:
Ան ըսաւ. «Աւարտեցինք 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանը: Ուրախութեամբ կը յայտնեմ, որ այս տարի կը ներկայանանք մանկապարտէզի ամավերջի վկայականաց բաշխման` առանձին հանդէսով:
Մենք տարեկան ուսումնական ծրագիրը բարեխիղճ նուիրումով կատարեցինք ու աւարտեցինք` գործակցութեամբ Ազգ. իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին»:
Ան մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ մանկապարտէզի բաժինը արդիական նորութիւններով բարելաւում եւ շօշափելի յառաջդիմութիւն արձանագրած է` շնորհիւ ճշգրիտ գիտութիւններու ուսուցչուհի Սեւան Խապայեանի ջանքերուն, գործակցութեամբ մանկապարտէզպանուհի ԶապէլՊոյաճեանին:
Յ. Կէրկէրեան իր խօսքը աւարտեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցչակազմին եւ պաշտօնէութեան, նաեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները` մաղթելով բարի երթ:
Ապա մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկ շրջանաւարտները բեմ բարձրացան եւ ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ Ռմէյլ թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ատենապետուհիին, վարժարանի տնօրէնին եւ մանկապարտէզպանուհիին:
Հանդէսը փակուեցաւ քահանայ հօր «Պահպանիչ»-ով: Բոլորը շնորհաւորեցին շրջանաւարտներն ու ծնողները եւ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները:
ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ-ԱՍՄԻՆԵԱՆ