Ուրբաթ, 1 յուլիսի երեկոյեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը իր 49-րդ հունձքը ներկայացուց ամավերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի ներկայացուցիչին, Ազգային իշխանութեան ներկայ եւ նախկին անդամներուն, բարեկամներու, բարերարներու եւ ծնողներու ստուար թիւի մը:
Հանդէսը ունէր «Արցախին հետ, Արցախին համար» բնաբանը եւ, հետեւաբար, ան նուիրուած էր Արցախի պատմութեան, մշակոյթին, 1988-ի պահանջատիրութեան, Շուշիի ազատագրման, անկախութեան հռչակման 25-ամեակին` հասնելով մինչեւ ապրիլ 2-ի քառօրեայ պատերազմը եւ անոր յաջորդող օրերը:
Հանդէսը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն դաշնակի եւ սաքսոֆոնի կատարողութեամբ (շրջանաւարտներ` Հենրի Իշխանեան եւ Արամ Հելվաճեան): Ապա բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Քրիստ Արթինեան եւ յայտնեց, որ Բ. պաքալորէայի փոքրաթիւ եւ արուեստից վարչագիտութեան բաժնի մեծաթիւ շրջանաւարտներու իր հունձքով քոլեճին 52 տարուան շրջանաւարտներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 1220-ի: Ան ներկայացուց օրուան բնաբանը եւ յայտագիրը:
Այնուհետեւ, շրջանաւարտ սերունդի տղաքն ու աղջիկները ելոյթներ ունեցան խմբային ասմունքով («Բռունցքները ղարաբաղեան»), երգով («Ողբ Ղարաբաղի», «Հայ զինուոր»), պարով («Ուզունտարա», «Արցախ») եւ Արցախի անցեալն ու ներկան ներկայացնող խօսքերով: Յայտագրին ընկերացաւ այս առթիւ պատրաստուած տեսանիւթերու ցուցադրութիւն:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին ցուցադրուեցաւ քոլեճի պարախումբին տեսանիւթը, ուր «Ջան ջան» պարով հանդէս կու գային 70 աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Հանդէսին երկրորդ մասը սկսաւ քոլեճին քայլերգին հետ շրջանաւարտներու սրահ մուտքով: Յաջորդեցին քոլեճի աշակերտութեան ողջերթի խօսքը եւ շրջանաւարտներու երեք լեզուով ուղերձները, որոնք արտասանուեցան Ռիթա Սարգիսեանի (ԺԱ. դասարանի աշակերտ), Ստեփան Թեքկելեանի (հայերէն), Ժիրայր Աւետիսեանի (արաբերէն) եւ Քրիստինա Նիկոլեանի կողմէ (անգլերէն):
Տեղի ունեցաւ քոլեճի կրթական փայլուն արդիւնքներով աշակերտներու մրցանակաբաշխութիւն: Նիւթական մրցանակներ տրուեցան նաեւ քոլեճի «Տիպար աշակերտ»-ին եւ «Տիպար աշակերտուհի»-ին, հայերէնի, հայոց պատմութեան, կրօնի, բնագիտութեան բարձրագոյն միջինը ապահոված աշակերտներուն, քոլեճի ամէնէն ընկերասէր, գեղարուեստասէր եւ միութենական պարտականութիւններ ստանձնած աշակերտներուն: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, իր կարգին, նիւթական պարգեւներով գնահատեց Բ. պաքալորէայի զոյգ բաժիններուն բարձրագոյն միջինները ապահոված աշակերտները:
Տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց Վիգէն Աւագեան: Ան նախ անդրադարձաւ քոլեճին կրթական արդիւնքներուն եւ յայտնեց, որ անցնող տարեշրջանը քոլեճին համար եղաւ հոսանքն ի վեր թիավարումի տարի մը: Քոլեճը խլեց հայագիտական 15 մրցանակներ, ինչ որ մրցանշային թիւ է քոլեճին պատմութեան մէջ: Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ շրջանաւարտներու սերունդէն հինգ տղոց որոշումը` յառաջիկայ տարի համալսարանական իրենց ուսումը Հայաստանի մէջ շարունակելու: Իսկ այս բոլորը պատահականութեան արդիւնք չեն, այլ կրթական ծրագրուած, սերտուած եւ յարատեւ ճիգերու արդիւնք են, աւելցուց ան:
Շարունակելով Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ դիւրին չէ կրթական գործը այսօր, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ քոլեճի աշակերտութեան շուրջ մէկ երրորդը սուրիահայեր են, որոնք իրենց ծնողներուն հետ Լիբանան ապաստանած ըլլալով` ընկերատնտեսական իրենց բարդ կացութեան հետ կը դիմագրաւեն կրթական լուրջ դժուարութիւններ: Այնուամենայնիւ, քոլեճը ձեռնածալ չէ մնացած եւ անցնող երեք տարիներու նման, փորձած է առաւելագոյնս օգտակար ըլլալ նման պարագաներու: Ան կազմակերպած է սուրիահայ աշակերտներու յատուկ դասընթացքներ, որոնք իրենց տեսակին մէջ եղած են երրորդ եւ չորրորդ դասընթացքները: Վերջինը համախմբած է ո՛չ միայն քոլեճի, այլեւ Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի հայկական վարժարաններէն 150 աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ այսօր քոլեճը լիբանանահայութեան կը ներկայացնէ սերունդ մը, որ վստահութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դաւանի «Արցախին հետ, Արցախին համար» սկզբունքը, կը ցանկայ հզօր Արցախ մը ունենալ եւ կը խոստանայ ճիգ չխնայել իր բաժինը բերելու այդ հզօրութեան կերտումին: Արդարեւ, «Ազգային վարժարանի յարկին տակ, այս սերունդը մեծցաւ Հայրենիքի, Հաւատքի, Աստուծոյ եւ Ազգի ապրումներով, որովհետեւ հաւատաց, որ կեանքի մէջ պէտք է հաւատք ունենալ: Այդ հաւատքն է, որ մեզի համար կեանք կ՛ըլլայ, մեզի ուժ եւ սիրտ կու տայ, իսկ մեր կեանքին` իմաստ», ընդգծեց ան:
Վերջապէս, տնօրէն Վիգէն Աւագեան իր խօսքը եզրափակեց, շրջանաւարտներուն մաղթելով, որ քոլեճը ընդմիշտ պահեն իրենց գիտակից թէ անգիտակից ներաշխարհին մէջ, միշտ հաղորդ մնան Սոֆիա Յակոբեանէն ստացած իրենց դաստիարակութեան մարդկային ու ազգային բովանդակութեան, իրենց ներշնչումը առնեն ազգային վարժարանի հայեցի եւ հայաշունչ մթնոլորտէն, եւ ուր ալ գտնուին, կեանքի ինչպիսի պայմաններու մէջ ալ ըլլան, հաւատարիմ մնան իրենց սիրելի քոլեճի ներքին ձայնին եւ անխարդախ թելադրանքներուն, որոնք անպայման զիրենք պիտի մղէ նուիրուելու հայ ժողովուրդին եւ անոր ազգային արժէքներուն պաշտպանութեան:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի խօսքէն ետք առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ կատարուեցաւ շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխում, որմէ ետք առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հայրական իր պատգամը տուաւ ներկաներուն:
Առաջնորդը իր գնահատանքը յայտնեց Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ տարուող աշխատանքին համար եւ մաղթեց, որ շրջանաւարտներ քոլեճէն իրենց ստացած կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կը տանին դէպի կեանք` նոր աւիշ եւ եռանդ տալով ազգային մեր առօրեային: Հայ դպրոցը կտոր մը հայրենիք է հայրենիքէն դուրս եւ գլխաւոր յենարանն է ազգային մեր գոյութեան եւ ինքնութեան պահպանման, նշեց առաջնորդը:
Ապա իր խօսքը ներկայ ծնողներուն ուղղելով` Առաջնորդը շնորհաւորեց զանոնք եւ ափսոսաց իրենց զաւակները օտար վարժարաններ ղրկող ծնողներուն համար, որոնք պատճառ կը դառնան հաւաքական մեր կամքի ջլատումին եւ ազգային մեր ներուժի տարտղնումին: Հայ դպրոցը հայ աշակերտը կը սեւեռէ դէպի հայութիւն եւ Հայաստան, նշեց ան եւ ընդգծեց, որ առանց հայութեան եւ Հայաստանի, մենք կը դառնանք աշխարհաքաղաքացիներ` կորսնցնելով մեր էութիւնն ու հարազատ դիմագիծը:
Առաջնորդը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ մեր կեանքը այսօր կը դիմագրաւէ տեսակաւոր մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարման գրաւականը կը հանդիսանան հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ մեր տղաքն ու աղջիկները, որոնք պիտի գան պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան ջահը ստանձնելու իրենց նախորդներէն, իրենց կարգին զայն իրենց յետնորդներուն փոխանցելու համար:
Առաջնորդ սրբազանին պատգամէն եւ «Պահպանիչ»-էն ետք հանդէսը վերջ գտաւ շրջանաւարտներու «Վերջին զանգ» երգին ցնծութեամբ եւ ծնողներու շնորհաւորութիւններով: