Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Ճակատը Կ՛երկարի Մինչեւ Սփիւռքահայ Դպրոց». Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աւարտական Հանդէս

Յուլիս 9, 2016
| Գաղութային
1
Share on FacebookShare on Twitter

Aved1_70916

Ուրբաթ, 1 յուլիս 2016-ին, Կեդրոնական Պէյրութի միակ հայկական վարժարանը` Հայ աւետարանական քոլեճը ազգին տուաւ իր 88-րդ հունձքը, արդիւնք` պարարտ հողի, անխոնջ մշակներու եւ աստուածային «օրհնութեան անձրեւներու»:

Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրուան զուգադիպող սոյն հանդիսութիւնը հետեւաբար նուիրուած էր Հայց. աւետ. եկեղեցւոյ 170-ամեակին եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու 25-ամեակին: Հանդիսութեան ներկայ էին ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, զօր. Յ. Կէօքկէօզեան, Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ Յակոբ Թերզեան, հոգեւորականներ, կրթական պատասխանատուներ, դպրոցի եւ Հայ Աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հոգաբարձուներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:

«Արցախի ճակատը կ՛երկարի մինչեւ սփիւռքահայ դպրոց» կարգախօսով յատկանշուող հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւարտներու, ուսուցչակազմի եւ տնօրէնութեան հանդիսաւոր մուտքով, որմէ ետք Աստուածաշունչէն ընթերցում կատարեց ու աղօթք մատուցեց քոլեճի հոգեւոր հովիւ Կարինէ Չոլաքեան, որմէ ետք հիւր բանախօս դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան ներկայացուց հայ աւետարանական` բարեկարգեալ շարժման նպաստը հայ ժողովուրդի տարբեր ասպարէզներու բարեկարգումին: Ան յատկապէս կարեւոր նկատեց Աստուծաշունչի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, կրթական նոր դրութեան որդեգրումը, Հայց. աւետարանական եկեղեցւոյ ծառայասիրական առաքելութիւնը: Ըլլալով «դաստիարակող եկեղեցի» մը` Ճեպեճեան նշեց, որ էքիւմենիզմի, ազգային ինքնագիտակցութեան եւ հանդուրժողութեան ոգին մեծապէս կը շեշտուին Հայց. աւետ. եկեղեցիին կողմէ: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` բանախօսը ըսաւ. «Դուք, սիրելի՛ շրջանաւարտներ, այս արժէքներով դաստիարակուեցաք այս վարժարանին մէջ… Ստեղծեցէք Բարին, այսինքն` Զօրութիւնը, որ կը շինէ եւ ոչ թէ կը քանդէ»:

Անուանակիր մրցանակներու բաշխումէն ետք, յանուն շրջանաւարտներուն ուղերձներ յղեցին Դալար Հայտոսթեան (հայերէն) եւ Լարա Կիւլիւմեան (արաբերէն): Հուսկ, փոխտնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան հրաւիրեց տնօրէնը` կատարելու վկայականներու բաշխումը:

Քոլեճի բազմավաստակ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան շրջանաւարտներուն ուղղած իր հուսկ բանքին մէջ թելադրեց շրջանաւարտներուն, որ իրենց յառաջիկայ տարիներուն համար ճշդեն իրենց նպատակակէտերը` հետեւելով Աստուծաշունչէն բխող արժէքներու: Ան յիշեցուց, որ իրենք այս դպրոցէն ստացած են անհրաժեշտ ստորոգելիները` «լաւապէս պայքարելու, քարացած մտայնութիւնները փշրելու, բարիին գործակից ըլլլալու» համար: Տնօրէնը կարեւոր նկատեց խոնարհութիւնն ու ծառայասիրութիւնը, որոնք կեանքի մնայուն արժէքներ նկատեց: Դոկտ. Մսըրլեան պատուիրեց շրջանաւարտներուն «աչքի բիբի պէս գուրգուրալ ազգին» եւ իրենց կարելին ընել Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ դատին համար  ու «հաւատարիմ մնալ անշիրիմ մնացած մեր սուրբ նահատակներուն կտակին»:

Հանդէսին գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան Զ. կարգի աշակերտները` արտասանութեամբ, «Ծիրանի» երգչախումբը` երկու խմբերգերով (խմբավար` Նեկտար Փալազեան) եւ քոլեճի նորակազմ սենեկային համոյթը, որուն կը մասնակցէին շրջանաւարտ եւ ներկայ աշակերտներ` Կարին Հայտօսթեան, Մեղրի Պաղտոյեան, Արազ Տեմիրճեան, Քրիսթին եւ Կրէյս Մաամարպաշիներ, որոնք ջութակներով եւ դաշնամուրով մեկնաբանեցին «Մեր հարց հաւատք» (Ուոլթըն) եւ «Կտոր մը երկինք» (Տ. Մանսուրեան) նուագները: Սոյն համոյթին գեղարուեստական ղեկավարն էր նոյնպէս քոլեճի շրջանաւարտ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանը:

Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլաքեանի փակման ու շնորհակալիքի խօսքով եւ օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:

Aved_Elementary-formal

Զ. Կարգի ընթացաւարտներն էին` Ապաճեան Փաթիսիա (յիշտկթ.), Գայմագամեան Արմէն, Գարամանուկեան Նարէ, Գրիգորեան Գրիգոր, Զէյթունցեան Էլվիրա, Պօղոսեան Նոէմի եւ Քէօշկերեան Լոռի (յիշտկթ.):

Aved_secondary-formal

Իսկ 12-րդ կարգէն շրջանաւարտ եղան` Կիւլիւմեան Լարա, Հայտոսթեան Դալար, Մխսեան Մայք, Մկրտիչեան Ճորճ, Պապիկեան Լեւոն, Ստեփան Սինթիա, Տէրտէրեան Նարեկ, Օհանեան Լիլա:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

Յաջորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Comments 1

  1. Յարութ Չէքիճեան says:
    7 years ago

    «Ուրբաթ, 1 յուլիս 2016-ին, Կեդրոնական Պէյրութի միակ հայկական վարժարանը`»
    Յ.Չ. Դիւրիմացութենէ խուսափելու համար կարժէ նշել որ այժմու Էշրեֆիէյի Հայ Աւետարանական ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ Բարձրագոյն Վարժարանի անուանակոչութիւնը իր հիմնադրութեան օրերուն եւ ներկայիս՝ աշխարհագրականօրէն կը գտնուի Պէյրութ քաղաքի կեդրոնը: Իսկ այժմ Պէյրութի արեւելեան շրջանին մէջ կը գտնուի մայրաքաղաքին մէջ գործող երրորդ կրթօճախը՝ Ազգային Ռուբինեան Վարժարանը:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In