Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 6, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մատչելի Բնակարանային
Համալիրի Բացում

18188_b

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 յունիսին մայրաքաղաքի Աւան վարչական շրջանին մէջ ներկայ գտնուած է «Երեւանի պետական համալսարանի շրջանաւարտներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան «Մատչելի բնակարան երիտասարդ մասնագէտներուն» բնակարանային ապահովութեան ընկերային ծրագիրի ծիրին մէջ կառուցուած բազմաբնակարան շէնքերու համալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Նախագահը շրջած է շէնքի համալիրին մէջ, այցելած` շահառուներու բնակարաններ, ծանօթացած` կատարուած աշխատանքներուն եւ բնակութեան պայմաններուն: «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան պատասխանատուները Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած են այդ շէնքերուն մէջ տեղադրուած ելեկտրականութեան արդիական հաշուիչներու աշխատանքը:

Նշուած բնակարանաշինական ծրագրի ծիրին մէջ բնակարան ձեռք բերելու կարելիութիւն պիտի ունենայ 490 շահառու: Ծրագիրը կ՛օժանդակէ տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի կազմակերպութիւններու, դրամատուներու, վարկային կազմակերպութիւններու, երիտասարդ մասնագէտներու, երիտասարդ մանկավարժներու, լրագրողներու, բժիշկներու, դասախօսներու, գիտնականներու եւ ստեղծագործողներու, պետական եւ համայնքային ծառայողներու:

Բնակարանները շուկայի գինէն բաւական նուազ գինով տրամադրուած են վերոյիշեալ խումբերու երիտասարդ մասնագէտներուն: Շէնքերը բաւական արդիական են, օժտուած են հանգիստ ապրուստի բոլոր տուեալներով, ունին կանաչապատ գօտիներ, կառատուն:

Բնակարանաշինական ծրագրին ընդհանուր արժէքը կազմած է մօտաւորապէս 10,8 միլիառ հայաստանեան դրամ: Ծրագրի իրականացման աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած է մօտաւորապէս 700 աշխատող:

Նախագահ Ս. Սարգսեան ներկայ գտնուած է նաեւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ Պարոյր Սեւակի 4 հասցէին  գտնուող Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան վերանորոգուած վարչական շէնքի բացման արարողութեան:

Հայ-Ֆրանսական Հնագիտական Արշաւախումբը Պեղած Է Երեւանի Ամէնէն Հին Փողոցը

hin-poxoc-1_70616

Արդէն 8-րդ տարին է, Էրեբունի ամրոցին մէջ, յատկապէս Խալդի տաճարի շրջակայքին մէջ պեղումներ իրականացնող հայ-ֆրանսական հնագիտական արշաւախումբը պեղած է Երեւանի ամէնէն հին փողոցը: Արշաւախմբի հայկական կողմի ղեկավար, «Էրեբունի» թանգարանի գիտաշխատող Միքայէլ Բադալեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ պեղումներու հիմնական նպատակը տեղեկութիւններու հաւաքագրումն է ուրարտականէն  դէպի յետուրարտական անցումային շրջանի մասին:

«Քանի մը օր եղաւ, որ սկսած ենք աշխատելու, փողոցը կը մաքրենք: Ուշագրաւը այն է, որ հաստատուած են ընդհուպ երկրաշարժի հետքեր: Մեր ֆրանսացի գործընկերները այդ հատուածին մէջ պէտք է աշխատին, որպէսզի աւելի լաւ պատկերացում ունենանք թէ՛ ն.Ք. 7-րդ դարու առաջին կիսուն թուագրուող երկրաշարժի, թէ՛ ընդհանուր պատկերի մասին: Փողոցը շատ հետաքրքրական խճայատակով պատուած փողոց է: Այսպիսի փողոց ուրարտական այլ յուշարձաններու մէջ կարծես թէ մենք տակաւին չենք պեղած: Եթէ Էրեբունին կը համարենք Երեւանի օրրանը, ապա գործ ունինք հին Երեւանի ամէնէն հին փողոցին հետ», նշեց ան:

hin-poxoc-4_70616

«Այս աշխատանքը շատ կարեւոր փուլ է մեր պատմութեան, հնագիտութեան համար: Վերջին 2 տարիներուն ընթացքին սկսած ենք բանալ ուրարտական փողոց` հետաքրքրական խճայատակով: Իսկ երկրաշարժը կարելի է, որ մեզի որոշակի բացատրութիւն տայ, թէ ինչո՛ւ կառուցուած է ուրարտական  Թէյշեբաինի կամ Կարմիր բլուր քաղաքը, որովհետեւ ինչպէս գիտենք, շատ իրեր Էրեբունիէն տեղափոխուած են Կարմիր բլուր եւ թերեւս ճիշդ այդ երկրաշարժն էր պատճառը», ըսաւ Միքայէլ Բադալեանը:

Գիտաշխատողը տեղեկացուց, որ այս տարուան աշխատանքները տակաւին նախնական փուլի մէջ են, քանի մը օրէն կարելի պիտի ըլլայ աւելի յստակ տուեալներ հաղորդել:

Հայաստանի Համալսարաններուն Մէջ 1783 Անձ Անվճար Կ՛ուսանի

1783_70616

2016-ին պետութիւնը 1783 անվճար տեղ պիտի յատկացնէ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանելու համար: Այս մասին յայտնած է Գնահատման եւ թեստաւորման կեդրոնի համակարգչային եւ վերլուծական աշխատանքներու բաժինի նախագահ Գուրգէն Չլինկարեան:

Ըստ անոր, 1585 տեղ յատկացուած է հայկական համալսարաններուն մէջ ուսում ստանալու համար, իսկ 120` ռազմական մասնագիտութեան հետեւողներուն համար, տասական տեղ յատկացուած է Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանին եւ Լոմոնոսովի անուան Մոսկուայի պետական համալսարանի երեւանեան մասնաճիւղին:

Չլինկարեան նշած է, որ կան նաեւ 53 պահեստային տեղեր: «Որոշակի արտօնութիւններ տրուած են նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցողներու, զինուորական ծառայողներու զաւակներու, որոնք զոհուած են իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ: Ամէն տարի մեզի դիմում կը ներկայացնեն ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքներու ղեկավարներ, հիմնականօրէն եզիտիներ` անվճար տեղեր տրամադրելու խնդրանքով: Հիմնականօրէն այդպիսի խնդրանքները բաւարարւում են նախարարութեան կողմէ», նշած է ան:

Ընդունելութեան քննութիւններու առաջին փուլը աւարտած է, իսկ երկրորդ փուլը սկսած է 2 յուլիսին:

Ճանապարհային Ոստիկանները Տեսախցիկներ Պիտի Կրեն` Կաշառակերութեան Դէմ Պայքարի Նպատակով

Ոստիկանութիւնը մօտաւորապէս ամիս մը ետք պիտի սկսի գործածելու հայրենական արտադրութեան նոր տեսախցիկներ, զորս հանրապետութեան ճանապարհային ոստիկանները պարտաւոր են կրել իրենց համազգեստին վրայ: Նոր տեսախցիկի առկայութիւնը պիտի բացառէ ճանապարհային ոստիկանին միջամտութիւնը երթեւեկի խախտումներու ատեն: Այս մասին կը գրէ Արմէն Վարդանեան:

Անդրադառնալով ոստիկանութեան այս նախաձեռնութեան` «Աքիլլես» ինքնաշարժի վարորդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կեդրոնի նախագահ Էդուարդ Յովհաննիսեան նկատել տուած է, որ ասիկա լաւագոյն տարբերակն է վարորդ-տեսուչ կապին ընթացքին փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը կասեցնելու նպաստող: Արդարեւ, անիկա զգաստութեան կը մղէ ո՛չ միայն կաշառք տուողը, այլ նաեւ` ստացողը: Ան մտահոգ է այն հանգամանքով, որ այդ տեսախցիկները միայն դուրսէ՞ն կը նկարեն ինքնաշարժը, թէ՞ նաեւ ներսէն, որովհետեւ ինքնաշարժին ներքին բաժինը վարորդին անձնական տարածքն է եւ զայն նկարահանելը սահմանադրական իրաւունքի խախտում է: «Ռատիոլուր»-ը փորձած է ոստիկանութենէն գիտնալ այս մասին, սակայն անոր պատասխանած են, թէ ծրագիրը տակաւին փորձառական փուլի մէջ է, այս բոլորը ժամանակի ընթացքին կը յստականան:

Խօսելով ճանապարհային ոստիկանի համազգեստին ամրացուող տեսախցիկներուն դրական եւ ժխտական կողմերուն մասին` Էդուարդ Յովհաննիսեան նկատել տուած է, որ սարքին յիշողութիւնը 3 օր է, ինչ որ կարճ ժամանակամիջոց է բողոքարկման համար:

Նշենք, որ տեսուչի համազգեստին վրայ տեսախցիկներ կրելու հարցը արդէն երկու տարի է ի վեր կը քննարկուի:

Պոլսոյ «Արմէն» Ճամբարի (Քեմփ Արմէն) Վերակառուցման Ծրագիրը` Իրականացման Ճանապարհին

Min-Hranush_Bolsahay_70616

Յուլիս 1-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Պոլսոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմած էին Պոլսոյ «Արմէն» ճամբարի (Քեմփ Արմէն) շինարարական-վերականգնողական աշխատանքներու յանձնախումբի անդամներ` ճարտարագէտ Նազարէթ Բինաթլը, ճարտարապետներ` Ալին Փոնթիօղլուն, Ժան Գաւրիլովը, «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի պատասխանատու աշխատող Տելալ Տինքը (Հրանդ Տինքի դուստրը), բարերարներ Յարութ եւ Դալար Խորոզօղլուները: Պատուիրակութեան կ՛ուղեկցէին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը եւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւի օգնական վեր. Յովհաննէս Յովսէփեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան ի դէմս անոնց երախտագիտութիւն յայտնեց ամբողջ պոլսահայութեան` իրենց ազգային ինքնութեան հաւատարիմ մնալու եւ հայօրէն ապրելու օրինակ ծառայելու համար:

Kamp Armen_70616

Ներկայացնելով պատուիրակութեան անդամները` վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուն տեղեկացուց, որ Հայաստան այցելելու հիմնական նպատակներէն մէկը վերջերս մեծ ջանքերու գնով Թուրքիոյ իշխանութիւններէն ետ ստացուած «Արմէն» որբանոց-ճամբարի վերականգնողական աշխատանքներուն համար հետաքրքրական գաղափարներ եւ լուծումներ գտնելու ցանկութիւնն է: Ինչպէս նշեց վերապատուելին, իրենց երազն է, որ նախատեսուող շինութիւնը լաւագոյնս ծառայէ հայ փոքրիկներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին:

Պատուիրակութեան անդամ ճարտարապետները նշեցին, որ իրենք արդէն իսկ որոշ ուսումնասիրութիւններ կատարած են Երեւանի ուսումնական կրթական օճախներուն մէջ եւ իրենց ծրագրին աւելի մօտ կը համարուի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի օրինակը:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան հաւանութիւն տուաւ անոնց տեսակէտին` պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու «ԹՈՒՄՕ»-ի հիմնադիրներուն եւ գործադիր ղեկավարներու հետ համագործակցութեան կարելիութիւններ ստեղծելու հարցին մէջ: Ան մաղթեց, որ ապագայ ճամբարը իրապէս դառնայ գիտելիքի, հայոց լեզուի եւ հոգեւոր հաւատի կեդրոն:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Պոլսոյ Կետիկ փաշա թաղամասի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գործող հայաստանցի փոքրիկներու դպրոցին: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց վերապատուելի Աղապալօղլուին` իր ուշադիր եւ սրտցաւ վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ դպրոցի հովանաւորներ Յարութ եւ Դալար Խորոզօղլուներուն` իրենց ֆինանսական աջակցութեան համար:

Տելալ Տինքը ներկայացուց «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող բազմաբնոյթ աշխատանքները, որոնց մէջ ներկայիս շատ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ մատենաշարային հրատարակութիւն մը, որ կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու մշակութային յուշարձանները: Ան նախարարին նուիրեց մատենաշարի առաջին հատորը, որ կը ներկայացնէ Կեսարիոյ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու մշակութային եւ հոգեւոր յուշարձանները:

Բարձր գնահատելով պատուիրակութեան իւրաքանչիւր անդամի գործունէութիւնը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան հաւաստիացուց, որ Հայաստանի մէջ շատ լաւ կը հասկնան Թուրքիոյ մէջ բնակող հայութեան դժուարութիւններն ու ջանքերը, եւ յոյս յայտնեց, որ խելամիտ ու ճիշդ քաղաքականութեամբ անոնք կը կարենան յաւերժ պահպանել հայութեան ներկայութիւնն ու լաւագոյն աւանդոյթներուն շարունակականութիւնը այդ երկրին մէջ:

Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի հետ կապերու սերտացման, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ամառնային ծրագիրներուն համայնքի երիտասարդներու մասնակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Վայոց Ձորի 1800 Բնակիչ Ակնաբուժական Անվճար Ծառայութիւն Կը Ստանայ

14673753371114

Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծի եւ Ucom ընկերութեան համագործակցութեամբ, Վայոց Ձոր մարզին մէջ իրականացուեցան ակնաբուժական աշխատանքներ:  «Լոյս հայի աչքերուն» ծրագիրի ծիրին` Վայոց Ձորի մէջ իրականացուեցան ակնային զննումներ, աչքի շարժական հիւանդանոցի կարելիութիւններով խորացուած հետազօտութիւններ, լէյզրային միջամտութիւններ, վիրահատութիւններ: Ակնային զննումներ կատարուած են մարզի դպրոցներուն մէջ:

«Հրաշալի է տեսնել, թէ ինչպէս կ՛աշխատի աչքի շարժական հիւանդանոցը: Երկու օր առաջ այստեղ վիրահատուած հիւանդին վիճակը նոյնքան գոհացուցիչ է, որքան` այն հիւանդներունը, որոնց կը վիրահատենք Ամերիկայի մէջ` այնտեղի սարքաւորումներով»,  յայտնեց Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծի հիմնադիր-նախագահ Ռաճըր Օհանէսեան, որ Հայաստան կը գտնուի  Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծի բժշկական 52-րդ առաքելութեամբ:

«Շատ ուրախ եմ, որ Ucom-ի հետ գործակցութեան շնորհիւ Հայաստանի տարբեր համայնքներու բնակիչներուն ակնաբուժական անվճար ծառայութիւններ մատուցելու կարելիութիւն կը ստեղծուի», յայտնած է դոկտ. Օհանէսեան:

«Ucom հիմնադրամը հպարտութեամբ կ՛աջակցի նախագիծի մը, որուն շրջանակներուն մէջ հայերուն առողջութիւնը գործնականօրէն կը բարելաւուի: Այսօր վիրահատուած տասնեակ մարդոց հետ զրուցելու ժամանակ ուղղակի կը հիանայի անոնց լաւատեսութեան եւ այն խօսքերով, որ իրենք շռայլօրէն բժիշկներուն եւ միւս հիւանդներուն ոգեշնչելու համար», յայտնեց Ucom հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Բարսեղեան:

«Իրապէս շատ կարեւոր է այս աշխատանքը, որ կ՛իրականացնենք միացեալ ուժերով: Հաճելի է մարդոցմէ լսել բազմաթիւ մաղթանքներ եւ շնորհակալական խօսքեր, եւ պիտի կատարենք ամէն ինչ, որ կարելի է, որպէսզի ծրագիրը շարունակէ գործել նոյնքան արդիւնաւէտ», յայտնեց  Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Նունէ Եղիազարեան:

Վայոց Ձորի մարզին մէջ ակնային ստուգում կատարուած է 1000 փոքրիկի եւ 800 մեծահասակի, 400 մեծահասակի խորացուած հետազօտութիւն կատարուած է` Աչքի շարժական հիւանդանոցի սարքերով, շուրջ 150 մեծահասակ վիրահատուած է կամ լէյզրով բուժում ստացած է, 150 հոգիի ակնոց տրամադրուած է: Աչքի շարժական հիւանդանոցի մարզային յաջորդ կանգառը Սիւնիքի մարզն է, ուր աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ աշնան:

 

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահներու Հանդիպման Հարցով Խորհրդակցութիւններ Տեղի Կ՛ունենան

Յաջորդը

Հայաստան Կը Սգայ Էլի Վիզելի Մահը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?