Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ֆրանսայի Վաղուան Յաղթանակը Մարզական Հրամայականէ Մը Աւելին Է

Յուլիս 9, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_70816

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հինգշաբթի, 7 յուլիսին, ֆութպոլի «Եուրօ-2016» մրցաշարքի կիսաւարտական մրցումին ընթացքին մրցաշարքը հիւրընկալող Ֆրանսան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի ախոյեան Գերմանիան: Գերմանիոյ վրայ արձանագրուած յաղթանակը 1958-էն ի վեր պաշտօնական մրցաշարքի մը ընթացքին առաջինն էր: Սակայն արձանագրուած յաղթանակին կարեւորութիւնը ո՛չ 58-ամեայ իրերայաջորդ պարտութիւններուն աւարտն է, ո՛չ ալ աւարտական հանգրուան հասնիլը: Այլ` վիրաւոր Ֆրանսային համար այն բարոյահոգեբանական դրական ազդեցութիւնը, որ անհամեմատ աւելի պիտի բարձրանայ, եթէ Ֆրանսայի ազգային խումբը կիրակի օր յաջողի պարտութեան մատնել Փորթուգալը եւ տիրանալ տիտղոսին` այդ ալ մայրաքաղաք Փարիզի մէջ:

2015-ի ամբողջ ընթացքին Ֆրանսան թատերաբեմը դարձաւ շարք մը ցնցիչ յարձակումներու. յունուարին` «Շարլի Էպտօ» պարբերաթերթի խմբագրատան դէմ արիւնալի յարձակումը, որ պատճառեց 17 զոհ եւ 22 վիրաւոր, փետրուարին` Նիսի մէջ հրէական համայնքի մէկ կեդրոնին հսկող 3 զինուորներու դաշունահարումը, յունիսին` Սէն-Քուանթեն Ֆալլավիէի մէջ գործարան մը պայթեցնելու փորձը, օգոստոսին` գնացքի մը մէջ ճամբորդներու սպանութիւնն ու դանակահարումը: Մեծագոյնն ու ամէնէն ցնցիչ յարձակումը տեղի ունեցաւ, կիրակի օր «Եւրօ-2016»-ի աւարտական խաղը հիւրընկալող, Փարիզի մէջ, ուր 13 նոյեմբերին տեղի ունեցան շարք մը համակարգուած ահաբեկչական յարձակումներ, որոնց պատճառով արձանագրուեցաւ 130 զոհ եւ 368 վիրաւոր: Զոհերուն թիւը Ֆրանսայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյնն էր: Աւելին, Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու շուրջ հանրաքուէի արդիւնքը եկաւ ապագայի նկատմամբ յաւելեալ մտավախութիւն պատճառելու ֆրանսացիներուն:

Վերոնշեալ յարձակումներու հեղինակները մեծ մասամբ Ֆրանսայի քաղաքացիներ էին: «Եւրօ-2016» մրցաշարքը առիթ մը եղաւ, թէկուզ ժամանակաւորապէս, վերականգնելու Ֆրանսայի քաղաքացիներուն միասնականութիւնը եւ, եթէ ոչ փարատելու, առնուազն մեղմացնելու փոխադարձ կասկածներն ու անվստահութեան մթնոլորտը: Մրցաշարքը, երկրի ազգային խումբին արձանագրած յաջողութեան շնորհիւ, վերածուեցաւ վէրքերու բալասանի մը եւ ինքնավստահութեան շունչ փչեց ֆրանսացիներուն հոգիներուն մէջ: Կիրակի օր մրցաշարքը Ֆրանսայի յաղթանակով պսակուելու պարագային այդ դրական ազդեցութիւնը պիտի դառնայ աւելի մեծ: Ֆրանսայի ազգային խումբին յաղթանակը մարզական հրամայականէ մը աւելին է, ինչ որ անհամեմատ աւելի դժուար կը դարձնէ անոր մարզիկներուն գործը, անշուշտ եթէ կը գիտակցին ատոր արտակարգ կարեւորութեան:

Այստեղ, սակայն, գոյութիւն ունի նաեւ մտավախութիւն մը: «Եւրօ-2016»-ի, միջազգային լրատուամիջոցներու լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացնող աւարտական մրցումը, իր քարոզչական կարեւորութեամբ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու եւ ժողովուրդի բազմահազար ներկայութեամբ «արժէքաւոր թիրախ» մըն է եւ ոսկի առիթ մը` ցնցիչ ու խուճապ ստեղծող ահաբեկչական արարքներու համար: Աւարտական մրցումն ու ախոյեանի բաժակի յանձնման արարողութիւնը խանգարող յարձակումի մը ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ ահաւոր, մասնաւորաբար Ֆրանսայի ու ֆրանսացիներուն համար: Յուսանք, որ մրցաշարքը կը գտնէ իր բնական ու խաղաղ աւարտը:

 

 

 

Նախորդը

Բարի Լոյս 25. Ամավերջի Դպրոցական Հանդէսներու Առիթով` Թիւերէն Անդին…

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?