Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու շրջադարձի պաշտօնականացումը ակնկալելի էր: Ներողութիւն խնդրելու թատերական ներկայացումը իր նախապատրաստութիւնը ունէր փաստօրէն: Մնացեալը ցուցադրական պարանաձգութիւն էր, նախ Մոսկուայէն` ըսելու համար, որ Ներողութիւն խնդրող նամակ ստացած են նախագահ Էրտողանէն, յետոյ Անգարայէն` ներքին սպառման համար առաւելաբար անուղղակիօրէն հերքելու ներողութիւն բառի օգտագործումը, ապա Մոսկուայի կողմէ վերստին պաշտօնապէս յայտարարելը, որ ներողութիւն բառը օգտագործուած է գրաւոր նամակին մէջ, յետոյ ալ ընդհանրապէս այս հարցին երկրորդ կարգ մղուիլը: Ներողութենէն առաջ գրաւոր նամակագրութեան միջոցով դարձեալ մերձեցման միտումներու արար մը կար, որուն յիշատակումը կրնայ օգտակար ըլլալ. այդ մէկը կը վերաբերէր Ռուսիոյ ազգային տօնը շնորհաւորելու` թէկուզ շնորհաւորանքին արհամարհական պատասխան ստանալով:
Այսինքն, կային նախադրեալներ, որ յատկապէս Անգարայի կողմէ մերձեցման կամ յարաբերութիւններու բնականոնացման դրսեւորումներով իրավիճակը փոխելու միտումներ կը մատնէին: Մինչ այդ, ներքին սպառման համար առաստաղները բաւական բարձրացած էին երկկողմանիօրէն: Փոխամբաստանութիւններու տարափի սաստկացումը ունէր իր արտաքին քաղաքական դրդապատճառները: Թէ՛ Խրիմի հարցով եւ թէ՛ մանաւանդ սուրիական պատերազմին երկու պետութիւններու ունեցած ուղղակի հակոտնեայ դիրքորոշումները թշնամական ալիքի մագլցողականութեան նպաստած էին հիմնովին:
Արեւմուտքը (իմա՛ յատկապէս Միացեալ Նահանգները) սուրիական պատերազմին վերջին հանգրուաններուն բացարձակ կերպով կը մերժէր Անգարայի ծրագիրները: Անգարան չէր յաջողեր ստանալ կանաչ լոյս` սուրիական տարածքներ ներխուժելու եւ մանաւանդ անվտանգութեան գօտին հաստատելու. այլ խօսքով, քրտական գործօնին վայելած հովանաւորչութիւնը Արեւմուտքին կողմէ ուղղակի սպառնալիք էր Անգարային. մինչ իրադրութիւնները այնպէս կ՛ընթանային, որ թէ՛ Արեւմուտքը եւ թէ սուրիական պատերազմի կտրուածքով Ռուսիան օժանդակողի դեր ստանձնած էին քրտական զինեալ խմբաւորումներուն նկատմամբ:
Գրեթէ անկարելի պիտի ըլլար առանց սուրիական խճանկարին մէջ երկու պետութիւններուն ունեցած դերակատարութիւնը գնահատելու, բացատրել այսօրուան մերձեցման միտումները: Ահաբեկչութիւնը հարուածեց Անգարան, որ Պոլսոյ վերջին ռմբահարումները լիարժէք օգտագործեց` աշխարհին ցոյց տալու համար, որ ինք եւս թիրախ է այն ահաբեկչութեան, որուն աջակցած էր, եւ որուն դէմ այսօր Արեւմուտքը յայտարարած է անհաշտ պատերազմ: Այդ պատերազմը ամբողջական չէ, պարագայական է եւ մինչ այժմ արմատախիլ ընելու համարժէք յարձակումներու տպաւորութիւնը չի ձգեր: Անգարային հասցուած հարուածը Թուրքիան ցնցեց նաեւ տնտեսապէս. այս այն Թուրքիան է, որ քրտական ապստամբութեան եւ ներթրքական պատերազմին պատճառով արդէն իսկ որոշ ցնցումներ ապրած էր, որուն համար ալ բարձրագոյն մակարդակներէ կ՛ամբաստանէր Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները:
Նոյն Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները տնտեսական պատժամիջոցներով ցնցած էին եւ կը շարունակէին ցնցել Ռուսիան:
Ուրեմն Արեւմուտքը, որ սուրիական պատերազմին մէջ իր դերակատարութեամբ բախման կէտերու առաջնորդած էր Անգարան եւ Մոսկուան, այլ հարթութեան վրայ նեղ անկիւններու մատնելով երկու պետութիւններուն համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը ընդգծած կ՛ըլլար այս ձեւով: Բայց սուրիական պատերազմէն եւ կիրարկուող պատժամիջոցներէն անկախ, մեզի համար բնականաբար նման մերձեցում մը կրնայ հարցականներու դուռ բանալ շատ հասկնալիօրէն: Ռուս-թրքական թշնամացումներու եւ մերձեցումներու վերիվայրումները յատկանշած են այս երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ամէնէն բնութագրող դրսեւորումներով: Չմոռնանք, որ թշնամանքի երկարաձգումը Մոսկուային պէտք էր յատկապէս Սուրիոյ տարածքին թիւրքմենական թիրախներ եւ ընդհանրապէս Անգարայի հովանաւորչութիւնը կրող ահաբեկչական յենակէտեր անարգել հարուածելու եւ այս առումով անկաշկանդ գործելու համար: Հիմա, կը թուի որ պայմանները փոխուած են:
«Իզվեսթիա»-ի նման մամուլի ներկայացուցիչի մը թողարկած մեկնաբանական լրատուութիւնները կարելի չէ անտեսել: Եւ «Իզվեսթիա»-ն կը գրէ, որ Մոսկուայի նպատակն է ապաշրջափակել Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ միայն Թուրքիայէն, այլ նաեւ Ազրպէյճանէն: Երկկողմանիօրէն սահմանի բացման մասին է խօսքը: Երկու սահմաններն ալ սակայն փակուած են արցախեան հարցի պատրուակ-պատճառով:
«Իզվեսթիա»-ի մեկնաբանութիւնը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի Արցախի հարցի կարգաւորման, առանց այդ մասին ուղղակի ակնարկ կատարելու:
Հայկական ոսպնեակով անմիջական մտահոգութիւնը այս պարագային Անգարային վերապահուող դերակատարութիւնը կրնայ ըլլալ, կարգաւորման հարցին մէջ: Իսկ այս առումով արժէ նկատել այն լրատուութիւնը, որուն համաձայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան` մեկնաբանելով Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսկիի բառերը այն մասին, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մերձեցումը կ՛օգնէ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու լուծման: «Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, մենք ունինք համապատասխան ձեւաչափեր. այդ մէկը նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն է, եւ մեր ուղիղ երկխօսութիւնն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ. անոնք բարձր մակարդակի հանդիպումներ են, որոնք տեղի կ՛ունենան Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Այդ իսկ պատճառով, մենք կը կարծենք, որ անոնք բաւական արդիւնաւէտ մեքանիզմներ են», ըսած է Զախարովան:
Զախարովան կը վերահաստատէ, որ ԵԱՀԿ-ը միակ եւ միջազգայնօրէն ընդունուած ձեւաչափն է հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատելու, ինչ որ դիւանագիտական ըսելաձեւով մերժումն է Անգարային կարգաւորման կողմ դառնալու նկրտումներուն:
«Իզվեսթիա» կը նշանակէ լուրեր, իրադարձութիւններ: Թէ ո՞րքան ճշմարտութեան կը համապատասխանէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապաշրջափակումը ռուսական օրակարգ համարելու այս կանխատեսումնային բնոյթ ունեցող լուրը, ժամանակը ցոյց կու տայ: Պարզը ցարդ այն է, որ ռուսերը (եւ ոչ միայն ռուսերը) արտակարգ աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն արցախեան հակամարտութեան լուծման բեկումնային պահ ապահովելու համար»:
«Ա.»