Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանը Մտածեց, Որ Կը Յաջողի Գնել Արեւմուտքը, Եւ Արեւմուտքը Աչք Կը Փակէ Արցախի Վրայ

Օգոստոս 1, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

2022 թուականի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մեկնարկէն ետք, Եւրոպական Միութեան առաջնորդները գրաւ դրին Ազրպէյճանի վրայ` որպէս ուժանիւթային գործընկերոջ, Ռուսիոյ կազէն կախուածութիւնը նուազեցնելու համար:

Քննադատները կ՛ըսեն, որ այդ քայլին պատճառով Ազրպէյճանի մէջ լայնածաւալ դարձան բռնաճնշումները, իսկ Եւրոպական Միութիւնը դաւաճանեց իր սկզբունքներուն` չլուծելով կազի կապուած խնդիրները:

Այս տարուան մայիսին Թիրանայի մէջ Ալիեւի եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ջերմ հանդիպման նկարները նեղացուցած են Ազրպէյճանի նախագահին քննադատները: Անկէ ամիս մը առաջ Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Կայա Քալաս ժամանած էր Պաքու` մամուլի դէմ հետապնդումներու ամենաթէժ պահուն, երկրին մէջ ՄԱԿ-ի հիմնական ներկայացուցչութիւններու եւ Կարմիր խաչի գրասենեակի փակուելէն անմիջապէս ետքը:

Երկու կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլ սկսաւ 2022-ի յուլիսին, երբ Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն Ազրպէյճանը հռչակեց` «Ռուսական հանածոյ վառելանիւթէն հրաժարելու ջանքերուն մէջ առանցքային գործընկեր»:

Յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին Իլհամ Ալիեւ հինգերորդ անգամ ընտրուեցաւ նախագահ: Անոր կառավարման ժամկէտը գերազանցեց 21 տարին:

Ալիեւի իշխանութիւնը ամրապնդեց ղարաբաղեան պատերազմի վերջնական յաղթանակը, որ յանգեցուց շրջանի ամբողջ հայ բնակչութեան գաղթին:

Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն թիւը, ըստ իրաւապաշտպաններու, հարիւրէն հասած է աւելի քան 350-ի:

Անկախ լրագրողները սկսած են բանտեր ղրկել, երբեմն` ամբողջ խմբագրական կազմերով:

Պէտք է ընդգծել, որ անցեալ տարուան դեկտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է այս բոլոր խնդիրները` կոչ ընելով Եւրոպական յանձնաժողովին անհատական պատժամիջոցներ սահմանել ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու դէմ եւ «վերջ դնել ազրպէյճանական կազի ներածումէն կախուածութեան»:

Սակայն Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը կը կրեն խորհրդատուական բնոյթ եւ ոչինչով կը պարտաւորեցնեն Եւրոպական Միութեան միջազգային քաղաքականութեան համար պատասխանատու պաշտօնատարները:

Ալիեւ, որ ընդդիմութիւնը «հինգերորդ շարասիւն» կ՛անուանէ, ձերբակալութիւնները կը բացատրէր «լրատուական տարածքը արտաքին բացասական ազդեցութենէն պաշտպանելով», իսկ միջազգային կազմակերպութիւնները կը մեղադրէր կողմնակալութեան եւ երկրի ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու համար:

Ազրպէյճանի ընդդիմադիրները կը դժգոհին, որ եւրոպացի պաշտօնատարները, որոնք մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան պաշտպանութիւնը կը հռչակեն Եւրոպական Միութեան ռազմավարական շահ եւ պարտք, կարծես թէ բացառութիւն կ՛ընեն իրենց երկրին համար:

Սակայն եւրոպացի կարգ մը դէտեր ալ աւելի լուրջ մեղադրանք կ՛առաջադրեն. Եւրոպական Միութիւնը ոչ թէ պարզապէս կ՛անտեսէ բռնաճնշումները, այլ եւրոպական քաղաքականութիւնը անոնց յանգեցուցած է:

«Բռնաճնշումները, այլախոհներու, պլոկըրներու եւ ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւնները միշտ ալ գրգռիչ եղած են Պաքուի եւ Պրիւքսելի յարաբերութիւններուն մէջ», կ՛ըսէ Էլտար Մամետով` լաթվիացի նախկին դիւանագէտը, որ հետագային ծառայած է որպէս Եւրոպական խորհրդարանի սոցիալ-դեմոկրատական խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան խորհրդական:

«Սակայն Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յարձակումէն ետք այդ հարցը պաշտօնական մակարդակով գրեթէ հանուեցաւ օրակարգէն», կ՛աւելցնէ ան:

Պրիւքսելը կը մերժէ այս քննադատութիւնը, բայց ի՞նչ խաղաքարտեր կրնայ ունենալ Պաքուն Եւրոպական Միութեան  հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

Խաղաքարտ առաջին. Կազ

Մինչեւ 2022 թուականը Ռուսիոյ բաժին կ՛իյնար եւրոպական կազի ներածման շուրջ 45 առ հարիւրը: Ուքրանիա լայնածաւալ ներխուժումը Եւրոպական Միութիւնը ստիպեց գիտակցիլ անոր կարեւոր խոցելիութիւնը:

Արդէն երկու տարի ետք ռուսական բաժինը յաջողեցաւ կրճատել աւելի քան երկու անգամ` հասցնելով գրեթէ 19 առ հարիւրի:

Այս գործընթացին մէջ հիմնական դերը խաղաց ծովով, այլ ոչ թէ խողովակաշարերով հեղուկացուած բնական կազի մատակարարումներու վերակողմնորոշումը. այդ թոյլ տուաւ աւելի շատ գնել այնպիսի երկիրներէ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներէն, Քաթարէն եւ Եգիպտոսէն:

Բայց իր դերը ունեցաւ նաեւ Ազրպէյճանը` աւելցնելով մատակարարումները 2021 թուականի 8 միլիառ խմ-էն մինչեւ 2024 թուականի գրեթէ 13 միլիառ խմ-ի:

Եւրոպական Միութեան ընդհանուր ծաւալով Ազրպէյճանի բաժինը կազի ներածման մէջ կը մնայ համեստ` չորս առ հարիւր:

Սակայն իրավիճակը տարբեր է միութեան այն երկիրներուն մէջ, որոնք Ազրպէյճանի հետ կապուած են «Հարաւային կազային միջանցք»-ով:

Պուլկարիան այդ միջոցով կը ստանայ իր կազին 40 առ հարիւրը, իսկ Յունաստանն ու Իտալիան` 15 առ հարիւրէն աւելին: Կարելի չէ ըսել, որ Եւրոպական Միութիւնը կախուած է Պաքուէն:

Պրիւքսելի ռազմավարութիւնը այն է, որ, ընդհակառա՛կը, խուսափի նման կախուածութենէն` մատակարարումներու տարբերակներ գտնելով:

«Եւրոպայի մէջ լոյսը չի մարիր ազրպէյճանական կազի բացակայութեան պատճառով», կը նշէ Պէն Գոդվին` PRISM խորհրդատուական ընկերութեան տնտեսական վերլուծաբանը, որ կ՛աշխատի նաեւ Հարաւային Կովկասի հետ:

Բայց խնդիրը այն է, որ Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի հետ բանակցութիւններուն խաղաքարտեր չունի, կը նշէ եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը, որ չի կարողանար հրապարակաւ մեկնաբանել այս բնաբանը:

«Ազրպէյճանը այժմ բաւականին յարմարաւէտ վիճակի մէջ է արտաքին ճնշման տեսանկիւնէն,- կ՛ըսէ ան: Ես չեմ տեսներ, որ Եւրոպան` որպէս միասնական ուժ, կրնայ Ազրպէյճանին յայտարարել, որ մենք այլեւս ձեր կազը չենք գներ: Որովհետեւ իտալացիները, յոյները, պալքանեան երկիրները միեւնոյն է կ՛ըսեն. «Ո՛չ, մենք չենք կրնար, մեզի պէտք է ազրպէյճանական կազը»: Այս իրավիճակին մէջ Եւրոպան Ազրպէյճանի վրայ ճնշման զգալի լծակներ չունի»:

Ուժանիւթի գործընկերութիւնը «չի փոխեր մեր դիրքորոշումը Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ», BBC-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը:

Խաղաքարտ երկրորդ. Ռուսիա

Յունիսին Ռուսիոյ մէջ ձերբակալուած երկու ազրպէյճանցիներու մահուան ի պատասխան` Պաքուի արձագանգը երկու երկիրներու համար ոչ սովորական, բայց եւ ոչ աննախընթաց իրադարձութիւն էր, որ շատերու համար անակնկալ դարձաւ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները չեղեալ յայտարարեցին ռուսական մշակութային ձեռնարկները, ձերբակալեցին ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան աշխատակիցները եւ պաշտօնեաներ, իսկ պետական լրատուամիջոցներուն մէջ Ռուսիան կը համեմատէին նացիական Գերմանիոյ հետ:

Այս ամէնը նոր ցած մակարդակի հասցուց երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, որոնք խիստ տուժած էին անցեալ տարուան դեկտեմբերին Ակտաուի մօտ ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութեան ճամբորդատար օդանաւի կործանումէն ետք:

Ներկայիս սրացումը քանի մը պատճառ ունի:

Անոնցմէ հիմնականը, ըստ քաղաքագէտներու, Պաքուի փորձն է` Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ինքնիրեն հաւասարազօր գործընկերոջ կարգավիճակ նուաճելու: Բայց այս  նաեւ ազդանշան է Արեւմուտքին:

«Ազրպէյճան յառաջ կը մղէ Փութինի հակառակորդի իր դիմագիծը», կ՛ըսէ կովկասագէտ Կիրիլ Կրիվոշեւ:

Ալիեւ ԱՊՀ-ի երկրներու` աւանդաբար Ռուսիոյ բարեկամ պետութիւններու միութեան, միակ ղեկավարն էր, որ չգնաց Ռուսիա  մայիսի 9-ի շքերթին (Մոլտովան ԱՊՀ-էն դուրս գալու գործընթացի մէջ է):

Ալիեւ Ռուսիոյ կցուած ուքրանական տարածքները կ՛անուանէ բռնագրաւուած եւ Ուքրանիոյ մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէ:

Կիրիլ Կրիվոշեւ Ալիեւը կը համեմատէ Չաուչեսկուի հետ` ռումանացի դաժան բռնապետին, որ հակառակ Մոսկուայի հետ պաշտօնապէս դաշնակցային յարաբերութիւններուն` դատապարտեց 1968 թուականին Փրակա խորհրդային ներխուժումը:

Ռուսիա, իր կարգին, Պաքուին կը ներէ բազմաթիւ բաներ, որոնց շարքին` Ազրպէյճանէն անցնող «Հիւսիս-Հարաւ» փոխադրամիջոցային միջանցքի արեւմտեան ճիւղի պատճառով, որ կ՛ապահովէ Ռուսիոյ կապը Հնդկաստանի և Պարսից ծոցի երկիրներու հետ, բան մը, որ յատկապէս կարեւոր է Եւրոպայի հետ առեւտուրի կրճատման պայմաններուն մէջ: Անցեալ տարի միջանցքով տարանցումը աճած  է 28 առ հարիւրով:

Այս տարի Մոսկուան եւ Պաքուն պայմանաւորուած են ընդարձակել «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքը:

Խաղաքարտ երրորդ. խաչմերուկ-երկիր

Ազրպէճանէն կ՛անցնի, այսպէս կոչուած, «Միջին միջանցք»-ը (պաշտօնապէս` Թրանսկասպեան փոխադրամիջոցային երթուղի), որով ապրանքները Չինաստանէն Եւրոպա կ՛երթան` շրջանցելով պատժամիջոցներու տակ գտնուող Իրանն ու Ռուսիան:

Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մեկնարկէն ետք այդ միջանցքով փոխադրումներու ծաւալը աճած է աւելի քան հինգ անգամ:

Պաքու միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսէ տարանցիկ նախագիծներու հետ կապուած ենթակառոյցներու զարգացման եւ աջակցութեան վրայ:

Ազրպէյճան ռազմավարական կարեւոր դիրք ունի: Այս Կասպից ծովով տարանցման միակ ճամբան է:

Կոյր խաղ

2022 թուականին Ուրսուլա ֆոն տեր Լայենի այցելութիւնը Պաքու «100 տոկոսով ազատութիւն տուաւ Ալիեւի», կ՛ըսէ Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի մերձեցման քննադատ Էլտար Մամետով: Ան կ՛աւելցնէ. «Պրիւքսել իր արժէքները անտեսեց գրեթէ ձրի»:

Պաքու իսկապէս կարողացաւ օգտուիլ կացութենէն, կը շեշտէ  եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը, որ խնդրած է անանուն մնալ, քանի որ չի կրնար հրապարակաւ մեկնաբանել այս բնաբանը:

«Անոնք կը տեսնեն, որ բոլոր կողմերը կ՛ուզեն իրենց հետ բարեկամութիւն ընել եւ կարելի եղածին չափ կ՛օգտուին անկէ», կ՛ըսէ դիւանագէտը

Ան Ռուսիոյ լայնածաւալ ներխուժումը Ուքրանիա կը նկատէ  շրջադարձային պահ մը, որ խարխլեց համաշխարհային կարգը եւ Պաքուն դրդեց ուժային ճամբով վերադարձնել Լեռնային Ղարաբաղը` Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմին մէջ  գտնուող առաւելաբար հայաբնակ շրջանը, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս ետք անցած էր Հայաստանի հակակաշիռին տակ:

Ըստ դիւանագէտին, ազրպէյճանական իշխանութիւնները մտածած են, որ` «Կը յաջողին գնել Արեւմուտքը, որ աչք կը գոցէ, երբ անոնք շարժին դէպի Լեռնային Ղարաբաղ»:

Եւրոպացի կարգ մը դիւանագէտներ կը շարունակեն դատապարտել քաղաքական բանտարկեալներուն այցելելու, անոնց  հարցումներ ուղղելու Պաքուի քաղաքականութիւնը, բայց այդ «քիչ արդիւնք կու տայ», կ՛ըսէ Պրիւքսելի քաղաքականութեան լաւ ծանօթ եւրոպացի այլ դիւանագէտ մը, որ նոյնպէս խնդրած է անանուն մնալ:

«Մենք շատ դժգոհ ենք կատարուածէն,  բայց մենք քիչ բան կրնանք ընել», կ՛ըսէ եւրոպացի դիւանագէտը:

Այս տարուան մայիսին Ազրպէյճան ազատ արձակեց Թէօ Քլարքը` ֆրանսացի նկարիչ մը, որ դատապարտուած էր Պաքուի մեթրոյին մէջ  արձանագրութիւններու համար: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնէին, որ Քլարքը ազատ արձակած են Կայա Քալասի խնդրանքով:

Քալաս այդ անուանած է «լուռ դիւանագիտութեան» արդիւնք եւ` նշած. «Կը շարունակեմ ներդրումս ունենալ արտերկրի  մեր քաղաքացիներուն աջակցելու գործին մէջ»:

Բայց Ազրպէյճանի մէջ  քաղաքացիներու հետապնդումներու  մասին Քալաս, առնուազն հրապարակաւ, չի խօսիր:

Յունիսին ութ լրագրող դատապարտուեցաւ շուրջ տարուան մը բանտարկութեան: Անոնցմէ վեցը կ՛աշխատէր այն պարբերականին մէջ, որ հետաքննութիւններ կ՛ընէր Իլհամ Ալիեւի առեւտրական գործերուն մասին: Իսկ Պահրուզ Սամետովը` երիտասարդ գիտնականը, որ կը մեղադրուէր հայերու հետ նամակագրութեան համար, պետական դաւաճանութեան մէջ, 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Ըստ ընկերներուն, Սամետով փորձած է անձնասպան ըլլալ բանտին մէջ:

«Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Ազրպէյճանի «քաղաքացիական տարածքի կրճատումով» եւ կոչ կ՛ընէ Պաքուին` ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք ձերբակալուած են իրենց հիմնական իրաւունքները իրականացնելու համար», յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովը:

«Եւրոպական Միութիւնը հետեւողականօրէն իր մտահոգութիւնը յայտնած է բոլոր մակարդակներու վրայ, որոնց շարքին` Քալասի Պաքու այցելութեան ատեն», աւելցուցած է յանձնաժողովին ներկայացուցիչը:

Դարու գրաւը

1990-ականներու սկիզբին Ազրպէյճան, որ քայքայուած էր Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ Ղարաբաղի մէջ պատերազմէն, պայմանագիր ստորագրեց դէպի Եւրոպա քարիւղատար խողովակաշար կառուցելու մասին` այդ պայմանագիրը անուանելով «դարու պայմանագիր»: Նախագահ Հայտար Ալիեւ կը խոստանար լուսաւոր ապագայ, որ կու գայ, երբ երկիր կը հոսին միլիառաւոր նաւթատոլարներ:

Քսան տարի ետք, կանգնած` Հայտար Ալիեւի անուան կեդրոնի բեմին վրայ, անոր տղան եւ իրաւայաջորդ Իլհամը յայտարարեց, որ «դարու պայմանագիրը» թոյլ տուաւ պարտութեան մատնել աղքատութիւնն ու գործազրկութիւնը եւ միլիառներ ներդնել հետագայ նախագիծերուն, որոնք ամրապնդեցին Ազրպէյճանի մեծութիւնը:

Բայց այսօր ազրպէյճանցիները ունին ամէնէն ցած աշխատավարձերը Հարաւային Կովկասի մէջ, իսկ ցամաքային սահմանները փակ են քաղաքացիներու համար: Այդ սահմանները կրնան հատել միայն Ազրպէյճանէն անցնող ապրանքները: Սահմանները փակուած էին 2020 թուականին «Քորոնա»-ի համաճարակի պատճառով, եւ այդ ժամանակէն ի վեր փակումը պարբերաբար կ՛երկարաձգուի:

Վրաստանի եւ Հայաստանի համեմատ,  Ազրպէյճանի մէջ  ամէնէն բարձր սղաճը հիմնական մթերքներու վրայ է եւ  ամէնէն ցած ցուցանիշը ունի Մարդկային զարգացման ինտեքսի, որ նկատի կ՛առնէ` կենսամակարդակը, գրաճանաչութիւնը, կրթուածութիւնը եւ երկարակեցութիւնը:

Ազրպէյճան հեռատեսութեամբ կ՛օգտագործէ իր դիրքը, կը նշէ եւրոպացի դիւանագէտ մը:

«Ռուսերուն պէտք են Ազրպէյճանը եւ Կասպից ծովը` «Հիւսիս-Հարաւ» տարանցման համար, Հարաւային Կովկասի մէջ ազդեցութեան համար:

Եւրոպային Ազրպէյճանը պէտք է ուժանիւթային մատակարարումներու, նաեւ «Արեւելք-Արեւմուտք» տարանցման համար», կ՛ըսէ դիւանագէտը:

«Ազրպէյճանի ղեկավարութեան մօտեցումը կը տարբերի կարճատեւ, ակնթարթային մտածողութեամբ. անոնք կը կարծեն, թէ կը կարողանան իրենց կռուազանութիւնը պահել բոլորին նկատմամբ եւ անպատիժ մնալ»:

ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.

Նախորդը

Լրորս. Համտեսեցէք Մեծ ու Պզտիկ «Ձուկեր»

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանին Նուիրաբերուած Հայաստանեան Հրատարակութիւններու Առիթով

RelatedPosts

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն
Մշակութային եւ Այլազան

Մի՛ Հաւատաք, Որ Միացեալ Նահանգներ, Յատկապէս` Տանըլտ Թրամփի Օրօք, Ձեւով Մը Կը Փրկեն Ձեզ Ձեր Դրացիներէն

Օգոստոս 15, 2025
Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին
Մշակութային եւ Այլազան

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Օգոստոս 8, 2025
Grateful Dead Խումբը  Ինչպէ՞ս Կերտեց Համացանցը
Մշակութային եւ Այլազան

Grateful Dead Խումբը Ինչպէ՞ս Կերտեց Համացանցը

Յուլիս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?