Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակը Կազմակերպեց Համերգ «Ջաւախեան Մեղեդիներ» Խորագիրով
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը յուլիս 25-ին կազմակերպեց «Ջաւախեան մեղեդիներ» խորագրով համերգ, որ նուիրուած էր Համազգայինի կարեւորագոյն հայրենաճանաչողական ծրագիրներէն մէկուն` ուսանողական հաւաքի 30-ամեակին եւ հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին:
Համերգային երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայոց Ջաւախք աշխարհի գուսաններու` Ջիւանի եւ Հաւասի, ինչպէս նաեւ Վահան Տէրեանի շարք մը բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրուած երգեր` սիրուած երգիչներ Մաւր Մկրտչեանի, Վարդան Բադալեանի, Գուրգէն Դաբաղեանի, Աբէլ Աբէլեանի, Արեգնազ Մկրտչեանի կատարումով եւ «Նովա» ազգային նուագարաններու համոյթի ուղեկցութեամբ:
Համերգային ծրագրին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանի խօսքով:
«Մեզի վիճակուած է ապրիլ Հայոց պատմութեան ճակատագրական այն ժամանակահատուածին, երբ կռիւ կը մղուի մեր ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան պահպանման դէմ: Այս առումով, սեփական մշակոյթին կառչիլը եւ պահպանելը ձեռք կը բերէ քաղաքական իմաստ: Եւ եթէ մենք այս անդունդէն պէտք է վեր բարձրանանք դէպի ազգային նոր վերածնունդի բարձունքները, ապա այդ վերելքը, առաջին հերթին, պէտք է ընթանայ մշակոյթի եւ կրթութեան հունով», շեշտեց Արտաշէս Շահբազեան:
Ջաւախքի գուսաններու մասին խօսք արտասանեց Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ Հայկազուն Ալվրցեանը` անդրադառնալով ջաւախեան գուսանական արուեստի ստեղծման պատմութեան եւ ակունքներուն:
Վահան Տէրեանի թոռ, գրականագէտ Գէորգ Էմին Տէրեանը անդրադարձաւ Վահան Տէրեան բանաստեղծի գործունէութեան, ինչպէս գրականութեան, այնպէս ալ` հասարակական-քաղաքական կեանքի մէջ:
Նշենք, որ գրական-երաժշտական երեկոն հանդիսատեսը ընդունեց բուռն ծափերով եւ ջերմ ոգեւորութեամբ:
«Արցախեան Բանակցութիւնները» Երկհատորեակի Շնորհահանդէս
Յուլիս 25-ին կայացաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Խաչատրեանի հեղինակած «Արցախեան բանակցութիւնները» երկհատորեակին շնորհահանդէսը:
Երկհատորեակին մէջ վերլուծութեան ենթարկուած են Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ ընթացած քաղաքական բանակցութիւնները` անոնց պատմութիւնը, ընդունուած որոշումները, ինչպէս նաեւ` ներկայացուած կարգաւորման տարբեր առաջարկները: Աշխատութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ համեմատական ակնարկներ այլ միջազգային հակամարտութիւններու կարգաւորման փորձերէն, ինչպէս նաեւ` դէպքեր ու իրադարձութիւններ, որոնք թէեւ անմիջականօրէն բանակցային գործընթացին մաս չեն կազմած, սակայն էական ազդեցութիւն ունեցած են անոր ընթացքին վրայ:
Աշխատութեան առաջին հատորին մէջ ներկայացուած են` արցախեան շարժման ձեւաւորման ու Արցախի Հանրապետութեան կայացման հանգրուանը, արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման նախնական տարբերակները, ԵԱՀԿ-ի` իբրեւ բանակցային հիմնական հարթակի ձեւաւորումը, ՄԱԿ ԱԽ բանաձեւերը եւ հակամարտութեան կարգաւորման Քի Ուեսթի մէջ քննարկուած տարբերակը:
Երկրորդ հատորը կ՛ընդգրկէ 2002-2020 թուականներուն բանակցային գործընթացը: Մանրամասն անդրադարձ կատարուած է` Հիմնարար (Մատրիտեան) սկզբունքներուն, նորացուած Մատրիտեան սկզբունքներուն, Քազանի փաստաթուղթի, «Լաւրովի փլան»-ի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ` բանակցութիւններու տապալման: Գիրքը նախատեսուած է դիւանագէտներու, միջազգայնագէտներու, քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու, ինչպէս նաեւ Արցախի բանակցային գործընթացով հետաքրքրուած բոլոր անձերուն համար:
Շնորհահանդէսին ընթացքին Արթուր Խաչատրեան ըսաւ, որ հիմնականօրէն ներկայացուցած է փաստացի տուեալներ, որոնք արդէն խօսուն են, եւ որոնք կը վերաբերին արցախեան տագնապին:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ ըսաւ, թէ այս աշխատութիւնը կարեւոր է յատկապէս այն առումով, որ հանրութեան կը ներկայացնէ չըսուած իրականութիւններ:
«Դէպի Ժամանակակից Ճարտարապետութիւն» Խորագիրը Կրող Ցուցահանդէս
Յուլիս 25-ին Երեւանի Ալ. Թամանեանի անուան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ ճարտարապետ Արա Գէորգեանի ցուցահանդէսին` «Դէպի ժամանակակից ճարտարապետութիւն» խորագիրը կրող: Այս ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքաշինութեան կոմիտէին եւ Ալ. Թամանեանի անուան ազգային թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցաբար:
Արա Գէորգեան այն ճարտարապետներէն է, որ նշանաւոր է` իր արհեստավարժ փորձառութեամբ, ստեղծագործական լայն տեսլականով, բարձր համաշխարհային ճարտարապետական նախագիծներու ստեղծման ու կառավարման հմտութիւններով: Անոր նախագիծները գործադրուած են Միջին Արեւելքի, Լիբանանի, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի եւ շարք մը այլ վայրերու մէջ: Անոր գործերը կը ներառեն` օդակայաններ, մարզական ու բնակելի համալիրներ, թատերասրահներ, արդիւնաբերական շինութիւններ եւ այլ նախագիծներ: Ան կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու Կանաչ շէնքերու խորհուրդի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ճարտարապետներու ու ճարտարագէտներու միութեան անդամ:
Ցուցահանդէսին բացման խօսքը արտասանեց Ալ. Թամանեանի անուան թանգարանի տնօրէն Զարուհի Հայրապետեանը, որ կարեւոր նկատեց համագործակցութիւնը լիբանանահայ ճարտարապետին հետ եւ յոյս յայտնեց, որ ցուցահանդէսը առիթ կը հանդիսանայ, որ սփիւռքի այլ ճարտարապետներ եւս նման ցուցահանդէսներով հանդէս գան թանգարանին մէջ:
Համազգայինի կողմէ այս առիթով սրտի խօսքեր արտասանեցին` Համազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեանը, վարչութեան անդամներ Տիգրան Պապիկեանը, Արտաշէս Շահբազեանը եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը:
Խօսք առաւ նաեւ Արա Գէորգեան, որ բացատրեց, թէ ցուցահանդէսի պատրաստութիւնը առիթ ընծայեց անգամ մը եւս արժեւորելու ի գործ դրուած ծրագիրներն ու նախագիծները, գործածուած կայուն ու ժամանակակից մեթոտներու քանակը եւ ընծայուած արդիւնքը, որպէսզի կարելի եղած չափով հաշուի առնուին բոլոր բացթողումները ապագայ տարբեր նախագիծներու իրագործման ընթացքին` միշտ հաւատարիմ մնալով հայկական ազգային ճարտարապետական սկզբունքներուն: Ըստ անոր, թանգարանին հետ այս յաջող համագործակցութիւնը առիթ պիտի ըլլայ հետագային եւս ունենալ նման ցուցահանդէսներ:
«Թող այս ցուցահանդէսը դառնայ նոր խօսք մը մեր ճարտարապետութեան մշակոյթի ասպարէզին մէջ եւ նոր հանդիպման սկիզբ` սփիւռքի ու հայրենիքի, անցեալի ու ապագայի միջեւ», շեշտեց ճարտարապետը:
Ցուցահանդէսին սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Արա Գէորգեանին կողակիցը` Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեանը, որ դիտել տուաւ, թէ իր ու Արա Գէորգեանի լաւագոյն ստեղծագործութիւնը իրենց հայեցի ընտանիքն է: «Հայրենիքէն հեռու մեր ամէնօրեայ նպատակը եղած է ու կը շարունակէ մնալ մեր մասնագիտութիւնները հայրենիքին ու հայապահպանութեան ծառայեցնելը», շեշտեց ան:
Ներկաները ոչ միայն դիտեցին ցուցադրուածները, այլ նաեւ առիթ ունեցան զրուցելու Արա Գէորգեանին հետ` յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալով եւ անոր բեղուն ստեղծագործական գործունէութիւն մաղթելով:
Ցուցահանդէսը վարեց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը:
Վերջերս Կայացաւ «Յիշողութեան Գոյները» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի եւ «Արմաւ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի «Թումանեան՛զ արթ» սրճարանին մէջ կայացաւ արցախցի հեղինակ Գոհար Պօղոսեանի «Յիշողութեան գոյները» խորագրով անդրանիկ գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը արցախցի երիտասարդ մօր` Գոհար Պօղոսեանի բռնագաղթի յուզիչ, բայց միաժամանակ ապրեցնող պատմութիւնն է: Ան գրի առած է իր պատմութիւնը` իբրեւ մաքառումի, հաւատքի եւ անվերջանալի սիրոյ օրինակ մը: Գիրքը կը պատմէ Արցախի շրջափակման ծանր օրերուն մասին, թէ ինչպէ՛ս երիտասարդ մայրը բռնագաղթի դաժան ճանապարհին փրկած է իր նորածին դստեր կեանքը…
Շնորհահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ ձեռնարկը վարեց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը: Ինչպէս նշեց Հ. Աւագեան, գիրքը կը յատկանշուի անով, որ կը ներառէ երեք տեսակներ` նամակագրութիւն, յուշագրութիւն եւ վաւերագրութիւն` անձնական պատմութեան միջոցով ներկայացնելով Արցախի ճակատագրական օրերը եւ պարտադրուած բռնագաղթը:
Գիրքը երկլեզու է` հայերէն եւ անգլերէն: Անգլերէնի թարգմանութիւնը կատարած է արցախցի թարգմանիչ Գայեանէ Հայրապետեանը: Գիրքին գլխաւոր խմբագիրը գրականագէտ Արմէն Աւանէսեանն է, իսկ գեղարուեստական խմբագիրը` Հերմինէ Աւագեանը:
Շնորհահանդէսին խօսքեր արտասանեցին գրականագէտներ` Արմէն Աւանէսեանը, Նանար Սիմոնեանը, Զարինէ Սառաջեանը, Նոնա Դաւթեանը, թարգմանիչ Գայեանէ Հայրապետեանը, Երեւանի մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոնի նորածիններու դարմանումի գլխաւոր բուժքոյր Նայիրա Մկրտչեանը:
Արժէքաւոր Նուիրատուութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկին
Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Վահան ծ. վրդ. Օհանեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է շուրջ 32 հազար միաւոր փաստաթուղթ, զորս ան հաւաքած է իր երկարամեայ գիտական, հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան ընթացքին:
Նիւթերը կ՛ընդգրկեն ամերիկեան, բրիտանական թերթերէ յօդուածներ եւ Ֆրանսայի Նանթ քաղաքի արխիւին մէջ պահպանուած դիւանագիտական փաստաթուղթեր` Հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայկական հարցին առնչութեամբ:
Այս արժէքաւոր հաւաքածոն կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանայ հետագայ ուսումնասիրութիւններու, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան հետազօտման համար: