Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 31, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Սրբազան Հայրը Այցելեց ՍՕԽ-ի Ընկերաբժշկական Կեդրոն, Յանձնեց Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքի Կողմէ Առաքուած Դեղորայքի Օժանդակութիւնը

22 յուլիսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Արմէն աբղ. Գալաճեանի, Ազգային վարչութեան եւ պատկան մարմինի ներկայացուցիչներուն, այցելեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն` յանձնելու Ֆրեզնոյի հայ համայնքին կողմէ կատարուած դեղորայքի օժանդակութիւնը, որ իրականացած էր գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի:

Սրբազանը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեանի, առողջապահական յանձնախումբի մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սեդա Կէրկէրեանի, առողջապահական յանձնախումբի ընկերուհիներուն եւ դարմանատան տնօրէնուհիին կողմէ: Ան յիշեալ յանձնախումբին յանձնելով նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը` բարձրօրէն գնահատեց սոյն նախաձեռնութիւնը եւ Բերիոյ հայոց թեմի զաւակներուն ու ՍՕԽ-ի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքին, պատուոյ հիւպատոսին եւ իր գործակիցներուն, որոնք, ինչպէս նախորդ տարուան ընթացքին, այս տարի եւս սոյն օժանդակութեամբ իրենց եղբայրասիրութիւնը արտայայտեցին հալէպահայութեան:

Կիպրոս

Լիզպոնի Գործողութեան Եւ Խանասորի Արշաւանքի Ոգեկոչում

Նախագահութեամբ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, 25 յուլիսին Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն 1983-ին Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ քաջարի երիտասարդներու հոգիներուն համար:

Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ – ՀԵՄ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Խանասորի արշաւանքի եւ Լիզպոնի գործունէութեան ոգեկոչումը` ներկայութեամբ սրբազան հօր, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, գաղութի հովիւ Մոմիկ Ա. քհնյ. Հապէշեանի, ՀՅԴ Կիպրոսի շրջանի կոմիտէութեան անդամներու եւ հայորդիներու:

Բացման խօսքը արտասանեց Արթօ Դաւիթեան, որ վեր առաւ Խանասորի հերոսներուն եւ Լիզպոնի տղոց սխրագործութիւնները:

Օրուան բանախօսն էր Ճորճ Արապաթլեան: Ան դիտել տուաւ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ երկու դէպքերը իրարմէ 86 տարուան հեռաւորութիւն ունին, սակայն անոնց խորքը նոյնն է, աւելցնելով, որ երկուքն ալ տեղի ունեցան ազգային արժանապատուութիւնը փրկելու ի խնդիր, երկուքն ալ եղան հայուն պոռթկացող ձայնը երկար լռութենէ ետք, երկուքն ալ ուղղուած ըլլալով թշնամիին` աւելի շատ հայերու յիշողութիւնը, ոգին վեր առնելու պարտականութիւնը կատարեցին` նորէն վստահելու մեր ուժին, նորէն հաւատալու մենք զմեզ, երկուքն ալ յանկարծակիի բերին ինչպէս թշնամին, նոյնպէս ալ` մեզ: Ան յատկապէս անդրադարձաւ երկու գործողութեանց դաստիարակչական դիմագիծին, ուր յստակօրէն կ՛ընդգծուէին` անձնազոհողութիւնը, հաւաքական մտածողութիւնն ու ազգային խանդավառութեան ստեղծումը:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Թորոս Փիլիպոսեան, որ ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներին» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի հինգին մասին պատմող կարճ տեսանիւթ մը:

Աւարտին իր հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը տուաւ սրբազան հայրը, որ նաեւ առաջնորդեց ներկաները երգելու «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը» երգը եւ ոգեկոչումի երեկոն փակեց «Պահպանիչ»-ով:

Ատրպատական

Բացման Հանդիսութիւն Առաջնորդարանի Վերանորոգեալ Դարպասի Եւ Բացում Այգիի` Ամրան Եղանակին Համար

Հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան, 18 յուլիսին, ամրան եղանակին համար վերաբացուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի այգին:

Այս տարի տեղի ունեցաւ նաեւ Ազգային առաջնորդարանի վերանորոգեալ մայր մուտքի եւ դարպասի բացման հանդիսութիւնը, որուն բարերարութիւնը ստանձնած էր Անահիտ Յակոբեան եւ ձօնուած էր Յակոբեան ընտանիքի հանգուցեալ մօր` Կայծուհիին:

Սրբազան հայրը օրհնութեան յատուկ խօսքով դիմեց Յակոբեան ընտանիքի ներկայացուցիչներ դոկտ. Արա եւ Անահիտ Յակոբեան ամոլին` բարձր գնահատելով բարերար ընտանիքի ունեցած կապուածութիւնը թեմին նկատմամբ:

Շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Անահիտ Յակոբեան, որ կատարուած աշխատանքը համարեց հիմնական վերանորոգութիւն` ի պատիւ իր ծնողներուն:

Ներկաները իրենց գնահատանքը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեցին բարերարներուն:

Թեմական խորհուրդի որոշումով այս տարի Ազգային առաջնորդարանի այգիի ամառնային ժամանակաշրջանի բացման ծրագիրը վստահուած էր Հայ համալսարանական միութեան: Առաջնորդ սրբազանը, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի անդամներուն եւ Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութեան, մասնակից դարձաւ բացման ծրագրին` այցելելով բոլոր բաժինները:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց միութեան աշխատանքը, որ վերջերս իրագործած էր նաեւ մանուկներու նկարչական դասաւանդութեան ծրագիր, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ խմբել հայ համալսարանական երիտասարդութիւնը` աշխուժացնելով գաղութին կեանքը:

Միացեալ Նահանգներ

Կազմուեցաւ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նոր Վարչութիւնը

Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց իր նոր վարչութեան կազմութեան մասին, որ պիտի շարունակէ գործօն դերակատարութիւն ունենալ համայնքի կեանքին մէջ եւ ամերիկահայութեան շահերը պաշտպանելու նպատակով յարաբերութիւններ պիտի մշակէ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակի քաղաքական ղեկավարներու հետ, մօտէն գործակցելով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ:

Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ դատի յանձնախումբին վարչութիւնը բաղկացած է տարբեր տարիքի եւ մասնագիտութիւններու տէր ներկայացուցիչներէ. անոր անդամներն են` իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան` ատենապետ, Աշոտ Մուրատեան` փոխատենապետ, Վիգէն Բագրատունի` քարտուղար եւ խորհրդականներ` Ալեքս Մանուկեան, Մանէ Մինասեան, Ճեք Հաճինեան եւ Տարօն Սասունեան:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան սկիզբը Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ դատի յանձնախումբը, մօտէն գործակցելով Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Պապ Արչուլեէայի հետ` յաջողեցաւ նահանգին Նահանգային պատմական վայրերու ցանկին վրան դնել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Մոնթեպելլոյի յուշարձանը:

Մասնաճիւղը եւ շրջանի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն նաեւ մեծարեցին իր քաղաքական 35 տարիներու ասպարէզէն հեռացած քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոն, որ միշտ նեցուկ կանգնած էր հայութիւնը յուզող հարցերուն: Այդ առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Լեւոն Կիրակոսեան յիշեցուց, որ Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Նափոլիթանոյի միջեւ սերտ յարաբերութիւններ հաստատուած էին անոր քոնկրեսական ընտրուելէն առաջ իսկ, 1990-ականներու սկիզբը:

Իբրեւ ատենապետ` Կիրակոսեան իրեն հետ կը բերէ Հայ դատի աշխատանքներու հետապնդման տասնամեակներու փորձառութիւն մը` նկատի ունենալով, որ ան եղած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ազգային վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ գործօն մասնակցութիւն բերած է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ գործունէութեան:

Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը Վերանուանեց «Հայրենիք» Շէնքը` Ի Յիշատակ Խաչիկեան Ընտանիքին

Ամերիկայի Հայ մշակութային միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «Հայրենիք» (80 Bigelow Ave) շէնքը պիտի վերանուանուի եւ կրէ «Խաչիկեան ընտանիքի «Հայրենիք» շէնք» անունը` ի յիշատակ Տայանա եւ Քեն Խաչիկեաններու առատաձեռն նուիրատուութեան: Այս քայլը կը խորհրդանշէ ազգասէր Խաչիկեան ընտանիքին յարատեւ նուիրումն ու ծառայութիւնը` գաղութին:

«Հայրենիք» շէնքը կեդրոն մըն է, ուր կը գործեն` Ամերիկայի Հայ մշակութային միութիւնը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէն, շրջանի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան  Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը: Շէնքին մէջ կը գտնուին նաեւ «Հայրենիք» եւ «Տի Արմինիըն Ուիքլի» թերթերու խմբագրութիւնները, «Անդրանիկ եւ Ալիս Քարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնը,  ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ արխիւները, որոնք կը պահպանեն աւելի քան դարաշրջանի մը ազգային, քաղաքական եւ մշակութային պատմութիւնը:

Տայանա եւ Քեն Խաչիկեաններու խօսքերը կը շեշտեն «Հայրենիք» շէնքին իսկական նշանակութիւնը, որ երկար տարիներու ընթացքին վերածուած է հայկական ինքնութեան եւ տոկունութեան խորհրդանիշի: Անոնց համոզումով, այս շէնքը կը ներկայացնէ այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն մեր երիտասարդութիւնը, կը պահպանեն մեր մշակոյթը, կը պաշտպանեն մեր իրաւունքները, կը տեղեկացնեն մեր ժողովուրդը եւ այսօր կը հնչեցնեն մեր ձայները` շնորհիւ «Անդրանիկ եւ Ալիս Քարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնին: Անոնք համոզուած են, որ իրենց նուիրատուութիւնը պիտի նպաստէ այս շէնքին մէջ տարուող կենսական աշխատանքներու շարունակութեան:

Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան նախագահ Անի Չաղլասեան շեշտեց, որ Խաչիկեան ընտանիքին առատաձեռնութիւնը եւ մասնաւորաբար Տիանայի եւ Քենի խոր նուիրումը մարմնաւորում մըն է մեր առաքելութեան: Անոնց կեանքի ամբողջ ընթացքին ցուցաբերած նուիրուածութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ «Հայրենիք» շէնքին մէջ գործող հաստատութիւնները մնան հզօր, կենսունակ եւ խորապէս կապուած` իրենց ազգանուէր նպատակներուն:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան Արժանացաւ «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» Շքանշանին

Հայաստանի համար վերլուծութիւններու, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկի (ARPA, Analysis, Research and Planning for Armenia Institute) հիմնադիր եւ հեղինակաւոր գիտնական դոկտ. Յակոբ Փանոսեան 13 յուլիսին մեծարուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ ան արժանացաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին շնորհած «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին` իր գիտական իրագործումներուն եւ բարեսիրական գործունէութեան համար:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան, որուն ծննդեան 80-ամեակն է այս տարի, 33 տարիներ առաջ հիմը դրած էր վերոյիշեալ կազմակերպութեան, որ որդեգրած է «Ուսումնասիրել, հետազօտել եւ ծրագրել Հայաստանի համար» նշանաբանը: Աւելի կանուխ ան համահիմնադիրներէն մէկը եղած էր Ամերիկահայ ճարտարագէտներու ու գիտնականներու ընկերակցութեան (ԱՃԳԸ-AESA):

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական.  Լուսիկը` Մարտիրոս Սարեանի Մուսան

Յաջորդը

Գիրքը` Իմ Ընկերս

RelatedPosts

Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 7, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 24, 2025
«Global Icon Award (Music) 2025»-ի «Global Symbol» Մրցանակը Շնորհուած Է Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանին
Գաղութէ Գաղութ

«Global Icon Award (Music) 2025»-ի «Global Symbol» Մրցանակը Շնորհուած Է Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանին

Յուլիս 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?