Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
127 Տարի… Ու Կը Շարունակուի Նուիրումի Երթը
Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ փառաշուք տօնախմբութեամբ յիշատակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-ամեակը: Հանդիսութիւնը բաց յայտարարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով: Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգ Շահինեան, որ ըսաւ, թէ ցեղասպան թուրք օսմանցին այսօր իր ծրագիրներով կը սպառնայ Սուրիոյ անվտանգութեան, սակայն չի հասնիր ու պիտի չհասնի իր նպատակին` շնորհիւ Սուրիոյ ժողովուրդին միասնակամութեան, սուրիական բանակի արիութեան եւ երկրիս իմաստուն ղեկավարութեան:
Շաղիկ Մինասեան հայերէն բացման խօսքով անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեայ պայքարին` սկսելով ֆետայական շարժումներէն, անցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումէն, սփիւռքի գաղութները պաշտպանելու աշխատանքէն, հասնելով Արցախի ազատագրական շարժումին եւ վերանկախացած հայրենիքի հզօրացման գործին` իր շուրջ համախմբելով ժողովրդային հսկայ մասսան:
Հանդէս եկաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը «Հայաստան», «Իմ Հայաստան», «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք» եւ «Ես եմ» երգերով` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի: Երգչախումբին յաջորդեց խմբային ասմունք, համադրուած Աւետիս Ահարոնեանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ հալէպահայ Յովսէփ Ղազարեանի քերթուածներէն, կատարողութեամբ` Արազ Տողրամաճեանի, Քրիստ Խրոյեանի, Հրակ Փայասեանի եւ Մարմանդ Աշոտեանի:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուր), Նայիրի Նագգաշեան եւ Վանենի Մինասեան (ֆլիւթ), Մեղրիկ Փամփալեան եւ Անժէլ Շէօհմէլեան (քանոն) ներկայացուցին «Երազ իմ երկիր» եւ շարք մը հայրենասիրական երգերու նուագներ: Մարիա Չիչեան ոգեւորիչ կատարումով մեներգեց «Լերան լանջին», «Պիտի գնանք վաղ, թէ ուշ» եւ «Տուն իմ հայրենի» երգերը:
Հանդիսավարներ` Քրիստափոր Հապոյեան եւ Նանար Պապեան-Քիլէճեան այս առիթով յղուած շնորհաւորագիրները ընթերցեցին, ապա բեմ հրաւիրեցին օրուան բանախօս Վահէ Ղազարեան, որ համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՅԴ-ի ռազմավարութիւնը` հայրենիքի, արցախեան հիմնահարցի, Ջաւախքի, սփիւռքի, ինչպէս նաեւ սուրիահայ գաղութի վերականգնումին ուղղութիւններով: Ան ըսաւ. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը միշտ յառաջատարը եղաւ ազգային միասնակամութեան ստեղծման, արժեւորման ու ամրապնդման»:
Անդրադառնալով սուրիահայութեան տագնապին, Ղազարեան շեշտեց. «Դաշնակցութիւնը ոչինչ պիտի խնայէ սուրիահայ գաղութի վերականգնումի ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու համար` պայծառ օրուան մը անյապաղ գալիքին հաւատքով»:
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան գնահատելէ ետք հալէպահայ երիտասարդներու նոր որակով, նորոգուած յանձնառութեամբ բեմ բարձրանալը, ըսաւ. «Այսօր յոյսով լեցուած ենք, ի տես այն երիտասարդ փաղանգին, որ Դաշնակցութեան գաղափարի ռահվիրաներուն ճամբով կը շարունակէ իր երթը` հաւատարիմ մնալով հայոց պատմութեան, հայուն հաւատքին ու հայրենիքին»:
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման, սրբազան հայրը ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն իր ուժեղ ներկայութեամբ խարիսխը դրաւ պետական մեր կառոյցին, ի շարս մեր բոլոր կազմակերպութեանց, առաջատար իր ներկայութեամբ, ապա աւելցուց` «Մեզի համար գոյութիւն չունին առաջին, երկրորդ կամ երրորդ հանրապետութիւններ, գոյութիւն ունի մեր կորուսեալ թագաւորութիւններէն յետոյ պետական այն կառոյցը, որ կը կոչուի Հայաստանի Հանրապետութիւն, իսկ անոր մէջ իր կեդրոնական տեղը ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը»:
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ ՀՅԴ քայլերգով:
ՍԵՒԱՆԱ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Նորընտիր Կազմին Այցելութիւնը
17 նոյեմբերին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան նորընտիր կազմը:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ՀՕՄ-ականներու Ազգային առաջնորդարան ներկայութիւնը, շնորհաւորեց նոր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` ծրագիրներու իրագործման երթին մէջ: Իրենց կարգին, ՀՕՄ-ականները ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցան Պատգամաւորական ժողովէն ընտրուած եւ նոր կազմին մշակած ծրագիրներուն մասին: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ վերահաստատելու Ազգային առաջնորդարանի եւ ՀՕՄ-ի միջեւ գործակցական կապերը աւելի եւս զարգացնելու կամքը:
Առաջնորդ սրբազանը գնահատանքով խօսեցաւ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ու անոր հովանիին տակ գործող մասնաճիւղերուն ու միաւորներուն մարդասիրական ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն մասին` մասնաւորաբար շեշտելով Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ վերջին տարիներու գործունէութեան վրայ, ու այս առիթով վերահաստատեց ՀՕՄ-ին կողքին կանգնելու Ազգային առաջնորդարանի կեցուածքը:
Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Մարոնիներու Պէյրութի Առաջնորդ Պուլոս Արք. Մաթարին Ի Պատիւ Կազմակերպուած Ձեռնարկներուն
Ընդառաջելով «Իմաստութեան Մայր Ս. Աստուածածին-Սաժես հիմնարկ»-ի հրաւէրին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան 17 նոյեմբերին ներկայ գտնուեցաւ Պեւըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան մը, որուն ընթացքին պաշտօնական հիմնադրութիւնը կատարուեցաւ հիւրընկալ կազմակերպութեան: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս արք. Մաթարին, որ ներկայ էր հանդիսութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին` մարոնի համայնքի առաջնորդ Էլիաս եպս. Զէյտանը, Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս` դեսպան Ճոնի Իպրահիմը եւ «Սաժես» հիմնարկի նախագահ Ժոզեֆ Քարաքին: Անոնք վեր առին Լիբանանի նորահաս սերունդին այս հիմնարկութեան ծառայութիւնները, որոնք կը ձգտին կերտել ապագայ Լիբանանը: Յայտարարուեցաւ, որ նոր հիմնարկը ստեղծուած է աջակցութեան ձեռք երկարելու համար Լիբանանի «Սաժես» վարժարաններու ցանցի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ` ամրապնդելու նախկին լիբանանցիներու եւ Լիբանանի միջեւ գործակցական կապերը: Հիմնարկը կրթանպաստ պիտի տրամադրէ յիշեալ վարժարաններու աշակերտներուն, ամերիկեան արդի արհեստագիտութեան բարիքները պիտի տրամադրէ դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ զարկ պիտի տայ երկու երկիրներուն միջեւ գիտութեանց ու մասնագիտական փորձառութեանց փոխանակումին:
Յայտնենք, որ առաջնորդ սրբազանը 19 նոյեմբերի երեկոյեան ներկայ եղաւ նաեւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսին կողմէ Պուլոս արք. Մաթարին ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութեան մը: Դեսպան Իպրահիմ ողջունեց Պէյրութի առաջնորդին ներկայութիւնը, յարգանքով ու դրուատիքով արտայայտուեցաւ անոր ծառայական առաքելութեան մասին եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց անոր: Հիւր առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` այս ընդունելութեան ու բարի մաղթանքներուն համար: Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց հիւր առաջնորդին:
Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ Օծման 54-րդ Տարեդարձի Նշում
5 նոյեմբերին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ օծման 54-րդ տարեդարձին առիթով, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մատուցեց Ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէք:
Սրբազանը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ տարեդարձները առիթներ են` յիշելու այն սերունդը, որ նպաստած է եկեղեցւոյ կառուցման, աւելցնելով, որ անոնց ցանած սերմերուն արգասիքը պէտք է վերանորոգութեան խթան հանդիսանայ բոլորին համար: Ան նաեւ յորդորեց ներկաները, որ բոլոր սուրբերուն եւ մանաւանդ Ցեղասպանութեան սրբադասեալ ու մեր հայրենիքի սիրով նահատակուած սուրբերուն եւ հերոսներուն օրինակով տոգորուած` վերանորոգեն իրենց կեանքը:
Եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց սրբազան հօր` ծխական համայնքը եպիսկոպոսական պատարագով պատուած ըլլալուն եւ համայնքին ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին հանդէպ տածած սիրոյն եւ հոգածութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց մատաղի բարերարներուն:
Գրիգոր Սաթամեանին` «Ս. Սահակ, Ս. Մեսրոպ» Շքանշան
1 նոյեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» հիւրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Սաթամեանի շքանշանի տուչութիւն: Արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք երգուեցաւ «Հրաշափառ»-ը եւ առաջնորդական փոխանորդ Բագրատ ծ. վրդ. Պերճեքեան կարդաց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը: Ապա կաթողիկոսը «Ս. Սահակ, Ս. Մեսրոպ» շքանշանը զետեղեց Գրիգոր Սաթամեանի կուրծքին վրայ:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գ. Սաթամեանը, որմէ ետք թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան նկատել տուաւ, որ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Լոս Անճելըս կը գտնուէր` իր հովուապետական այցելութեամբ, նախագահելու Արեւմտեան թեմի հաստատման 90-ամեակին առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութեանց, եւ թէ` շքանշանի տուչութեան սոյն արարողութիւնը կը մտնէր պաշտօնական այդ հանդիսութեանց ծիրին մէջ:
Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով` դրուատեց Գրիգոր Սաթամեանին բնածին տաղանդը եւ մանաւանդ անոր նախանձախնդրութիւնը` մշակոյթի միջոցով ծառայելու հայ ազգին, եւ յատկապէս` նոր սերունդին: Ան բարձր գնահատեց Սաթամեանին երկարամեայ նուիրումը թատերական շարժումին, որուն գերագոյն նպատակն է հայապահպանումը` հայ լեզուն սիրցնելով նոր սերունդին եւ գործածել տալով զայն բեմին վրայ եւ բնականաբար` բեմէն անդին, առօրեայ իրենց կեանքերուն մէջ: Ապա ան մաղթեց Սաթամեանին, որ շարունակէ իր աստուածահաճոյ առաքելութիւնը` ի սպաս հայ մշակոյթի բարգաւաճման:
Իրան
Իրանահայ Պատուիրակները Այցելեցին Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանութիւն
Դեկտեմբերի 9-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակցելու նպատակով Լիբանան գտնուող իրանահայ երեք թեմերու պատուիրակները, թեմակալ առաջնորդներու` Սեպուհ արք. Սարգսեանի, Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատուն: Կը տեղեկացնէ Ազգային առաջնորդարանի հանրային կապը:
Հանդիպումի ընթացքին Լիբանանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին իր գոհունակութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնած է այցելութեան համար:
Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանն ալ իր հերթին անդրադառնալով Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչելու մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումին` նշեց, որ հայ ժողովուրդը նոյնպէս ընդվզած է այդ անարդար որոշման դէմ եւ կոչ կ՛ուղղէ աշխարհի խաղաղասէր եւ արդարատենչ ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն` դատապարտելու Միացեալ Նահանգներու նախագահի այս որոշումը:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ յիշեց նաեւ, որ Իրանը իր պետութեամբ եւ ժողովուրդով մշտապէս զօրավիգ կանգնած է ու կը կանգնի Պաղեստինի ժողովուրդին:
Նոր Ջուղա
ՀՄՄ «Արարատ» Միութեան Շահինշահրի Մասնաճիւղի Նորակերտ Կեդրոնատեղիի Բացում
3 նոյեմբերին Շահինշահրի մէջ տեղի ունեցաւ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի նորակերտ կեդրոնատեղիի բացման հանդիսութիւնը:
Սպահանի Թեմի խորհուրդի ատենապետ Վարուժ Մինասեանը ելոյթ ունենալով` ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց նորակերտ շէնքի կառուցման հանգամանքները, ընդգծելով համայնքին մէջ միութենական կեանքի աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, որ սերտօրէն կապուած է ժամանակակից յարմարութիւններով օժտուած համալիրի, ուր իրենց միութենական ստեղծարար գործունէութեան զարկ կու տան համայնքի անդամները:
«Արարատ» միութեան վարչութեան նախագահ Մասիս Մինասեանը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Շահինշահրի համայնքային, մարզամշակութային, սկաուտական եւ ուսանողական կեանքի բոլոր մարզերուն ընդլայնումը եւ անոնց գործօն աշխատանքը առնչուած էր յարմար տարածք մը ունենալուն: Ան նկատել տուաւ, որ Սպահանի հայոց թեմի ազգային մարմինները իրենց գործունէութեամբ յաջողեցան այս կարեւոր եւ անխուսափելի աշխատանքը իրականացնել:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով Արիս Դաւթեան իր անսահման երջանկութիւնը յայտնեց` համայնքի զաւակներուն վաղեմի երազն ու բուռն ցանկութիւնը իրականացած տեսնելով: Ան նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Ազգային իշխանութեան, որ նոր կեդրոնատեղին կառուցելու համար ջանք չխնայեց:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեան ելոյթ ունենալով` շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք հետեւողական աշխատանքով եւ համագործակցութեամբ յաջողեցան իրագործել սոյն աշխատանքը: Հայր սուրբը յայտնեց, որ հայ բոյնը, հայ ընտանիքը, հայ ընտանիքի տունը փոքրիկ եկեղեցի մըն է, հետեւաբար «Արարատ»-ը համայնքի մեծ ընտանիքին մեծ հարազատ տունն է, նաեւ ազգային իմաստով, հայեցի ակնոցով դիտուած` չակերտեալ «եկեղեցի» է, որուն բացումը կը կատարուի օծումով, իսկ համալիրին բացումը, որ օծումն էր, կատարուեցաւ հայկական երգով, պարով, խմբերգով, ասմունքով եւ ներկայացումներով: