Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Թուրքիայի Արտաքին Քաղաքականութեան Առանձնայատկութիւններն Արդարութիւն Եւ Զարգացում Կուսակցութեան Կառավարման Տասնամեակում (2002-2012) (Հեղինակ` Անդրանիկ Իսրայէլեան)

Դեկտեմբեր 13, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Անդրանիկ Իսրայէլեանի «Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութեան առանձնայատկութիւններն արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կառավարման տասնամեակում (2002-2012 թթ.)» գիրքը, բաղկացած` 306 էջերէ: Պատասխանատու խմբագիր` պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ա. Գ. Աւագեան:

Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը աւանդաբար Արեւմուտքի հետ տնտեսական ու քաղաքական համարկումին վրայ խարսխուած էր: Սակայն Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կառավարման ժամանակ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեղ գտան բազմաթիւ փոփոխութիւններ:

Գիրքը բաղկացած է երեք գլուխներէ:

Առաջին գլուխը կ՛ընդգրկէ իսլամամէտ ուժերու գործունէութիւնը եւ Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան ձեւաւորումը: Հեղինակը կ՛ըսէ, որ թրքական ինքնութեան մէջ կրօնի դերը անհնար է գերագնահատել: 2001-ին հիմնուած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան ուժը կը կայանայ իսլամամէտ գործարարներու շահերը պաշտպանելուն մէջ:  Այս հանգամանքը կարեւոր է կուսակցութեան վարած արտաքին քաղաքական ուղեգիծը եւ անոր շարժիչ ուժերը հասկնալու համար: Կուսակցութեան ընտրազանգուածը կազմող հիմնական խմբաւորումներն են սիւննի թուրքերը եւ քիւրտերը: Կուսակցութեան յաջողութեան գրաւականը յստակ գաղափարախօսութեան ու ինքնութեան բացակայութիւնն է. կուսակցութեան ինքնութիւն կը նկատուի պահպանողական ժողովրդավարութիւնը:

Գիրքին երկրորդ գլուխը կ՛ընդգրկէ Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան արտաքին քաղաքական գաղափարախօսութիւնը:  Կուսակցութեան ղեկավարներու գաղափարները կարեւոր դեր կը կատարեն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական օրակարգի ձեւաւորման մէջ:

Օսմանեան կայսրութեան հանդէպ կարօտախտը միշտ հանդիսացած է Թուրքիոյ իսլամամէտ շարժումներու բնորոշիչը:

Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը միաւորող գլխաւոր գործօններէն մէկը այն հաւատքն է, որ օսմանեան կայսրութեան անցեալը առանցքային կարեւորութիւն ունի Թուրքիոյ ապագային համար: Կուսակցութեան վերնախաւին համար նոր օսմանեան գաղափարները վճռական նշանակութիւն ունին:

Այսպէս կոչուած օսմանեան ժառանգութիւնը, որ կը նախատեսէր կարգ ու կանոն հաստատել յարակից տարածաշրջաններուն մէջ, սնամէջ դրոյթ է: Այս դրոյթի առկայութիւնը նաեւ կ՛ենթադրէ անյարգալիր վերաբերմունք նախկին օսմանեան կայսրութեան տարածքին վրայ գոյութիւն ունեցող պետականութիւններու նկատմամբ: Օսմանեան կայսրութիւնը ստեղծուած էր բնիկ ժողովուրդներու նուաճման ճանապարհներով, զանոնք զրկելով սեփական պետականութենէն: Նոր օսմանեան տեսլականը այս ժողովուրդներու ազատագրական պայքարը կը դիտարկէ իբրեւ եւրոպական ուժերու դաւադրութիւն:

Դիւանագիտական նոր ոճն ու հռետորաբանութիւնը կը նշանակեն, որ Թուրքիա ռազմական ուժի փոխարէն կարեւոր կը նկատէ քաղաքացիական-տնտեսական փափուկ ուժը:

Զուգահեռաբար, Թուրքիա աւելի յաւակնոտ կը դառնայ կոշտ ուժի օգտագործման հռետորաբանութեան առումով:

Քաղաքական վերնախաւը աւանդաբար կը չափազանցէ այս կամ այն ներքին ու արտաքին խնդիրը: Ներքին խնդրին կը հաղորդէ արտաքին նշանակութիւն, որպէսզի պահպանէ պետութեան մէջ ունեցած իր ազդեցիկ դիրքը:

Միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին մէջ տեղ գտած փոփոխութիւնները զգալի ազդեցութիւն ձգած են Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կառավարման տարիներուն Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան ձեւաւորման վրայ: «Արաբական գարունը» արտաքին ազդակ էր Թուրքիոյ նոր տարածաշրջանային քաղաքականութեան համար:

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեծ նշանակութիւն կը տրուի Թուրքիոյ միջնորդութիւններուն` տարբեր հակամարտութիւններու մէջ, որ կը տեղաւորուի «տարածաշրջանային կարգ ու կանոն հաստատողի» եւ «կեդրոնական երկրի» դերակատարման դրոյթներու տրամաբանութեան մէջ: Սակայն ժամանակը ցոյց տուաւ Թուրքիոյ միջնորդութիւններու թերութիւնները:

Գիրքին երրորդ մասը կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններուն մէջ տեղ գտած փոփոխութիւններու գործընթացը:

Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան եւրոպական օրակարգի առաջնահերթութեան գլխաւոր պատճառը կարելի է նկատել կուսակցութեան օրինականութիւնը ապահովելու եւ իշխանութիւնը զինուորական յեղաշրջումէ ապահովագրելու ձգտում:

Եւրոպական համարկումի պատճառներուն մէջ տնտեսական գործօնը եւս բաւական կարեւոր է:

Թուրքիոյ անդամակցութեան հիմնական ընդդիմացողներուն` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ դիրքորոշումը պայմանաւորուած է աւելի ամուր, դաշնակցային Եւրոպական միութիւն ունենալու տեսլականով:

Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները անցան վերիվայրումներու փուլով, որ պայմանաւորուած էր միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ու Թուրքիոյ ներքաղաքական դաշտին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններով:

Մերձաւոր Արեւելքը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հետաքրքրուած է իսլամական պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումով: Կուսակցութեան վերնախաւին ընկալման մէջ Թուրքիա տարածաշրջանի ու իսլամական քաղաքակրթութեան անբաժան մասն է: Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան ծրագրային դրոյթներուն մէջ Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը պայմանաւորուած է ընդամէնը պատմամշակութային կապերով: Կուսակցութիւնը կը շեշտէ, որ կը գործէ պատմական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ: Կուսակցութեան վերնախաւի պատկերացումով Թուրքիա կարգ ու կանոն հաստատողի դերակատարութեամբ պիտի վերադառնայ Մերձաւոր Արեւելք եւ պիտի օգտագործէ օսմանեան անցեալը իբրեւ օրինակ:

Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան իշխանութեան գալով վերաիմաստաւորուեցաւ նաեւ Պալքանեան երկիրներու նշանակութիւնը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Թուրքիա կ՛աջակցի Պալքանեան պետութիւններու Եւրոպական Միութեան  անդամակցութեան, որուն հիմամբ կը ստանայ նոր աջակիցներ իր անդամակցութեան համար:

Իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հարաւային Կովկասը դարձաւ Թուրքիոյ ազդեցութեան տարածման եւս մէկ գօտի: Տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր մեկնակէտը Ազրպէյճանն է:

Թուրքիա 1991-ին ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, սակայն հրաժարեցաւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել եւ 1993-ին փակեց սահմանը:

Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութեան մէջ նորոյթ են համագործակցութեան նոր ձեւաչափերը` Թուրքիա-Իրան-Ազրպէյճան ու Թուրքիա-Վրաստան-Ազրպէյճան եռակողմ ձեւաչափերու ձեւով:

Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան իշխանութեան գալը նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր ողղութիւններու բացայայտման համար:

Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը, թէեւ պետական շահերու ընկալման տարբերութիւն ունի քեմալական վերնախաւէն, սակայն ժառանգած է Թուրքիոյ` թշնամիներով շրջապատուած ըլլալու, ամէնուրեք Թուրքիոյ դէմ դաւադրութիւն տեսնելու տեսլականը: Թուրքիոյ վերնախաւը շարունակաբար վտանգ կը տեսնէ արեւմուտքի լրատուամիջոցներու, հրէական լոպիի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արտաքին քաղաքական այլ ուղղութիւններու ու խնդիրներու մէջ:

Թուրքիոյ ազդեցութեան աճը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ուղղակի բացասական ազդեցութիւն ունի Հայաստանի ու հայութեան շահերուն վրայ: Թուրքիա կ՛օգտագործէ առիթը հայկական համայնքներուն կործանիչ հարուած հասցնելու համար:

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916 (Վաւերագրեր)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?