Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Ձեռնարկներուն Մեկնարկը Տրուեցաւ

Դեկտեմբեր 12, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԻՐԱՅՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին, շաբաթ, 25 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին ԱՄԺ տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն մեկնարկի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ: Ձեռնարկին ներկայ էին` Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ ժիրայր Րէիսեանը, Ազգ. վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութեան անդամներ, հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ, երէց եւ երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներ: Օրուան բեմավար Խաժակ Տիլպերեանը բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի կոտտանքին, տառապանքին ու  ոճրածին քաղաքի աւերակներուն մէջէն ծնունդ առաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը: Դար մը ամբողջ կռանեց մեր անխորտակելի կամքը, կերտեց մարմինն ու դնդերը մեր անխոցելի, կամրջեց իր զաւակները ցանուցիր, ովկիաններէն ալ անդին ու սերունդներ միացան իր շարքերուն»: Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, 100-ամեակի դրօշը բարձրացուցած` սրահ մտան ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի խմբապետը եւ խմբապետուհին:

Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեան օրհնեց դրօշը: Դրօշի օրհնութենէն ետք ձեռնարկը սկսաւ Սուրիոյ եւ  Հայաստանի քայլերգներով: Ապա 100-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Կարպիս Թովմասեանը յանձնախումբին խօսքը արտասանեց` ըսելով. «ՀՄԸՄ-ը մտաւ հայ օճախներէն ներս եւ հայութեան համար եղաւ ակումբ, դպրոց, եկեղեցի եւ հայրենիք: Իր Նաւասարդեան յաղթական խաղերով հպարտութեամբ լեցուց հայ ժողովուրդին սիրտը: ՀՄԸՄ-ը յաղթեց եւ այս յաղթանակը նուիրեց հայ ժողովուրդին: Հայ ժողովուրդը վստահեցաւ ՀՄԸՄ-ին եւ իր զաւակները անդամագրեց անոր: ՀՄԸՄ-ը իր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով երբեք չզլացաւ ծառայել հայ ժողովուրդին: Ան դարձաւ բոլորին սիրելին, ծնունդ առաւ Պոլիսէն ու մուտք գործեց մայր հայրենիք: Ծլաւ ու ծաղկեցաւ սփիւոքի մէջ ու դարձաւ հաստաբեստ կաղնի: Այսօր կը տեսնենք մեր շքանշանակիր եղբայրները եւ քոյրերը, որոնք երկար տարիներ ծառայած են այս միութեան եւ եկած են միութեան դրօշը փոխանցելու նոր սերունդին»: Այնուհետեւ Արամ Խաչատուրեան մեներգեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած քայլերգը, որ առաջին անգամ հնչեց Սուրիոյ մէջ: Քայլերգին բառերուն հեղինակն է Ներսեհ Լիպարեանը, իսկ երաժշտութիւնը մշակած է Վահրամ Էմմիեանը:

Ցուցադրուեցաւ  ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնն ու ներկան ներկայացնող պատմավաւերագրական երիզ մը, որ պատրաստած էր մամուլի յանձնախումբը: Վեհան Պարսումեան հմայիչ առոգանութեամբ ասմունքեց «Շքանշան ՀՄԸՄ-ի» քերթուածը: Ապա շքանշանակիր երէց եղբայրներ` Յակոբ Էլէյճեանը եւ Յարութ Պարսամեանը ՀՄԸՄ-ի զոյգ դրօշները փոխանցեցին նոր սերունդի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն: Նոր սերունդի ներկայացուցիչները խոստացան բարձր պահել միութեան դրօշը: Ապա ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան միութեան խօսքը արտասանեց: Քէօշկէրեան ըսաւ. «Մեր սերունդին բախտ վիճակուեցաւ ստանձնել այս պատասխանատու եւ պատմական պահուն խորութիւնն ու զայն արժեւորելու յանձնառութիւնը: ՀՄԸՄ-ի պատմակերտ հիմնադիրները իրենց անաղարտ հաւատքով եւ հայավայել վճռակամութեամբ հիմը դրին հայ պատանիին ու երիտասարդին հոգին, միտքը եւ մարմինը կերտող մեծ դպրոցին եւ յղացան մեր նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը, որ կը մարմնաւորէ ՀՄԸՄ-ականին ամբողջական հաւատարմութիւնը: ՀՄԸՄ-ի «Հ»-ն հայրենիքին ու հայութեան ցուցանիշն է` հայրենի հողին վրայ կամ սփիւռքի տարածքին, 108 մասնաճիւղերով ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած մեր հայ ըլլալու խտացումն ու խորհրդանիշն է: «Մ»-ն  շեշտն է, որ մարզական ոգիով եւ առողջ մարմնով կերտուած սերունդն է երաշխաւորը ՀՄԸՄ-ի նպատակներու իրականացման: «Ը»-ը ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւն մը ըլլալու լաւագոյն փաստն ու ցուցանիշն է: ՀՄԸՄ-ը երկրագունդի հինգ ցամաքամասերուն վրայ սփռուած իր 35 հազար անդամներով յիրաւի համահայկական հսկայ կազմակերպութիւն մըն է: Իսկ «Մ»-ը արդէն իր գոյատեւման շարունակականութիւնն է եւ դէպի ապագայ զօրանալով խոյանալու լաւագոյն երաշխիքը: 100-ամեակի սեմին, եկէ՛ք, միասին խոստանանք, որ պիտի բարձրանանք եւ բարձրացնենք նոր սերունդները` միասնաբար, համախումբ աշխուժութեամբ, հասնելու համար մեր մարդկային ու համազգային տեսլականներուն եւ նպատակներու ամբողջական իրականացման»:

Ապա Մաշտոց քհնյ. Արապաթլեանը օրհնութեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.  «Եթէ ՀՄԸՄ-էն վերցնենք մարզական խաղերը, կը տեսնենք, որ հոն կայ ժողովուրդի մը պատմութիւնը: Եթէ վերցնենք գիտելիքները, կը տեսնենք որ հոն կայ ոգին: Մեր պապերը գաղթականութենէն ետք հաւատք եւ ազգային ոգի ներարկեցին իրերայաջորդ սերունդներու արեան մէջ եւ ժամանակի ընթացքին այդ ներարկումն էր, որ մարմին առաւ:

«ՀՄԸՄ-ականը օժտուած է մաքուր, ազնիւ նկարագրով, թող յաւէտ օրհնեալ ըլլայ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը: Բարի՛ երթ` դէպի նոր 100-ամեակ»:

Ապա պաստառի վրայ ներկայացուեցան վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականներ Մանուկ Իսկէնտէրեանի (Հայաստան) եւ Պօղոս Պալէոզեանի արտասանած բարեմաղթութիւնները: Այնուհետեւ հատուեցաւ 100-ամեակի կարկանդակը: 100 տարիներու փորձառութեամբ եւ վաստակով բեռնաւորուած ՀՄԸՄ-ը այսօր հայ հասարակութեան կը ներկայանայ «Պատուաբեր անցեալէն յաղթական ապագայ» կարգախօսով` ծառայելու, պայքարելու եւ գոյատեւելու վճռակամութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութի «Բժիշկ» Ամսաթերթը Եւ Տոքթ. Գեղարդը

Յաջորդը

Հերթական Զգայապատրանք Ազրպէյճանում. Կամ` Ինչպէ՞ս Ծիտը Երազում Կորեկ Տեսաւ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?