Արագածոտնի մարզին մէջ բարեգործական հերթական ծրագիր իրականացուց «Տիակոնիա բարեգործական հիմնադրամ»-ը: Ընկերային անապահով ընտանիքներու երեխաներուն տրամադրուեցաւ ձմեռային տաք հագուստ, երկարաճիտ մոյկեր եւ բաճկոններ:
Ծրագիրը իրականացաւ մարզպետարանին հետ համատեղ: Մարզպետ Աշոտ Սիմոնեանին յանձնարարականով համապատասխան բաժինի կողմէ նախապէս կատարուած է ուսումնասիրութիւն, որպէսզի ապահովուի ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը: Ըստ այդմ, ծրագիրի մէջ ընդգրկուած են Աշտարակի եւ Թալինի շրջաններու ընտանիքները: Շահառուները ընդամէնը 100 երեխայ են: Անոնցմէ 60-ը աջակցութիւնը ստացաւ մարզպետարանին մէջ, իսկ 40 շահառուի ատոնք յանձնուեցան իրենց համայնքներուն մէջ, ուր այցելեցին նախագիծի կազմակերպիչները:
Ծրագիրը շարունակական է, եւ յառաջիկային անիկա կ՛իրականացուի նաեւ մարզի այլ համայնքներուն մէջ: