Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Դեկտեմբեր 13, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Շահան Գանտահարեան Կը Պարգեւատրուի
Լրագրողներու Միութեան Ոսկեայ Շքանշանով

Երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին, սփիւռքի նախարարութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդին նիստը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին ամփոփուեցան Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի լուսաբանման արդիւնքները, քննարկուեցան Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի կազմակերպման  առնչուող հարցեր:

Նիստի աւարտին Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Գրիգոր Ջանիկեան Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի 30-ամեայ լրագրողական բեղուն գործունէութեան առիթով անոր յանձնեց Լրագրողներու միութեան «Հաւատարիմ մասնագիտութեանը» ոսկեայ շքանշանը:

Հայկական
Նոր Թղթադրամները

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը ներկայացուցած է շրջանառութեան մէջ դրուելիք երրորդ սերունդի թղթադրամներու նախագիծները, կը հաղորդէ armradio-ն:

Նոր թղթադրամները շրջանառութեան մէջ պիտի դրուին 2018 թուականին:

Նոր 1000-դրամանոցը նուիրուած է Պարոյր Սեւակին,  2000-դրամանոցը` ճատրակի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանին, 5000-դրամանոցը` Ուիլիըմ Սարոյեանին, 10.000-դրամանոցը` Կոմիտասին, 20.000-դրամանոցը` Յովհաննէս Այվազովսքիին, 50.000-դրամանոցը` Գրիգոր Լուսաւորիչին: 100.000-դրամանոցներ այլեւս պիտի չհրապարակուին:

Ներկայացուած է նաեւ 500 դրամ անուանական արժէքով 2017-ի «Նոյեան տապան» հաւաքորդական թղթադրամի նախագիծը:

Գիւմրիի Երկրաշարժի Յիշատակին`
Սուրբ Պատարագ` Սրբոց Նահատակաց
Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017-ին, Հայաստանի Շիրակի մարզի`  Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ  սուրբ պատարագ` նուիրուած Գիւմրիի երկրաշարժի 29-րդ տարելիցին:

Պատարագը մատուցեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբաններէն` Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը:

Վարդապետը իր քարոզին մէջ մատնանշեց հայուն նկարագրային խառնուածքին եւ անվեհեր կամքի բնորոշ գիծը, միեւնոյն ժամանակ ապագայի միտուած փայլուն հեռահար ծրագիրներ ուրուագծելով` եզրափակեց օրուան պատգամը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որ նախագահեց Փանիկ գիւղի ժողովրդապետ Գառնիկ ծ.վ. Յովսէփեանը, ինչպէս նաեւ մասնակցեցաւ  Եղիա վրդ. Դերձակեանը` Հովտուն եւ Արփենի գիւղերու ժողովրդապետը: Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին հայր Գառնիկ օրհնեց նաեւ լաւաշի հացի կտորները` ի նշան կեանքի գոյատեւութեան, որ բաժնուեցաւ բոլոր ներկաներուն:

 ՀՅԴ ՀԵՄ-ը Ճանչցուած Է
«Լաւագոյն Հրաձգային Դասակ»

Պռօշեանի մէջ կայացած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Երեւան մարզի սեմինարը: Դեկտեմբերի 1-3 կայացած եռօրեայ սեմինարի ընթացքին տարբեր թեմաներով դասախօսութիւններ, զրոյց-քննարկումներ տեղի ունեցած են քաղաքական շարք մը թեմաներու, Մատրիտեան սկզբունքներու, Ջաւախքի ու ջաւախահայութեան ներկայ կացութեան մասին:

Սեմինարի աւարտին Պռօշեանի պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած է խոստման արարողութիւն, որուն ընթացքին 10 նորագիրներ միացած են ՀՅԴ ՀԵՄ-ի մեծ ընտանիքին:

ՀՅԴ նախաձեռնութեամբ, կազմին մէջ վերջերս կազմաւորուած պահեստային գումարտակի շտաբի պետ Արտաշէս Մխիթարեանը, որպէս նուէր` ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յանձնած է լուսանկար մը, ըստ որուն, զօրավարժութիւններու ընթացքին գումարտակի ՀԵՄ-ի անդամներէն կազմաւորուած առաջին վաշտի առաջին դասակը ճանչցուած է «Լաւագոյն հրաձգային դասակ»:

ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան»
Կոմիտէի Անդամները
Կ՛այցելեն Թումօ Կեդրոն

ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէի անդամները այցելեցին Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան կեդրոնի ղեկավար Կորիւն Խաչատուրեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեւակ Խաչատրեանը տեղեկացուց, որ ՀՅԴ «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէն որոշած է այցելել Ստեփանակերտի մէջ գործող շարք մը հաստատութիւններ եւ կեդրոններ, որոնց շարքին առաջին այցելութիւնը կայացած է ԹՈՒՄՕ կեդրոն` հետագայ համագործակցութեան հիմքեր ստեղծելու եւ իրարու օգտակար դառնալու նպատակով:

ԹՈՒՄՕ-ի ղեկավարը ներկայացուց կեդրոնին գործունէութիւնը, դասընթացներու բնոյթը եւ բովանդակութիւնը` նշելով, որ Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ կեդրոն կը յաճախեն 12-19 տարեկան 1200 ուսանողներ, որոնցմէ 200-ը` շրջաններէն, Արցախի կառավարութեան տրամադրած փոխադրամիջոցներով:

Այնուհետեւ կոմիտէի անդամները շրջեցան կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացան աշխատանքներու եւ դասաւանդման ընթացքին:

 «Հին Խնձորեակ» Ծրագիր.
Պիտի Ներդրուի 25 Միլիոն Տոլար

Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց «Հին Խնձորեսկ» 2018-2025 թուականներու ներդրումային ծրագիրը: Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան յայտնեց. «Ծրագրի նպատակն է բարձրացնել մարզի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը` ստեղծելով նոր համապատասխան ենթակառուցուածք, ինչպէս ճոպանուղի, զիփլայն, աշխուժ հանգիստի եւ առողջապահական կառոյցներ, հիւրանոց եւ այլն: Ծրագիրի իրականացման համար  նախատեսուած է մօտաւորապէս 25 միլիոն տոլարի ներդրում եւ 400-է աւելի ուղղակի եւ անուղղակի աշխատատեղերու ստեղծում»:

Յայտնենք, որ կառավարութիւնը կը նպատակադրէ 2017-2022 թուականներուն իրականացուելիք քայլերուն եւ միջոցառումներուն շնորհիւ տարեկան զբօսաշրջութեան այցելութիւններուն թիւը հասցնել առնուազն 3 միլիոնի:

Հայաստանի Պետական Ազգային
Ակադեմական Երգչախումբը Կը Տօնէ
Իր Հիմնադրութեան 80-ամեակը

Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբը կը նշէ իր հիմնադրութեան 80- ամեակը: Այդ առիթով դեկտեմբեր 5-ին երգչախումբը ունեցաւ յոբելենական համերգ:

Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը հիմնադրուած է 1937 թուականին: 1961 թուականի սեպտեմբերէն երգչախումբին գեղարուեստական ղեկավարն ու գլխաւոր խմբավարն է մայեսթրօ Յովհաննէս Չեքիջեանը:

Երգչախումբը գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ: Հայաստանէն դուրս հանդէս եկած է 180 քաղաքներուն մէջ` 820 համերգով: Նիւ Եորքի, Լոնտոնի, Փարիզի, Փրակայի, Պէյրութի մէջ եւ այլուր 27 լեզուներով երգած է հայ եւ համաշխարհային դասական երգահաններու ստեղծագործութիւններ: Համաշխարհային համբաւ ձեռք բերած է Կոմիտասի, հայ եւ համաշխարհային դասական երգահաններու  բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու կատարումներով: Երգացանկը հարուստ է Պախի, Հենտըլի, Մոցարթի, Վերտիի, Պեթհովենի, Չայքովսքիի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւններով:

Երգչախումբը ձայնագրած է Եկմալեանի եւ Կոմիտասի պատարագներու սկաւառակներ: 1969-ին երգչախումբին շնորհուած է «Ակադեմական» կոչումը, իսկ 2012-ի նոյեմբեր 15-ին Հայաստանի կառավարութեան որոշումով` «Ազգային» կոչում:

1980 թուականին Մոսկուայի մէջ Ողիմպիական խաղերու մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս, միութեան բոլոր անուանի խումբերու մրցակցութեան արդիւնքով երգչախումբի կատարումով հնչած Պեթհովենի 9-րդ համանուագը ճանչցուած է լաւագոյնը, իսկ խմբավար Յովհաննէս Չեքիջեան արժանացած է «Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» շքանշանին:

Հայաստանի պետական ազգային ակադեմական երգչախումբի եւ Ռուսիոյ սիմֆոնիք նուագախումբերու միատեղ գործունէութեան ձայնագրութիւններէն մէկը Փարիզի մէջ արժանացած է «Կրան փրի»-ի: Երգչախումբը արժանացած է նաեւ ԽՍՀՄ եւ ՀԽՍՀ պետական մրցանակներու, Մխիթարեան միաբանութեան եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ  մետալներու, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալին եւ շատ մը այլ շքանշաններու:

Արցախի Մէջ Ամանորի
Ձեռնարկներու Ծրագիրը
 

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հանրութեան կը ներկայացնէ ամանորեայ ծրագիրը: Դեկտեմբեր 18-էն սկսեալ 12 օր շարունակ պիտի կազմակերպուի աննախադէպ  ամանորեան տօնական ձեռնարկներու շարք մը, որ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ հասարակութեան լայն զանգուածներուն եւ տարբեր տարիքային խումբերու ներկայացուցիչներու`  նախատօնական օրերը հետաքրքրական եւ իւրօրինակ կերպով անցընելու:

Կը նախատեսուի Ստեփանակերտի կեդրոնը` Վերածնունդի հրապարակին վրայ «հիմնել» ամանորեան քաղաք` Կաղանդաւան: Կաղանդաւանի բացումը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 18-ին` յատուկ տօնական արարողութեամբ:

Պիտի տեղադրուին տնակներ` ամանորեայ զարդարանքներով, ուր  առեւտրային կազմակերպութիւններն ու ստեղծագործողները  պիտի ցուցադրեն եւ պիտի վաճառեն իրենց արտադրանքը կամ ծառայութիւնները:   Կաղանդ պապուկին հետ իրենց ամանորեայ երազանքներով կիսուելէ բացի` փոքրիկները կարելիութիւն պիտի ունենան ժամանակ անցընելու «ստեղծագործական տնակին մէջ», ուր պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասեր` ամանորեայ նուէրներ, խաղալիքներ, բացիկներ պատրաստելու  համար:

«Ամանորեայ քաղաքի» փոքրիկ բեմը մնայուն կերպով աշխուժ պիտի ըլլայ` երաժշտական եւ պարային ներկայացումներով, արցախեան համոյթներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլան թատերական ներկայացումներ` փոքրիկներու համար: Պիտի իրականացուին նաեւ այլ ժամանցային ծրագիրներ` քիմիական շոյի, միմ շոյի, աճպարարներու վարպետութեան ցուցադրութիւն: Փոքրիկները պիտի հանդիպին հեքիաթներու սիրուած հերոսներու հետ:

Դեկտեմբեր 31-ի ամանորեան համերգը պիտի եզրափակէ նախատօնական ձեռնարկներուն շարքը: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արցախեան համոյթները եւ յատուկ հրաւիրուած հիւրը` «Capital Cities» ինտի-փոփ խումբի մեներգիչ Սեպուն, որ յաջողած է ձեռք բերել  հայաստանեան եւ արցախեան համակիրներու մեծ բանակ մը:

Յունուար 6-ին` Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով  եւս կը նախատեսուի համերգային մեծ ծրագիր:

Հայաստանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի
Առաջին «Խելացի» Թանգարանը

Խումբ մը հայ երիտասարդներ Գոշավանքի մէջ պիտի ստեղծեն Հայաստանի առաջին «խելացի» եւ ինովացիոն թանգարանը: Նախագիծին նպատակն է զբօսաշրջիկներուն ներկայացնել վանքի պատմութիւնն ու հինաւուրց ձեռագիրները` «խօսող» պատերու եւ այլ նորարարական լուծումներու միջոցով:

«Խօսող» պատերը զբօսաշրջիկներուն պիտի ներկայացնեն վանքի թանգարանը քանի մը լեզուներով: «Խելացի» թանգարանին մէջ տեղադրուած պիտի ըլլայ նաեւ պաստառ, որով պիտի ցուցադրուի Գոշավանքի մասին նախաձեռնող խումբին նկարահանած վաւերագրական ժապաւէնը:

Նախագիծի իրագործման համար հանրային դրամահաւաքի յայտնի հարթակ IndieGoGo-ն գործարկած է Generosity.com հարթակը: Նախագիծը մօտաւորապէս  հաւաքած է 105 տոլար, նշաձողը 20 հազար տոլար է:

 Արցախի Մէջ Ընտանիք Մը Եւս
Նոր Տարին Կը Նշէ Նոր Տան Մէջ

Երազանքներու լուսաւոր տան մասին պատմութիւններով Հրայրն ու Սուսաննան մեծցուցած են իրենց 5 երեխաները: 4 սենեականոց տան դիմաց քաշուած կարմիր ժապաւէնը կը կտրեն ու նորէն չեն հաւատար` երազանքը իրականութիւն է: Արցախի Ճարտար քաղաքին մէջ ապրող Պօղոսեաններու բազմազաւակ ընտանիքը բնակարանամուտը կը նշէ հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի բարերար Կարպիս Նորեանի շնորհիւ: Անոր նուիրատուութեամբ կառուցուած ու կահաւորուած է Հրայրին եւ Սուսաննային տունը, որուն շինարարութիւնը սկսած էր 2016 թուականի հոկտեմբերին: Հրայրն ու Սուսաննան ունին 4 դուստր եւ մէկ որդի: Աւագը` Ամալիան կ՛ուսանի  Արցախի պետական համալսարանին մէջ: Կիրառական մաթեմատիկայի հիմնարկի մէջ 2-րդ տարուան ուսանող է: Հօր հպարտութիւնն է: «Ամալիկս մեծ գիտնական պիտի դառնայ, մեր Ճարտարի անունը աշխարհն պիտի իմանայ անոր շնորհիւ», կ՛ըսէ Հրայրը: Հրանուշը, Անուշը եւ  Վարդանուշը դպրոցական են, նոյնպէս գերազանցիկ են, համապետական ողիմպիականներու յաղթող: Տան կրտսերը Արամն է` 5-րդ դասարանի աշակերտ: «Հօրս անունը դրած եմ, որ պապի պէս քաջ զինուոր դառնայ: Հայրս արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած է: Մայրս մահացած է փոքր եղբօրս ծննդաբերելու ժամանակ: Զայն երեխաներուս հետ մեծցուցած եմ: Միասին կ՛ապրինք: Միւս տարի կ՛ամուսնանայ ու իր տունը կը կառուցէ», կը պատմէ Հրայրը: Անասնապահ է: Պօղոսեաններու բազմանդամ ընտանիքի ամսական եկամուտը Հրայրին վաստակած 35 հազար դրամն է: Առաջ 8 հոգիով կ՛ապրէին կիսախարխուլ մէկ սենեակ ու մէկ պատշգամ ունեցող տան մէջ: Պօղոսեաններուն ընտանիքը ընթացիկ տարուան մէջ 12-րդն էր, որ նոր նպատակներով ու երազանքներով տարեմուտը կը նշէ նորակառոյց տան մէջ: Ընդհանուր առմամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Արցախի մէջ տուն նուիրած է 25 ընտանիքի: Եւս 10 ընտանիք կը սպասէ նոր տան:

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Թուրքիայի Արտաքին Քաղաքականութեան Առանձնայատկութիւններն Արդարութիւն Եւ Զարգացում Կուսակցութեան Կառավարման Տասնամեակում (2002-2012) (Հեղինակ` Անդրանիկ Իսրայէլեան)

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարին Այցելութիւնները Ֆրանսայի Եւ Զուիցերիոյ Հայկական Կրթամշակութային Օճախներ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?