«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
ԱԼԵՔՍ ԿԱԼԻՑՔԻ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի քաղաքականութեան գծով տնօրէն Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ, քոնկրեսական Տարրել Իսսա ներկայացուց, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան օրէնք»-ը (PEACE Act), օրինագիծ մը, որ առաջադրուեցաւ իբրեւ համարձակ նախաձեռնութիւն` զսպելու Ազրպէյճանի հետագայ նախայարձակումը Հայաստանի վրայ: Հակառակ այն պնդումներուն, թէ օրինագիծը պիտի կիրարկէ «աննախադէպ պատժամիջոցներ» Ազրպէյճանի նկատմամբ, իրականութեան մէջ այն թուղթէ վագր մըն է`...




















