Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եկէ՛Ք, Միասնաբար, Հոգեւոր Ու Ազգային Արժէքներով Վերակենսաւորենք Մեր Համայնքային Կառոյցները»
«Եկէ՛Ք, Միասնաբար, Երկխօսութեան Ճամբով Հեռու Պահենք Հայաստանը Ինքնաքանդումի Վտանգէն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քանատայի Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան առաջին օրը, Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2025-ին, այցելեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մուտքին զինք դիմաւորեցին առաջնորդ սրբազան հայրը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ թեմի ազգային վարչութեան անդամները, համայնքային կառոյցներու պատասխանատուները եւ հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը: Եկեղեցւոյ դպրաց դասին «Հրաշափառ Աստուած» շարականի հոգեզմայլ երգեցողութեամբ՝ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց եկեղեցի: Եկեղեցական արարողութենէն ետք խօսք առնելով առաջնորդ սրբազանը՝ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական օրհնաբեր այցելութիւնը Գանատայի Հայոց Թեմ՝ յայտնելով, թէ այսօր հոգեւոր ցնծութեան առիթ է Գանատայի հայութեան համար, քանի պատիւը ունի դիմաւորելու իր Վեհափառ Հայրապետը։ «Թոյլ տուէք, որ Ձեր այցելութիւնը որակեմ պատմական` տրուած ըլլալով, որ կը նշենք Ձեր ընտրութեան ու գահակալութեան 30 ամեակը։ 30 լեցուն տարիներ, որոնք յատկանշուեցան ծառայութեամբ ու նուիրումով` ուղղուած Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին։ 30 պայծառ տարիներ, որոնց ընթացքին շարունակական վերելք արձանագրեց հայ եկեղեցին եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ 30 փայլուն տարիներ, որոնք լեցուն էին հաւատք ու յոյս ներշնչող առաքելութեամբ։ 30 անձնուիրութեամբ լեցուն տարիներ, որոնք ընծայուեցան հայ ազգի պանծացման, մասնաւորաբար միջազգային հարթակներու վրայ։ Վեհափառ Տէր, յանուն Մոնթրէալ բնակող հայորդիներուն, սրտագինս բարի գալուստ կը մաղթեմ Ձերդ Սուրբ Օծութեան», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը։

Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Ան նախ իր հոգեկան անհուն ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի իր հօտին հետ, Աստուծոյ տան մէջ, որուն անդամներն ենք բոլորս՝ վայելելով Աստուծոյ երկնային օրհնութիւնը: Հայրապետը իր հայրական ոգեշունչ պատգամը ուղղելով՝ ըսաւ. «Քանատա տալիք հովուապետական այցելութեան որպէս ընդհանուր բնաբան ու պատգամ ընտրած եմ հետեւեալը. Եկէ՛ք միասնաբար վերակենսաւորենք մեր համայնքային կառոյցները։ Բնականաբար, կառոյց ըսելով կը հասկնանք եկեղեցի, դպրոց ու համայնքային բոլոր կազմակերպութիւնները, միութիւններն ու կեդրոնները, որոնք միասնաբար կը կազմեն ու կը կազմաւորեն մեր համայնքը։

Սա պահուն, որպէս մեկնակէտ իմ պատգամիս, կ՚ուզեմ յիշեցնել Առաքեալին հետեւեալ խօսքը. «հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յկ 2.26)։ Ի՞նչ կը նշանակէ սա հաստատումը։ Անիկա կոչ մըն է՝

ա) Հաւատքը ապրելու։ Հաւատքը տեսութիւն չէ, զգացական վիճակ չէ, այլ կեանքի որակ է։ Ան պէտք է ճառագայթէ մեր կեանքի բոլոր տարածքներուն ու արտայայտութիւններուն մէջ։

բ) Հաւատքը գործով թարգմանելու։ Հաւատքը կը մնայ տեսութիւններու ու զգացումներու սահմանին մէջ, եթէ ան չվերածուի գործի՝ մեր գործին իմաստ ու մղում, ուղղութիւն եւ նպատակ տուող։

գ) Հաւատքով շաղախելու մեր կեանքը։ Այս խօսքով հաւատքը պէտք է առանցքային ներկայութիւն դառնայ մեր կենցաղակերպին, գործելակերպին ու մտածելակերպին մէջ։

Ահա այս գիտակցութեամբ կոչուած ենք վերանորոգելու ու վերակենսաւորելու մեր համայնքային կեանքը՝ զայն քրիստոնէական հաւատքով եւ այդ հաւատքը արտայայտող հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով լեցնելով մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Հայաստանի ներկայ կացութեան՝ ըսաւ. «Վերջին տարիներուն Հայաստանը դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրներու, տագնապներու ու խնդիրներու գծով Մենք Մեր տեսակէտը, որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, յստակ ու հետեւողական կերպով պարզած ենք, եւ նոյնիսկ առաջարկած անձնապէս Հայաստան երթալու ու մասնակից դառնալու ներքին հարցերու լուծման առաջնորդող կարելիութիւններու քննարկման։ Այս ծիրէն ներս, Մենք պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան ներկայ վատառողջ վիճակը եւ անոր առնչուած հոգեւորականներու թէ աշխարհականներու ձերբակալութիւնները դատապարտած ենք եւ նոյնիսկ անուղղակի փորձեր կատարած ենք կացութեան հանդարտեցման ու հարցերու լուծման։ Մենք նաեւ դատապարտած ենք ազգային արժէքներու գծով մօտեցումներու ու արժեչափերու խախտումը եւ ապազգային մթնոլորտի ստեղծումը։ Այս բոլորին մասին խօսած ենք, դատապարտած ենք եւ կոչ ուղղած ենք, որպէսզի մեր բոլորին քայլերը իրենց ուղղութիւնը առնեն` մեկնելով համազգային ընդհանուր շահերէն ու արժէքներէն։ Նոյնը կը կրկնենք այսօր ու միշտ։ Հայ եկեղեցի ու պետութիւն յարաբերութեան ներկայ վիճակը վնասաբեր է ու անընդունելի` մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին համար։ Ձերբակալութիւններով, զրպարտութիւններով կարելի չէ ներկայ կացութիւնը շրջանցել։ Ամէնէն թշնամի երկիրները նոյնիսկ երկխօսութեան ճամբով հարցերը կը քննարկեն։ Հարց կու տանք, երբ հազարաւոր երիտասարդ հայորդիներու արիւն հոսած է, Արցախը գրաւուած է, Արցախի պետական պատասխանատուները ապօրէն կերպով ձերբակալուած են եւ այսօր երկու երկիրները խաղաղութեան ձեռք երկարած են ու իրարու հետ կը խօսին, միթէ կարելի չէ՞ նոյն ազգին ու երկիրին պատկանող կողմերուն միջեւ, եկեղեցւոյ ու պետութեան միջեւ երկխօսութիւն մը ստեղծուի` ի խնդիր Հայաստանի ու մեր ազգի գերագոյն արժէքներուն։ Ո՞ւր պիտի հասնի Հայաստանը այս ընթացքով. դէպի ինքնաքանդո՞ւմ…։ Թոյլ պէտք չէ տանք։ Անձեր, իշխանութիւններ, կառոյցներ գնայուն են. կառչինք մնայունին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ հարկ է գործել։ Հետեւաբար, եկէ՛ք, միասնաբար, երկխօսութեան ճամբով հեռու պահենք Հայաստանը ինքնաքանդումի վտանգէն»։

Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, որուն յաջորդեց մտերմիկ սիրոյ սեղան մը, մասնակցութեամբ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր դասուն:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?