ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Փնտռեցի քեզ ես առանձին`
Մութ գիշերուան լուսնի լոյսին,
Աստղերուն հետ վառ, շողշողուն,
Երգերուս հետ, երազներուս,
Ամպերուն մէջ քեզ փնտռեցի,
Շանթերուն հետ իմ երկնքիս,
Զայրոյթին հետ իմ հողմերուս,
Անձրեւներուն հետ աչքերուս,
Տրոփումին հետ իմ սրտիս,
Յօրինումին հետ իմ երգիս,
Առաւօտուն երբ սուզուեցայ`
Խորը ծովուն, ժայռերուն տակ,
Ես քեզ այսօր յոյժ յոգնաջան
Շատ փնտռեցի, բայց չգտայ: