Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Պատերազմը Իսկապէ՞ս Աւարտած Է (Բայց Ո՞վ Է Խաղաղութիւն Չուզողը)

Հոկտեմբեր 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսէն սկսեալ եւ մօտաւորապէս հինգ օր տարօրինակ տօնահանդէս մը տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ` «Կազայի պատերազմին աւարտ»-ի յայտարարութեամբ եւ ընկերակցող դրական քայլերուն լոյսին տակ: Նախ ի յայտ եկաւ, որ ճակատող կողմերը` Իսրայէլ եւ Համաս, վերջնական համաձայնութեան հասած են պատերազմի դադրեցման թրամփեան նախագիծին կէտերէն շատերուն շուրջ, նախագիծ մը, որուն առաջին բաժինը իրագործման դրուեցաւ երկուշաբթի, 13 հոկտեմբերին (պատերազմի նորագոյն փուլին պայթումէն 2 տարի եւ 6 օր ետք) պատանդներու եւ բանտարկեալներու փոխանակումով, ինչպէս նաեւ` իսրայէլեան բանակին Կազայէն մասնակի նահանջով: Դրական այս կէտերուն ընկերակցեցան բռնագաղթուած կազացիներու զանգուածային տունդարձը, սովահար բնակիչներուն անմիջական նպաստներու (սնունդ, դեղ…) առաքումներուն մեկնարկը (նկատելի էր, որ նպաստներու բաշխումը չափազանց անկազմակերպ էր, բեռնատարներէ` սննդանիւթի սնտուկներ սպասող տանջահարներուն կը նետուէին փողոցներու մէջ, մաս մըն ալ կ՛իյնար ցեխի մէջ):

Տօնահանդէսին միւս երեսը կազմեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին Իսրայէլ ու Եգիպտոս շրջապտոյտը եւ եգիպտական Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ «պատմական գերաստիճան»-ի մը գումարումը: Այս իրադարձութիւնները ողողեցին միջազգային լրատու աղբիւրներու հաղորդումները, մանրամասնութիւնները արդէն հասած են աշխարհի չորս ծագերը, շարունակուող մեկնաբանութիւնները ահեղ մրցակցութեան մէջ են իրարու հետ: Այստեղ կը բաւականանանք արձանագրելով միայն մէկ քանի ուշագրաւ կէտ: Թրամփի Իսրայէլ այցելութիւնը սարքուած էր այնպէս մը, որ զուգադիպէր իսրայէլացի ողջ մնացած 20 պատանդներուն ազատ արձակման: Սա առիթ եղաւ, որ իսրայէլեան խորհրդարանին մէջ Թրամփ եւ Նեթանիահու իրարու գովասանքներ շռայլեն (լրատու աղբիւրներու ոսպնեակներէն չվրիպեցան տեղի ունեցած ցեղասպանական արարքները յիշեցնող ընդդիմադիրներու բողոքի ձայները եւ ամերիկեան չափազանցեալ միջամտութիւններու դէմ արտայայտութիւնները…): Սպիտակ տան պետը նախ Իսրայէլի, ապա նաեւ Շարմ  Շէյխի մէջ յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի համար «նոր արեւածագ» մը բացուած է, որ` «երեք հազար տարուան տագնապ մը» աւարտին կը հասնի, եւ շրջանը կը մտնէ խաղաղութեան նոր դարաշրջան: Ան չմոռցաւ գործակցութեան ձեռք երկարելու Իրանին:

Ո՛չ ոքի ուշադրութենէն վրիպեցաւ, որ աւելի քան 20 երկիրներու կառավարութիւններու առաջնորդները համախմբող Շարմ  Շէյխի գերաստիճանէն կը բացակայէին Իրան եւ… երկու ճակատողները` Իսրայէլ ու Համաս: Սակայն ներկայ էին` Արեւմտեան ափի Մահմուտ Ապպասը, Ֆրանսայի Մաքրոնը (ան թերեւս կը փորձէր լուսարձակները հեռացնել իր կառավարական տագնապէն, որ աւելի կը սրի օր ըստ օրէ), Գերմանիոյ Մերցը, Բրիտանիոյ Սթարմըրը, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ Էրտողանը, Ազրպէյճանի Ալիեւը, Հայաստանի Փաշինեանն ու Փաքիստանի Շարիֆը (եւ ուրիշներ): «Խաղաղութիւն 2025» նշանախօսքով համախմբուածներ գովասանքներ շռայլեցին Թրամփի, կարծէք թէ ամոքելու համար անոր խո՜ր վիշտը` Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը շահած չըլլալուն պատճառով:

Տօնահանդէսէն Ետք

Խօսքի հրավառութեան իրերայաջորդ փուլերէն ետք, երբ տօնահանդէսին դուռերը փակուին, օդը նետուած փայլուն ժապաւէնները գետին իջնեն, ու ամէն մարդ տուն դառնայ, աշխարհը պիտի տեսնէ, թէ իսկապէս որքա՞ն ՇՕՇԱՓԵԼԻ դրական բան իրականացած է, որքա՞ն հարցականներ կը մնան օդէն կախուած ու կրնան մասնակի կամ առաւել չափով պաղ ջուր խառնել տաք ապուրին մէջ: Բնական է, որ մարդիկ գրաւ դնեն, թէ դրական ընթացքը շարունակուի:

Կազայի իրողական տագնապը կը մնայ ամէնէն ցաւալի (եւ մեծ հարցականներ դիմագրաւող) երեսը եւ ունի քանի մը օղակ: Կազացիք ունեցած են աւելի քան 67 հազար մարդկային անդառնալի կորուստ (սա պաշտօնական թիւն է միայն), բազմապատիկ վիրաւորներ (ներառեալ` հաշմանդամներ), ըստ մասնակի վիճակագրութիւններու, աւելի քան 500 հազար բնակարաններ քանդուած ու աւերուած են (միայն մէկ փոքր մասը բնակելի կրնայ դառնալ նախնական նորոգութիւններով, որպէսզի բոլոր տնազուրկները չշարունակեն վրանաբնակի կեանքը), ամբողջ ենթակառոյցներ (որոնց մէջ են շուկաներ, աշխատավայրեր եւ այլն) քանդուած ու քայքայուած են: Նմանապէս նախնական հաշիւներով նիւթական վնասը կ՛անցնի 70 միլիառ տոլարի սահմանը: Բազմամիլիոն պաղեստինցիներ որքա՞ն ժամանակի եւ նիւթական օժանդակութեան պիտի կարօտին, սովի վտանգը ե՞րբ պիտի փարատի, որպէսզի վերադառնան տանելի պայմաններու: Ողբերգութեան յաջորդ փուլ(եր)ը նուազ տառապալի պիտի չըլլայ: Սակայն մէկ բան յստակ է: Անոնց մէջ չկայ «աւերակներու վրայ ինչպէ՞ս թագաւորենք»-ի հոգեվիճակ…

Յաջորդ օղակները բազմաթիւ են. իսրայէլեան սպառնալիքները չեն վերցուած: Համաս թէեւ բացայայտ դարձուցած է, որ կրնայ ինքզինք դուրս ձգել Կազայի յաջորդ վարչամեքենայէն, սակայն ատիկա վճռուած հարց չէ տակաւին. անոր զինեալները արդէն իսկ ներկայ են փողոցին մէջ ու կը հսկեն ապահովութեան պահպանման: Ժամանակի կարօտող հարց է մեռած պատանդներուն դիակներուն վերադարձը: Անորոշութեան հարցականներ կախուած են նոր կազմուելիք վարչամեքենային գլխավերեւը: (Մինչեւ Իսրայէլի հիմնադրութիւնը զայն կառավարած) Բրիտանիոյ Թոնի Պլերը, Թրամփի հովանիին տակ, կը պատրաստուի դառնալ կառավարիչ, պաղեստինցիներու մէջ համախոհութիւն չկայ այդ ընտրանքին շուրջ, մինչ այդ տարբեր երկիրներէ` Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա եւ հեռաւոր ասիական  երկիրներու զինուժի վարիչներ իրենց ափերը կը շփեն առաջադրուած «խաղաղարար ուժ»-ին մասնակցութիւն բերելու ախորժակով (ո՛չ ոք կը խօսի բացուած նոր շուկայէն ձեռք բերուելիք շահերու, կարգ մը երկիրներ իրողական կողոպուտի մատնելու հաւանականութիւններուն մասին): Աւելի վտանգաւոր հարցականներ կը մնան մէկ կողմէ Կազայէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացման, ու միւս կողմէ` Արեւմտեան ափին նկատմամբ Իսրայէլի աճող ախորժակներուն բռնելիք ընթացքին վերեւ: Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրներով խանդավառուած Մահմուտ Ապպաս մը, որ այլապէս Համասի դիմաց կը կանգնի իբրեւ լուռ կամ բացայայտ ախոյեան, շատ ալ վստահ չէ, թէ խոստացուած խաղաղութիւնը արդեօք պիտի կարենա՞յ վերջ դնել դէպի իր հողերը իսրայէլեան ծաւալումին (բնակարաններու եւ պարտէզներու-հողատարածքներու բռնագրաւում, հրէական բնակեցման վայրերու բազմացում…), թէ՞ «Երկու անկախ պետութիւններու» բազմիցս կրկնուած խոստումները (վերջինը` ՄԱԿ-ի վերջին նստաշրջանին) պիտի մնան խօսքի սահմաններուն մէջ, ու բաղձալի հորիզոնը միշտ ալ հեռու պիտի փախչի դէպի հոն վազողներէն: Ի վերջոյ, պատմութիւնը կը վկայէ, որ Իսրայէլ որեւէ ատեն չէ յարգած իր յանձնառութիւնները, խաղաղութեան, զինադուլի համաձայնութիւններ ունեցած են կարճ կամ երկար կեանք (ատենին Օսլոյի համաձայնագիրն ալ որակուած էր պատմական, յետոյ գիտենք, թէ ի՛նչ ճակատագիրի հասան զայն ստորագրողները` Ռապին եւ Արաֆաթ), Իսրայէլ միշտ ալ ձեւն ու ինքնարդարացման պատճառներ հրամցուցած է աշխարհին, թէ ինչո՛ւ կը վերադառնայ պաղեստինցիներու դէմ ճնշումներու, բռնարարքներու, հալածանքի եւ ջարդի-ցեղասպանութեան իր քաղաքականութեան, եւ աշխարհն ալ կուլ տուած է ոճիրները (օրինակ, այն տասնամեակները, որոնք երկարած են 2023-ի հոկտեմբերի դարձակէտը): Բոլորովին այլ հարց, թէ պատերազմի դադարեցման եւ որոշ հանգոյցներու լուծման այս սկզբնական քայլերէն ետք ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Նեթանիահուին, որ մէկ կողմէ դէմ յանդիման կը գտնուի ներքին դատապարտանքներու, բանտ նետուելու հաւանականութեան, իսկ միւս կողմէ` միջազգային ճնշումներու, որովհետեւ անոր ցեղասպանական արարքները չեն կրնար մոռցուիլ (արդեօք պիտի մոռցուի՞ն…) «պատերազմը վերջացաւ»-ի հաւաստիքներուն բերումով: Հոն ալ պիտի ըլլա՞ն մարդիկ, որ միջազգային ատեաններէ յետս կոչեն Իսրայէլի բացայայտ ոճիրներուն դէմ բողոքներն ու պահանջեն վճիռներու ջնջումը…

Աւելի Լայն Տարածքը

Վերոնշեալ քանի մը կէտերն ու անպատասխան մնացող հարցականները (կրնայինք շարքը երկարել) եթէ անմիջականօրէն կապ ունին Իսրայէլ-պաղեստինցիներ տագնապին հետ, աւելի մեծ օղակ մը, օղակնե՛ր, կը տարածուին անոր շուրջ: Ընենք արագ թուարկում մը` արձանագրելով ուշադրութեան արժանի հարցականներ (հոս ալ պիտի բաւականանանք մասնակի ցանկով մը):

– Իսրայէլի հռչակած` «Աբրահամի ծրագիր»-ը ի՞նչ նոր տարածքներ պիտի գրաւէ եւ ինչպիսի՞ սպառնալիքներ, վտանգներ պիտի բերէ շրջակայ երկիրներուն, ներառեալ… Իրանին, որուն ձեւով մը ձիթենիի ճիւղ կ՛երկարէ Թրամփ: Չէ մոռցուած, որ ան մօտիկ անցեալին ո՛չ միայն ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէր պաղեստինցիները ջարդող Իսրայէլի կառավարութեան, այլ նաեւ քաջալեր եղաւ Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին, միաժամանակ հասկցուցած է, որ նման ճակատումներու կրկնութեան պարագային իր կեցուածքը պիտի չփոխէ:

– ՍՈՒՐԻՈՅ եւ ԼԻԲԱՆԱՆԻ նման դրացիներու հանդէպ իսրայէլեան թշնամական կեցուածքն ու յարձակումները, հողեր խլելու վարքագիծը պիտի զսպուի՞ն «Միջին Արեւելքը խաղաղութեան նոր արշալոյսի առջեւ է» խոստումներով: Կազայի քանդումն ու նախճիրները այնքա՛ն ահաւոր էին, որ յաճախ անլսելի թողուցին Լիբանանի եւ Սուրիոյ ճիչերը, երբ իսրայէլեան օդուժն ու բանակները ոտնակոխեցին բացայայտ կամ լուռ համաձայնութիւններ, ու յստակ է, որ Իսրայէլ չէ հրաժարած նա՛եւ դէպի հիւսիս եւ հիւսիս-արեւելք տարածուելու ծրագիրներէն:

– ԻՐԱՔ-ը, որ առերեւոյթ հեռու է իսրայէլեան յիշեալ ծրագիրներէն, իր գլխավերեւին կախուած կը տեսնէ թրքական պատուհասը, որ այլապէս կախուած է նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային գօտիներուն վերեւ: Եւ ի՜նչ զուգորդութիւն: Թրամփի խաղաղասիրութեան քայլերուն մասնակիցի պատմուճանով Շարմ Շէյխ վազած Էրտողանը Սուրիոյ նկատմամբ կը վարէ այն քաղաքականութիւնը, ինչ որ Իսրայէլ կ՛ընէ այդ երկրին դէմ` հակառակ «Աբրահամի ծրագիր»-ին մերձենալու Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու տրամադրութեան: Ակներեւ է նաեւ, որ նոյն ճաշասեղանը կը մատուցուի Լիբանանին, ուր որոշ խանդավառութիւն ստեղծուած է (Իսրայէլի անվերապահ զօրակից) Ուաշինկթընի հովանաւորչութեան տարածումին թեւերով ու այդ գիծին դէմ կանգնողները նահանջի մատնելու ճիգերուն լոյսին տակ…

– Կարկինին մատիտը կը հասնի նաեւ Թուրքիա-Ազրպէյճան գօտիին: Բացայայտ է, որ անոնք յենելով իրենց ռազմավարական եւ առեւտրական գործընկերութեան խաղաթուղթերուն` կ’աշխատին նոր շահեր ապահովել ո՛չ միայն Կովկասի, այլ նաեւ աւելի լայն տարածքներու մէջ: Ուշագրաւ էր Ազրպէյճան-Ռուսիա լարուածութեան մեղմացումը, իսկ Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ պաղ-տաք յարաբերութիւնները, խաղերը երկար ճամբայ կտրած են: Ասոնք բազմաճիւղ այլ վտանգներ կը ստեղծեն թէ՛ Հայաստանի շրջակայ գօտիին (սկսելով Իրանէն), թէ՛ անշուշտ աւելի հեռու` մինչեւ Եւրոպա եւ Ասիա հասնող շրջաններու մէջ (Հնդկաստան, Չինաստան): Այս գիծերուն վրայ արդեօք ո՞ւր կը մնան «Զանգեզուրի միջանցք»-ին տիրանալու անոնց հետամտութիւնը, կամ` Փաշինեանի փայփայած (ցնորական) «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը: Բնականաբար կարելի չէ անտեսել նաեւ այն երեսը, որ Ազրպէյճանի (հետեւաբար Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի) դէմ մեր բողոքներն ու պահանջատիրութիւնը բանիւ եւ գործով դուրս կը նետուին Երեւանի իշխանաւորներուն օրակարգէն, ու Թուրքիա կ՛աշխատի քանի մը թռչուն մէկ քարով որսալ… ի հեճուկս մեր շահերուն, քաջալերող զինակիցներ կը գտնէ, անոնց վրայ կ՛աւելցնէ ՔՊ-ական վարչախումբը. Թուրքիան ու Ազրպէյճանն ալ կ՛աշխատին իրենց ճիտէն վար ձգել ցեղասպանի տիտղոսը… Վաղը զո՞վ պիտի այպանենք, եթէ մեր արդար պահանջներուն դիմաց, սկսելով Պաքուի մէջ կեղծիքներով դատուողներու տուն դարձէն եւ Արցախի վերատիրացումէն, աւելի՛ եւս խցուին միջազգային ականջները…

Եզրակացնենք. Կազայի պատերազմը աւարտած ըլլալու յայտարարութիւններն ու իրականացած դրական քայլերը ողջունելի են անկասկած, կը բանան յուսատու պատուհաններ, որոնց պահպանումն ու նորերու բացումը կը պահանջեն ձեւական եւ ժամանակաւոր հաւաստիքներէ անդին երթալ, մանաւանդ` կամք, որ սկսուած երթը մնայ անդառնալի, իր համապատասխան արձագանգը ունենայ ո՛չ միայն Միջին Արեւելքէն Կովկաս ու Եւրոպա (Ուքրանիա եւ դրացիներ) տարածուող գօտիներուն, այլ նաեւ արիւնահեղութեան այլ ծովերուն մէջ, այլ խօսքով, վերականգնել այն տրամաբանութիւնը, որ աւելի քան 30 տարի առաջ որոշ մեղմացումի տարաւ գերուժերու միջեւ լարուածութիւնը, քանդեց Պերլինի պատը:

13 հոկտեմբեր 2025

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւններ. Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Միջազգայնացման Հեռանկարները (Գ.)

Յաջորդը

Համբիկ Մարտիրոսեանի Երեք Գիրքերու` «Բաժակ Մը Սէր», «Կեանք Ու Կարօտ-Երազ Ու Սէր» Եւ «Նոր Հայերգութիւն» Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?