Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Բիւրոյի Դրամահաւաք
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու դրամահաւաքի յանձնախումբին 27 սեպտեմբերին աւելի քան հարիւր բարերարներ եւ աջակիցներ հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէջ գտնուող Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան ամոլին տան մէջ ընթրիքի շուրջ` աջակցելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի գործունէութեան:
Երեկոն վարեց երկարամեայ քաղաքական-հասարակական գործիչ Յովիկ Սալիպա:
Խօսքերով հանդէս եկան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան:
Իր խօսքին մէջ Տէր Խաչատուրեան նշեց դիմադրութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յանձնառութեան, փորձառու դատողութեան եւ առաջնորդութեան գերակշռող անհրաժեշտութիւնը` յուսահատութեան եւ դժուարութիւններու առջեւ, մինչ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը շատ վտանգաւոր իրավիճակներու մէջ են:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան «Զում»-ի միջոցով միանալով` ընդգծեց սփիւռքի շարունակական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի ամրապնդման գործին մէջ:
Թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան օրհնեց սեղանները եւ ընդգծեց երեկոյի նպատակի հոգեւոր եւ ազգային կողմերը:
Երեկոյի ընթացքին մշակութային եւ երաժշտական ներկայացումներ ունեցան Անդրանիկ Քիզիրեանը, Արա Տապանճեանը եւ Դրօ Գրիգորեանը: Հիւրերը նաեւ մասնակցեցան Արա Աւետիքեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած Գառզուի լիտոգրաֆիկ նկարներու լուռ աճուրդին, որուն հասոյթը նպաստեց երեկոյի յաջողութեան:
Ձեռնարկը արտացոլացուց Արեւմտեան Ամերիկայի հայ-ամերիկեան համայնքի խոր նուիրուածութիւնը` աջակցելու ՀՅԴ Բիւրոյի համաշխարհային նախաձեռնութիւններուն, յիշեցնելով, որ սփիւռքը ամուր կերպով միաւորուած է իր առաքելութեան շուրջ` ամրապնդելու եւ աջակցելու մեր ժողովուրդի գործին Հայաստանի, Արցախի եւ ամբողջ հայաշխարհի համայնքներուն մէջ:
ՀՄԸՄ–ի Պրպենքի «Սիփան» Մասնաճիւղի 30-Ամեակի Նշում
28 սեպտեմբերին Պրպենքի Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30-ամեակը:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սարօ Ղազարեան իր արտասանած բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Սիփան»-ի ձեռքբերումներուն` ընդգծելով, որ տօնական հաւաքը նաեւ առիթ է գնահատելու եւ պատուելու նուիրեալները, որոնք հնարաւոր դարձուցած են տեսլականի իրականացումը:
Օրուան հանդիսավար ՀՄԸՄ-ի երկարամեայ նուիրեալ անդամ Արիկ Գէորգեան հաստատեց, որ ամուր կամքը, անկոտրում եռանդը, սլացքը` դէպի նպատակ, կամաւորական ուժը, ժառանգած կորովը այն երաշխիքներն են, որոնք հնարաւոր դարձուցին «Սիփան» մասնաճիւղին յաջողութիւնը:
Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան մեծապէս կարեւոր նկատելով կազմակերպութեան առաքելութիւնը` հաստատեց, որ քանի դեռ կան ՀՄԸՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի նման կեդրոններ, նոր սերունդները ձուլումէ կարելի է պաշտպանուած զգալ:
Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ռոպերթ Մեհրապի ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց «Սիփան»-ի գործունէութիւնը` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով մասնաճիւղի յաջողութեան գործին նպաստած բոլոր մասնակիցներուն, ընդգծելով, որ վերելքը հնարաւոր դարձած է միացեալ ուժերով: Ան ըսաւ, որ «Սիփան»-ը բազմաթիւ հնարաւորութիւններ ստեղծած է հայ երիտասարդներուն համար` ներգրաւելով զիրենք մարզական, սկաուտական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ:
Քալիֆորնիոյ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Նիկ Շուլց յայտարարեց, որ իրեն համար պատիւ է ներկայ գտնուիլ իր ընտրաշրջանին մէջ ներդրումներ ունեցած կազմակերպութեան 30-ամեակի տօնակատարութեան եւ յուշագրով ու գումարով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց:
Պրպենքի Միացեալ կրթաշրջանի խորհուրդի նախագահ, ՀՄԸՄ-ի նախկին սկաուտ Արմոնտ Աղախանեան ընդգծեց, որ պէտք է հպարտութեամբ նշել, որ «Սիփան»-ը կը պատկանի ոչ միայն հայ, այլեւ Պրպենքի բոլոր երիտասարդներուն:
«Սիփան»-ի կարեւորութեան եւ ունեցած դերակատարութեան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեր Մանուկեան` շնորհաւորելով մասնաճիւղին յոբելենական տարեդարձը: Ան հաստատեց, որ «Սիփան»-ը եղած է մասնաճիւղէ մը աւելի, հանդիսացած է առաջնորդութեան դպրոց, ուր մեր երիտասարդները սորված են` կարգապահութիւն, համագործակցութիւն եւ ծառայութեան մատուցում, նաեւ միաժամանակ հայ համայնքի համար եղած է օճախ, ուր լեզուն, աւանդոյթները եւ մշակոյթը փոխանցուած են սերունդէ սերունդ:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու բաշխում: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ ցուցադրուեցաւ մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Սուրիա
Աւանդապահ Քեսապցին Իւրայատուկ Ոճով Կը Տօնէ Աւանդութիւններու Կենսաւորման Տարին
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Քեսապի Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին, 27 սեպտեմբերին «Քեսապ» համալիրի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ տոհմիկ երեկոյ` նուիրուած 2025-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ հռչակուած «Աւանդութեան վերակենսաւորման տարուան»:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Սեդա Արսլանեան, որ անդրադարձաւ հայկական մշակոյթին եւ գաւառական աւանդութիւններու պահպանման արժէքին ու կարեւորութեան` շեշտելով, որ Համազգայինը` որպէս մշակութային միութիւն, մեծ դերակատարութիւն ունի այս արժէքները պահպանելու գործընթացին մէջ:
Արաբերէնով արտասանած խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիւղի ոստիկանապետին, որ իր ներկայութեամբ քաջալերեց գիւղի աւանդութիւնները ներկայացնող երեկոն:
Երեկոն ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ` երգ ու պարով, Քեսապի աւանդական խաղողով ռուպի պատրաստութեամբ, որ քեսապցիք` կը կոչեն «Մասարա», ինչպէս նաեւ` Քեսապի աւանդական ուտեստեղէնի հիւրասիրութեամբ:
Շնորհակալական եւ երախտագիտութեան սրտի խօսք արտասանեցին գիւղապետը եւ վարչութեան ատենապետ Մանասէ Մանճիկեան:
Երիտասարդաց Վերականգնումի Կեդրոնի Բացում
Նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, «Kerk in Actie»-ի ներդրումով եւ կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, 5 հոկտեմբերին Հալէպ Քոլեճ աղջկանց բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ նորաստեղծ «Երիտասարդաց վերականգնումի կեդրոն»-ի բացումը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յիշեց հաւաքին նպատակը:
Այնուհետեւ օրուան խորհուրդը ներկայացուց վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ յայտնեց, թէ կեդրոնը կը գործէ նպատակ ունենալով տրամադրելու անվտանգ եւ աջակցող միջավայր, ուր երիտասարդները պիտի կարենան` զարգացնել նոր հմտութիւններ, ստանալ հոգեբանական եւ մասնագիտական աջակցութիւն եւ քայլ առ քայլ կառուցել իրենց կեանքի նոր ուղին: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ կարեւոր եւ գործնական քայլ մը` աջակցելու երիտասարդներուն իրենց մարտահրաւէրներուն մէջ եւ նպաստելու անոնց ներուժի բացայայտումին:
Յունաստան
«Զարթօնք»-ը Դարձեալ Բեմին Վրայ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի թատերական միաւորին, 24 սեպտեմբերին Այա Սոֆիայի «Սելեփիցարի» պուրակի «Ալեքոս Խրիսոսթոմիտիս» բացօթեայ թատրոնի բեմին վրայ Համազգայինի «Արշաւիր Գազանճեան» բազմանդամ թատերախումբը տեղական փառատօնի ծիրէն ներս ներկայացուց Մալխասի նշանաւոր վէպը` «Զարթօնք»-ը, բեմադրութեամբ Յակոբ Պարսամեանի: Յայտնենք, որ սոյն թատերականացուած աշխատանքին երկրորդ յաջող ներկայացումն էր:
Մալխասի համանուն վէպին վրայ հիմնուած յունալեզու ներկայացումը, որ կը ցոլացնէ ֆետայական շարժումը, թատերականացուած Կարապետ Գալֆայեանի եւ թարգմանուած Սարգիս Աղապատեանի կողմէ, կը ծառայէր յատուկ նպատակի. Հայ դատի ներկայացումը եւ մեր մշակոյթի ծանօթացումը` յունական հասարակութեան:
Արդէն, առաջին ելոյթէն ետք, 13 ապրիլին, յոյն թատերասէրներ խոստովանեցան, որ թատերախաղին շնորհիւ իմացան Հայոց պատմութեան մասին: Թատերական կտորին մէջ կարելի է նկատել նաեւ հին յունական թատրոնի երեւոյթներ` նախապատրաստում եւ ճանաչում:
Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի 85-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Նոր Յանձնառութեան Ազդանշանը Տուաւ Կնոջական Մեծ Կազմակերպութեան
5 հոկտեմբերին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի 85-րդ Պատգամաւորական ժողովը:
Թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան իր խօսքին մէջ դրուատեց միութեան աշխատանքը` նախ նշելով ՀՕՄ-ի դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս, ապա իր խօսքը մասնաւորեց Հ. Կ. Խաչի բեղուն գործին վրայ` բարեսիրական, կրթական, խնամատարական եւ ազգային ուղղութիւններով:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան յայտնեց, որ ՀՕՄ-ը իր 115-ամեայ պատմութեամբ եւ ՀՅԴ-ին իր 135-ամեայ գործունէութեամբ, միասնական երթի փայլուն ընթացքին փաստը կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին առջեւ` շեշտը դնելով հայրենի եւ սփիւռքեան մարտահրաւէրներուն, Արցախի կորուստէն ետք դարձեալ համախմբուելու հրամայական անհրաժեշտութեան վրայ, թօթափելով հոգեկան ընկճուածութեան եւ երբեմն անտարբերութեան կլանիչ վտանգը, տալով նոր շունչ եւ ոգի հայակերտումի կարեւորագոյն նպատակին:
Նիստի սկիզբը կարդացուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին նամակը, որուն միջոցով անհուն գնահատանք կը յայտնուէր Յունաստանի միաւորի գործունէութեան մասին` նշելով անոր հայրենանուէր ծառայութիւնը ժողովուրդին եւ հայրենիքին:
Պատգամաւորական ժողովը հանգամանօրէն քննութեան ենթարկեց Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու լայնատարած գործունէութիւնը` իր բարոյական եւ նիւթական երեսներով, մանրամասնօրէն ընդգծելով այն բոլոր իրագործումները, որոնք ծաւալ ստացան անցնող երկու տարուան ընթացքին: Բոլոր մասնակցողները իրենց գնահատանքը յայտնեցին շրջանաւարտ վարչութեան, որ սփիւռքեան դժուար պայմաններուն տակ կարողացաւ հայապահպանման իր առաքելութիւնը յաջողապէս կատարել` «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսը վերածելով գործնական ձեռքբերումներու:
Ժողովին գլխաւոր մասը ընթացաւ նոր տարեշրջանի գործունէութեան բանաձեւումով: Միութեան առաքելութեան գիտակից մօտեցումով բոլոր պատգամաւորները ներդրում ունեցան նոր առաջարկներու մշակման մէջ: Բարեսիրական, կրթական եւ խնամատարական ծրագիրները, հայրենակիցին օգտակար դառնալու յանձնառութիւնը, Հայաստանի մէջ ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն ամբողջանուէր մասնակցութիւն ունենալու պատասխանատուութիւնը, միութենական հզօրացման կարեւորութիւնը, նիւթական աղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը, Հ. Կ. Խաչի ազգային վարժարաններու յարատեւման հրամայականը, յունահայ զանգուածներուն հետ շփման ու հայապահպանման աշխատանքը` բոլորը հանգամանալից ուշադրութեամբ դարձան կիզակէտը ժողովի քննարկման, տալով համապատասխան որոշումներ եւ սահմանելով յանձնառու պարտականութիւններ յաջորդ վարչութիւններուն համար:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային վարչութիւն` բաղկացած հետեւեալ անդամներէն. Այտա Ալէանաք, Աննա Գազանճեան, Ատրինէ Գահվէճեան, Նոյեմի Եզեկիէլեան, Վերժին Եղիշէեան, Մերի Խտրեան, Ճուլիա Ճանիկեան, Շողիկ Պապօղլեան եւ Լիզեթ Քիրազեան:
Ֆրանսա
Թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեանին Շնորհուեցաւ «Ազգային Արժանեաց» Պատուոյ Շքանշանի Ասպետի Կոչումը
25 սեպտեմբերին Փարիզի Երաժշտական բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին ֆրանսահայ թաւջութակահարուհի Աստղիկ Սիրանոսեան ստացաւ «Ազգային արժանեաց» պատուոյ շքանշանի ասպետի կոչում, որ Ֆրանսայի ամենաբարձր պարգեւներէն է: Ան արժանի նկատուեցաւ իր արուեստի նուաճումներուն եւ քաղաքացիական նուիրումին համար:
Շքանշանը 36-ամեայ հայ երաժիշտին յանձնուեցաւ դրամատէր եւ մեկենաս Ֆրանսուա Հենրոյի կողմէ` ներկայութեամբ մեծարեալի ընտանիքին, երաժիշտ բարեկամներու, արուեստագէտներու, գրողներու, լրագրողներու եւ ընդհանրապէս գործարար աշխարհի ծանօթ դէմքերէ բաղկացած այլ հիւրերու ներկայութեան:
Ֆրանսուա Հենրօ իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ այս քայլով Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ ոչ միայն բացառիկ երաժիշտի մը, այլեւ` նուիրեալ կնոջ մը, որ երաժշտութիւնը դարձուցած է բաժնեկցութեան եւ մշակութային ժառանգութեան համապարփակ լեզու: Հետեւաբար Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը կը պատուէ ոչ միայն գեղարուեստական բացառիկ գործունէութիւն մը, այլեւ` խոր քաղաքացիական նուիրում մը: Յայտնենք, որ հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Աստղիկ Սիրանոսեան ելոյթ ունեցած է աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր բեմերէն` Փարիզի Ֆիլհարմոնիէն մինչեւ Վիեննայի Մուզիքֆերայն եւ Նիւ Եորքի «Քառնեկի հոլ»` համագործակցելով անուանի խմբավարներու եւ նուագախումբերու հետ, միեւնոյն ատեն հետապնդելով սենեկային երաժշտութեան աշխուժ գործունէութիւն մը, որ կ՛ընդգրկէ դասականէն մինչեւ ժամանակակից երգացանկ: Քննադատներու կողմէ բարձր գնահատուած իր ձայնագրութիւնները կ՛ընդգծեն արուեստագիտուհի մը, որ կը համադրէ` վարպետութիւն, զգայնութիւն եւ մեկնաբանութեան խորութիւն: Սիրանոսեան կը նուագէ Ֆրանչեսքօ Ռուճերիի 1676-ին կերտած բացառիկ թաւջութակին վրայ: Ան 2016-ին հրապարակած է ալպոմ մը` նուիրուած Կոմիտասին:
Նշենք նաեւ, որ վերջերս Փարիզի Աստուածամօր «Նոթր Տամ» տաճարի Արեւելեան քրիստոնեաներու մատուռի կամարներուն տակ ան կատարեց «Հաւուն, հաւուն» օրհներգը:
Փաթրիս Ճոլոլեանի «Վերապրիլ Եւ Վերածնիլ» Հատորին Ներկայացումը
3 հոկտեմբերին Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լսարան, որուն ընթացքին Թեմական խորհուրդի եւ Փարիզի եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի նախկին նախագահ Փաթրիս Ճոլոլեան ներկայացուց իր «Վերապրիլ եւ վերածնիլ. հայ ընտանիքի մը անցած ճանապարհը Օսմանեան կայսրութեան մէջ իր ծննդավայրէն մինչեւ սփիւռք» հատորը:
Թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Խաչատրեանի աղօթքէն ետք Ծխական խորհուրդի ատենապետ Րաֆֆի Մոմճեան ներկայացուց գիրքը եւ անոր հեղինակը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Փաթրիս Ճոլոլեան: Ան ժառանգորդը ըլլալով հարիւրաւոր ընտանեկան փաստաթուղթերու, որոնցմէ ոմանք պատմական բացառիկ արժէք ունին, Ճոլոլեան փափաքած է զանոնք համախմբել հատորի մը մէջ` իբրեւ վկայութիւն իր ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն յիշատակին, որոնց ճակատագիրը յաճախ սերտօրէն կ՛առնչուի հայոց յատկապէս անցեալ դարու պատմութեան ճակատագրական դէպքերուն:
Հեղինակը բազմաթիւ պատմութիւններով յիշեցուց ականաւոր դէմքեր: Շուրջ 200 փաստաթուղթերով եւ լուսանկարներով հարուստ այս գիրքը ունի նաեւ զօրակցական առաքելութիւն մը: Վաճառքի հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ UMAF-ի գործունէութեան եւ Սիւնիքի մէջ երկու դպրոցի արեգակնային մարտկոցներու տեղադրման: Նախաձեռնութեան գործընկերը եւ գիրքի հովանաւորը` ACBA դրամատունը, իր կարգին, հաստատեց, որ պիտի դիմագրաւէ գանձատրման հաւանական պակասը: