Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Խաղաղութեան Ուղիի Որոնում

October 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրեր առաջ Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ շրջաններուն մէջ ծայր առած բախումները բնակչութեան վերյիշեցուցին պատերազմի տարիներու սարսափը եւ վախի մթնոլորտը, երբ բնակելի թաղամասերու մէջ կ՛ընթանային մարտեր եւ հրթիռներ կը տեղային ամէն կողմէ` քաղաքին մէջ կեանքը դժոխային դարձնելով: Ժողովուրդը, որ երկար տարիներ տառապեցաւ եւ տարատեսակ զրկանքներ կրեց, օրեր առաջ կրկին դէմ յանդիման եկաւ ապահովական սպառնալիքներու:

Այս իրադարձութիւնները տեղի ունեցան այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ վերակառուցման ծրագիրներ կը քննարկուին ու արտաքին աշխարհի հետ Սուրիոյ յարաբերութիւնները աստիճանաբար կը բարելաւուին:

Բախումները ընթացք առին քրտական ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ: Լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ նախքան բախումները` արդէն հանդիպում մը նախատեսուած էր կողմերուն եւ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեպանորդ Թոմաս Պարաքի միջեւ, հետեւաբար եղածը նախքան հանդիպումը զարկերակներու շօշափում էր, որ ցաւօք զոհեր ու վիրաւորներ խլեց կրկին:

Բարեբախտաբար զինադադարը արագ հաստատուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ` կանխելով մարդկային կորուստներու աճը եւ ապահովելով բնակչութեան անվտանգութիւնը: Այս քայլը կարեւոր ազդանշան էր, որ կողմերը պատրաստ են վերադառնալու բանակցութեան սեղան: Սակայն ցարդ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ:

Ամերիկեան կողմին միջնորդութիւնը դրական ազդակ կրնայ դառնալ, սակայն հարցին լուծումը սուրիացիներուն վերապահուած է վերջապէս` անկեղծ եւ շարունակական բանակցութիւններով, թէկուզ` քայլ առ քայլ տագնապի լուծման ուղղուելու:

10 մարտի համաձայնութիւնը ՔԱՍԱՏ-ի եւ Սուրիոյ նախագահին միջեւ կը նախատեսէ մինչեւ Նոր տարի իրականացնել ճշդուած կէտերը: Այս գործընթացը, սակայն, քաղաքական կամք կը պահանջէ. էական փորձութիւն մը, զոր երկու կողմերն ալ պէտք է յաղթահարեն:

Հալէպի վերջին բախումները կը յիշեցնեն, որ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ խաղաղութեան ուղին դիւրին չէ, սակայն զինադադարի հաստատումը եւ միջազգային միջնորդութիւնը բանակցութիւններու եւ աստիճանական լուծումներու դռները կրկին կը բանան: Եթէ կողմերը փոխադարձ վստահութիւն ամրագրող քայլերու դիմեն, համաձայնագրի կէտերը իրականացնելու տրամաբանութեամբ, կարելի կը դառնայ բախումները կանխել ու ներսուրիական ուժերով լուծումներու հասնիլ` արտաքին միջամտութիւնները նուազագոյնի իջեցնելով:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Փնտռեցի Քեզ

Յաջորդը

Համաարաբական Երկիրներու Կիներու Կազմակերպութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.