ՔԱՓԻԹԵՆ ՄՈՎՍԷՍ ՆԱՇԱԼԵԱՆ

Մինչեւ չորրորդ դասարան կը յաճախէի Այնճարի Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան ազգային վարժարան:
Հայրս Պէյրութ կ՛աշխատէր, իսկ մենք կը բնակէինք Այնճար, մինչեւ որ մենք ալ փոխադրուեցանք Պէյրութ:
Ձգեցի Այնճարը, ընկերներս, մայր գիւղս եւ գացի քաղաք:
Բոլորովին նոր միջավայր մըն էր ինծի համար` տարբեր մթնոլորտ, տարբեր աշխարհ…
Եւ արդէն եկաւ նոր դպրոցիս առաջին օրը Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարանին մէջ:
Հոն այլեւս Այնճարի ճանչցուած Մոսիկը չէի, այլ Այնճարէն եկած նորեկ տղան:
Հոն էր, որ առաջին անգամ ծանօթացայ Հրակին: Միշտ կ՛ըսեն, որ ամէնէն ամուր բարեկամութիւնները կը ծնին կռիւէ կամ բախումէ մը ետք: Այդպէս ալ եղաւ մեր պարագան:
Սկիզբը երբեք զիրար չէինք հանդուրժեր, մինչեւ որ անհանդուրժողականութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին ու կռուեցանք: Ո՞վ գիտէր, թէ հոն էր, որ ամէն բան պիտի փոխուէր:
Այս դէպքը կը պատահէր դպրոցէն արձակման ընթացքին, երբ մեր մայրերը եկած կ՛ըլլային մեզ տուն տանելու, յանկարծ մեզ իրարմէ բաժնելու ատեն զիրար տեսան:
Երկուքն ալ ամչցած` իրարու նայեցան: Անոնք նոյն գիւղի զաւակներ եւ բարեկամներ էին:
Յաջորդ օրը, երկուքիս ականջը քաշուելէն ետք, արդէն իսկ դարձանք մտերիմ ընկերներ:
Երբ տակաւին նոր կը ծանօթանայի Պէյրութի շրջաններուն, առաջին անգամ ըլլալով մայրս զիս Պիյաքութի շրջանը` Հրակենց տունը հասցուց, ուր արդէն ան դուրսը զիս կը սպասէր: Սկսանք խաղալ, վազվզել եւ շէնքին պահակը ջղայնացնել ու ծիծաղիլ:
Երբ յանկարծ եկան սեւ ապակիներով չորս մեծ «Ճիփ»-եր, որոնցմէ մէկէն իջաւ հսկայ, հասակաւոր, փառահեղ պեխերով, քարիզմաթիք զինուորական մը:
Անոր ուսերուն վրայ աստղերը եւ սուրերը կը փայլփլէին, ու Հրակը բացագանչեց. «Ահա հայրս եկաւ»:
Ես տեղս սառած` զարմացած, հմայքով եւ յափշտակութեամբ զինք կը դիտէի:
Այդ պատկերը մինչեւ օրս շատ յստակ դրոշմուած կը մնայ մտքիս ու հոգիիս մէջ:
Այդ վայրկեանին ես ինծի հարց տուի. «Արդեօք ես ալ օր մը կրնա՞մ այսպէս ըլլալ»:
Ժամանակ անցաւ եւ շատ լաւ նիշերով աւարտեցի ուսումս ու ընտրեցի զինուորական ասպարէզը:
Երբ մտայ սպայից վարժարան եւ երեք տարիներ վերջ դարձայ սպայ, հոն է, որ աւելի լաւ ճանչցայ, թէ ո՛վ է զօրավար Մանճեանը:
Մարդ մը, որ չէր սիրեր ինքնիր մասին խօսիլ:
Մարդ մը, որ անուն եւ պատմութիւն ունէր բանակին մէջ:
Մարդ մը, որ կերտած էր սպաներու սերունդներ:
Օրինակելի զինուորական մը, որ մարմնացումն էր կարգապահութեան, օրէնքի, ճշգրտութեան, զոհողութեան եւ քաջութեան:
Հոս կ՛ուզեմ պզտիկ դէպք մը բաժնեկցիլ ձեզի հետ:
Երբ տարիներ Պաալպեքի մէջ կը ծառայէի, ուր արդէն աւագ տեղակալ էի, մեր ջոկատի ընդհանուր պատասխանատու հրամանատարը` զօրավար Ճ. Ա. ճաշի մը ընթացքին բոլոր սպաներուն առջեւ հետեւեալը պատմեց. «Տասնհինգ տարիներ առաջ, երբ ես դեռ աւագ տեղակալ էի, մեր գունդի ընդհանուր պատասխանատուն զօրավար Փանոս Մանճեանն էր»:
Ու աչքերուս նայելով եւ խօսքը ինծի ուղղելով` ըսաւ. «Մովսէ՛ս, իր օրինակին հետեւէ՛…»:
Այս քանի մը բառերը արդէն շատ բան կ՛ըսեն: Այս խօսքը լսելէ ետք աչքերս փայլեցան, հոգիս լեցուեցաւ հրճուանքի եւ հպարտութեան զգացումներով:
Ինչպէ՞ս կարելի էր նկարագրել այդ զգացումը, երբ Պաալպեքի խորերը այսպիսի համբաւ ունեցող բարձրաստիճան զօրավար մը այսպիսի վկայութիւն մը կու տար բոլորին դիմաց…
Ի՜նչ հպարտութիւն հայութեան…
Ի՜նչ հպարտութիւն Այնճարին…
Ահա այսպիսի տպաւորութիւններ ձգած էր զօրավար Մանճեան սերունդներու վրայ:
Սիրելի՛ ժեներալ, քու տեղդ շատ մեծ է բանակին եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ, եւ կ՛ուզեմ քեզի վստահեցնել, որ պիտի շարունակենք քու ուղիդ…
«Սիատաթ ալ ամիտ, ալա խութաք նամշի» *:
* Մեծարգոյ զօրավար, քու քայլերովդ կ՛ընթանանք: