Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Յիսնամեակ մը առաջ, դպրոցական վերամուտը կը զուգադիպէր Թարգմանչաց տօնին: Այդ առիթով տօնախմբութիւններ տեղի կ՛ունենային, կը պանծացուէին հայկական կրթութիւնը, հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայ մշակոյթը: Չեմ կրնար պնդել, որ ոչինչ գրուեցաւ ու ոչինչ ըսուեցաւ, սակայն գրուածին ու ըսուածին տարողութիւնը զգալիօրէն կը զիջէր ոչ հեռաւոր անցեալին կատարուածին:

Դպրոցական վերամուտը եւս անցաւ գրեթէ անշշուկ: Ի՞նչ պատկեր կը պարզեն Լիբանանի մեր դպրոցները այսօր: Պատերազմի թոհուբոհին եւ անապահովութեան պայմաններուն մէջ մեր նախակրթարաններէն շատեր երկրորդական վարժարաններ դարձան, իսկ պատերազմի աւարտին յաջորդող տարիներուն մէկը միւսին ետեւէն փակուեցան: Երբ անապահովութիւն կար, հայ մարդը փնտռեց իր հարազատ տունը եւ իր զաւակները առաջնորդեց հայկական դպրոց: Անապահովութեան նոյնիսկ մասնակի վերացումին հետ` նոյն հայ մարդը կա՛մ գաղթեց օտար երկիր, կա՛մ իր զաւակները արձանագրեց օտար դպրոց: Դպրոցներու համախմբումները չունեցան ակնկալուած արդիւնքը. աշակերտութեան թիւը նուազեցաւ եւ կը շարունակէ նուազիլ: Խօսքը չի վերաբերիր յաջող զարգացում ունեցող քանի մը դպրոցներուն, այլ ընդհանուր թիւին:

Ծնողները արդարացիօրէն դպրոցներէն կ՛ակնկալեն ուսումնական ծրագիրներու լաւ իրագործում եւ յաջողութիւն պետական քննութիւններուն: Նախորդ տարեշրջանի աւարտի քննութիւններուն մեր դպրոցները արձանագրած են աննախընթաց յաջող արդիւնքներ: Ի՞նչ է հայ դպրոցին թերութիւնը երիտասարդ ծնողներու աչքին: Պարզ չէ՞, որ այդ թերութիւնը հայեցի կրթութիւնն է, աշակերտին առնչութիւնը հայ լեզուին, հայ գրականութեան, հայ արուեստին, Հայաստանին ու Արցախին:

Հայկականութեան առնչուած հարցերէն հեռացումը աներկբայ է. ականջ դրէք հայերէն լեզուով որեւէ խօսակցութեան եւ պիտի նշմարէք շարահիւսական ու քերականական սխալներու շարան մը: Հայերէն խօսակցական լեզուն աղճատուած է եւ հետզհետէ վերածուելու վրայ է ընթացիկ գործերու կամ խոհանոցային լեզուի մը: Անշուշտ լիբանանեան երկար պատերազմը եւ անոր աւարտէն ետք շարունակուող անկանոնութիւնները պատճառեցին զգալի նահանջ մը, սակայն զարմանալին ու անընդունելին կատարուածը սրբագրելու նուազագոյն ճիգի բացակայութիւնն է: Անկախաբար լեզուէն, հայոց պատմութեան, Հայաստանի, Արցախի, հայկական սփիւռքի, հայ մշակոյթի մասին անտեղեակութիւնը համատարած է: Հայ մարդը ո՛չ կը լսէ, ո՛չ կը կարդայ: Երբ ձեռնարկներէն իր բացակայութեան անդրադառնանք, չէի գիտեր կ՛ըսէ, չեմ իմացած…

Այս կացութիւնը ահազանգիչ դարձած է այլեւս եւ կը պահանջէ ուժերու լարումով համակարգուած ու լուրջ աշխատանք: Լիբանանահայ գաղութին ապամշակոյթացումը պէտք է դադրի: Զայն դարմանելու միջոցները կը պահանջեն ստեղծուած վիճակի սթափ ու համակողմանի քննարկում, հեռու դատապարտումներէ եւ քննադատութիւններէ: Պատճառներու որոնումին պէտք է յաջորդէ սրբագրութեան միջոցներու քննութիւն եւ աշխատանքային դերերու բաշխում:

Սփիւռքի որեւէ գաղութ չի կրնար հայկականօրէն կայանալ` առանց Հայաստանի հետ ներդաշնակման: Դժբախտաբար, Հայաստանէն փոխանցուած ազգային պատգամը չ՛օժանդակեր հայեցի մթնոլորտի յառաջացման: Աւագ դպրոցի (երկրորդական բաժին) ստեղծումը, որ ուսումն ու կրթութիւնը պիտի հաւասարեցնէր եւրոպական չափանիշներուն, յաջողութիւն չգտաւ: Ուսումնական մակարդակը նահանջեց, իսկ դպրոցական ծրագիրներու փոփոխութիւնները պատճառեցին զգալի նահանջ հայ լեզուի, գրականութեան, մանաւանդ հայոց պատմութեան դասաւանդութեան մէջ: Ազգային երեւոյթներու մերժումը, իրական կոչուած Հայաստանի մը գոյառումը աշակերտութիւնն ու երիտասարդութիւնը տակաւ կը հեռացնեն ազգը կազմաւորող էական ազդակներու ծանօթութենէն: Ապազգային այս կրթական քաղաքականութիւնը իր արձագանգը կը գտնէ սփիւռքի մէջ, զոր նոր կառոյցներով ձեւաւորելու աշխատանք կը տանին Հայաստանի իշխանութիւնները: Սփիւռքը եւս իրենց քաղաքական սայլին կցելու այս փորձը դժուարութեամբ եւ բազում զոհողութիւններով ստեղծուած սփիւռքեան կառոյցները ջլատելու կը ծառայէ: Ու հայ դպրոցը` ամէնէն առաջ: Պարզորոշ է, որ հոն, ուր չենք կրցած դպրոցական ցանց ստեղծել, չենք կրցած նաեւ կենսունակ ու առողջ գաղութ ստեղծել, լեզուն պահպանել, մշակոյթ ունենալ:

Վերադառնալով Թարգմանչաց տօնին, հաստատենք, որ հայ գիրերու գիւտով, իրենց կատարած թարգմանութիւններով եւ ստեղծած գրականութեամբ Մաշտոց, Սահակ կաթողիկոս եւ անոնց աշակերտներու հոյլը նպատակ ունէին, Աստուածաշունչի քարոզչութեան հետ, հայոց լեզուն զարգացնել եւ հայ ինքնութիւնը իմաստաւորել:

Վերադառնանք ակունքներուն:

 

 

Նախորդը

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Յաջորդը

Վաղը Կը Վճռուի Սփերձեան-Նտոնկ Հարցին Ճակատագիրը

RelatedPosts

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?