Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Թարգմանչաց սերունդը, ճշմարիտ նորարարներ եղան անոնք, որոնք իւրայատուկ եւ անանց դրոշմ, գոյն ու բոյր տուին իրենց դարուն եւ հետագայ բոլոր դարերուն: Զինեցի՛ն հայ հոգին, վառեցի՛ն հայուն ազգային գիտակցութիւնը, իր արժէքներուն հպարտութի՛ւնը տուին անոր, եւ յաւերժութեան պայքարի եւ յաղթանակի վստահութիւնը ներարկեցին անոր արեան մէջ:

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

Ընդունուած է ըսել, եւ` արդարօրէն, որ իւրաքանչիւր կրթական վերամուտ իր մէջ կը պարփակէ հպարտութեամբ յագեցած խորհուրդ մը, որ կը վերաբերի` ազգային մեր կառուցուածքին, պատկանելիութեան եւ գոյավիճակին:

Եթէ երբեք ամէն կրթական վերամուտ լոյսի, յոյսի եւ ապագայատեսիլ վճիտ վկայութիւն մըն է` պահելու եւ պահպանելու հաւաքական արժէքները, ազգային ըմբռնումներն ու հայու տեսակը, այլապէս ալ հայ վարժարանին վերապահուած մարդակերտումի առաքելութիւնը օր ըստ օրէ կը զգենու աւելի քան հրամայական ու անյետաձգելի պահանջ, պարզապէս որովհետեւ կեանքի թաւալքն ու մեր ժամանակի  կենցաղակերպն ու գիտական նուաճումները անարգել կ՛արշաւեն ու կը սպառնան ամէն հաւաքականութեան, որ ջատագով է տէր կանգնելու~ իր դիմագիծին, լեզուին, մշակոյթին եւ պատմութեան:

Միւս կողմէ, սակայն, անփոխարինելի հայ վարժարանը, որ ամբողջ սփիւռքի տարածքին կը դիմագրաւէ զանազան տեսակի մարտահրաւէրներ, դժուարութիւն եւ լինելութեան հարցեր, իր կարգին, պէտք է որ քայլ մը անդին յառաջանայ, յանդուգն ոստում մը ընէ, ինքնանորոգման գործընթաց մը որդեգրէ էապէս բարելաւելու իր կրթականի, վարչականի, կազմակերպականի առընթեր, նաեւ տեսլականի հարցերը, անշուշտ, պահելով իր առաքելութեան իմաստն ու թելադրականութիւնը, ոգեկան արժէքներն ու հայաբոյր մթնոլորտի սնուցումը:

Այո՛, ըսել ուզուածը այն է, որ հայ վարժարանը ա՛լ «պարտաւոր» է, պէտք է  մրցակից դառնայ տեղական թէ օտար վարժարաններու, որոնք ամէն ճիգ կը թափեն «որսալու» առաւել թիւով աշակերտութիւն` պարզապէս հրամցնելով բազում տեսակի ծրագիրներ եւ կրթական նորարարութիւններ:

Առանց ստորագնահատելու հայ վարժարանի պայծառ գործունէութիւնը` վերեւի նշուած մտահոգութեան առանցքը հայ աշակերտներու օտար վարժարան յաճախելու տակաւ աւելցող թիւն է, որ կը սպառնայ` գաղութահայ մեր կեանքին ու դիմագիծին, եռանդին ու կենսունակութեան:

Փաստօրէն, ինքնախաբէութիւնը, ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելու մօտեցումը, պատասխանատու մակարդակի անտարբերութիւնը, հաւաքական ընդարմացումն ու հոգելլկումը, բայց մանաւանդ առկայ դաժան մտահոգութեանց ու հարցերու վրայէն ցատկելու (փոխանակ դարմանելու) տգեղ սովորութիւնը պատճառ կը դառնայ անկանխատեսելի եւ վատառողջ կացութեան յամեցումին:

Արդ, գաղտնի՞ք մը յայտնած կ՛ըլլանք, եթէ ընդգծենք, որ հայ վարժարաններու ուժեղացումը կ՛ենթադրէ` գաղութահայ կեանքի վերականգնում, վերաշխուժացում եւ վերակազմակերպում:

Իսկ առանց հայ վարժարանի գոյութեան` ա՛լ ինչ խօսք հայ կեանքի, տեսակի ու գոյապայքարի յարատեւութեան մասին: Աւելի՛ն. ինչի՞ կը ծառայեն, ի՞նչ իմաստ ունին` սրտցաւ յորդորները, քարոզները, խոհանոցային խօսքերն ու սեմինարները:

Թարգմանչաց սերունդ:

Արդեօք բաւարա՞ր է երախտագիտութիւն յայտնել մեր մեծագոյն հանճարին` Մեսրոպ Մաշտոցին, որ աւելի քան 1600 տարի առաջ յաջողեցաւ` հայու տեսակը ստեղծել, հայ մտքին ուժեղ կառուցուածքը բացայայտել, ինքնութեան փայլքը ապահովել, ինքնավստահութեան ջահը բոցավառել, ազգի մը ներկան ու ապագան հունաւորել:

Թէ` ազգային բարձրագոյն գիտակցութիւնն ու հաւատամքը մեզ` ազգովին կը պարտաւորեցնէ, որ խոնարհինք իր ոգեղէն ներկայութեան դիմաց, համբուրել իր սրբատաշ շիրմաքարը եւ հպարտութեամբ լիացած` շարունակել ազգային երթը:

Ազգային երթ, որ անմիջական կարիքը ունի վերանայման, վերաջրդեղման ու յստակ գործընթացներու որդեգրման, որպէսզի հաւաքական մեր կեանքին ու որակին աւիւն ներարկենք եւ մօտիկ ապագայի աշխատանքները արդիւնաւորենք:

Մեսրոպ Մաշտոց իր գիտնականի պահուածքով եւ աշխատանքով յաջողեցաւ ոչ միայն սեփական ազգի գոյատեւման զէնքը ստեղծել, այլեւ հզօր պատուանդան եւ ամրակուռ ամպիոն հանդիսացաւ հետագայ սերունդներու, իրենց կարգին, նուաճելու քաղաքակրթական հարթակներ, ամրապնդելու ազգային նկարագիրը, լծուելու շէն ու ինքնահաստատ քայլերու, բայց մանաւանդ` սէգ ճակատով դիմակայելու ազգակործան ամէն որոգայթ ու մարտահրաւէր:

Մատնանշումին լաւագոյն ապացոյցը հանդիսացան` ատենի հայ քաղաքական ու եկեղեցական շրջապատի անմնացորդ աջակցութիւնը, գնահատանքն ու թիկունք կանգնելու պատրաստակամութիւնը: Փաստօրէն, Վռամշապուհ թագաւորն ու հայոց Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը եղան այն անձնաւորութիւնները, որոնք չզլացան, այլեւ օժանդակեցին, որ հայոց իմաստուն Ուսուցչապետը կարենայ իր լրումին հասցնել սրբազան առաքելութիւնը:

Առաքելութիւն, որ իրաւամբ կոչուեցաւ Ոսկեդար:

Այսինքն` հայ ժողովուրդի ծնունդ, զարգացում եւ ինքնահաստատում:

Այլեւ` ինքնարժեւորում հայ գիր ու գրականութեան, դպրոցներու հաստատման եւ համալսարանական սերունդի պատրաստութեան:

Աւելի՛ն. թարգմանիչներու, ուսուցիչ-դաստիարակներու տարածման:

Արդար է ընդգծել, որ Ուսուցչապետին աշակերտները` Կորիւն, Եղիշէ, Եզնիկ Կողբացի, Ղեւոնդ Երէց, Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ ու շա՜տ շատեր եղան այն յենասիւները, որոնք թարգմանչական եւ ստեղծագործական իրենց աշխատանքով իր լրումին հասցուցին Մեսրոպ Մաշտոցի սրբազան առաքելութիւնը:

Առաքելութիւն, որ յատկանշուեցաւ հայ վարժարաններու տարածումով, ուր ազգի զաւակները պիտի դաստիարակուէին հայախօսութեամբ, պարզապէս հեռու մնալու օտարամոլութենէ եւ ձերբազատելու յունարէնի, պարսկերէնի, ասորերէնի ազդեցութենէն:

Իրօք, ի՞նչ կարելի է կոչել Թարգմանչաց սերունդը, եթէ ոչ` յեղափոխականներ, որոնք ապաւինելով իրենց հայեցի նկարագրին, դիմագիծին, կազմաւորումին, ուխտին եւ աներեր կամքին, նետուեցան մարտի դաշտ` պաշտպանելու ազգային, հոգեւոր ըմբռնումներն ու արժեհամակարգը:

Իսկ հետագայ դարերուն Ոսկեդարի աւանդը ապրեցաւ նորովի փայլք, երբ հայ ժողովուրդը ծնունդ տուաւ տիտան հոգեւորականներու` յանձինս Ներսէս Շնորհալիի, Անանիա Շիրակացիի, Նարեկացիի ու շատերու, որոնց ստեղծագործական միտքն ու հաւատամքը ուժգնապէս բոցավառեցին ազգային երթը:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ հայոց միջնադարը ապրեցաւ խաւարի ու քաղաքական խեղճութեան ժամանակահատուած, այդուհանդերձ, հայ մտածողութիւնը շնորհիւ անզուգական ու բացմիտ հոգեւորականներու (Մխիթարեան հայրեր), հայրենասէր եւ իրաւ մտաւորականներու (Զարթօնք, Իրապաշտ եւ Գեղարուեստ սերունդներ), գաղափարական շունչով լիացած քաղաքական գործիչներու (կուսակցութիւններ)` վերահայացաւ, վերարժեւորեց նախնեաց կտակն ու աւանդը եւ նետուեցաւ մարտի դաշտ` գոյութենական պայքարի իր բաժինը բերելու:

Փաստօրէն, աւելի քան 1600 տարիէ հայոց ազգային գոյամարտը կը շարունակէ իր երթը` մե՛րթ տեղատուութեամբ, մե՛րթ յաղթանակներ ապահովելով, թէկուզ եւ շատ անգամ` մեծ ու անդառնալի կորուստներու հաշուոյն:

Կը մնայ, որ այս օրերուն հայոց սփիւռքը, իր բազմաշերտ եւ բազմակողմանի ուղղութեամբ, իր սեփական աչքերն ու կամքը յարէ հայրենի հողին վրայ հանգիստ գտած սրբազան Ուսուցչապետին` Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին, ունկնդիր ըլլայ հոնկէ ցայտող պատգամին` յանուն հայու տեսակի ու հայրենիքի պաշտպանութեան:

Պարզապէս «վարդագոյն» եւ ինքնագոհի ակնոցով  գաղութներ չեն պահուիր, ոչ ալ` նորահաս սերունդի հայեցի դիմագիծն ու կենսունակութիւնը:

 

 

Նախորդը

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Յաջորդը

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?