Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. Վ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Պատրիարքական փոխանորդ Զմմառու Պատրիարքական կղերի
միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու վանքին

«Մարդը պէտք է դատել ո՛չ թէ իր հնչեցուցած խօսքերով, այլ` իր կատարած գործերով»

Ժամանակի փորձութիւնը անցած այս անհերքելի ճշմարտութիւնը իր գործնական կիրարկումը ստացաւ վերջերս Հռոմի սրբազան քահանայապետ` երջանկայիշատակ Ֆրանչեսկոս պապին կողմէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր գործունէութեան եւ այդ ճանապարհին 110 տարի առաջ մարտիրոսացած Մամպտոնի առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի պարագային:

Յետմահու կամ յետնահատակութեան հաճոյախօսութիւն չէ, որ կը շռայլենք Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անմահ յիշատակին, այլ այդ մասին եղած գրաւոր վկայութիւններն են, որ կը խօսին:

Համայնքին եւ իրեն վստահուած հօտին անմնացորդ նուիրումը աննկատ չէր կրնար մնալ իրեն հաւատացած եւ զինք իբրեւ իրեն առաջնորդ կարգած hանրութեան կողմէ: Իսկ ան Տիրոջ խաչափայտը ուսին` մինչեւ վերջ  անխոնջ եւ անտրտունջ տարաւ զայն` իբրեւ Տիրոջ ընտրեալ հովիւ, որ դոյզն իսկ չվարանեցաւ կատարելու ի վերուստ իրեն վերապահուած առաքելութիւնը:

Սրբոյ Մալոյեանին վերաբերող արխիւներու շուրջ ուսումնասիրութիւնները օր ըստ օրէ կը բացայայտեն Մալոյեան սուրբին մարդկային եւ գերմարդկային որակները եւ կ’ապացուցեն, որ քրիստոնէաբարոյ կեանք դաւանած սուրբը երկրային կեանքի մէջ մահկանացուներու կողմէ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ Մարտին քաղաքի հովիւ, ապա` Մամպտոնի արքեպիսկոպոս:

Ստորեւ` կը հրապարակենք Մարտինի սուրբին հանդէպ հօտին եւ կղերին տածած սէրն ու համակրանքը ապացուցող փաստաթուղթը:

7 փետրուար 1911
Մարտին

Գերամեծար վարդապետ, սիրելի հայրենեաց եւ թեմին արդի վիճակին վրայ փոքրիկ տեղեկութիւն ունենալու բաղձանքնուդ վրայ անտարակոյս ենք: Ուստի առ այդ կը փութամ: Հոգեւոր տիրոջ 23 նոյեմբեր 1910-ի թուականաւ կոնդակին հրամանին համեմատ, թեմին կարեւոր, յարմար եւ վայելուչ հովիւ ընտրելու համար պատուական կղերին եւ ժողովրդեան կողմանէ բարի վկայութեան տուչութիւն ձեռնարկուեցաւ ընդ գահիրիութեան Մալոյեան Իգնատիոս ծ. վրդ. պատրիարքական փոխանորդին, առ այդ, կարգեալ է նորին գերերջանկութեան բարձրագոյն հրամանաւ, եւ յունուար 21-ին` շաբաթ օրը, Կղերական եւ Աշխարհական ազգային պատկառելի ժողովներուն ներկայութեամբ բարի վկայութեան համար որոշուած եւ պաշտօնական կնիքներով կնքուած արկղը բացուելով` 647 տոմսակ համրուեցաւ, ապա յետ կարճատեւ աղօթից ըստ օրինի տոմսակները կարդացուելով` 576 ձայն գերյ. Մալոյեան ունեցաւ, ապա Թերզիպաշեան Պետրոս` 127 ձայն, ապա Թասպազեան` 152 ձայն, ապա` Հոլոզեան Սահակ` 143, ապա Քաջունին` 126, ապա Նէոմէ` 120, ապա` Գազանճեան Բարսեղ 95, ապա իւր եղբայրը` 74, ապա Ֆարքոյեան Տէր Յակոբ` 81, ապա հրամանքդ` 48 եւ այլն եւ այլն եւ այլն: Գերյ. Մալոյեանի առաքելութիւնները եւ բարի վկայութիւնները ընդունելով` ամբողջ ստացածը 935 ձայն եղաւ, բարին եւ յաջողութիւնը Աստուծմէ:

Խ. Ծ.
Ա. Վ. Թերզիպաշեան

 

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Յաջորդը

Նէյմար Պատրաստ Է Վերադառնալու Եւրոպա

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?