Հետաքրքրական Հանդիպում Մը
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Այս ամառ Երեւանի մէջ հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցայ անձնաւորութեան մը հետ, որուն մասին թէեւ լսած էի, սակայն անձնապէս առիթը չէի ունեցած հանդիպելու իրեն: Կիրակոս Գույումճեան: Հիմա բոլոր ընթերցողները պիտի ըսեն, հա՜, պարոն Կիրակոսը, քուէյթաբնակ մեծ գործատէր, հայկական ու արաբական մամուլի մէջ յաճախ յօդուածներ ստորագրող, եւ որ ամենասրտամօտն է` իր հաստատած մրցանակը հալէպահայ վարժարաններու աւարտական դասարանի պետական պաքալորէայի քննութեանց...




















