ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 19-ին Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը:
Այս առիթով հետեւեալ հարցազրոյցը կատարուեցաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեանի հետ` սրբադասեալին եւ սրբադասման արարողութեան մասին մանրամասնութիւններ ունենալու համար:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութենէն սկիզբ կ՛առնէ իր վարքը: Ո՞վ է Ան:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- Աւազանի անունով Շուքրալլա Մալոյեան ծնած է 1869-ին, Մարտին, բարեպաշտ ընտանիքի մը յարկին տակ:
Մանկութենէն վատառողջ, միեւնոյն ժամանակ չափազանց բարեպաշտ ըլլալուն` տեղւոյն վիճակաւոր Մելքոն արք. Նազարեան, բացայայտելով երեխային ջերմեռանդութիւնը, ծնողներուն հաւանութեամբ եւ իր բուռն փափաքին ընդառաջելով` զայն կ՛ուղարկէ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանը` մարգարէանալով անոր հետագան:
Վտիտ երեխան քանի մը տարի Զմմառու ցուրտին տոկալէ ետք, հիւանդութիւնը յաղթահարելու եւ ապաքինելու համար 1888-ին կը հարկադրուի վերադառնալու իր ծննդավայրը:
Հ.- 21-ամեայ Մալոյեանի կազմաւորման 2-րդ փուլը Զմմառու ընծայարանի մէջ ինչպէ՞ս հունաւորուած է:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- Մեկնած սուրբին ինքնակենսագրութենէն եւ այլ վաւերագիրներէ` ան 1891-ին ապաքինած կը վերադառնայ դպրեվանք, ուր փայլուն գնահատականներով կ՛աւարտէ իմաստասիրութիւնն ու աստուածաբանութիւնը եւ 1896-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ` ստանալով Իգնատիոս անունը:
Եւ որովհետեւ իր դաստիարակները Մալոյեանի մէջ բացայայտած են մանկավարժական եւ հոգեբանական մօտեցման հմտութիւններ, զինք կը նշանակեն վանաբնակ հայրերու եւ նորընծաներու հոգեւոր հօր պաշտօնին, զոր կը վարէ ամենայն բծախնդրութեամբ:
Այս կ՛ըլլայ սուրբին ապագայ առաքելութեան մեկնարկը:
Հ.- Ինչպիսի՞ առաքելութիւն ծաւալած է:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- 1898-ին կը նշանակուի Եգիպտոսի հոգեւոր հովիւ, հերթաբար Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ միջեւ հեւքի մէջ կ՛ըլլայ: Ան այնտեղ բարի հովիւի վաստակ ձեռք կը ձգէ, այս կը վկայեն վաւերագրերը:
Բծախնդրօրէն հետեւած է եկեղեցւոյ բարեկարգման եւ ծաղկման գործերուն:
Ի տես իր գրագիտութեան` Պոլիս գործուղուելով կը ստանձնէ Պօղոս Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան պատրիարքի քարտուղարի պաշտօնը: Պատրիարքը անոր կը շնորհէ գերյարգելիութեան տիտղոսը:
Ապա դարձեալ Աղեքսանդրիա կը ղրկուի, ուր մինչեւ 1910-ը կը ծառայէ:
1910-ը անկիւնադարձային եւ բախտորոշ կ՛ըլլայ հետագայ սուրբի կեանքի ոդիսականին համար:
Հ.- Մարտինը Մալոյեանի կեանքին սկիզբն ու աւարտը ուրուագծող կեդրոն հանդիսացած է: Ի՞նչ պատահած է այնտեղ:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- 1910-ին օրուան հոգեւոր դասի եւ ժողովուրդի միահամուռ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Մալոյեան կ՛ընտրուի Մարտինի հոգեւոր հովիւ:
Այնտեղ ան ճիգերու գերագոյն լարումով կը լծուի առաջին հերթին մասամբ փլատակ դարձած կաթողիկէ հայոց եկեղեցիները վերանորոգելու աստուածահաճոյ գործին եւ զարկ կու տայ համաքաղաքացիներու արաբախօս տարրին համար մայրենին վերականգնելու ազգանուէր աշխատանքին:
Արդէն ծայր առած եւ հետզհետէ մոլեգնող թրքական հալածանքներէն իր հօտը զերծ պահելու միտումով հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն կը վարէ եւ իբրեւ խաղաղասէր` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-ին շքանշան կը ստանայ:
Այնուամենայնիւ, թրքական իշխանութիւնները զինք կ՛ամբաստանեն առաջնորդարանին մէջ զէնք-զինամթերք պահելու կեղծ մեղադրանքով:
Հ.- Ինչպիսի՞ եղերական վախճան կ՛ունենայ:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.-Մալոյեանի նահատակութիւնը եղերական էր եւ սահմռկեցուցիչ:
Ան գիտակցուած մահուան ընդառաջ գնաց, որովհետեւ կը հաւատար, որ Քրիստոսի համար զոհուիլ` կը նշանակէր սրբութեան հասնիլ, այդպէս ալ եղաւ:
1915 յունիս 10-ին Մալոյեանը եւ իր հօտէն 416 հոգի, նաեւ կղերից դասը իրար շղթայակապ Մարտինէն դուրս կը տարուին: Ճանապարհին զինուորները կալանաւորներէն ոմանց կ՛անջատեն եւ կ՛առաջնորդեն, ապա կը կողոպտեն, ետքը կը սպաննեն:
1915 յունիս 11-ին, յետ բազմաթիւ չարչարանքներու, Մալոյեան Մարտինէն Տիգրանակերտ աքսորի ճամբուն վրայ դէմ յանդիման կը դրուի Մամտուհ պէյի հարցաքննութեան` կապուած եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի մէջ կարծեցեալ թաքնուած զինամթերքի մասին եւ փրկուելու համար կը պահանջէ անկէ ընդունիլ մահմետականութիւնը: Առաջնորդը խստիւ կը մերժէ` ըսելով. «Կ՛անտեսես` ինչ որ ըսի եւ հաստատեցի քեզի, ամբաստանութիւններդ ինծի նկատմամբ անհիմն են, ես երբեք չեմ ուրանար հաւատքս, շտապէ՛ եւ զիս սպաննէ՛ եւ հասցո՛ւր զաւակներուս, որ մասնակից դառնամ իրենց երկնային հարսանիքին»: Մամտուհ պէյ քանի մը վայրկեան կը վարանի եւ դարձեալ կը հարցնէ. «Կ՛ընդունի՞ս մահմետականութիւնը որպէս կրօն»: Գերապայծառը վճռականօրէն կը պատասխանէ. «Զարմանալի է հարցումդ, որովհետեւ կ՛ապրիմ եւ կը մեռնիմ իմ ճշմարիտ հաւատքիս համար եւ Քրիստոսի խաչը իմ հպարտանքս է, Տէրս եւ Աստուածս»:
Այն ատեն զայրացած Մամտուհ պէյ ատրճանակով կը կրակէ Մալոյեանին վրայ:
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան, Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեան կը նահատակուի:
Հ.- Կարելի՞ է մանրամասնել նահատակութենէն առաջ կատարած հրաշքի մասին:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- Մալոյեան` ի տես հօտին հետ կատարուած ողբերգութեան, Մամտուհ պէյին դիմելով` կ՛ըսէ. «Անտարակոյս ես ալ նոյն ճակատագրին պիտի ենթարկուիմ մնացած հաւատացեալներուս հետ: Կը խնդրեմ քեզմէ, արտօնէ ինծի, վերջին անգամուան համար խօսք մը ուղղեմ հօտիս»: Մալոյեանի խնդրանքին կ՛ընդառաջէ:
Երբ Մամտուհ պէյի զինուորները կը հեռանան, առաջնորդը եւ հաւատացեալները թախանձագին կ՛աղօթեն Տիրոջ, որ իրենց օգնէ` նահատակութեան շնորհքը ընդունելու: Ապա Մալոյեան կը սրբագործէ հացը, քահանաները սուրբ մասնիկները կը բաշխեն հաւատացեալներուն:
Այս երկնային արարողութեան ականատես եղող զինուորները կը պատմեն, թէ լոյսի թանձր ամպ մը ծածկեց Քրիստոսի մարտիկներու փաղանգը` զանոնք ամբողջովին թաքցնելով զինուորներուն աչքերէն: Անուշահոտ բուրմունք մը տարածուեցաւ բոլորին վրայ: Ամէնքը հիացան տեսնելով հրճուանքի, ուրախութեան եւ խաղաղութեան նշանները` նահատակութեան պատրաստ այս մարդոց դէմքերուն վրայ:
Արարողութեան աւարտին Մալոյեան Մամտուհ պէյին կ՛ըսէ. «Վերջին պարտականութիւնս կատարեցի, այժմ ըրէ՛ ինծի այն, ինչ որ կ՛ուզես»:
Հ.- Սրբադասման գործընթացը ինչպէ՞ս կայացաւ:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.– Շնորհիւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան հայրերուն եւ հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերու ժրաջան աշխատանքներուն` 7 հոկտեմբեր 2001-ին երջանկայիշատակ սուրբ քահանայապետ` Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան Իգնատիոս Մալոյեանին հռչակեց երանելի, որ սրբադասման հասնելու առաջին փուլն է:
Իսկ յոբելենական 2025 տարին արգասաբեր եղաւ, որովհետեւ 28 մարտ 2025-ին երանելի Մալոյեանի սրբադասման հրամանագիրը ստորագրեց երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս պապը:
Բերկրանքը կրկնապատկուեցաւ, երբ 13 յունիս 2025-ի կարտինալներու ժողովին սրբազան քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. 19 հոկտեմբեր 2025-ը հռչակեց Մալոյեանի սրբադասման օր:
Հ.- Իսկ սրբադասման արարողութեան համար ի՞նչ ծրագիրներ նախատեսած էք:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- Հոկտեմբերի 19-ին Վատիկանի մէջ սրբազան քահանայապետ Լեւոն ԺԴ.-ի նախագահութեամբ պիտի մատուցուի լատինածէս սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին եօթը նոր սուրբերու պատկերները պիտի շողան Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ, կեդրոնը` հայազգի Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի անմահական նկարը:
Այս աննախադէպ եւ պատմական արարողութեան յաջորդ օրը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայրապետը գոհաբանական պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ` յերախտագիտութիւն, որ հայերուս արժանի ըրաւ այսպիսի մեծ իրողութեան մը, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը ունեցաւ միջազգային սուրբերու փաղանգին մէջ ընդգրկուած բարեխօս մը:
Ի միջի այլոց, հոկտեմբեր 19-ին, երբ Զմմառու մայրավանքի Սուրբ Իգնատիոս ամփիթատրոնին մէջ վանքի վարչական հայրերը եւս պատարագ պիտի մատուցեն եւ ամփիթատրոնին մէջ տեղադրուած մեծ պաստառի վրայ ուղիղ կապով պիտի սփռեն Հռոմի սրբադասման արարողութիւնը:
Հ.- Ինչպիսի՞ զգացում է միաբանակից սուրբ ունենալը:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- Հոգեկան սլացք եւ աննկարագրելի ապրումներ:
Հ.- Եզակի այս երեւոյթը` ինչպիսի՞ ներդրում պիտի ունենայ:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.-Բնականաբար միաբանութիւնս իր ոսկեդարը պիտի ապրի:
Այն մեծ ներդրում է Հայ դատի հանգանակին մէջ, զոր պէտք է կեանքի կոչել այդ շրջանակներուն մէջ:
Հ.- Մայրիներու երկրին մէջ թրծուիլը` նպաստե՞ց Սուրբին:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- Անշուշտ, սուրբերով օժտուած այս երկիրը կոփեց անոր նկարագիրը` վեհ եւ վսեմ սկզբունքներով եւ դարձուց Սուրբ:
Հ.- Մալոյեանի Սրբադասումէն ետք, ինչպիսի՞ միջոցառումներ պիտի կազմակերպէք:
ՄԱՇՏՈՑ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ.- 15 նոյեմբերին Հարիսայի «Տիրամայր Լիբանանի» նուիրուած տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի, պետական բարձրաստիճան աւագանու, Պապական նուիրակի, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն, ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն եւ այլ մեծամեծերու ներկայութեամբ հայածէս ս. պատարագ պիտի մատուցենք:
Զմմառ
————-
Երանելի – Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան
-15 ապրիլ 1869 – Ծնունդ` Մարտին քաղաքին մէջ
-20 ապրիլ 1869 – Մկրտութիւն եւ դրոշմ
-1883-1888 – Աշակերտ` Զմմառու տիրամօր դպրեվանքին
-1888-1891 – Վերադարձ` Մարտին, հիւանդութեան պատճառով
-1891-1896 – Կրկին Զմմառ` իբրեւ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան ուսանող
– 6 օգոստոս 1896 – Քահանայական ձեռնադրութիւն
-1898-1904 – Առաջնորդ` Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմին (Աղեքսանդրիա եւ Գահիրէ)
-1904-1905 – Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան քարտուղար` Կոստանդնուպոլիս
-23 սեպտեմբեր 1910 – Պաշտօնավարութիւն Մարտին, իբրեւ օգնական Կիւլեան ծերունի եպիսկոպոսին
-22 հոկտեմբեր 1911- Եպիսկոպոսական օծում Հռոմի մէջ, իբրեւ առաջնորդ եպիսկոպոս Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Թեմին, ձեռամբ Պօղոս Պետրոս ԺԳ. կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարքին
-1912 – Վերադարձ` Մարտին, յանձն առնելով Մարտինի թեմին հովուական առաքելութիւնը
-1 օգոստոս 1914- Համաշխարհային Ա. պատերազմը եւ Մալոյեան գերապայծառը կը գործէ ի սպաս թշուառներու
-1915 – Մալոյեան արքեպիսկոպոսը կը պարգեւատրուի Օսմանեան բարձրաստիճան շքանշանով
-30 ապրիլ 1915 – Խուզարկում Մարտինի եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի. Մալոյեան գերապայծառին նամակները, փաստաթուղթերը եւ արխիւները կը գրաւուին
-1 մայիս 1915 – Մալոյեան արք. կը համախմբէ քահանաները ու անոնց կը հաղորդէ իր հոգեւոր կտակը
-3 յունիս 1915 – Առաջնորդ եպիսկոպոսը եւ համայնքին ազնուականները կը ձերբակալուին
-4 յունիս 1915 – Հայ կաթողիկէ ժողովուրդը եւս կը ձերբակալուի եւ հարցաքննութիւններու ու չարչարանքներու կ’ենթարկուի
-11 յունիս 1915 – Տեղահանուածներուն առաջին կարաւանին մէջ էր Մալոյեան արք., իր 417 հաւատացեալներով, որոնցմէ` 16 վարդապետ: Սրբագործում հացին եւ բաշխում ժողովուրդին: Ընկերներուն սպանութիւնը: Մալոյեան առաջնորդը կը մերժէ մահմետական դառնալ եւ կը նահատակուի Սիրտ Յիսուսի տօնին:
– 7 հոկտեմբեր 2001- Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը նահատակ Մալոյեանը երանելի կը հռչակէ:
– 19 հոկտեմբեր 2025 – Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ` Լեւոն 14-րդ Սրբազան քահանայապետին գլխաւորութեամբ սրբադասում: