ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Գահիրէի մէջ 2000 թուականին արաբական 5 երկիրներու առաջին տիկիններ յղացան գաղափարը` կազմելու մարմին մը, որ պիտի զբաղի կնոջական հարցերու վերաբերեալ հետազօտութիւններ կատարելով եւ կնոջ ուժականութեան նեցուկ կանգնելով: Այս գաղափարը ինքնին նշուած է Արաբական լիկայի հրապարակած Գահիրէի յայտարարութեան մէջ, ուր բառացիօրէն նշուած է, որ` «Արաբական երկիրներու մէջ կիները պէտք է համախմբուին, եւ անոնց իրաւունքներ պէտք է տրուին, որպէսզի անոնք ժամանակի ընթացքին հզօրանան»:
Այս հինգ առաջին տիկիններն էին` Եգիպտոսի Առաջին տիկին Սիւզան Մուպարաք, Սուրիոյ Առաջին տիկին Ասմա Ասատ, Լիբանանի Առաջին տիկին Անտրէ Լահուտ, Յորդանանի թագուհի Ռանիա եւ Պահրէյնի շէյխին կինը` շէյխա Սապիքա:
Համաձայնագիրը ի զօրու դարձաւ 2003 մարտին, եւ սկիզբը արաբական 7 երկիրներ իրենց մասնակցութիւնը բերին, իսկ ներկայիս 15 արաբական երկիրներ մաս կը կազմեն` իւրաքանչիւրը տարեկան իր ցենզը վճարելով: Միշտ յոյսով են, որ մօտիկ ապագային արաբական 22 երկիրներ պիտի միանան կազմակերպութեան:
Ներկայիս այս մարմինը կը գործէ գործադիր խորհուրդով մը, որուն մաս կը կազմեն իւրաքանչիւր երկրի կառավարութեան կողմէ նշանակուած կին մը: Ներկայիս Լիբանանի ներկայացուցչութիւնը ստանձնած է նախկին նախարար եւ Լիբանանի կնոջական մարմինի անդամ Ուաֆա Տիքա Համզա, իսկ կազմակերպութիւնը կը գործէ վարչամեքենայով մը, որուն անձնակազմի եւ պաշտօնէութեան գլուխը` ատենապետութիւնը ստանձնած է տոքթ. Ֆատիա Քիուան` Լիբանանէն, քառամեայ դրութեամբ: Ան մօտէն կը հետեւի բոլոր երկիրներու միջեւ կազմակերպական եւ օրէնսդրական գործունէութեան համադրումի աշխատանքին:
Կազմակերպութեան նպատակները հետեւեալներն են.
1.- Արաբ կնոջ իրավիճակը զարգացնել, բարեփոխել եւ ուժականութիւն հաղորդել, որպէսզի ան կերտէ առողջ ընտանիք ու շրջանակ, այսինքն նաեւ` առողջ ժողովուրդ:
2.- Կնոջ զարթօնքի եւ արթնութեան ծրագիրներ մշակել տարբեր ասպարէզներու մէջ` առողջապահական, ուսումնական, տնտեսական, կենսոլորտի պահպանման եւ օրէնսդրական որոշումները բարեփոխել` ի նպաստ կնոջ:
3.- Յարաբերութիւններ մշակել արաբական կամ օտար զանազան երկիրներու հետ, կատարել մասնագէտներու փոխանակում` մեկնելով երկիրներու պահանջներէն` երկրագործական, տնտեսական թէ ընկերային:
Կ՛ուզեմ ընթերցողներուն հետ բաժնեկցիլ իւրայատուկ տեղեկութիւն մը: Երբ այդ կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցանք` իբրեւ լիբանանեան պատուիրակութիւն, տարբեր հմայք մը գրաւեց զիս: Կեդրոնը, որ երկյարկանի հին տուն մըն էր, վերակառուցուած էր ու կը ծառայէր իբրեւ կազմակերպութեան գրասենեակ: Անիկա նուէր էր տիկին Սիւզան Մուպարաքին կողմէ, որ այդ բնակարանը վարձած էր Գահիրէի հայոց թեմի առաջնորդարանէն` նկատի ունենալով, որ անիկա պատկանած է հայ ընտանիքի մը, որ Քանատա գաղթելէ առաջ կառոյցը նուիրած է Ազգային առաջնորդարանին` իբրեւ թեմի կալուած օգտուելու անոր հասոյթէն:
Ներկայիս այս կազմակերպութեան գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է արաբ կնոջ ապահովութիւնը, նաեւ` հայ կնոջ ապահովութիւնը արաբական երկիրներուն մէջ: Պատերազմի այս դաժան օրերուն, որ կ՛ապրի ժողովուրդը Պաղեստինի, Կազայի, Լիբանանի հարաւի, Սուրիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ, կնոջ ապահովութիւնը կը նկատուի մարդկային ապահովութենէ բխած ազգային ապահովութեան մէկ մասը: Թէեւ անցեալին կնոջ ապահովութեան իմաստը կապուած է արնական կարգապահութեան, սակայն ներկայիս պատերազմներէ բխած անապահովութեան զուգահեռ, դարձեալ կ՛աճին` հիւանդութիւնները, երիտասարդներու կողմէ թմրեցուցիչի գործածութիւնը, կնոջ նկատմամբ բռնութիւնը եւ բռնաբարութիւնը: Այս բոլորը եթէ չուսումնասիրուին, մարդկային եւ յատկապէս կնոջ ինքնութիւնը կը տկարանայ, եւ անձնական նախընտրութիւնները կը փոխուին:
Այս մտահոգութիւններէն բխած ալ կազմակերպութիւնը համագումարներ եւ հետազօտութիւններ կը կատարէ` օրուան ճգնաժամային մտահոգութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն համաձայն: Այս խորհրդաժողովները կը կատարուին հերթաբար արաբական բոլոր երկիրներուն մէջ, միշտ` Արաբական լիկային հովանաւորութեամբ:
Կազմակերպութիւնը նաեւ կը հրատարակէ գիրքեր` կիներուն գիտելիքներ փոխանցելու նպատակով: Վերջին հրատարակութիւններէն է ուղեցոյց մը, որ կը կրէ «Convention on the elimination of all forms of discrimination against women» խորագիրը, եւ որուն պատրաստութեան մէջ ես ալ ներդրում ունեցայ` իբրեւ լիբանանցի մասնագէտ:
Պէտք է ըսել, որ այս ուղեցոյցը մեծ յաջողութիւն մըն էր կազմակերպութեան համար` տրուած ըլլալով, որ բոլոր երկիրները իրենց քառամեայ տեղեկագիրը կը ներկայացնեն ՄԱԿ-ի այս յանձնախումբին` CEDAW JURY: Յիշենք, որ ՄԱԿ-ը որդեգրած է այս համաձայնագիրը, որ կը բաղկանայ 30 յօդուածներէ, ուր մանրամասնօրէն կը բացատրուի կնոջ իրաւունքներուն եւ խտրականութեան չէզոքացման մասին: Անոնց որդեգրումով կարելի է կիներուն եւ այրերուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատել մինչեւ 2030 թուական:
Արաբ կիներու համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը գործէ ամէն տեղ եւ կապեր հաստատած է աշխարհի կառավարական եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ, իր աշխատանքով ու ջանքով կը միտի պաշտպանել կիներուն իրաւունքները` իրականացնելով ծրագիրներ, ի յայտ բերելով կիներուն արժանիքները, ամրապնդելով անոնց իրաւունքները եւ անոնց նկատմամբ ամէն տեսակի խտրականութիւն չէզոքացնելով: Շեշտենք նաեւ, որ ան կը ջանայ կնոջ ներկայութիւնը եւ թիւը աւելցնել բոլոր երկիրներու քաղաքական մարմիններուն մէջ, ուր կինը կրնայ իր յաջող ներդրումը ունենալ, ինչպէս` խորհրդարաններուն եւ պետական տարբեր կառոյցներու մէջ: