«Ֆրանս Թէլէվիզիոն»-ի հանրածանօթ լրագրող Ակնէս Վահրամեան , այցելած է Փարիզի «Դպրոցասէր» վարժարան եւ հանդիպած տնօրէնութեան, ուսուցչական անձնակազմին եւ աշակերտութեան հետ։
Հանրածանօթ լրագրողը իր փորձառութիւնը բաժնած է «Դպրոցասէր»-ի ընտանիքին հետ։ Այցելութեան նպատակը եղած է նաեւ ծանօթանալ դպրոցի արխիւին։ «Դպրոցասէր»-ի աշակերտ եղած է հանրածանօթ լրագրողին մեծ մայրը։