ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հոկտեմբեր ամիսը` հայ մշակոյթի ամիսը, պէտք է դառնայ լոյսի եւ հոգեւոր հարստութեան տօն: Ան պէտք է համախմբէ մեր միտքն ու զգացումը` գեղարուեստի, գրականութեան, երաժշտութեան եւ թատրոնի շուրջ: Բայց ի՞նչ կը տեսնենք այսօր… Դատարկ աթոռներ` անշարժ վկաներ մեր անտարբերութեան:
Շաբաթ երեկոյեան Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը նոր հնչեղութիւն տուաւ հայ բեմին` բեմադրելով խորիմաստ եւ գեղարուեստական ճաշակով կերտուած ներկայացում մը` «Մարդը Աթլանթիսէն»: Ներկայացման հեղինակը` թատրոնի երախտաւոր Վաչէ Ատրունին, իր գործով կրկին անգամ հաստատեց, որ հայ թատրոնը կրնայ ըլլալ եւ մնալ մտքի, խղճի ու հոգիի բեմ:
Բեմադրութիւնը` վաստակաւոր բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի ղեկավարութեամբ, վկայեց լուրջ մասնագիտական պատրաստութիւն մը, նուիրում եւ նուրբ հաւասարակշռութիւն` մտքի ու զգացմունքի միջեւ: Թատերախումբին անդամները, ոչ արհեստավարժ դերասաններ ըլլալով հանդերձ, փայլեցան իրենց կատարողութեամբ, պարզութեամբ ու անկեղծութեամբ: Ամէն շարժում, ամէն դէմքի արտայայտութիւն կը խօսէր նուիրումի ու հաւատքի լեզուով:
Ամէն ինչ մտածուած էր` ձայնէն մինչեւ լուսաւորութիւն: Լոյսը` ճշգրիտ եւ խորհրդանշական, կատարումը` մաքուր եւ անխոցելի հայերէնով հնչող, իսկ ձեւաւորումը` ճաշակով եւ չափաւոր լաւատեսութեամբ կերտուած:
Դերակատարները չխաղացին միայն բեմի վրայ, այլ ապրեցան իրենց դերերը, ապրեցան հայ մշակոյթի հոգին: Երեկոն իսկապէս վկայեց, որ մեր ժողովուրդը տակաւին ունէր եւ ունի ստեղծելու եւ վերածնելու ուժականութիւն:
Բայց, աւա՜ղ, մէկ բան կը բացակայէր այդ գեղեցիկ երեկոյին. հանդիսատեսը:
Դահլիճին մէջ ատեն-ատեն աւելի բազմազան էին աթոռները, քան` մարդոց դէմքերը: Դատարկ աթոռները կը գոչէին` լուռ եւ ամօթալի վկայութեամբ: Ո՞ւր էին համայնքի մշակութասէրները, ո՞ւր էին անոնք, որոնք կը պարծենան «մշակութային ժառանգութեամբ»: Կարելի՞ է, որ այսպիսի բարձրորակ բեմադրութիւն մը անցնի գրեթէ աննկատ, երբ իւրաքանչիւր ներկայացում նման է աղօթքի, որուն մէջ հայ լեզուն կը վերածուի պատարագի:
Թատրոնը հայ մարդու հոգեւոր կերպարին հայելին է: Երբ մենք կը լքենք թատրոնը, կը լքենք նաեւ` մեր լեզուն, մեր երազը, մեր հոգեւոր շունչը: Մշակոյթը չի ծաղկիր անտարբերութեան մէջ: Թատրոնը կը պահանջէ` ներկայութիւն, խնամք եւ գնահատանք:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը տարիներ շարունակ իր համեստ, բայց հարուստ աշխատանքով կը պաշտպանէ հայ բեմին պատիւը: Անհրաժեշտ է քաջալերել, խնամել նման խումբեր: Թատրոնը չի պահպանուիր միայն հովանաւորներով, այլ` հանդիսատեսով, որուն միջոցով ան կը շնչէ եւ կը գոյատեւէ:
Մշակոյթի ամիսը թող չանցնի լուռ:
Լեցնենք պարապ աթոռները ոչ թէ մարմիններով, այլ` հոգիներով:
Գնահատենք նուիրեալները, որոնք լոյս կը բերեն մեր բեմերուն եւ հայերէնը կը հնչեցնեն` իբրեւ երգ, աղօթք եւ հոգի:
Թատրոնը մեզ կը սպասէ` իբրեւ սրբատեղի:
Եթէ իսկապէս կը հաւատանք մեր մշակոյթին անմահութեան, պարտինք կենալ անոր կողքին` ո՛չ լռութեամբ, այլ` ներկայութեամբ: