Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

October 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուած են էջեր, որոնք չեն պատկանիր միայն անցեալին, այլ կենդանի վկայութիւն կը մնան` մեր հաւատքին, մեր կամքին եւ մեր ինքնութեան անսասան ոգիին: Այդ ոգեկոչող էջերէն մէկը կը հանդիսանայ Հաճնոյ ութամսեայ հերոսամարտը:

Ֆրանսական իշխանութիւններուն Կիլիկիան քեմալական Թուրքիոյ յանձնելէ անմիջապէս ետք բռնութեան եւ մահուան դաշտերու վերածուեցան Կիլիկիոյ հովիտները: Յուսախաբ հայը ըմբոստացաւ բռնութեան եւ անիրաւութեան դէմ: Ինքնապաշտպանութեան շարժումները, որոնք սկիզբ առին Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ, մարմնաւորեցին հայ ժողովուրդին անպարտելի կամքը:

Մահուան ստուերը տարածուեցաւ Կիլիկիոյ հայկական լեռնաշխարհի ու հովիտներուն վրայ: Քեմալական իշխանութիւնները Ցեղասպանութիւնը շարունակելով` իրենց սեւ ձեռքը ուղղեցին Հաճնոյ հայերուն վրայ: Քաղաքին բնակիչները մերժեցին անձնատուր դառնալ: Անոնք համախմբուեցան եւ զէնք բարձրացուցին` ի պաշտպանութիւն իրենց կեանքին, ընտանիքին եւ սրբազան հողին:

Հաճըն դարձաւ ճակատամարտի բեմ:

Հաճնոյ հերոսամարտը միայն ինքնապաշտպանական ճակատամարտ չէր: Ան եղաւ վկայութիւն մը, որ հայ ժողովուրդը պատրաստ էր իր կեանքը զոհել, միայն թէ պահէր իր հողը եւ արժանապատուութիւնը: Մայրերու արցունքով, զաւակներու զոհողութեամբ եւ հերոսներու քաջութեամբ կը գրուէր նոր էջ մը, ուր հաճընցին կը պաշտպանէր իր ծննդավայրին մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքը:

Ութ ամիս շարունակ հաճընցիները դիմադրեցին թրքական զօրագունդերուն ու քրտական զինուած ամբոխներուն: Քաղաքը վերածուեցաւ ամրոցի, ամէն փողոց, ամէն տուն դարձաւ պաշտպանական դիրք: Հայրը, մայրը, երիտասարդը, քոյրը` բոլորը դարձան կամաւոր: Անոնց սրտի զարկերուն մէջ կը բաբախէր ազատ ապրելու վճռակամութիւնը: Հաճնոյ ինքնապաշտպանութիւնը դարձաւ ազգային ոգիի հարազատ դրսեւորում` յիշեցնելով Վարդանանց հերոսամարտը, Զէյթունի եւ Վանի ինքնապաշտպանութիւնները:

Թշնամին, բազում անգամներ գերազանց ուժերով փորձեց ճեղքել պաշտպանութեան օղակները, բայց հանդիպեցաւ հաճընցիներուն հերոսական դիմադրութեան: Այդ ութ ամիսները դարձան անմահութեան օրեր, ուր հաճընցին ապացուցեց, որ արժանապատուութիւնը եւ ազատութեան իղձը աւելի վեհ են, քան` վախը:

Հաճընը մոխիր դարձաւ, բայց անոր խիզախումը մեր պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ իբրեւ հայրենասիրութեան ու կամքի անյաղթելի դրսեւորում:

Այսօր, երբ կը յիշենք Հաճնոյ եղերական հերոսամարտը, չենք կրնար կեդրոնանալ միայն ողբերգութեան վրայ: Մենք կը յիշենք արծուաբոյնի աննահանջ ոգին: Անոր բնակիչները իրենց ամենաթանկը զոհեցին եւ պատուով նահատակուեցան: Հաճնոյ հերոսները մեզի սորվեցուցին մինչեւ վերջին շունչը պաշտպանել մեր սրբութիւնները:

Հաճնոյ ինքնապաշտպանութիւնը մեր պատմութեան էջերուն մէջ յաւերժացաւ իբրեւ հայրենասիրութեան, կամքի եւ հերոսութեան դրսեւորում:

Անոնք, որոնք իրենց մատաղ կեանքը ընծայեցին Հաճընին, լուռ պատգամ մը թողուցին` հայրենասիրութիւնը չի չափուիր միայն խօսքով, այլ` արեան գնով:

Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը լոկ քաղաքական կամ զինեալ դրսեւորում չէր, այլ` արժանապատուութեան եւ գոյատեւումի ճիչ: Հայը դարերու ընթացքին իրաւազրկուած էր օրէնքի առջեւ: Իր հողին տէրը չէր, իր տունը ապահով չէր: Թուրքը եւ քիւրտը կ՛անտեսէին ու կը խլէին հայուն իրաւունքները, անվերջ եւ անարդար տուրքեր կը սահմանէին: Բռնութիւն, առեւանգում, սպանութիւն ու տեղահանութիւն: Հայը մնացած էր անպաշտպան: Հայուն ընդվզումը արդար էր եւ` պատմական անհրաժեշտութիւն:

Այսօր, երբ կը տառապինք նոր մարտահրաւէրներու առջեւ, եւ հայրենի հողերու կորուստը կը ճնշէ մեր ներաշխարհին վրայ, անհրաժեշտ է, աւելի քան երբեք, վերարժեւորել Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանութեան էջերը: Ազատութիւնը պարգեւ չէ, այլ` յարատեւ պայքար: Անկախ պետութիւն ունենալ` կը նշանակէ զայն պաշտպանել զոհողութեամբ ու նուիրումով:

Այսօր, երբ կը թղթատենք մեր պատմութիւնը, յստակ կ՛երեւի, թէ հայ ժողովուրդին ընդվզումը պատմական անհրաժեշտութեան հետեւանք էր: Ան ծնունդ առաւ այն հողին վրայ, ուր դարեր շարունակ գոյատեւած է` պահելով մշակոյթը, հաւատքը եւ յիշողութիւնը: Ազատագրական պայքարը հայուն կենդանի պատմութիւնն է. նոյնիսկ ամենածանր պայմաններու մէջ կարելի է յառնել, ոտքի ելլել եւ պահանջել արդարութիւն:

Հաճընը սրբավայր մը դարձաւ, ուր բուռ մը հայեր բոցեղէն հոգիներով դիմադրեցին կայսրութեան ահռելի ուժերուն:

Տրամադրութեանս տակ ունիմ Հաճնոյ պաշարումի օրերուն Ինքնապաշտպանութեան խորհրդի անդամ եւ ինքնապաշտպանութեան Բ. վաշտի հրամանատար, կնքահօրս` Մեսրոպ Շխրտըմեանի փոստային բացիկը: Ան կը գրէ հարազատի մը. «1920 փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Հաճընի ինքնապաշտպանութեան արեւելեան դիրքերու հրամանատարութեամբ Կէօյնիւկի եւ Ղորճուղազի ձիւնապատ լեռնաշղթաներուն մէջ, թշնամիի յառաջխաղացումի դէմ գտնուած տարազովս ներկայացող սոյն նկարը կը նուիրեմ ի յիշատակ հայրենիքի անմոռացութեան»:

Հաճնոյ պաշարուած ամիսներուն գրուած այդ տողերը կը փոխանցեն անմահ պատգամ մը ` «ի յիշատակ հայրենիքի անմոռացութեան»: Հաճընցին իր ձեռքով կը գրէր ոչ թէ վախի խօսք, այլ` յիշողութեան ու յաւիտենութեան ուխտ: Մահուան ճամբորդ մարտիկի ոգիէն ծնած սրբազան ուխտ:

Հաճնոյ հերոսամարտը այս իմաստով ոչ միայն եղերապատում մըն է, այլ` պատգամ. ամէն բան կարելի է կորսնցնել, բայց` պահել այն մէկը, որ բոլորէն աւելի կարեւորն է` հայրենիքի անմոռացութեան յիշատակը:

Ազատագրական պայքարի պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ հայուն արժանապատուութիւնը երբեք չի թաղուիր: Արդարութեան ձայնը միշտ ալ կը հասնի դարերուն խորքէն մինչեւ ներկան: Հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է այսօր ալ շարունակել պահել այդ ոգին` գիտակցելով, որ առանց պայքարի եւ յամառութեան` ոչ մէկ իրաւունք կը շնորհուի մեզի:

Մեր հերոսական էջերէն կարեւոր թուականներու յիշատակումը չի նշանակեր խարխափել անցեալի մէջ: Անոնք յարատեւ պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ, սնուցանեն մեր մտածողութիւնը, մեր գործողութիւնները:

Ազատագրական պայքարի էջերը անկարելի է լուսանցքայնացնել մեր առօրեայէն: Անոնք, որոնք կ՛անարգեն մեր անլռելի յիշատակարանները, կը մոռնան, որ առանց արմատներու` ծառ մը չի ծաղկիր: Մեր ժողովուրդը այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտութիւնը ունի` ոգեկոչելու անցեալի փառապանծ էջերը, պահպանելու նախորդներէն կտակած ոգին: Առանց անցեալի` ներկան կը դառնայ փխրուն, իսկ ապագան` անորոշ:

Փա՛ռք Հաճնոյ առիւծներուն: Հաճըն ինկաւ, Հաճընը կ՛ապրի:

Կը խոնարհիմ ողբերգական դիւցազնամարտի բոլոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ: Խունկ եւ աղօթք` ազատագրական պայքարի մեր բոլոր նահատակներուն:

 

 

 

Նախորդը

Ժեներալը…

Յաջորդը

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.