Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն` 15-25 հոկտեմբեր, Հայ օգնութեան միութիւնը` ՀՕՄ-ը, իր 115-րդ տարեդարձը մեծ շուքով կը տօնէ Երեւանի մէջ: Ասկէ 115 տարիներ առաջ` 1910-ին, հիմը դրուեցաւ սփիւռքահայ ամէնէն ծաւալուն կազմակերպութիւններէն մէկուն` Հայ օգնութեան միութեան: Ան անցեալի մէջ քանի մը անուններով ճանչցուած է: Իր ծննդեան անունը եղած է «ՀՅԴ Կարմիր խաչ», որուն հիմնադիր ըլլալու պատիւը կը պատկանի 20-րդ դարու սկզբնական տարիներուն հանրածանօթ դաշնակցական գործիչ Խաչատուր Մալումեանի, որ ծանօթ է նաեւ Է. Ակնունի անունով: Ակնունի յատուկ առաքելութեամբ Ամերիկա եկաւ եւ երկար շրջապտոյտէ մը եւ բազմաթիւ հանրային ելոյթներ տալէ ետք, Նիւ Եորք քաղաքի մէջ հիմնադրեց «ՀՅԴ Կարմիր խաչ»-ը: Շուրջ տասնամեակ մը յետոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ արդէն հիմնուած էր պետական Կարմիր խաչը, կազմակերպութեան Բ. Պատգամաւորական ժողովը որոշեց կապուիլ Հայաստանի Կարմիր խաչին եւ կոչուիլ «Դստերք Հայաստանի»: Ապա շրջան մը ան կոչուեցաւ «Հայ կարմիր խաչ»: Իսկ 1946-ին «Հայ կարմիր խաչ» անունը փոխուեցաւ, եւ այնուհետեւ այս կազմակերպութիւնը կոչուեցաւ «Հայ օգնութեան միութիւն»: Ներկայիս ՀՕՄ-ը ունի բազմահարիւր մեծ եւ փոքր մասնաճիւղեր` 23 տարբեր երկիրներու մէջ:

ՀՕՄ-ը մարդասիրական եւ հայանուէր կազմակերպութիւն մըն է, որուն գլխաւոր նպատակն է ազգապահպանում կամ հայապահպանում: Նուիրեալ անդամներէ բաղկացած այս միութիւնը իր ամբողջական օժանդակութիւնը բերած է եւ կը շարունակէ բերել բազմաթիւ միջոցներով: Անցնող տասնամեակներուն ան իր օգնութիւնը հասցուցած է` հայ որբին եւ այրիին, հիւանդին ու չքաւորին, ուսանողին ու դպրոցին, զինուորին ու տարագիրին: Այս առաջադրութեամբ, սփիւռքի բոլոր հայաշատ գաղթօճախներու մէջ ՀՕՄ-ը հիմնեց` ընկերային ու առողջապահական կեդրոններ, մանկամսուրներ եւ վարժարաններ, պատսպարաններ, տարեցներու յատուկ հաստատութիւններ, հայկական ձեռարուեստի կեդրոններ: Ան մշակեց ազգապահպանման յատուկ ծրագիրներ` հայ սերունդներու ազգային դիմագիծը պահպանելու ի խնդիր: Ան սատարեց` ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներու հիմնադրութեան, հայ ուսուցիչներ պատրաստելու, ամառնային ճամբարներ հիմնելու, կրթական եւ մշակութային հիմնադրամներ հաստատելու նուիրական աշխատանքին:

Ժամանակներու հետ յարմարող եւ ճնշող կարիքներու գիտակից` այս միութեան մտասեւեռումը եղած է հայը հայ պահել` ֆիզիքապէս, մտովին եւ հոգեպէս: Այսպէս, 1910-1920 առաջին տասնամեակին ան իր նիւթաբարոյական աշխատանքը յատկացուց` հայ որբերուն, գաղթականներուն եւ հիւանդներուն: Հաստատեց դասընթացքներ տուներու մէջ` անգրագէտ հայ կիներու համար, օգնեց Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած իր սովամահ հայրենակիցներուն եւ հոգաց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընկերային պէտքերուն:

1920-1930-ի տասնամեակին ՀՕՄ-ը գաղութէ գաղութ կապեր հաստատեց, Եւրոպայի ցամաքամասին եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ նոր մասնաճիւղեր կազմակերպեց եւ հայ գաղթականներուն օգնութեան ձեռք երկարեց, հայ տարագիրներ Պոլսէն եւ Միջագետքէն Հայաստան փոխադրելու համար դրամարշաւ կազմակերպեց, Զանգեզուրի երկրաշարժի աղէտեալներուն համար նիւթական օգնութիւն հասցուց, ամերիկահայ նոր սերունդները հայութեան կապելու համար հիմնեց սան-սանուհիներու եւ արծուիկներու խումբեր` հայապահպանման նպատակին համար:

1930-1950-ի միջեւ տարածուող երկու տասնամեակները ՀՕՄ-ին առջեւ բացին նոր մարտահրաւէրներ, որոնցմէ գլխաւորներն էին` հաւաքել որբ-որբուհիները թուրքերու, քիւրտերու եւ արաբներու տուներէն, պատսպարել եւ հայացնել զանոնք, հիմնել մանկապարտէզներ, դպրոցներ եւ ճեմարաններ, միանգամայն նաեւ խնամել բազմաթիւ հիւանդներ, գործ ճարել, սնունդ եւ բնակարան հայթայթել անգործ չքաւորներուն: Այս առաջադրութիւններով ՀՕՄ-ը գործի լծուեցաւ իր օգնութիւնը հասցնելու` դրամով, հագուստեղէններով, դեղորայքով, գրենական պիտոյքներով, հոն, ուր կարիքը կար: Արհեստանոցներ, դարմանատուներ եւ սնունդի կայաններ բացաւ Յունաստանի ու Սուրիոյ մէջ, ուր Ցեղասպանութենէն վերապրողներ ապաստան գտած էին: Ասոնց կողքին, միութիւնը լծուեցաւ կրթական եւ մշակութային գործի:

Ամերիկայի հայաշատ քաղաքներու մէջ միօրեայ դպրոցներ բացաւ ամերիկածին հայ նոր սերունդներուն հայոց լեզու եւ Հայոց պատմութիւն սորվեցնելու նպատակով: Բաց աստի, ՀՕՄ-ը նաեւ բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ եղաւ` Պէյրութի Նշան Փալանճեան, Հալէպի Քարէն Եփփէ եւ Սոֆիայի Մեսրոպեան Ճեմարաններուն: Իսկ Բ. Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին դարձեալ լծուեցաւ պատերազմի պատճառով աղէտեալներուն օգնելու գործին: Այդ ժամանակամիջոցին միութիւնը հաստատեց կարգ մը մնայուն ձեռնարկներ, ինչպէս` «Հայ օգնութեան միութեան օր»-ը, «Պնակ մը կերակուրի օր»-ը եւ «Ծոմապահութեան օր»-ը, որոնք հասութաբեր միջոցներ եղան միութեան այլեւայլ գործունէութիւններուն համար: Այս շրջանին նաեւ (1939) ՀՕՄ-ը սկսաւ հրատարակել իր եռամսեայ օրկան «Հայ Սիրտ»-ը, որուն նպատակն է եղած պատրաստել գիտակից հայ մայրեր, զարկ տալ նոր սերունդի դաստիարակութեան, առողջ պահել հայ ընտանիքը եւ մղել հայ կինը հաւաքական աշխատանքի:

ՀՕՄ-ի 1950-1975-ի քառորդ դարու շրջանը կը յատկանշուի կրթական-մշակութային մտասեւեռումով: Այս շրջանին ան հիմնեց երեկոյեան դասընթացքներ` տարբեր վայրերու մէջ, հաստատեց` կրթաթոշակներ, ամառնային ճամբարներ, ամառնային հայագիտական դասընթացքներ, հիմնեց մշակութային հիմնադրամներ` օժանդակելու համար կարօտ հայ մտաւորականներու, գրագէտներու, ուսուցիչներու եւ արուեստագէտներու: Նաեւ այս ժամանակաշրջանին ՀՕՄ-ը նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցաւ Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ ամէնօրեայ նոր դպրոցներ հիմնելու ծրագրին: Առ այդ, ան կրցաւ ապահովել կարգ մը բարերարներ, ինչպէս նաեւ կարգ մը կտակներ` յաջողցնելու իր կրթական եւ մշակութային ծրագիրները:

Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ՀՕՄ-ը` որպէս հասուն եւ արմատացած կազմակերպութիւն, դարձած է արդէն համագաղութային կազմակերպութիւն: Ան նոյնիսկ մասնակցած է միջազգային կնոջական  խորհրդաժողովներու, ինչպէս, օրինակ, անոր ներկայացուցիչները իրենց մասնակցութիւնը բերած են ՄԱԿ-ի կազմակերպած խորհրդաժողովներուն` Քոփենհակընի, Փեքինի, Սէուլի, Նիտերլանտներու եւ Նիւ Եորքի մէջ: Փոխադարձաբար, ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ներկայ գտնուած են անոր պաշտօնական հանդիսութիւններուն:

1988-ին Հայաստանի երկրաշարժէն, Հայաստանի եւ Արցախի անկախացումէն ետք, ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը լայն ասպարէզ գտաւ մեր զոյգ հանրապետութիւններու տարածքին` բարեսիրական, դաստիարակչական կարիքներու մարզերէն մինչեւ ընկերային ու հասարակական հարցերու բարւոք լուծումներ գտնելու մարզին մէջ: Յիրաւի, ՀՕՄ-ի հայանուէր գործունէութիւնը հայրենի ոստաններէն ներս, սփիւռքահայ այլ կազմակերպութիւններու կողքին, ուշադրութեան եւ գնահատանքի կ՛արժանանայ համայն հայութեան կողմէ: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ՀՕՄ-ը օգնած է եւ դեռ կը շարունակէ օգնել հայրենի մեր բոլոր ազգակիցներուն, որոնք պէտք ունին բարոյական եւ նիւթական իր աջակցութեան:

ՀՕՄ-ը աւելի քան դար մը, աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն վրայ գործող իր բազմահազար անդամներով, դրապէս պատասխանած է հայ ժողովուրդի հաւաքական գոյութեան համար իրեն ուղղուած կոչերուն` լուրջ յանձնառութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնելով:

Ներկայիս, 115 տարիներ ետք, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, ՀՕՄ-ը իր հարիւրաւոր մասնաճիւղերով եւ հազարաւոր անդամներու բանակով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` օրհնութիւն սփռելով բազմաթիւ հայորդիներու:

 

 

Նախորդը

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Ռոմա – Ինթեր Միլան. Վաղը` Լիվըրփուլ – Մանչեսթըր Եունայթըտ

RelatedPosts

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
Համաարաբական Երկիրներու Կիներու Կազմակերպութիւնը
Անդրադարձ

Համաարաբական Երկիրներու Կիներու Կազմակերպութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?