Ներշնչարանի Վերածուած Թուական Մը
ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Այս տարի կ’ամբողջանայ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարարին` Թալէաթ փաշայի ահաբեկման 97-րդ ամեակը: 1921 թուականի մարտ 15-ին զգայացունց լուրը հրճուեցուց թէ՛ մէկուկէս միլիոն նահատակները, թէ՛ ջարդերէն ճողոպրածներուն սրտերը, երբ Պերլինի մայթերէն մէկուն վրայ հայ երիտասարդի` Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ տապալեցաւ հայ պատմութեան մեծագոյն աղէտի կազմակերպիչը` Թալէաթ փաշան: Պէտք է ըսեմ, որ բաւական ուշ տեղեկացած եմ այդ ահաբեկումին մասին, յստակ...



















