Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասականը Պիտի Վերադառնա՞յ Հայաստան

March 16, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ Հայաստանի «Հ1» հեռատեսիլի գլխաւոր կայանը նշեց, որ 4 մարտ թուականը խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ հայերէնի համար նոր ուղղագրութիւն մը ընդունելու որոշումին տարեդարձն էր: Հայաստանի խորհրդային իշխանութիւնները, ընթացք տալով պատմաբան Մանուկ Աբեղեանի առաջարկին,  անոր պարտականութիւն տուած էին հայոց լեզուի համար նոր ուղղագրութիւն մը պատրաստել: Իբր թէ նոր ուղղագրութեան շնորհիւ պիտի դիւրանար լեզուի գործածութիւնը, եւ զանց պիտի առնուէին այն դժուարութիւնները, որոնք կը ծագէին հայոց դասական ուղղագրութեան կանոններէն:

«Հ1» հեռատեսիլի կայանին խօսնակը, որ այս մասին կը խօսէր, լորձնաշուրթն կը գովէր այդ շրջանին տրուած այս որոշումը, մինչ կը սպասէինք, որ ան խօսէր տարբեր ուղղութեամբ ու բաժնէր մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն այն մտահոգութիւնը, թէ խորհրդային շրջանի ուղղագրութիւնը շա՛տ բան խանգարած էր մեր լեզուի գեղեցկութեան ու ընկալուած կանոններուն մէջ` նոր խառնարան մը ստեղծելով:

Մենք առաջին օրէն կողմնակից չեղանք նոր ուղղագրութեան. այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ անգամներ խորհրդակցեցանք Հայաստանի ակադեմական դէմքերու հետ եւ պաշտպանեցինք այն տեսակէտը, որ այլեւս իր անկախութիւնը հաստատած Հայաստանը պէտք էր վերադառնար դասական ուղղագրութեան, բայց զարմանքով տեսանք, որ անոնք նոյն կերպ չէին մտածեր: «Մէկ գիշերուան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք փոխել ուղղագրութիւնը», կ՛ըսէին անոնք, իսկ մենք կը պատասխանէինք. «Չէ՞ որ արդէն մէկ գիշերուան մէջ փոխեցիք դասական ուղղագրութիւնը: Յետոյ, պայման չէ, որ մէկ գիշերուան մէջ փոխուի: Կրնանք որոշ ժամանակամիջոց մը տալ»® եւ այլն, եւ այլն:

«Հ1» կայանի յայտագիրը անգամ մը եւս խոցեց մեր սիրտը: Մեր ուղղագրութիւնը դժուար է, այո՛, բայց միայն մեր լեզուի՞ն ուղղագրութիւնն է դժուար: Ֆրանսերէնի ուղղագրութիւնը դիւրի՞ն է արդեօք, անգլերէնի ուղղագրութիւնը դիւրի՞ն է® Հայոց ուղղագրութեան դժուարութիւնը ծնունդ կ՛առնէ հայոց լեզուի հարստութենէն, հայոց լեզուի ձայնային ու այբուբենական հարստութենէն: Իրաւունք ունի՞նք այդ հարստութիւնը ոտնակոխ ընելու, մեր լեզուն ու մեր ուղղագրութիւնը աղքատացնելու:

Գիտենք, որ մեր այս տեսակէտը խորթ պիտի հնչէ մասնաւորաբար Հայաստանի որոշ շրջանակներէ ներս, բայց թող ներողամի՛տ ըլլան. ո՛չ մէկ ուժ պիտի կարենայ մեզի հաւատացնել, որ այդ շրջանի իշխանութիւնները ճիշդ գործ կատարած են` մեր պաշտելի լեզուին համար նոր ուղղագրութիւն մը ստեղծելով:

Թերեւս կը սխալինք, բայց կը հաւատանք, որ Հայաստանն ալ օր մը, ուշ կամ կանուխ, պիտի վերադառնայ մեր դասական ուղղագրութեան:

«Մարմարա»

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Ցուցահանդէս Եւ Խորհրդաժողով` Անիի Ճարտարապետական Կոթողներու Թեմայով

Յաջորդը

Ներշնչարանի Վերածուած Թուական Մը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.