Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հին Աշխատանք, Նոր Մօտեցում

Մարտ 15, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ տեղեկատուական դաշտի պատասխանատուներու խորհրդաժողովը, որոշ ընդհատումէ ետք վերստին համախմբեց այս ոլորտին մէջ գործող Դաշնակցութեան աշխարհատարած կառոյցի ներկայացուցիչները:

Այս դաշտի վերաձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ կար հիմնական նորութիւն: Վերջերս նշանակուած ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու մարմինն ու հանրային կապերու գրասենեակը կը յուշեն, որ այս մարզը վերակազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը նոր աշխատաոճով ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականը կ՛ընդգծէ: Մարմինին ու գրասենեակին առընթեր կը նշանակուին նաեւ իւրաքանչիւր կազմակերպական շրջանի մէջ գործող հանրային կապի պատասխանատուներ:

Այս համակարգը իր տեսակով, ծրագրային բովանդակութեամբ եւ աշխատաոճով նոր մշակոյթ կ՛ապահովէ կուսակցական գործունէութեան իրազեկման առաջադրանքներուն:

Փաստօրէն ամիսներէ ի վեր նախապատրաստուող Հանրային կապերու համակարգի գործունէութեան ռազմավարութիւնը, կառուցակարգը, մարմին-գրասենեակ յարաբերութիւններու, իրաւասութիւններու ճշդումը եւ մանաւանդ նոր նշանակուող հանրային կապերու պատասխանատուներու միջեւ ցանցային աշխատելաեղանակի հետ կապուած խնդիրները օրակարգային կէտեր էին Երեւանի մէջ երեք օր տեւած խորհրդաժողովի քննարկումներուն:

Այսպիսով, լուսարձակի տակ եկող ցանցայնութիւնը կը ներառէ ՀՅԴ զանգուածային լրատուամիջոցներու` տպագիր եւ ելեկտրոնային մամուլ, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայաններ, ընկերային ցանցերով դրսեւորուող պաշտօնական էջեր եւ հանրային կապերու պատասխանատուներ:

Այս բոլորի գոյքագրման եւ վիճակագրական արդիւնքներու ձեռքբերման փորձը անպայման շատ տպաւորիչ թիւերու հանրագումար մը կը ներկայացնէ: Այս բոլորի հասանելիութեան լսարանային համրանքները անդրադառնալ կու տան, որ Դաշնակցութեան խօսափողները ի՛նչ տեսակ  եւ համրանքային առումով ի՛նչ տպաւորիչ զանգուածներու կը հասնին: Հանրագումարը անպայման հարիւր հազարական թիւերով նոր մրցանիշներ կը գրանցէ, եթէ այս բոլորին վրայ աւելնան նաեւ ՀՅԴ ուսանողական ու  երիտասարդական ելեկտրոնային էջերը եւ անոնց աշխուժ շրջագայութեամբ ապահոված թիւերը:

Համեմատելով նախորդներուն հետ, եթէ յատկապէս դասական մամուլի խմբագիրները այդ խորհրդաժողովներուն առաւելաբար կը կեդրոնանային գաղափարական այն հարցերուն վրայ, որոնց ուղղութեամբ հանրային ակնկալութիւն գոյութիւն ունէր լուսաբանելու, մեկնաբանելու եւ վերլուծելու, ապա այժմ նոյնքան շեշտակի կարեւորութեամբ կ՛արծարծուին արհեստագիտական եւ մեթոտաբանական խնդիրները:

Այսօրուան բաց համակարգը եւ գաղափարական լրատուամիջոցը շատ յաճախ կը բախին մէկ կողմէ նոր ու զանգուածայնացուող օրինաչափութիւններով, միւս կողմէ գաղափարական դասական ընկալումներով: Այդ քննարկումներուն ընթացքին անդրադառնալու համար նաեւ այն իրողութեան, որ այսօր պաշտօնաթերթ հասկացողութիւնը ստացած է ժամանակավրէպ յղացք յատկապէս մերօրեայ ամէն ինչ քննարկելի դարձնող եւ անհատակեդրոն այլընտրանքային լրատուամիջոցի բերած արդիւնքին դիմաց` կայծակնային արտադրութիւններու համապատկերին մէջ:

Կը բախին նաեւ մէկ կողմէ կուսակցութեան գործունէութեան հրապարակային քննարկման-քննադատութեան աւանդական ընկալումներն ու միւս կողմէ այսօրուան համակարգին քաջալերած հաւնելու (կամ չհաւնելու), բաժնելու եւ տեսակէտ յայտնելու դրութիւններով ինքնադրսեւորման համատարած երեւոյթները:

Տեղեկատուական նոր փիլիսոփայութեան հետ հաշուի նստելու պահ էր նաեւ այս խորհրդաժողովը: Ելեկտրոնային անկարգ դաշտի մը հետ մեր գաղափարականութիւնն ու կուսակցականութիւնը հաշտեցնելու փորձերու քննարկում, որ յամենայն դէպս առիթ տուաւ խորհրդաժողովի առողջ բանավէճերու, ազատ մտածողութեամբ փակագիծերու բացման, տեսակէտներու բախման, բայց մանաւանդ եւ ի վերջոյ այդ բոլորի ճիշդ, գաղափարական նորարարութիւն ապահովող բանաձեւումներու եզրայանգումին:

Այս հիմնաւորումներով ալ կը բացատրուի «հին աշխատանք, նոր մօտեցում» բանաձեւը, որ այլ բան չէ, եթէ ոչ կուսակցութեան գործունէութեան լուսաբանումն ու վերլուծումը գաղափարական առանցքով եւ նորարար ոճով հանրայնացնելու առաջադրանքը:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Դաշնութեան Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու Կոմիտէի Նախագահը

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?