ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ պատերազմը սկսած էր համաեւրոպական երեսնամեայ պատերազմին ժամանակ, իսկ քաթալաններ ապստամբութեան դրօշ պարզած էին սպանական գահին դէմ: Ֆրանսական բանակը գրաւած էր Փիրփինիանը եւ ամբողջ Ռուսիյոն 1652-ին անցած էր ֆրանսական հակակշիռի տակ:
Սպանական ուժեր Հոլանտայէն յարձակման անցան Ֆրանսայի վրայ: Ստեղծուած կացութեան առջեւ ֆրանսացիք իրենց ուժերը քաշեցին Փիրէնեան լեռներու հարաւէն:
Պարսելոնա, որ 1651 յուլիսէն ի վեր պաշարուած էր սպանական բանակին կողմէ, 1652 հոկտեմբերին անձնատուր եղաւ Հապսպուրկներու գահին:
Սպանացիք յարձակման անցան հիւսիսային ճակատներուն վրայ եւ սկսան յառաջանալ դէպի Ռուսիյոն, բայց ուժեղ դիմադրութեան հանդիպելով կանգ առին. ճակատի գիծը կայունացաւ:
Սպանական Հոլանտա Հապսպուրկներուն գլխաւոր խարիսխն էր Ֆրանսայի Պուրպոններու դէմ պատերազմին: Քոնտէի իշխան Լուի տը Պուրպոն Հապսպուրկներուն կողմը անցած էր, ստանձնած էր սպանական բանակին հրամանատարութիւնը եւ պաշարած Արասը: Ֆրանսական եւ սպանական բանակներուն միջեւ Արասի ճակատամարտին, 25 օգոստոս 1654-ին, Պուրպոնները յաղթանակ արձանագրեցին:
Իտալիոյ մէջ կռիւները սաստկացան 1655-ին. Փաւիայի մէջ բուռն գօտեմարտեր մղուեցան: Սպանական ուժերը Միլանոյի մէջ կեդրոնանալով փորձեցին գրաւել Մոտենան, բայց չյաջողեցան: Նոյն ժամանակ ֆրանսական բանակը հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ գրաւեց Լանտրեսիէսի ամրոցը:
Անգլիա, Սպանիոյ հետ պատերազմի մէջ ըլլալով, Ֆրանսայի հետ դաշնակցեցաւ ընդդէմ Հապսպուրկներուն. երկու երկիրներուն միջեւ Փարիզի դաշինքը կնքուեցաւ 1657 մարտին:
Հակամարտ կողմերուն միջեւ Փիրէնէի դաշինքը կնքուեցաւ 5 նոյեմբեր 1659-ին: Ֆրանսա վերահաստատեց իր գերիշխանութիւնը Արթուայի, Սպանական Հոլանտայի կարգ մը հողերու եւ Ռուսիյոնի վրայ: Ռուսիյոնի շրջանը` Քոնֆլէթ, Վալեսփիր, Քափսիր եւ Ֆրանսական Սերտանյը (կամ Վերին Սերտանյը), իբրեւ Հիւսիսային Քաթալոնիա, կցուեցաւ ֆրանսայի:
* * *
Այնուհետեւ սկսաւ խաղաղութեան շրջան մը: Քաթալոնիոյ տնտեսութիւնը զարգացաւ եւ Պարսելոնա ու ծովափնեայ գօտիներու բանակավայրերը սկսան բարգաւաճիլ:

Սպանիոյ Հապսպուրկներու գահին վերջին գահակալը` Քարլոս Բ. մահացաւ 1700-ին, առանց ժառանգորդի: Սպանացիք անոր յաջորդ ընտրեցին Ֆրանսայի Պուրպոններու (սպաներէն` Պորպոն) տունէն Ֆիլիփ, իբրեւ Սպանիոյ Ֆիլիփէ Ե.: Աւստրիոյ Հապսպուրկները, ինչպէս նաեւ Անգլիա, Սպանիոյ մէջ Հապսպուրկներու գահը վերականգնելու համար արհիադուքս Քարլ ֆոն Հապսպուրկի զօրավիգ կանգնեցան:
Հապսպուրկներու սպանական ճիւղին տիրոյթներն էին Սպանիա, Պալէարեան կղզիներ, Սպանական Հոլանտա, Միլանօ, Սիկիլիա, Նափոլի, Սարտինիա, Ֆիլիփին, Սպանական Արեւմտեան Հնդկաստան եւ Ֆլորիտա: Իսկ Աւստրիոյ Հապսպուրկները, Վիեննայի մէջ կեդրոնացած, Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան գահակալներն էին:
Քարլոս Բ.ի ժառանգորդ կը մնային քոյրերուն` Մարիա Թերեզայի եւ Մարկարէթ Թերեզա. սերունդները: Մարիա Թերեզա ամուսնացած էր Ֆրանսայի Լուի ԺԻ. թագաւորին հետ. անոնց թոռն էր Ֆիլիփ տը Պուրպոն, որ հռչակուեցաւ Սպանիոյ Ֆելիփէ Ե.: Իսկ Մարկարէթ Թերեզայի ամուսնացած էր Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան Լէոփոլտ Ա. կայսեր հետ. անոնց դուստր Մարիա Անթոնիա ամուսնացած էր Պաւարիոյ Մաքս Էմմանուէլ իշխանին հետ եւ անոր մահէն ետք ունեցած որդի` Եոզէֆ Ֆերտինանտ: Մարիա Անթոնիա համաձայնեցաւ, որ Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան գահը պիտի ժառանգէր Լէոփոլտ Ա. կայսեր երրորդ ամուսնութենէն ծնած Եոզէֆ, իսկ սպանական գահը պիտի ժառանգէր Լէոփոլտ Ա.ի եւ Էլէանոր Մակտալենայի որդի արհիադուքս Քարլ ֆոն Հապսպուրկ:
* * *
Հակադրութիւնները արագօրէն սրեցան եւ Սպանիոյ ժառանգութեան համար 1701 յուլիսին սկսաւ համաեւրոպական պատերազմը` մէկ կողմէ Աւստրիոյ, Անգլիոյ, Փրուսիոյ, Փորթուգալի (որ 1640-ին բաժնուած էր Սպանիայէն), Սաւուայի, Արակոնի եւ Հոլանտական հանրապետութեան եւ միւս կողմէ Ֆրանսայի, Քասթիլիոյ, Նափոլիի, Սիկիլիոյ, Մանթովայի եւ Պաւարիոյ միջեւ:
Քաթալաններ ընդունեցին Ֆելիփէ Ե.ի գահակալութիւնը եւ 1701-1702-ին բանակցութիւններ տեղի ունեցան անոր եւ քաթալան քորթէսին միջեւ: Ըստ համաձայնութեան Քաթալոնիոյ իշխանութիւնը պիտի հաստատուէր, քաթալաններու նախկին իրաւունքները պիտի յարգուէին, Պարսելոնա ազատ նաւահանգիստ պիտի դառնար եւ Ամերիկայի գաղթավայրերուն հետ առեւտրական կապեր հաստատելու իրաւունք պիտի ունենար:
Կռիւները 1702-ին սաստկացան: Անգլիական բանակը հասաւ Մէոզ եւ Վարին Հռենոսի ափերը եւ գրաւեց Սէն-Տոնասի, Ֆոր Իզապելլայի ու Միտլպուրկի ֆրանսական դիրքերը: 1703-ին գրաւուեցան Լիէժը, Պոնը եւ Լիմպուրկը:
Շվարցվալտի եւ Ֆրիտլենտընի արիւնահեղ ճակատամարտներուն աւստրիական ուժերը ծանր հարուած ստացան եւ նահանջեցին, որմէ ետք ֆրանսական ու պաւարական բանակներուն միջեւ հաղորդակցութեան գիծ մը բացուեցաւ Վերին Դանուբի երկայնքին: Հռենոսի ափին, Քեհլի կայսերական ամրոցը գրաւուեցաւ ֆրանսական բանակին կողմէ: Հէոչսթատի կայսերական զօրագունդը բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերեց ֆրանսական զօրքին, բայց նուաճուեցաւ: Պաւարացիք 1703 դեկտեմբերին գրաւեցին Աուկսպուրկը, 1704 յունուարին` Փասսաուն, Դանուբի ափին, եւ զինուորական ճնշումի տակ առին Վիեննան: Լէոփոլտ Ա. կայսր ծանր մտատանջութեան մատնուեցաւ: Հապսպուրկներ զինուորական նոր պատրաստութիւններու սկսան:

Ֆրանսական եւ քասթիլիական 26 հազարնոց բանակ մը մայիսին յարձական անցաւ Դանուբի Փորթուգալի վրայ. օգոստոսին անգլիական նաւատորմը գրաւեց Ճիպլարթարը:
Նոյն օրերուն 1704, օգոստոսին աւստրիական բանակը յանձակման անցաւ Դանուբի երկայնքին կեդրոնացած ֆրանսական զօրքերուն վրայ: Ֆրանսական եւ պաւարական ուժերը իրերայաջորդ ծանր պարտութիւններ կրեցին: Հապսպուրկներ իրար ետեւէ գրաւեցին Ուլմը, Թրիրը եւ Լանտաուն, իսկ դեկտեմբերին` Թրարպախը: Ֆրանսացիք նեղ կացութեան մատնուեցան, իսկ Լուի ԺԴ.ի վարկը ինկաւ:
Անգլիացիք 1705-ին յարձակման անցան Մոզէլի ուղղութեամբ:
Քաթալոնիոյ մէջ ժողովուրդը երկուքի բաժնուած էր: Կար զօրաւոր հակաֆրանսական տրամադրութիւն մը: Քաթալան շարք մը ղեկավար դէմքեր 1705 յունիսի սկիզբը զօրավիգ կանգնեցան Քարլ ֆոն Հապսպուրկի:
Ուժերու յարաբերակցութիւնը փոխուած էր ի նպաստ Հապսպուրկներուն եւ Անգլիոյ: Անգլիացիք պատրաստուեցան Միջերկրականի ափերը ուժ ղրկելու եւ նոր ճակատ բանալու Սպանիոյ մէջ: Սպանիոյ վրայ յարձակումներ սկսան Փորթուգալէն, եւ անգլիական նաւատորմը հասաւ Միջերկրականի ափերը:
Վալենսիոյ մէջ ալ հակաֆրանսական զօրաւոր տրամադրութիւն կար: Վալենսիացիք ֆրանսացիները իրենց առեւտրական մրցակիցներ կը նկատէին: Արակոնցիք եւս հակաֆրանսական տրամադրութիւն ունէին:
Արհիադուքս Քարլ ֆոն Հապսպուրկ նաւատորմի մը գլուխը անցած 22 օգոստոս 1705-ին Պարսելոնա ցամաք ելաւ, գրաւեց Մոնթուիքի բերդը եւ զայն զինուորական յենակէտի վերածեց: Քաթալաններ Քարլը իրենց թագաւորը հռչակեցին:
Հապսպուրկ եւ անգլիական ուժերը հոկտեմբեր 9-ին Պարսելոնա մտան եւ ամրապնդեցին իրենց դիրքերը: Դեկտեմբեր 16-ին անոնք գրաւեցին Վալենսիան:
Քաթալոնիոյ եւ Վալենսիոյ կորուստը ծանր հարուած մը եղաւ Պուրպոններուն համար: Ֆրանսական ուժերը 1706 մայիսին յարձակման անցան Պարսելոնայի ուղղութեամբ եւ փորձեցին վերագրաւել զայն, բայց չյաջողեցան եւ քաշուեցան:
Նոյն օրերուն, մայիս 23-ին, Ռամիլիէի ճակատամարտին, Նամիւրէն հիւսիս, անգլիացիք յաղթեցին ֆրանսական եւ պաւարական զօրքերուն: Ֆլանտրիոյ, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ կատաղի կռիւներ մղուեցան:
Փորթուգալական եւ անգլիական բանակները յունիս 25-ին գրաւեցին Մատրիտը, յունիս 29-ին` Սարակոսան:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ սպանացի կարգ մը ազնուականներ միացան Հապսպուրկներուն, բայց Քասթիլիոյ մեծ մասը Պուրպոններուն կողմը կը մնար: Սեպտեմբերին Հապսպուրկներ գրաւեցին Ալիքանթէն եւ Իպիսա ու Մայորքա կղզիները:
Հակայարձակման անցնելով` Պուրպոններ հոկտեմբերին գրաւեցին Մատրիտը, նոյեմբերին` Քարտակենան: Մինչեւ 1706-ի տարեվերջ Պուրպոններ իրենց հակակշիռը վերահաստատեցին Քասթիլիական հողերուն, Մուրսիոյ եւ Վալենսիոյ հարաւային շրջաններուն վրայ:
Հապսպուրկներ եւ անգլիացիք 1707-ի տարեսկիզբին մեծ ուժեր սկսան կեդրոնացնել, Մուրսիա եւ Մատրիտ ներխուժելու համար: Անոնք յարձակման անցան քանի մը ճակատներէ, բայց ապրիլ 25-ին, Ալմանսայի ճակատամարտին ծանր հարուած ստացան եւ ջախջախուեցան: Օրլէանի դուքսը Իտալիայէն Սպանիա անցաւ, ղեկավարելու պատերազմը: Մայիսին Վալենսիա եւ Սարակոսա վերագրաւուեցան Պուրպոններուն կողմէ: Անոնք Լէիտա մտան նոյեմբերին, որմէ ետք Հապսպուրկ ուժերը նահանջեցին Քաթալանիոյ շատ մը դիրքերէ եւ Սերկէ ու Էպրօ գետերու ափերուն կեդրոնացան:
Պուրպոններ յարձակման անցան նաեւ Փորթուգալի ճակատին վրայ եւ հոկտեմբեր 4-ին գրաւեցին Սիտատ Ռոտրիկոն:
Հապսպուրկներ 1708-ին յաղթական յառաջխաղացք արձանագրեցին Իտալիոյ մէջ, բայց Սպանիոյ դէմ յարձակումի պատրաստ չէին: Անոնք սկսան վերակազմել իրենց ուժերը եւ գրաւեցին Սարտինիան ու Մինորքան:
Պուրպոններ Սպանիոյ մէջ յաղթական յառաջխաղացքը կը շարունակէին. անոնք յուլիսի կիսուն գրաւեցին Թորթոսան, նոյեմբերի կիսուն մտան Վալենսիոյ ծովափնեայ գօտին, իսկ դեկտեմբերին իրենց հակակշիռին տակ առին Ալիքանթէն:
Կռիւները 1709-ին կեդրոնացած էին գլխաւորաբար Հոլանտայի, Ֆլանտրիոյ եւ Սպանիոյ մէջ: Ապրիլին Հապսպուրկներ վերագրաւեցին Ալիքանթէն:
Սպանիոյ մէջ ճակատի գիծը կայունացաւ 1710-ին եւ Լուի ԺԴ. իր բանակին մէկ մասը քաշեց Սպանիայէն:
Հապսպուրկներ 1710-ի ամրան կրկին յարձակման անցան Ալմենարի եւ Սարակոսայի ուղղութեամբ: Արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան: Պուրպոններ, որոնք չէին նախատեսեր այդպիսի լայնածաւալ յարձակում մը, չյաջողեցան երկար դիմադրել եւ սկսան նահանջել: Հապսպուրկներ իրար ետեւէ գրաւեցին Ալմենարը, Սարակոսան եւ սեպտեմբերի վերջաւորութեան յայտնուեցան Մատրիտի դուռերուն առջեւ: Սպանիոյ մայրաքաղաքը պաշտպանելու Պուրպոններու ճիգերը ապարդիւն անցան եւ Հապսպուրկ ուժեր արհիադուք Քարլ ֆոն Հապսպուրկի գլխաւորութեամբ մտան Մատրիտ: Պարսելոնայի կողքին, Մատրիտ եւ Սարակոսա Հապսպուրկներու զինուորական յենակէտերու վերածուեցան:
Ուժերու հաւասարակշռութիւնը վերահաստատելու համար ֆրանսական ուժեր Նոէլի դուքս Ատրիէն Մորիս տը Նոէլի հրամանատարութեան տակ Ռուսիյոնէն յարձակման անցան Քաթալոնիոյ ուղղութեամբ: Ձմեռը Քաթալոնիա մնալու անպատեհութիւնը նկատի ունենալով անգլիական ուժերը քաշուեցան շրջանէն:

Վանտոմի դուքս Լուի Ժոզէֆ տը Պուրպոնի հրամանատարութեան տակ ֆրանսական բանակը սրարշաւ սկսաւ յառաջանալ. 8-9 դեկտեմբերին` Կուատալախարայի մօտակայ Պրիհուէկայի ճակատամարտին, եւ յաջորդ օր` Վիլլավիսիոսայի ճակատամարտին ջախջախեց անգլիական զօրքերը:
Անգլիական զօրքերը 1710-ի տարեվերջին իրենց բոլոր դիրքերէն նահանջեցին եւ քաշուեցան դէպի Քաթալոնիա:
* * *
Տարիներու պատերազմը եւ հսկայական կորուստները հակամարտ կողմերը այն եզրակացութեան բերին, որ զինուորական լուծում կարելի պիտի չըլլայ պարտադրել: Հետեւաբար Ութրէխթի մէջ 1713 ապրիլէն յուլիս բանակցութիւններ տեղի ունեցան եւ համաձայնութիւն գոյացաւ հիմնական կէտերու շուրջ:
Լուի ԺԴ.ի թոռը` Անժուի դուքս Ֆիլիփ տը Պուրպոն կը հաստատուէր իբրեւ Սպանիոյ թագաւոր, իսկ Սպանիոյ եւրոպական հողերը հաւասար բաժիններու կը բաժնուէին: Սաւուա ստացաւ Սիկիլիան եւ Միլանոյի դքսութեան մէկ մասը, Քարլ ֆոն Հապսպուրկ` Սպանական Հոլանտան, Նափոլիի թագաւորութիւնը, Սարտինիան եւ Միլանոյի դքսութիւնը, Անգլիա ստացաւ Ճիպրալթարը, իսկ Փորթուգալի գերիշխանութիւնը վերահաստատուեցաւ Պրազիլի մէջ:
* * *
Քաթալաններ, որոնք Հապսպուրկներուն կողմն էին, որոշեցին շարունակել պատերազմը, պաշտպանելու համար իրենց անկախութիւնը:
Պուրպոն ուժեր 25 յուլիս 1713-ին Փոփոլիի դուքս Ռեսթէնօ Քասթելմօ-Սթիուըրթի հրամանատարութեան տակ պաշարեցին Պարսելոնան: Բայց ուժերը տակաւին անբաւարար էին եւ Պուրպոններ 1714 ապրիլէն մինչեւ մայիս 20 հազարնոց նոր զօրքեր կեդրոնացուցին Պարսելոնայի շուրջ:
Պուրպոն բանակը յարձակման անցաւ Պերուիքի դուքս Ճէյմս ՖիցՃէյմսի հրամանատարութեան տակ եւ օգոստոս 30-ին մտաւ Պարսելոնայի արուարձանները:

Պարսելոնայի վրայ յարձակումը սկսաւ սեպտեմբեր 11-ին, առտուան ժամը 4:30-ին: Պուրպոն ուժերը գրոհի անցան բոլոր ճակատներուն վրայ: Բուռն գօտեմարտեր սկսան: Քաթալան միլիսներու հրամանատար Ռաֆայէլ Քասանովա, որ ճակատի առաջին գիծերուն վրայ կը ղեկավարէր դիմադրութիւնը, վիրաւորուեցաւ: Պուրպոն ուժերը մտան Պարսելոնա: Փողոցէ փողոց բուռն գօտեմարտեր մղուեցան: Քաթալան կռուող ուժերու հրամանատարութիւնը ստանձնեց Անթոնի տէ Վիլլարոէլ, որ իր կարգին վիրաւորուեցաւ: Պուրպոն ուժերը մեծաթիւ զոհերու գնով կը յառաջանային քայլ առ քայլ, փողոց առ փողոց, անխնայ կոտորելով դիմադրողները: Մօտաւոր տուեալներով այդ օր քաթալաններ տուին 13 հազար զոհ ու վիրաւոր:
Դիմադրութիւնը շարունակել անիմաստ էր այլեւս եւ պարսելոնացիք ընդունեցին անձնատուութեան պայմանը եւ բանակցութեան մտան Պուրպոններուն հետ: Բանակցութիւնները շարունակուեցան նաեւ յաջորդ օր:
Պարսելոնայի անկումով պատերազմը աւարտեցաւ: Սպանիոյ մէջ հաստատուեցաւ Պուրպոններու հարստութիւնը: Սեպտեմբեր 11-ը Քաթալոնիոյ մէջ ազգային տօն է: