Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Թրքական Դադրեցուած Արձանագրութիւնները Պէտք Է Դաս Ըլլան Հայաստանի Ղեկավարներուն

Մարտ 15, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Յարութ Սասունեան

Վերջապէս, Հայաստանի նախագահը անցեալ շաբաթ պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարեց հայ-թրքական տխրահռչակ արձանագրութիւնները, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: Նախագահ Սարգսեան 2009-էն ի վեր շարք մը յայտարարութիւններ ըրած էր` նախազգուշացնելով, որ արձանագրութիւնները դուրս պիտի բերէ Ազգային ժողովի օրակարգէն, եթէ Թուրքիա զանոնք չվաւերացնէ կարճ ժամանակի մէջ: Սերժ Սարգսեան նման նախազգուշացում մը վերջին անգամ ըրաւ նախորդ տարուան սեպտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, իր ելոյթին ընթացքին յայտարարելով, որ մինչեւ գարուն 2018 չեղեալ պիտի յայտարարէ արձանագրութիւնները:

Արձանագրութիւնները 10 հոկտեմբեր 2009-ին ստորագրած էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն` Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ: Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ էին նաեւ` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ,  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները եւ Եւրոպական միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Արձանագրութիւններու ծաւալուն գրութեան մէջ կոչ կ՛ըլլար բանալու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը, ինչպէս նաեւ` դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու երկու երկիրներուն միջեւ: Արձանագրութիւնները կը ներառէին նաեւ վերոյիշեալներուն  հետ առնչութիւն չունեցող բազմաթիւ այլ հարցեր, ինչպէս` գոյութիւն ունեցող հայ-թրքական սահմանի ճանաչում եւ պատմաբաններու յանձնախումբի կազմութիւն` երկու երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրները ուսումնասիրելու, նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան հարցը:

Ծանօթ է, որ ամբողջ աշխարհի մէջ բողոքի մեծ ալիք բարձրացաւ արձանագրութիւններու ընդունման դէմ` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու մէջ: 10 հոկտեմբեր 2009-ի արձանագրութիւններու ստորագրութենէն կարճ ժամանակ անց, Սարգսեան համաշխարհային շրջագայութիւն մը սկսաւ դէպի Փարիզի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի եւ Տոնի Ռոսթովի հայկական համայնքներ` լսելու համար արձանագրութիւններու վերաբերեալ անոնց մտահոգութիւնները: Սակայն այդ հանդիպումներու ժամանակ անոր ելոյթներէն պարզ դարձաւ, որ ան մտադիր էր ընթացք տալու արձանագրութիւններուն, եւ շրջագայութեան նպատակն էր համոզել սփիւռքահայերը` հրաժարելու իրենց առարկութիւններէն: Երկրէն դուրս կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին Սարգսեան դիմաւորուեցաւ կատաղի ցոյցերով եւ առճակատումներով, որոնք ձախողութեան մատնեցին անոր քարոզչական շրջագայութիւնը:

4 հոկտեմբեր  2009-ին, Լոս Անճելըս կատարած այցի ժամանակ նախագահը հանդիպեցաւ հայկական 60 կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը քննադատէր սպասուող արձանագրութիւնները, մինչ հազարաւոր հայեր բողոքի ցոյց կ՛ընէին այն պանդոկին դուրսը, ուր տեղի կ՛ունենար  հանդիպումը:

Այդ հանդիպման ժամանակ ես իմ ելոյթիս մէջ զգուշացուցի Սերժ Սարգսեանը, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առարկելով  արձանագրութիւններու դէմ` կրնայ արգելափակել Թուրքիոյ կողմէ անոնց վաւերացումը: Ծիծաղելի է, որ նման արդիւնք մը պիտի նշանակէր, որ ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ազրպէյճանի նախագահը ակամայօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի շահերը:

Բազմաթիւ հայերու համար, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Հայաստանէն դուրս, պարզ էր, որ Թուրքիա բնաւ մտադրութիւն չունէր բանալու Հայաստանի հետ  ընդհանուր սահմանը: Արձանագրութիւնները թրքական կողմի խորամանկ քայլն էին` ճնշելու համար Հայաստանի վրայ, որպէսզի վերջինս Արցախի հարցով տարածքային զիջումներ ընէ Ազրպէյճանի:

Իրականութեան մէջ 2009-ի ստորագրութեան արարողութիւնը յետաձգուեցաւ քանի մը  ժամով, երբ յայտնի դարձաւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ելոյթին մէջ կը պատրաստուէր արձանագրութիւններուն կապել անոնց հետ առնչութիւն չունեցող ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը: Միայն վերջին պահուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի միջամտութեամբ կարելի եղաւ ժամանակաւորապէս լուծել վէճը, եւ երկու կողմերը անցան արձանագրութիւններու ստորագրութեան:

Այսուամենայնիւ, ստորագրութեան արարողութեան յաջորդող տարիներուն թուրք ղեկավարները անընդհատ հանդէս կու գային յայտարարութիւններով, ըստ որոնց, իրենք մտադրութիւն չունէին վաւերացնելու արձանագրութիւնները, եթէ Հայաստան զիջումներ չընէր Ղարաբաղի հարցով: Իրօք, Ազրպէյճան վճռականօրէն բողոքած էր արձանագրութիւններու ստորագրութեան դէմ եւ զգուշացուցած Թուրքիան` չվաւերացնելու զանոնք: Ազրպէյճան մտադիր էր ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ, որպէսզի այս վերջինս տարածքային զիջումներ ընէ Ղարաբաղի մէջ` փակ պահելով Թուրքիոյ հետ Հայաստանի սահմանը:

Հայաստանի ղեկավարները թոյլ տուին, որ օտար երկիրներու մեծ տէրութիւններ ճնշում գործադրեն իրենց վրայ` կայացնելու որոշում մը, որ կը հակասէր հայ ժողովուրդի շահերուն: Հասկնալի է, որ Հայաստան, իբրեւ փոքր պետութիւն, չի կրնար գործել աւելի մեծ ու հզօր իր թուրք դրացիին պէս, որ շատ անգամ կ՛անտեսէ միջազգային հանրութեան փափաքները: Այսուհանդերձ, Հայաստանի ղեկավարները կրնային առնուազն ջանքեր գործադրել օտարերկրեայ միջամտութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու համար:

Մէկ այլ դաս, որ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է քաղեն արձանագրութիւններու խայտառակ ջախջախումէն, այն է, որ նախքան նախաձեռնութիւնները, որոնք կ՛ազդեն համայն հայութեան շահերու վրայ, անոնք պէտք է որ լուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեն, որպէսզի համոզուին, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայերու մեծամասնութիւնը համակարծիք է իրենց որոշումներուն: Բնականաբար, Հայաստանի սահմաններուն մէջ ապրողներուն վերաբերող ներքին խնդիրները իրենց որոշումներն են, այնուամենայնիւ, բոլոր այն հարցերը, որոնք կը վերաբերին բոլոր հայերուն, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի տարածքային պահանջները Թուրքիոյ եւ արցախեան հիմնահարցի վերջնական կարգաւորումը, լուրջ հիմնախնդիրներ են համայն հայութեան համար: Մինչ այս ուղղութեամբ որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելը` Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է համոզուած ըլլայ, որ հայ ժողովուրդին մեծ մասը համաձայն է իրեն: Այլապէս, մենք ականատես կ՛ըլլանք տգեղ առճակատման կրկնութեան` Հայաստանի իշխանութիւններու հետ, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Ես այս մտահոգութիւնները բարձրացուցի ի պատասխան Սարգսեանի վերջին շաբթուան երկու յայտարարութիւններուն.

1) «Երբ սկսանք բանակցային գործընթացը, մենք, բնականաբար, կը կանխատեսէինք երկու արդիւնք` դրական կամ բացասական»:

2) «Եթէ վաղը կամ յաջորդ օրը առաջարկներ ստանանք, մենք պատրաստ կ՛ըլլանք քննարկելու զանոնք»:

Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ղեկավարները չեն ընդունիր իրենց սխալ մօտեցումը հայ-թրքական հարցերուն գծով: Ճիշդ չէ, որ Հայաստան ոչինչ կը կորսնցնէ: Թուրքիա հմտօրէն օգտագործեց արձանագրութիւնները` ապահովելու համար այն, որ օտարերկրեայ պետութիւնները չեն միջամտեր Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Իրականութեան մէջ նախագահ Օպամա եւս շահարկեց արձանագրութիւնները` խուսափելով Հայոց ցեղասպանութիւն եզրոյթը օգտագործելէ իր` 2009 թուականի ապրիլ 24-եան յայտարարութեան մէջ եւ յաջորդ եօթը տարիներու ընթացքին:

Աւելի՛ն. Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստան հակուած է կրկնելու նոյն սխալը: Տարիներ շարունակ ան կը յայտարարէր, որ Հայաստան պատրաստ է վաւերացնելու արձանագրութիւնները նոյն օրը, որ Թուրքիա վաւերացնէ զանոնք: Բարեբախտաբար Թուրքիա երբեք չվաւերացուց արձանագրութիւնները` թոյլ չտալով Հայաստանի գործելու իր իսկ սեփական, ազգային շահերուն դէմ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Մարտ 1968)

Յաջորդը

Կին Դէմքեր Զապէլ Եսայեան Ճեմուղի` Փարիզի Մէջ

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?