Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գետաւանը Նոր Համայնքային Կեդրոն Պիտի Ունենայ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորումով կառուցուող Մարտակերտի շրջանի Գետաւան գիւղի համայնքային կեդրոնի շինարարական աշխատանքները աւարտական փուլի մէջն են: Այս մասին յայտնած է Գետաւան համայնքի ղեկավար Արարատ Զաքարեանը, որ տեղեկացուցած է նաեւ, որ շինարարական աշխատանքները մեկնարկած էին 2015-ին:
«Կառոյցը երկյարկանի շինութիւն է, որ իր մէջ պիտի ներառէ` գիւղապետարանը, հանդիսութիւններու դահլիճ, գրադարան, համակարգիչի սենեակ եւ նախասրահ: Շէնքը կահաւորուած է եւ ունի ջեռուցման եւ օդափոխութեան համակարգ», ըսած է Ա. Զաքարեանը եւ` ընդգծած, որ այսպիսի կեդրոններու կառուցումը ո՛չ միայն կ՛անդրադառնայ գիւղի շարք մը հարցերու լուծման, այլ նաեւ կ՛ապահովէ արդիւնաւէտ եւ համակարգուած գործունէութիւն:
Ըստ համայնքի ղեկավարին, 400 բնակիչ ունեցող Գետաւանի գիւղապետարանը կը գտնուի դպրոցի դասասենեակներէն մէկուն մէջ:
«2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին դպրոցը ունի 88 աշակերտ, իսկ նախադպրոցական տարիքի փոքրիկներուն թիւը կը կազմէ 63: Գիւղին մէջ, սակայն, մանկապարտէզ չկայ: Համայնքային կեդրոնի շահագործումէն ետք դպրոցական շէնքի սենեակներուն մէկ մասը կը նախատեսուի օգտագործել իբրեւ մանկապարտէզ», եզրափակած է Ա. Զաքարեանը:
«Made In Artsakh». Ստեփանակերտի Մէջ Արցախեան Արտադրութեան Վաճառատուն
Վերջերս Ստեփանակերտի «Սոֆիա» առեւտուրի սրահի առաջին յարկին վրայ բացումը կատարուած է արցախեան արտադրութեանց մասնագիտացած վաճառատան:
Այս առիթով Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեանը յայտնած է, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնները թէ՛ Արցախի մէջ, թէ՛ Արցախի սահմաններէն դուրս կարելիութիւն կու տան ներկայացնելու տեղական արտադրութիւնը:
«Անշուշտ տեղական արտադրութիւնը քաջալերելն ու անոր նախապատուութիւն տալը կարեւոր է: Անիկա կը հանդիսանայ տնտեսութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման հիմք: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել նախաձեռնութեան հեղինակները: Արցախի կառավարութիւնը, երկրի իշխանութիւնները մնայուն կերպով մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն գործող ծրագիրներու բնականոն ընթացքին եւ կ՛աջակցին այդ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ կը մասնակցին նոր գաղափարներ ստեղծող անհատներու ծրագիրներու իրականացման», մասնաւորապէս նշած է Լ. Գրիգորեանը:
«Արցախի փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման ընկերութեան» նախագահ, «Արցախբերի» պահածոներու գործարանի տնօրէն Էրիք Մկրտումեանը ըսած է, որ գաղափարը ծագած է ընկերութեան բոլոր անդամներուն հետ հանդիպումներու ժամանակ: Անոնք փափաք յայտնած են, որ այնպիսի վաճառատուն ըլլայ Արցախի մէջ, ուր ներկայացուած ըլլան Արցախի բոլոր արտադրողները: «Այս ծրագիրը կը նպատակադրէ միաւորել արտադրողները եւ ստեղծել պայմաններ` վաճառելու իրենց արտադրութիւնները: Անոր նպատակն է նաեւ, որ Արցախ այցելող զբօսաշրջիկը մէկ տեղէ կարենայ ձեռք բերել իրեն համար անհրաժեշտ արցախեան արտադրութիւնները», նշած է Է. Մկրտումեանը` աւելցնելով, որ ներկայիս վաճառատան մէջ կան 35 ընկերութիւններու արտադրանքներ:
Հաղորդենք, որ հոն առանձին տաղաւարով ներկայացուած է նաեւ Շուշիի արհեստագիտական համալսարանին կողմէ արտադրուած պահածոներու տեսականին: Նախագահ Յովհաննէս Թոքմաճեանը ըսած է, որ ներկայացուած արտադրանքը աճեցուած է Արցախի մէջ, հիմնականօրէն` Մարտակերտի շրջանին մէջ: «Մենք կ՛աշխատինք կարելի եղածին չափ քիչ քիմիական պարարտացուցիչ օգտագործել, եւ հիմնականօրէն կ՛օգտագործուին օրկանական բնական պարարտացուցիչներ: Այնուհետեւ ուսանողները կը ստեղծեն նոր արտադրանք` ո՛չ միայն բանջարեղէնի, այլ նաեւ ձկան, միսի 68 տեսակի տարբեր պահածոներ», նշած է Յ. Թոքմաճեանը եւ ընդգծած է, որ արտադրութիւն կատարելը ուսումնական ծրագիրին մէկ մասն է, եւ այս առումով համալսարանի նպատակն է անընդհատ կատարելագործել ուսանողներուն կարողութիւններն ու հմտութիւնները:
Պետական Պիւտճէէն 10 Միլիոն Դրամ Տրամադրուած Է «Յովհաննէս Թումանեան» Գրական Հանրագիտարանի Հրատարակութեան
Հայաստանի պետական պիւտճէէն 10 միլիոն դրամ տրամադրուած է «Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայկական հանրագիտարան հրատարակչութիւն» կազմակերպութեան` «Յովհաննէս Թումանեան» գրական հանրագիտարանի հրատարակութեան աշխատանքներու իրականացման համար:
2017 թուականէն այդ հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած «Յովհաննէս Թումանեան» գրական հանրագիտարանի պատրաստութեան: Սակայն հանրագիտարանի հրատարակման համար կազմակերպութեան ֆինանսական միջոցները բաւարար չեն. անհրաժեշտ է համապատասխան հեղինակներու եւ լրացուցիչ մասնագէտ խմբագիրներու ներգրաւումը: Այդ նպատակով «Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայկական հանրագիտարան հրատարակչութիւն»-ը հաշուարկած և ներկայացուցած է 10 միլիոն դրամի չափով ֆինանսական ծախսերու նախահաշիւ:
Հայաստանի Մէջ Գորգերու Արտադրութիւնը Աճած Է
Հայաստանի մէջ գորգերու եւ գորգագործական արտադրատեսակներու աճ արձանագրուած է:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, նախորդ տարի հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 19,8 թոն գորգ եւ գորգեղէն, 2016 տարեշրջանին հետ համեմատած` աճելով 10 տոկոս:
Նշենք, որ 2016-ին Հայաստանի մէջ արտադրուած է 18 թոն գորգ եւ գորգեղէն, 2015-ին` 41 թոն:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ թեթեւ արդիւնաբերութեան, մասնաւորապէս գործուածքի, կաշեգործութեան, կօշկակարութեան եւ գորգագործութեան ոլորտներուն համար արտօնութիւններ պիտի սահմանուին: Մարզերուն մէջ ճիւղի զարգացումը խրախուսելու համար, արտօնութիւններ պիտի տրուին Երեւանէն դուրս գործունէութիւն ծաւալողներու համար, ինչպէս նաեւ պիտի խրախուսուին նոր աշխատատեղ ստեղծողները: Պիտի տրամադրուի պետական օգնութիւն:
Հայաստան Ամէնէն Աժան 50 Երկիրներու Ցանկին Վրայ 34-րդ Դիրքը Կը Գրաւէ
«Արցախփրես»-ը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստան 34-րդ դիրքը գրաւած է ամէնէն աժան 50 երկիրներու ցանկին վրայ, զոր կազմած է GOBankingRates-ը: «Ցնցող տեսարաններ` յունահռոմէական եւ միջնադարեան հնութիւններով հարուստ, սակայն այդ մէկը միակ պատճառը չէ, որուն համար դուք պիտի ուզէիք ձեր ամբողջ կեանքը անցընել Հայաստանի մէջ: Այդ երկիրը ամէնէն աժան երկիրներէն է, ուր վարձավճարը 91 տոկոսով ցած է Նիւ Եորքի հետ բաղդատած»:
Հայաստանի դրացիները` Ազրպէյճան եւ Վրաստան, յաջորդաբար գրաւած են 35-րդ եւ 16-րդ դիրքերը:
Յայտնենք, որ առաջին դիրքերու վրայ են` Հնդկաստանը, Սէուտական Արաբիան եւ Փաքիստանը:
2017-ին Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած Է Տնտեսական Աննախընթաց` 7,5 Տոկոս Աճ
2017-ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 7,5 տոկոս տնտեսական աճ: Ամէնէն մեծ աճը արձանագրուած է 4-րդ եռամսեակին` 11,2 տոկոս: 2016-ին տնտեսական աճը կազմած էր ընդամէնը 0,2 տոկոս:
Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական վիճակի մասին 2018-ի յունուարի զեկոյցը, ուր ամփոփուած են 2017-ի որոշ ցուցանիշներ:
2017-ին մէկ շունչին ինկած համախառն ներքին արտադրանքը կազմած է 1,873 միլիոն դրամ կամ` 3800 տոլար:
Նշենք, որ Համախառն ներքին արտադրանքը 2017-ին կազմած է 5,58 եռիլիոն դրամ:
Արցախը Հայաստանին Կապող 3-րդ Ճամբուն Կառուցումը Կը Սկսի
Արցախը Հայաստանին կապող երրորդ այլընտրանքային` Քարվաճառ-Նորաբակ-Սոթք ճամբուն կառուցման նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են: Քարվաճառ քաղաքէն Գեղարքունիքի մարզի Սոթք գիւղ հասնելու եւ հիմնական մայրուղիին միանալու համար պիտի կառուցուի մօտաւորապէս 26 քիլոմեթր երկարութեամբ ճամբայ:
Նոր ճամբուն կառուցման աշխատանքներու աւարտը նախատեսուած է 2018-ի վերջաւորութեան:
Երեւանը Արժանացած Է «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի «Պատմական Մշակութային Ժառանգութեան Քաղաք» Անուանակարգի Մրցանակին
Հեղինակաւոր «Ֆայնենշըլ Թայմզ» պարբերականին կողմէ Երեւանը արժանացած է «Ապագայի զբօսաշրջային ուղղութիւններ 2017-2018 «Խմբագիրի ընտրութիւն»» մրցանակին` «Պատմական մշակութային ժառանգութեան քաղաք» անուանակարգին մէջ:
«Քաղաքին մէջ պատմական մշակութային զբօսաշրջութեան եւ հանգիստի ենթակառուցուածքներու ներդրողներու համար կան բազմաթիւ կարելիութիւններ: «Էրեբունի» պատմական հնագիտական արգելոցի թանգարանի վերականգնումը այդ կարելիութիւններէն մէկն է», ինչպէս տեղեկացուցին Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, կը նշէ պարբերականը:
Երեւանը տեղ կը գրաւէ նաեւ Միջազգային համագործակցութեան անուանակարգին մէջ մրցանակի շնորհման քննարկումներու ժամանակ` շնորհիւ օտար երկիրներէ ներդրողներու համար աշխարհի քարտէսին մէջ պատշաճ տեղ գրաւելուն ուղղուած ջանքերուն: Երեւանը կը համագործակցի աշխարհի աւելի քան 50 քաղաքներու հետ եւ կը հանդիսանայ ութ միջազգային կազմակերպութիւններու անդամ: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին քոյր քաղաքներու եւ գործընկեր քաղաքներու հետ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ», կ`եզրափակէ պարբերականը:
Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Եւ Վերականգնման Տարածաշրջանային Կեդրոն Պիտի Բացուի
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը, 27 փետրուարին ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համագործակցութեան զարգացման գլխաւոր վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Կոնելլիին գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը:
Ռ. Կոնելլի եւ Պոլոնիայի համալսարանի պատուիրակութեան դասախօսական կազմի անդամները Հայաստան կը գտնուին հնգօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ, եւ այս առիթով Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ պիտի մշակուի Հայաստանի մէջ բացուող Մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման տարածաշրջանային կեդրոնի ծրագիրը (ենթակայ` Հայաստանի մշակոյթի եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու հաստատման, որմէ ետք է, որ կեդրոնը պիտի գործէ): Կեդրոնը հիմնելու համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրած են Իտալիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Փաուլօ Ճենթիլոնէին եւ Էդուարդ Նալպանտեանը, 8 նոյեմբեր 2016-ին:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Արմէն Ամիրեանը յայտնեց, որ հայկական կողմը արդէն իսկ պատրաստ է յաջորդ քայլերուն եւ կը սպասէր այս աշխատանքային այցելութեան: «Մայիս 28-ին պիտի տօնենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակը եւ այդ օրերուն Երեւանի մէջ պիտի ունենանք օտարերկրացի բազմաթիւ այցելուներ, որոնց շարքին նաեւ` սփիւռքահայեր: Պիտի ուզէի, որ անոնք այցելէին եզակի այս կեդրոնը», ըսաւ նախարարը:
Իբրեւ կեդրոնի գործընկեր` Միլանոյի ճարտարագիտական համալսարանը փոխարինած է Պոլոնիայի համալսարանը: Կեդրոնին նպատակն է` միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ յուշարձաններու պահպանութեան, ուսումնասիրման, վերականգնման, օգտագործման բնագաւառին մէջ հիմնել նորագոյն սարքերով յագեցած մասնագիտական նոր ենթակառուցուածք մը, նպաստել նեղ մասնագիտական վերականգնողական դպրոցներու պահպանման (օրինակ, որմնանկարի, քարի նիւթի) եւ նոր դպրոցներու ստեղծման (օրինակ` խճանկարի):
Փոխադարձ համաձայնութիւն կայ, որ յուշարձաններու վերականգնման հարցերուն նուիրուած միացեալ ծրագիրներու իրականացման համար տարածաշրջանի շարք մը պետութիւններու հետ ստեղծուի մասնագիտական համագործակցութեան հարթակ, որուն կարելիութիւնը ողջունած եւ վերահաստատած են կողմերը:
Հայաստանի մշակոյթի նախարարը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Իտալիոյ կառավարութեան` Հայաստանի մէջ իրականացուցած մշակութային ծրագիրներուն աջակցութեան համար, մասնաւորապէս` Գիւմրիի Աճառեան փողոցին վրայ Շիրակի մարզային գրադարանի պատմական մշակութային եզակի շինութեան վերանորոգման համար: Երախտագիտութեան խօսքը նախարարը աւարտեց` յայտարարելով, որ աշնան Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուի ձեռնարկ մը` ժամանակակից արուեստի միջազգային մեծ ցուցահանդէսի նախաձեռնութեան եւ աջակցութեան համար, որուն աշխարհի տարբեր երկիրներէ, պիտի մասնակցի մօտաւորապէս 200 արուեստագէտ: