Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Լիբանանի Նոր Նշանակուած Գլխաւոր Հիւպատոսին Այցելութիւնը
9 մարտին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած գլխաւոր հիւպատոս Միրնա Խաուլիի այցելութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ գլխաւոր հիւպատոսը առաջին այցելութիւնը կու տար Ազգային առաջնորդարան, տեղի ունեցաւ փոխադարձ ծանօթացում: Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց լիբանանցի դիւանագէտին Ազգ. առաջնորդարան ներկայութիւնը, անգամ մը եւս շնորհաւորեց անոր նշանակումը եւ բարի երթ մաղթեց անոր առաքելութեան, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ առաջնորդարանի ծառայական կեանքին մասին` շեշտելով, որ անցեալ տասնամեակներուն ու իրերայաջորդ հիւպատոսներու պաշտօնավարութեան ընթացքին Ազգային առաջնորդարանը միշտ բարեկամական կապեր ու սերտ գործակցութիւն ունեցած է հիւպատոսութեան հետ: Սրբազանը վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկային եւս նոյն ընթացքը պիտի շարունակուի:
Խաուլի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, դրուատիքով խօսեցաւ Լոս Անճելըսի հայութեան ու կազմակերպ վիճակին մասին եւ հաւաստեց, որ բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին նոյն ընթացքով:
Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Լիբանանի մէջ մայիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեանց եւ ամերիկաբնակ լիբանանցիներու քուէարկութեան մասնակցութեան հարցերը:
Հրաժեշտի պահուն առաջնորդ սրբազանը լիբանանցի դիւանագէտին յանձնեց յուշանուէր մը:
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Հրապարակային Դասախօսութիւն` Նուիրուած Արցախեան Ազատագրական Պայքարի Հերոսներուն Եւ Սումկայիթի Զոհերուն
Կազմակերպութեամբ արցախեան ազատագրական շարժումի 30-ամեակի յանձնախումբին, ի յիշատակ եւ առ ի յարգանք Սումկայիթի անմեղ նահատակներուն եւ արցախեան ազատագրական շարժումի հերոսներուն, 28 փետրուարին Կլենտէյլի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, նաեւ, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի յատուկ որոշումով, արարողութեան առընթեր, ծաղկեպսակներ զետեղուեցան բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ:
Նոյն օրը, երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ` մասնակցութեամբ Բենիկ Մովսիսեանի, որ անդրադարձաւ Արցախի հարցի նախածնունդին, 1947-1988 մինչեւ շարժման բռնկումն ու ծաւալումը:
Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր Վաչէ Բրուտեանը, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց շարժման նախնական փուլերը եւ ազրպէյճանական կատաղի հակադարձութիւնները, նաեւ անդրադարձաւ` 1991-ին Արցախի անկախութեան յայտարարութեան, Խորհրդային Միութեան փլուզումին եւ անկախութեան հռչակման 1991-ին, 1994-ի զինադադարին, միջազգային ճնշումներուն, 2016-ին քառօրեայ պատերազմին, մեր անզիջող կեցուածքի կարեւորութեան եւ հայկական դիւանագիտութեան:
Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ցեղասպանութենէն Վկայութիւններ Կը Յանձնէ «Շօա» Հիմնարկի Արխիւին
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմնարկը այսուհետեւ իր արխիւին մէջ պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւններու ամենամեծ հաւաքածոներէն մէկը, որ 1972-էն սկսեալ մինչեւ 2000-ականները հաւաքուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հայ պատմաբան դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին կողմէ:
Վկայութեանց պաշտօնական յանձնումը տեղի ունեցած է ուրբաթ, մարտ 9-ին, որուն շնորհիւ դոկտ. Յովհաննէսեանի` Հայոց ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան մասին հաւաքածոն պաշտօնապէս դարձած է «Շօա» հիմնարկի Տեսողական պատմութեան համացանցային արխիւին մէկ մասը:
Անիկա կը ներառէ աւելի քան 1000 հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ` լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր: Հաւաքածոյին գերակշիռ մեծամասնութիւնը ձայնագրուած է հայերէնով եւ միայն 20 տոկոսը` անգլերէնով: Կան նաեւ թրքերէնով եւ սպաներէնով փոքրաթիւ վկայութիւններ:
Ցարդ հանրութեան հասանելի պիտի ըլլան միայն թուայնացած առաջին 10 վկայութիւնները, որոնցմէ եօթը` անգլերէնով, իսկ երեքը` հայերէնով: Աշխատանք պիտի տարուի մնացեալ բոլոր վկայութիւնները եւս հիմնարկին չափանիշներով թուայնացնելու:
Ռ. Յովհաննէսեանը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակ է, խորապէս հաւատացած է, որ վկայութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին ապագայ սերունդները կրթելու եւ ուրացման դէմ պայքարելու համար:
Արխիւին կարեւորութիւնը ընդգծած է նաեւ «Շօա» հիմնարկի պաշտօնատարներէն Սթեֆան Սմիթը` ըսելով. «Տեսողական պատմութեան արխիւին մէջ աւելի մեծ բովանդակութիւն աւելցնելով` մենք կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնց կեանքը ընդհատուած է: Այս ձայներէն ապագայ սերունդները պիտի սորվին Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները ա՛յն մարդոցմէ, որոնք անձամբ անցած են արհաւիրքներու մէջէն»:
Այս արխիւին արդէն իսկ մաս կը կազմեն Մայքըլ Յակոբեանին արձանագրած` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու աւելի քան 400 վկայութիւններ:
Մանաս Պուճիքեան «Ասպարէզ»-ին Յանձնեց ՀՅԴ Երրորդութեան Ոսկիէ Մետաղադրամները
«Ասպարէզ»-ի բարեկամ, համայնքի ազգային կառոյցներուն նիւթապէս եւ բարոյապէս միշտ թիկունք կանգնած Մանաս Պուճիքեանը վերջերս թերթի խմբագիրներ Արա Խաչատուրեանին եւ Աբօ Պողիկեանին յանձնեց ՀՅԴ-ի 100-ամեակին առիթով պատրաստուած եւ կուսակցութեան հիմնադիր երրորդութեան` Քրիստափորի, Ռոստոմի ու Զաւարեանի նկարներով դրոշմուած ոսկիէ մետաղադրամներէն հինգերորդ թուագրուած օրինակը:
Յանձնումի այս առիթին ներկայ էին ՀՅԴ Թորընսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութենէն ընկերներ, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիք Իզմիրլեանը:
Տայանա Տէր Յովհաննէսեանի Մահը
1 մարտին մահացաւ հանրածանօթ բանաստեղծ եւ Նիւ Ինկլընտի բանաստեղծներու ակումբի նախագահ Տայանա Տէր Յովհաննէսեանը: Ան ծնած է 21 մայիս 1934-ին, Պոսթըն: Աւարտած է Պոսթընի համալսարանի ամերիկեան գրականութեան ճիւղը, ԱՊԱ Հարվըրտ համալսարանի քերթողական արուեստի նշանաւոր բանաստեղծ Ռապըրթ Լոուէլի առաջնոդութեամբ, մասնագիտացած է բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ:
1991-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան կողմէ արժանացած է «Յովհաննէս Թումանեան» մրցանակին, հայ բանաստեղծնեերու գործերուն անգլերէնի թարգմանութեան համար: Ան կազմակերպած է նաեւ հայ բանաստեղծներու նուիրուած երեկոներ, դասընթացքներ եւ ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի հաղորդումներ: 1978-ին Մարզպետ Մարկոսեանի հետ կազմած, թարգմանած եւ անգլերէն լեզուով հրատարակած է հայ բազմադարեան քերթողութենէն ընտիր նմուշներ` սկսեալ հեթանոսական շրջանի երգերէն մինչեւ ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան գիրքեր:
Դպրոցական օրերէն սկսեալ ան բանաստեղծութիւններ գրած է թերթերու եւ հանդէսներու մէջ, ապա աշխատած է որպէս խմբագիր եւ երկար տարիներ վարած է բանաստեղծութեան դասընթացքներ` Պոսթընի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ:
Տէր Յովհաննէսեան 1994-ի գարնան այցելած է Հայաստան` նախաձեռնութեամբ ամերիկեան «Ֆուլպրայթ» կազմակերպութեան: Ան շարք մը դասախօսութիւններ տուած է Երեւանի պետական եւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ, ամերիկեան գրականութեան մասին: Անոր բանաստեղծութիւններուն հիմնական տարրը կը կազմէ ազգային արմատներու որոնումը:
Յայտնենք, որ Տայանա Տէր Յովհաննէսեանի թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ 6 մարտին, Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Սուրիա
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ոգեկոչում` Հալէպի Համանուն Եկեղեցւոյ Մէջ
Շաբաթ, 10 մարտ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնին նուիրուած յատուկ արարողութիւն: Ուխտաւորներ անսահման կարօտով եւ անհատնում սիրով եկած էին իրենց աղօթքը մատուցելու եւ անցեալի տօնական մթնոլորտը վերապրելու: Ակներեւ էր եկեղեցւոյ ատեանէն մինչեւ վերնատուն եւ ապա եկեղեցւոյ շրջափակ` հաւատացեալներուն բազմութիւնը: Պատերազմէն ետք, անոնք առաջին անգամ ըլլալով համախմբուած էին Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ, ուստի մխիթարութիւն էր աղօթքի այս հաւաքը` տօնախմբութիւնը: Եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը հոգեպարար պահ ստեղծեց: Առաջնորդ հօր եւ քահանայ հայրերուն կողմէ կատարուեցաւ սրբոց յիշատակի ժամերգութիւնը: Ուրախութեան արցունքներ գլորուեցան ներկաներուն աչքերէն: ժամերգութեան աւարտին հաւատացեալները միաձայն երգեցին «Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն, ապա հալէպահայ նահատակներու անմեր յիշատակին համար աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած:
Արարողութեան աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ. «Երկնաւոր Տէրը այս հրաշալի տօնին առիթով բոլորին աղօթքները ընդունի, ուխտերը կատարէ, մեր ընտանիքները իր շնորհքին մէջ պահէ, պատմական այս աղօթատան վերաշինութեան գործերը յաջողցնէ եւ իր բարի կատարումին հասցնէ»:
Առաջնորդ սրբազան հայրը ներկաները հրաւիրեց գոհաբանական ու փառաբանական աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած եւ խնդրելու, որ դարաւոր պատմութիւն ունեցող մայր եկեղեցին ու մեր բոլորին սիրելի եկեղեցիները, դպրոցները, տուները եւ գործատեղիները վերաշինուին:
Յարգանք` Սումկայիթի Զոհերուն
Կիրակի, 4 մարտ 2018-ի առաւօտեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 1988-ի փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Սումկայիթ քաղաքին մէջ կատարուած եղեռնագործութեան զոհ գացած հայորդիներու յիշատակին, որմէ ետք ներկայ հաւատացեալները ուղղուեցան «Գանձասար» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն:
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք նահատակներու յիշատակը, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանը: Ան ըսաւ. «Այս տարի 30-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք ազերիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց բնոյթով ո՛չ մէկ տարբերութիւն ունէին դար մը առաջ գործադրուած թուրք ոճրային արարքներէն ու ցեղասպանութենէն: Մեր ժողովուրդը այս օրերուն կ՛ոգեկոչէ Սումկայիթի իր նահատակները, նաեւ բողոքի ցոյցերով եւ քաղաքական ելոյթներով հանդէս կու գայ աշխարհի չորս ծագերուն` Սումկայիթի սպանդին դատապարտումը եւ պատժումը պահանջելով»: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան պատգամը տուաւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանը: Ան յետադարձ ակնարկով անդրադառնալով Սումկայիթի դէպքերուն` ըսաւ. «Ջարդարար խուժանը ծրագրուած կերպով տունէ տուն մտնելով` կոտորեց հայ անզէն ազգաբնակչութիւնը: Մեր ազգակիցները ենթարկուեցան անարգանքի, հալածանքի եւ սպանութեան, միայն այն պատճառով, որ Արցախի ժողովուրդը կը հետապնդէր իր օրինական իրաւունքն ու ազատութիւնը»:
Քահանայ հայրը շեշտեց, որ այսօր, աւելի քան երբեւէ մենք պէտք է անդրադառնանք, որ իբրեւ ազգութիւն` Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի տարածքին պէտք է գիտակցինք, որ պարտաւոր ենք բռունցք դառնալ, ըլլալ մեր հայրենիքին կողքին եւ մեր ազգին ազատութեան պայքարին մէջ բերենք ամբողջական մասնակցութիւն:
Ֆրանսա
Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակի Նշում
28 փետրուարին, Լիոնի Պոնսէ գլխաւոր հրապարակին վրայ, 2006-ին, քաղաքապետարանին թոյլտուութեամբ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Սումկայիթի զոհերու յիշատակին:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներէն Վազգէն Էսքիճեանը իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ առաջին անգամն ըլլալով հաւաքուած են յարգելու Սումկայիթի ջարդերուն ընթացքին սպաննուած հայրենակիցներու յիշատակը` աւելցնելով, որ ասիկա թուրքերուն եւ ազրպէյճանցիներուն համար հաճելի չէ, որովհետեւ անոնք միշտ նման քայլերուն սուր կերպով կ՛արձագանգեն:
Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ ձեռնարկին ելոյթ ունեցան կարգ մը անձնաւորութիւններ, նաեւ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում: Ներկաներուն շարքին էր նաեւ «Հայերը Ֆրանսայի մէջ» ամսաթերթի գլխաւոր փոխխմբագիր Օտեթ Ութուճեան, որ իր կարգին ծաղիկներ զետեղեց յուշարձանին մօտ: Ան ծնած է Լիոն, եւ անոր նախնիները Ցեղասպանութենէն վերապրածներէն են:
Յունաստան
«Հայկական Շաբաթ»` Քոմոթինիի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Քոմոթինիի, «Տիմոքրիթիօ» համալսարանի լեզուական, բանասիրական ու մշակոյթի բաժանմունքի տնօրէնութեան, գործակցութեամբ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան ու Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի, 26 փետրուարէն 3 մարտ տեղի ունեցաւ, «Հայկական շաբաթ» խորագրով դասախօսութիւններու շարք մը` նուիրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին:
Բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ 26 փետրուարին, «Ռեքս» սրահին մէջ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց փրոֆ. Իաքովոս Աքցօղլու, որ ներկայացուց համալսարանի նախաձեռնած «Հայկական շաբաթ»-ի ծրագիրն ու նպատակը, ապա ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Թերենս Քուիքը, թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Ստեփան Մատթէոսեանը, համալսարանի տնօրէնը եւ լեզուական բաժանմունքի տնօրէնը: Չոլաքեանը արտասանեց նաեւ Հայաստանի դեսպանի ողջոյնի խօսքը, ինչպէս նաեւ կարդաց Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին ուղերձը:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Քոմոթինիի եկեղեցւոյ երգչախումբը եւ Հայ մշակութային միութեան պարախումբերը: Ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի մասին պատմագրական ժապաւէն մը:
Դասախօսութիւնները տեղի ունեցան համալսարանի սրահին եւ Քոմոթինիի եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Հերթաբար դասախօսեցին` լեզուաբան Լիլիթ Շախզատէեանը, տնտեսագէտ Սարգիս Տանկազեանը, արուեստագէտ Յովիկ Գասապեանը, երաժիշտ Խրիսթօ Ղալիլէան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի փոխտնօրէն փրոֆ. Ռոպերթ Ղազարեանը, Երեւանի պետական համալսարանի թրքագիտութեան բաժնի փրոֆեսէօր Լուսինէ Սահակեանը, թարգմանիչ Սերգօ Աղապատեանը, Յակոբ Ճէլալեանը եւ Տիանա Միխայիլիտուն: Նիւթերուն մեծ մասը ներկայացուեցաւ յունարէն լեզուով, իսկ որոշ թիւ մըն ալ` հայերէն ու անգլերէն լեզուներով: Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք տեղի ունեցան հարցազրոյց եւ քննարկում: Մէկ շաբթուան վրայ երկարող ծրագիրի ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Տը փրոմիս» ժապաւէնը:










