Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Ա.

Մարտ 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումին յաջորդեց դիւանագիտական աշխատանք, որուն ծիրին մէջ, իբրեւ տակաւի՛ն Հայաստանի ղեկավար, Արամ Մանուկեան օգոստոս* 1918-ին ընդունեց Գերմանիոյ բանակի Կովկասի ներկայացուցիչ զօրավար Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայնը (1870-1948), (1) եւ ապա օսմանեան բանակի վատահամբաւ «Թեշքիլաթ-ը մահսուսայի» ջարդարար հրամանատարը` պատերազմի նախարար Իսմայել Էնվեր փաշայի հօրեղբայր Խալիլ փաշա Քոլթը (1882-1957), որ 1918-ի Մայիսի 15-ին գրաւած էր Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրի) (2): Համաշխարհային Ա. պատերազմի վերջին օրերն էին, տակաւին Գերմանիոյ եւ անոր դաշնակից Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը չէր հռչակուած: Ահա` այս մասին Երեւանի հրամանատար Արշաւիր Շահխաթունիի յուշերը. «Խալիլ փաշայի հանդիպումները Արամի հետ» (3) :

«Գերմանզինուորական եւ քաղաքական (Կովկասի, ՅՉ)* ներկայացուցիչը (Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայն, նստավայրը` Վրաստան, ՅՉ)* այցելեց Երեւան (1918 օգոստոսին, ՅՉ)* իր սպայակոյտին հետ, որ կազմուած էր 20 զինուորականներէ:

Հարկաւ զանոնք ընդունեցինք շատ քաղաքավար կերպով, բայց` ոչ բոլորովին գրկաբաց, որովհետեւ համաշխարհային պատերազմը դեռ աւարտած չէր:

Արամն (Մանուկեան` Սարգիս (Սերգէյ) Յարութիւն Յովհաննիսեան, ՅՉ) էր Հայաստանի գլխաւոր կառավարիչը, ուստի ինք կը հսկէր բոլոր կարգադրութիւններուն:

Գերման զօրավարը Արամին յայտնեց, որ Խալիլ (Քոլթ, ՅՉ)* փաշան` տաճկական զօրքի այդ շրջանի հրամանատարը, շատ մեծ փափաք ունէր Երեւան գալու` տեսնելու համար իր բարեկամ Արամը, բայց կը վախնար, որ կրնար մերժուիլ: Արամը պատասխանեց, որ ընդհակառակն, ուրախութեամբ պիտի ընդունէր զայն: Գերման զինուորականը շատ ուրախացաւ: (Ծանօթ. կարգ մը աղբիւրներ սխալ կերպով կը նշեն, որ գերման զօրավարը եւ Խալիլ միասին եկած են Երեւան, նաեւ թուականներ եւ շաբթուան օրը չեն համապատասխաներ. օրինակ, 28 օգոստոս 1918-ն չորեքշաբթի էր եւ ոչ թէ շաբաթ (4), ՅՉ)*:

Ընթրիքի ժամանակ ան Արամէն խնդրեց, որ իրեն թոյլ տար անմիջապէս հեռագրել Խալիլին` աւելցնելով, որ մեծ ցանկութիւն ունէր տեսնելու մեր երկրի հնութիւնները, նաեւ ամէնէն գլխաւորը` վեհափառ կաթողիկոսին կողմէ ընդունելութեան արժանանալ:

Հեռագիրը անմիջապէս ուղարկուեցաւ Խալիլ փաշային:

Երբ գերմանացիները իրենց յատկացուած սենեակները պիտի երթային հանգստանալու, զօրավարը հրամայեց իր սպաներուն` առաւօտեան ժամը 8:00-ին ներկայ գտնուիլ քաղաքապետարանի սրահը: Վրաս լաւ տպաւորութիւն ձգեց, երբ անմիջապէս բոլոր սպաները զինուորական շարժումի նման հանեցին իրենց ժամացոյցները եւ լարեցին ճշգրիտ ժամը:

Ապա գերմանացիները առաջնորդեցի իրենց բնակարանը:

Արամը խնդրեց, որ վերադարձիս անմիջապէս իրեն հանդիպիմ: Այդպէս ալ ըրի: Ան ինծի հարցուց.

– Որքա՞ն  զօրք ունիս Երեւանի մէջ:

– Երկու գունդ (գունդ=3000-5000 զինուոր, սակայն, այդ ժամանակ, ըստ Ռուբէնի յուշերուն` 1000-1500 (5), ՅՉ) հետեւակ ունիմ, երկու գունդ ընտիր հեծելազօրք, որոնց սպաները կրթուած են յայտնի ուսանողական շարքերու մէջ, երեք մարտկոց եւ 12 թնդանօթ:

Ֆրետերիք Ֆրայհըր Քրես վոն Քրեսենշթայն 1916
Խալիլ փաշա Քոլթ

– Դուն լաւ դերասան ես (Արշաւիրը ասպարէզով իսկապէս դերասան էր, առաջին հայ շարժանկարի դերասանը` 1913-ին,  ՅՉ): Կրնա՛ս լաւ ներկայացում մը տալ գերմանացիներուն եւ մանաւանդ Խալիլին: Հասկցա՞ր: Անոնց պէտք է ցոյց տանք, որ Սարդարապատի զինադադարը դեռ չէ վերջացած (հաստատուած, ՅՉ), թէ` մենք ուժ ունինք – եւ շարունակեց ժպիտով, հիմա հերթը Խալիլինն է – Ես Վանի մէջ անոր հետ մօտիկ բարեկամ եղած եմ, երբ վալի (նահանգապետ, ՅՉ) էր, իսկ ես` դաշնակցական գործիչ: «Հուրրիէթ»-ի (երիտասարդ-թուրք շարժում, ՅՉ)* տարին էր այդ (1908- ՅՉ): Խալիլ օղին շատ կը սիրէ: Նկատի ունեցիր: Պէտք է անոր փայլուն ընդունելութիւն ցոյց տալ:

– Հանգիստ մնա՛յ, Արա՛մ, ամէն բան կարգի կը դնեմ:

– Ուրեմն վաղը, երբ հեռագիրին պատասխանը ստանաս, անմիջապէս ինծի տեղեակ կը պահես: Գիշեր բարի, Արշաւի՛ր:

– Գիշեր բարի, Արա՛մ ջան:

Ես կը շտապէի, քանի որ կատարելիք շատ գործեր ունէի: Անմիջապէս գացի պաշտօնատեղիս եւ հերթապահ սպային հրամայեցի, որ հեռաձայնէ գունդերու գնդապետներուն, որպէսզի անմիջապէս հաւաքուին այստեղ` կարեւոր ժողովի մը համար:

Յետոյ զբաղեցայ Խալիլի ընդունելութեան գործով: (Բարսեղ, ՅՉ)* Եղիազարեաններուն շէնքը յատկացուցի Խալիլ փաշային եւ նոյնպէս հրահանգեցի իմ գունդիս հրամանատար Յակոբեանին, որպէսզի լաւագոյն վաշտերէն առանձին մասնաւոր ջոկատ մը կազմէ, փողահարները պատրաստէ որ կարենան նուագել տաճկական քայլերգը` հայկականէն ետք: Վստահ էի, որ Խալիլ փաշան պիտի փափաքէր հանդիպիլ սպարապետ (ընդհանուր հրամանատար Թովմաս Յովհաննէսի, ՅՉ) Նազարբէկեանին, որ առանձինն կ՛ապրէր փոքրիկ սենեակի մը մէջ:

Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան,
Բարսեղ Եղիազարեանին շէնքը, այժմ` Աբովեան 8

Անմիջապէս հրաւիրեցի Եղիազարեանը, որ ունէր գեղեցիկ յարկաբաժին մը Ազատութիւն փողոցին վրայ եւ խնդրեցի, որ ոչ թէ բռնադատուած ձեւով, այլ թոյլատրէ, որ երկու օրուան համար այնտեղ բնակի զօրավար Նազարբէկեանը` թուրք փաշային ցոյց տալու համար, որ ան կ՛ապրի ներկայանալի շէնքի մը մէջ: Ան ուրախութեամբ համաձայն գտնուեցաւ:

Յակոբեանին հրամայեցի նաեւ պահակ զետեղել Եղիազարեանի այդ բնակարանին առջեւ եւ շէնքին վրայ բարձրացնել սպայակոյտի դրօշակը: Որմէ ետք սպարապետին քով գացի եւ մեծ ճիգ թափեցի` համոզելու զինք, որ երկու օրուան համար փոխադրուի այդ նոր շէնքը:

Հրամանատարութիւն վերադարձիս` հեռագիր եկած էր Ալեքսանդրապոլէն, ըստ երեւոյթին, Խալիլ փաշան այնտեղ էր: Մեր (գերման զօրավարին, ՅՉ) հեռագիրին կը պատասխանէր (Խալիլ փաշան, ՅՉ), որ Երեւան կը հասնի ժամը 11:00-ին:

Անմիջապէս Արամը տեղեակ պահեցի: Քանի մը հրամանատարներ, զորս ժողովի կանչած էի, վախցած էին, որ վատ բան մը պատահած էր: Բայց երբ լսեցին բացատրութիւնս, հանգստացան: Հրամայեցի, որ բոլորը հաւաքուին Ազատութեան հրապարակին վրայ (իրենց գունդերով, ՅՉ):

Այնտեղէն կ՛անցնին գերման սպայակոյտի բնակած շէնքին առջեւէն` նուագելով փող-թմբուկ, կը շրջապատեն քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ թատրոնի ակումբը` խումբը (բանակայինները, ՅՉ) ստուարաթիւ ցոյց տալու համար:

Սարդարապատի ճակատամարտի հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեան եւ իր բնակարանը` Պուշկին 38. այս շէնքին մէջ նաեւ բնակած է Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աւետիք Սահակեանը:

Ծրագիրը հիանալի կերպով յաջողեցաւ: Գերման զօրավարը հիացած էր հայ զինուորներուն քալուածքին եւ կանոնաւորութեան վրայ: Թարգմանի միջոցով յայտնեց ինծի.

«Mein lieber Kommendent, կը շնորհաւորեմ ձեզ այսպիսի հիանալի խումբ կազմելուդ համար. Իսկ ո՞ւր կ՛ուղարկէք զանոնք»:

«Զօրավա՛ր,- ըսի,- պատերազմը տակաւին աւարտած չէ: Ուրեմն կրնաք հասկնալ, թէ ո՛ւր կ՛ուղարկենք զանոնք»:

«Ո՞վ է առաջին գունդի հրամանատարը, հարցուց:- հիանալի կեցուածք ունի:

«Գնդապետ Զատիկեանն է, զօրավա՛ր: Ան կռուած է ձեր դէմ  եւ կուրծքին ունի Սուրբ Գէորգի շքանշանը»:

Ապա ան խնդրեց, որ իր տրամադրութեան տակ դնեմ երկու գերմաներէն գիտցող սպայ, որոնք կարենան ցոյց տալ Երեւանի շրջակայքը եւ հին վանքերը: Այս առաջարկը ինծի հաճելի չեղաւ: Բայց ի՞նչ կրնայի ընել:

«Ուրախութեամբ, զօրավա՛ր,- ըսի.- բայց նախ ձեզի պէտք է յայտնեմ, որ Խալիլ փաշան Երեւան կը հասնի ժամը 11:00-ին,- եւ հեռագիրը ցոյց տուի:

Զօրավարը պատասխանեց. «Աւելի լաւ է մեր շրջագայութիւնը յետաձգել եւ ժամը 12:00-ին հաւաքուինք դահլիճիս մէջ»:

Տեսայ, որ ամէն բան լաւ ընթացքի մէջ էր: Քիչ մը հանգստացայ: Բայց կը մտածէի, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր հետեւիլ Խալիլի եւ գերման զօրավարի մտերմիկ խօսակցութեան: Անմիջապէս գացի պաշտօնատեղիս եւ Էսքտիկարեանէն խնդրեցի, որ հանէ զինուորական տարազը հագնի գլխաւոր սպասեակի տարազ, եւ երթայ գերման զօրավարին բնակարանը` որպէս սպասեակապետ,` այնպէս ձեւացնելով, որ կը հասկնայ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն, բայց` ոչ գերմաներէն:

16 փետրուար 2018
(Շար. 1)

———————————–

(1) (https://en.wikipedia.org/wiki/Friedrich_Freiherr_Kress_von_Kressenstein) Երբ Գերման-Օսմանեան դաշինքը կը քայքայուէր` ան 1918-ի կէսերուն, գերմանական փոքր զօրքով ղրկուեցաւ Վրաստան` որուն անկախութիւնը կ՛երաշխաւորէր Գերմանիան, դժուարացնելու Կարմիր բանակին Աբխազիոյ վրայ յարձակումը:
(2)  (https://hy.wikipedia.org/wiki/Խալիլ)
(3)  «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային, Պէյրութ, էջ 495-507:
(4)  (http://dayoftheweek.qpzm.com/?search_month=August&search_day=28&search_year=1918&type=search)
(5) «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» 7րդ հատոր, Բ. Հրատարակութիւն, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1979, Պէյրութ էջ 335-336, 145-146:

* Ծանօթ` դժբախտաբար այս եւ այլ լայնածաւալ յուշագրութիւններու մէջ, կը պակսին լրիւ անուններ (անուն եւ մականուն) եւ թուականներ. կարելի միջոցներով, երբեմն կը յաջողինք ամբողջացնել եւ վերականգնել պատմութիւնը, նաեւ լուսանկարներով`երբեմն հանդիպելով խեղաթիւրուած, կամ սխալ տեղեկութիւններու:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ուխտի Ճանապարհներ Խրիմեան Հայրիկի Տապանաքարին Առջեւ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?