Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներշնչարանի Վերածուած Թուական Մը

March 16, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Այս տարի կ’ամբողջանայ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարարին` Թալէաթ փաշայի ահաբեկման 97-րդ ամեակը: 1921 թուականի մարտ 15-ին զգայացունց լուրը հրճուեցուց թէ՛ մէկուկէս միլիոն նահատակները, թէ՛ ջարդերէն ճողոպրածներուն սրտերը, երբ Պերլինի մայթերէն մէկուն վրայ հայ երիտասարդի` Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ տապալեցաւ հայ պատմութեան մեծագոյն աղէտի կազմակերպիչը` Թալէաթ փաշան:

Պէտք է ըսեմ, որ բաւական ուշ տեղեկացած եմ այդ ահաբեկումին մասին, յստակ չեմ յիշեր` տասնինը կամ քսան տարեկանիս, եւ ունեցած առաջին զգացումս եղաւ մեծ բաւարարութիւն, քանի որ Թեհլիրեան իր արձակած գնդակով գետին կը փռէր մարդու կերպարանքով իսկական ճիւաղ մը` թուրք երբեմնի «յեղափոխական» մը: Սակայն ժամանակի թաւալքին հետ այս պատմական գործողութեան խորքը թափանցելով եւ աւելի լայն տեղեկութիւններ հաւաքելով, անդրադարձայ այն իրողութեան, թէ ի՛նչ ճիգ եւ աշխատանք կը պահանջէր դահիճը հետապնդելու, անոր թաքստոցը յայտնաբերելու եւ արդար մահապատիժը գործադրելու վեհ առաքելութիւնը:

Կ’արժէ նշել, թէ հայ պատժական արշաւը, որ պատմութեան անցաւ «Նեմեսիս գործողութիւն» անունով, կոյր վրէժխնդրութենէ ծնած չէր: Հայ ժողովուրդը եւ անոր պաշտպան Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը յուսային, որ յաղթական դաշնակիցներու ձեռքով եւ արդարամտութեամբ թուրք պարագլուխները իրենց արժանի պատիժը պիտի կրէին… Սակայն դարձեալ չարաչար խաբուեցաւ ազգը հայոց: Մեծ տէրութիւններու բացայայտ խարդաւանանքին ի տես, Դաշնակցութիւնը կ’որոշէ իր ֆետայական տարազին վրայ դատաւորի պատմուճանը հագնիլ եւ դեւերուն հանդէպ արձակած դատական վճիռները գործնականացնել: ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովէն ծնունդ առած «Նեմեսիս գործողութիւն»-ը եւ անոր ծիրին մէջ Թալէաթի ահաբեկումը ուղերձ կը կարդային թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ միջազգային ընտանիքին` ՀՅԴ-ի կարողականութեան եւ վճռակամութեան մասին, թէ աշխարհի մէջ չկայ ուժ մը, արգելք մը կամ պատնէշ, որոնք կրնան կուսակցութեան ընթացքը կասեցնել արդարութիւնը տնօրինելու ճամբուն վրայ: Սակայն կարողականութիւնը եւ իր տրամադրութեան տակ եղած միջոցներուն բազմազանութիւնը չէին կազմեր միակ խորհուրդը, զոր ՀՅԴ-ն կը պատգամէր համայն աշխարհին, այլ անոր ետին կանգնող եւ հիմը կազմող ուժը` յանձինս երիտասարդութեան: Հոս է իսկական խորհուրդը, զոր վերջերս կրցած եմ տեսնել: Արդարեւ, Սողոմոն Թեհլիրեան, տակաւին երիտասարդ ըլլալով, կոչուած էր անմահ օրինակ դառնալու գալիք սերունդներուն, երբ թիւ մէկ ոճրագործին յանցաւոր կեանքին վերջ դնելու նախանձելի պատասխանատուութիւնը ստանձնեց եւ զայն պատուով ու լիուլի կատարեց: Ինչպէս գիտենք, Թեհլիրեան «վրիժառու բազուկ»-ներու խումբին մաս կազմող միակ երիտասարդը չէր: Բոլորը ուսանողներ եւ երիտասարդներ էին: Յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող առաքելութիւնը երիտասարդներուն վստահելով, ՀՅԴ-ի պատասխանատուները ուզեցին ցոյց տալ բոլորին, որ կուսակցութեան ուժը եւ ողնասիւնը երիտասարդութիւն է:

Սողոմոն Թեհլիրեան եւ անոր նմանները իրենց կրակած փամփուշտներով ո՛չ միայն թուրք ջարդարարներ եւ հայ դաւաճաններ ահաբեկեցին, այլ նաեւ ամրագրեցին հայ երիտասարդութեան կարեւորութեան եւ անոր դերակատարութեան ակնարկող այն սկզբունքը, որ ՀՅԴ-ի ծնունդէն մինչեւ այսօր անժխտելի կը մնայ:

Այսօր ակնածանքով կը խոնարհիմ Սողոմոն Թեհլիրեանի անթառամ յիշատակին առջեւ, կը կարծեմ, թէ կան ինծի նման հազարաւոր երիտասարդներ, որոնք` 15 մարտ 1921-ին խորհուրդով ներշնչուած, պիտի ուզէին անոր տեղը ըլլալ եւ ատրճանակին կոճակը սեղմել: Վստահ եմ, որ մինչեւ իր աչքերը առյաւէտ փակելը Սողոմոնին փափաքն էր, որ հայ երիտասարդները ո՛ւր ալ գտնուին, ո՛ր երկրի քաղաքացիութիւն ալ կրեն, միշտ ալ գիտակից ըլլան իրենց ազգային պարտաւորութեանց եւ պատասխանատուութեանց:

Ուժ եւ կորով մեզի, սիրելի՛ երիտասարդներ, որպէսզի Թեհլիրեանի ժառանգութիւնը մեր մնայուն սեփականութիւնը դարձնենք:

 

 

Նախորդը

Դասականը Պիտի Վերադառնա՞յ Հայաստան

Յաջորդը

«Էմ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի «Ժառանգութիւն Եւ Մշակոյթ» Յայտագիրը Լուսարձակի Տակ Առաւ Հաւատքի Եւ Կրօնի Համար Մղուած Վարդանանց Ճակատամարտը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.