Յօդուածներ

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Հակահայ Ջղագարութիւնն Ազրպէյճանում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Այս հիւանդագին երեւոյթը նոր չէ Ազրպէյճանում եւ, փաստօրէն, քրոնիկական ախտանիշ է դարձած բախտի քմահաճոյքով մեզ հարեւան դարձած այդ երկրի ողջ հանրութեան, կարելի է ասել, բոլոր խաւերի համար: Սկսած շարքային քաղաքացիներից մինչեւ «հասարակական-քաղաքական ընտրանին»` իշխանութիւններ, կուսակցութիւններ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ:  Էական չէ` դիմութի՞ւն են, թէ՞ ընդդիմութիւն: Կառուցողակա՞ն են, թէ՞ արմատական` իրենց որդեգրած սկզբունքներում: Այն աւելի քան 30-ամեայ պատմութիւն...

Իրաքի Քիւրտերը Եւ Անկախ Քիւրտիստանի Երազը

Իրաք Ներխուժումէն Տասնհինգ Տարի Ետք

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Մարտ 2018-ին ճիշդ տասնհինգ տարի անցած պիտի ըլլայ այն թուականէն, երբ Միացեալ Նահանգներն ու իր դաշնակից երկիրները, գլխաւորութեամբ` Անգլիոյ, ներխուժեցին Իրաք: Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ զինուած ուժերը Իրաք ներխուժող ուժերուն 98 տոկոսը կը կազմէին: Օրին երկրի մենատէր եւ բռնակալ նախագահ Սատտամ Հիւսէյն անոնց գլխաւոր թիրախն էր: Իրաք գրաւելու նպատակներն էին, ըստ ներխուժող ուժերուն, կործանել Սատտամի ունեցած զանգուածային...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ամօթի «Ճանապարհային Քարտէս»-ը Պատմութեան Անցած Է

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամօթի «Ճանապարհային Քարտէս»-ը Պատմութեան Անցած Է

Մարտ 1-ը հայոց արդի պատմութեան մէջ կը յիշուի ճիշդ 10 տարի առաջ տեղի ունեցած խռովութիւններով, որոնք կայծակնային ձեւով տարածուեցան Երեւանի մէջ` պատճառ դառնալով ցոյցի, կողոպուտի, եղբայրասպանութեան: Աշխարհը այս անիշխանական մթնոլորտին ականատես կ՛ըլլար: Ցայսօր կարելի չէ եղած հետապնդել եւ դատի կանչել այս դէպքերուն ետին կանգնող անձնաւորութիւններն ու յանցապարտները: «Մարտ մէկ»-եան այս տխրահռչակ օրերու տասնամեակին միացաւ այլ պատմական եղելութիւն մը: Արդարեւ, 1...

Լրագրողների Լռեցման Աւանդոյթը Թուրքիայում  (Հասան Ֆեհմիից Մինչեւ Հրանդ Տինք)*

2016թ. Յեղաշրջման Փորձից Յետոյ Թուրքիայի Իշխանութիւնների Վարած Քաղաքականութիւնը Համշէնահայութեան Նկատմամբ

ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ 2016թ. յուլիսի 15-ին Թուրքիայում կատարուած ռազմական յեղաշրջման փորձից յետոյ այստեղ կտրուկ աւելացել են անխտիր բոլոր ընդդիմադիրների նկատմամբ հետապնդումներն ու հալածանքները: Գլխաւոր թիրախում են յայտնուել յատկապէս կիւլենականները, երկրի ձախակողմեան զանգուածը, քրտական Ժողովուրդների ժողովրդական կուսակցութեան (Halklarin Demokratik Partisi/HDP) ներկայացուցիչները եւ այլք: Նոյն տարուայ յուլիսի վերջին յայտարարուած եւ մինչ օրս շարունակուող արտակարգ դրութիւնը լայն հնարաւորութիւններ է ընձեռել Թուրքիայի ներկայիս իշխանութիւններին` իւրաքանչիւր...

Միսաք Մեծարենցի «Ծիածան»-ը.-  Մահուան 110-ամեակին Առիթով

Միսաք Մեծարենցի «Ծիածան»-ը.- Մահուան 110-ամեակին Առիթով

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ- ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ Գարուն է: Բնութիւնը կը զարթնի: Կը զարթնին նաեւ մարդոց զգացումները` միաձուլուելու համար բնութեան գեղեցկութեան հետ: Գարնան լաւագոյն պաստառը ծիածանն է: Ո՜վ չի հրճուիր ի տես անոր զարթնումին ու գեղեցկութեան, երբ թափթփող անձրեւներէն ետք կու գայ կամրջելու երկինքն ու երկիրը: Գարունը բնութեան մէջ որքա՜ն գեղեցիկ է, նոյնքան եւ տպաւորիչ է, երբ զայն կ’ըմբոշխնես գեղարուեստական բարձրաճաշակ բանաստեղծութիւններու ընդմէջէն: Բնութեան...

Հայ  Կինը  Հայրենասիրութեան Եւ Առաքինութեան  Օրինակ

Հայ Կինը Հայրենասիրութեան Եւ Առաքինութեան Օրինակ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Մարտ 8-ը ամբողջ աշխարհը կը հրաւիրէ կինը ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ է ան` իբրեւ մայրութեան հրաշալիք, իբրեւ կեանքի աղբիւր, իբրեւ ինքզինք իրագործելու կոչուած առաքելուհի, ստեղծարար ներկայութիւն: ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Մարտ ութը` որպէս Կնոջ միջազգային օր, առաջին անգամ ըլլալով նշուած է 1909 փետրուար 28-ին` հետագային փոխադրուելով մարտ  8-ի: Այս օրը աշխարհի չորս ծագերուն կը նշուի խորհրդանշական ցոյցերով, տօնակատարութիւններով, խորհրդաժողովներով` փառաբանելու համար...

Բալենին

Բալենին

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Վերջերս Քանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ լոյս տեսած «Բալենին» մանուկներու գիրքը ժամանակակից հայ հաւաքական կեանքի հազուագիւտ յառաջդիմական երեւոյթներէն է: Գիրքին հեղինակ` Թալին Լատոյեանը, իր այս ստեղծագործութեամբ, ոչ միայն փշրած է վատառողջ նախապաշարումներու ու յետամնաց կարծրատիպերու պատուարը, այլ իր սեփական ներաշխարհը, արհեստավարժական ու զգացական միաձոյլ շաղախով, ամբողջովին ներդրած` գրական այս կտորին մէջ: «Բալենին» յատուկ կարիքներ ունեցող մանուկներու մասին մանկական պատմուածք...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Դիմաւորել 100-Ամեակը 9. Ուժերը Մէկտեղել Եւ Վերականգնիլ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հարիւրամեակ պիտի տօնուի: Ինչպէս որ կը տօնենք բոլոր տարեդարձները, կարեւոր եւ անկարեւոր, որպէսզի զգանք, որ կանք: Հասունութեան հասած ժողովուրդ մը գիտէ իր անցեալին հետ հաշտուիլ, արդար արժեւորումներ ընել, վերականգնիլ եւ ձգտիլ աւելի լաւ ապագայի մը: Ֆրանսան պիտի հրատարակէ իր ցեղապաշտական գաղափարներուն համար դատապարտուած մեծ գրող Սելինի գործերը: Այսինքն գաղափարական-քաղաքական նկատառումները բաւարար պատճառներ չեն անտեսման, արժեզրկման: Քաջութիւն պէտք է...

Խմորո՞ւմ Մը Կը Պատրաստուի

Նուիրապետական Աթոռներ Եւ Ազգային Սահմանադրութիւն

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ        Ծանօթութիւն. ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան կազմական ժողովին մէջ օրակարգի հարցերէն մէկը նպատակ ունէր երիտասարդ ու նորագիր ընկերներուն ներկայացնել մեր եկեղեցական-համայնքային կեանքը կանոնակարգող «Ազգային սահմանադրութիւնը», որուն վաւերացման (սուլթանի կողմէ) 155-ամեակի սեմին ենք ներկայիս: 15 վայրկեանի սահմաններուն մէջ զեկուցաբերին տուած տեղեկութիւններն ու զեկոյցին յաջորդող զրոյցը շահեկան նկատելով, անոնց կարեւոր կէտերուն խտացումը կը հրապարակենք` հաւատալով, որ  հետաքրքրուողներ կ՛ըլլան: Մեր եկեղեցին Հին...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Բանե՜ր, Բանե՜ր… Եւ Շա՜տ Բաներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ընդհանրապէս քաղաքականութեամբ զբաղողը չեմ: Ո՛չ թէ, որովհետեւ չեմ սիրեր, այլ անկեղծօրէն չեմ հասկնար: Եւ ամէն անգամ, երբ ընտանեկան կամ ընկերային մեր հաւաքներուն, իբրեւ ընդհանուր խօսակցութեան նիւթ, սա քաղաքականութիւն ըսուած ճիւաղին «գնդակը» մէջտեղ նետուի, եւ խօսակիցներս սկսին մեծ ու լայն ախորժակով բարձրաձայն, նոյնիսկ պոռալով, ձեռքով եւ ոտքով արտայայտուիլ ու վիճիլ, կարծես իրենք ըլլային աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրներու նախագահներու...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Պաղեստինցի Գաղթականները Եւ Հայրենիք Վերադառնալու Պայքարը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 1948-ի մայիսին Իսրայէլի անկախացումը եւ պաղեստինցիներու արտաքսումը նկատուեցաւ իբրեւ քաղաքակրթական յաղթանակ` ընդդէմ «իսլամ բնակչութեան»: Անգլիացին, որուն վստահուած էր իբրեւ հոգատար երկիր օգնել Պաղեստինի անկախութեան, ամէն ջանք թափեց տկարացնելու պաղեստինեան հաստատութիւնները եւ օգնելու հրեաներուն, որ գաղթեն Պաղեստին` ստեղծելու համար իրենց ապագայ «Հրէաստանը»: 15 մայիս 1948-ին անգլիական հոգատարութիւնը վերջ գտած էր, եւ հրեաներուն թիւը բարձրացած էր 9 առ հարիւրէն 30...

Արցախեան Վերածնունդը` Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի Ոսպնեակի Ետին

Արցախեան Վերածնունդը` Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի Ոսպնեակի Ետին

Հազիւ երկու շաբաթ առաջ «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը ե-նամակի միջոցով ստացաւ նկարներու շարք մը: Հասցէն կը պատկանէր հանրածանօթ լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի, որ երկար ժամանակէ ի վեր հաստատուած է Նիւ Եորք: Քիչ անց նոյնինքն Ռոպերթն էր, որ ընկալուչին ետին կը զրուցէր: Ի յայտ եկած էր, թէ աչքի վիրահատութեան ենթարկուած էր վեթերան լուսանկարիչը, հարազատներու միջոցով ղրկած էր այս «տեսողական գանձ»-ը, որ 1988-ի արցախեան վերածնունդի...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Սլաք. Արուեստագէտ Փնտռե՞նք, Թէ՞

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Մարտի առաջին օրերուն Պի. Պի. Սի.-ն հաղորդեց լուր մը, որ ատենին շատ լուսանցքային դրսեւորում ունեցած էր ամերիկեան մամուլին մէջ: Հաղորդեց, որ ամերիկացի արուեստագէտ մը` Ռայըն Մենտոզա, շուրջ 2 տարի առաջ ամենայն զգուշութեամբ եւ հոգածութեամբ տարանջատած է հռչակաւոր Ռոզա Փարքսի Տիթրոյիթի բնակարանը, եւ բեկորները Գերմանիա փոխադրելով` վերակառուցած է Պերլինի մէջ. մօտաւորապէս տարի մը առաջ անիկա վերածուած է փոքր թանգարանի...

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի  85-ամեակի Հանդիսութիւն

ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի 85-ամեակի Հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 27 փետրուար 2018-ին ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղը տօնեց իր հիմնադրութեան 85-ամեակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սիւզան Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ ըսաւ. «85-ամեակը  անխոնջ աշխատանքի, նուիրումի եւ...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի աշխատանքներէն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի աշխատանքներէն

Հանդիպում` Շահանդուխտին Հետ Երեքշաբթի, 6 մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Ե. կարգի աշակերտները գեղեցիկ առիթը ունեցան ծանօթանալու լիբանանահայ կարկառուն դէմքերէն` ուսուցիչ, գրագէտ, բանաստեղծ եւ խմբագիր Շահանդուխտին հետ: Աշակերտներուն համար իւրայատուկ եւ հետաքրքրական երեւոյթը այն էր, որ պիտի ծանօթանային «ապրող գրողի մը», պիտի խօսէին անոր հետ եւ իր կեանքէն վկայութիւններ պիտի քաղէին: Հանդիպումը կայացաւ գրագիտուհիին բնակարանը, ուր աշակերտները ջերմ...

Առի. Արցախի Վերաբնակեցման Եւ Ազդեցիկ Ներդրումներու Լաւագոյն Օրինակը

Առի. Արցախի Վերաբնակեցման Եւ Ազդեցիկ Ներդրումներու Լաւագոյն Օրինակը

Քաշաթաղի եւ Շահումեանի  վերաբնակեցման եւ Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով 2010-էն ի վեր Արցախի մէջ ապրող բնակչութեան վարկեր տրամադրող Արցախ Ռուց Ինվեսթմընցը (ԱՌԻ), որուն այսօր մաս կը կազմեն 200 բաժնետէրեր` Լիբանանէն, Արցախէն, Սուրիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն եւ Աւստրալիայէն, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին, Պէյրութի մէջ ԱՌԻ պիտի գումարէ իր ընդհանուր ժողովը`...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ 31- 1 օգոստոս 1918: Երեւանի Քաղաքային ակումբի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհուրդի անդրանիկ նիստի հանդիսաւոր բացումը: Աւետիք Սահակեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնը ստանձնեց (Սահակեան այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1 օգոստոս 1919 թուական): Հայաստանի խորհուրդի անդրանիկ նիստին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ հիւրերու եւ 46 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ. խորհուրդին կազմը ձեւաւորուած էր Ազգային խորհուրդի եռապատկումով ու այլազգիներու ներգրաւումով. 38...

Մեր Կորուստները.  Ազգային-Կուսակցական Գործիչ  Յակոբ Եափուճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

«Շախս»-ն Ալ Գնաց… (Յակոբ Եափուճեանի Անմոռանալի Յիշատակին)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հաւատալս չի գար, որ այդպէս` յանկարծ, «Շախս»-ը չկայ այլեւս: «Զաւարեանական» մեր սերունդին «Շախս»-ն էր` «յարգանք պարտադրող անձնաւորութի՛ւն»-ն էր Յակոբ Եափուճեան, որ իր ամբողջ կեանքը իմաստաւորեց ազգին ու հայրենիքին հանդէպ դաշնակցական ծառայութեան անսակարկ անձնուիրումով: Կեանքը կանուխէն մեզ իրարու մօտեցուց Լիբանանի մէջ եւ բնաւ իրարմէ չհեռացուց, նոյնիսկ երբ վերջին երեսուն տարիներուն տարբեր երկիրներու մէջ ապրեցանք` ինք Լիբանան եւ երբեմն Քանատա,...

Ազնուահոգի Մարին  (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ազնուահոգի Մարին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Մ. ԽՕՇԵԱՆ Փխրուն սիրտ մը, ազնիւ հոգի մը, ժպտերես ու լաւատես անձ մըն էր Մարին, թէեւ աշնան տարիքին չէր հասած, սակայն յոգնած տերեւի նման թափեցաւ գետին` չդիմանալով առողջութեան անակնկալ վատթարացման: Երկար չտեւեց հիւանդութիւնը, որ պատրաստէր շուրջինները կեանքի անսպասելի աւարտին: Մուսալեռցի Հաճեան ծնողներու միակ աղջիկ զաւակը` ծնած ու մեծցած էր Հալէպի մէջ: Ուսանած` տեղւոյն Աւետ. Էմմանուէլ վարժարանին մէջ, ապա` Ալեփփօ քոլեճին...

Ծանր Պարտականութիւն (Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին)

Ծանր Պարտականութիւն (Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին)

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Մանկապարտէզէն-...Ճեմարան Մեր դասընկերներէն մէկուն կանխահաս մահուան առիթով, տարիներ առաջ մահախօսական մը գրած էր Յակոբը: Այդ տարիներուն չկար համացանցի դրութիւն, եւ, բնականաբար, կարդալու առիթը չէի ունեցած: Տարիները անցան, եւ շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն` վերագտանք մեր «կորսուած» ընկերներէն շատերը, որոնց կարգին` Յակոբ Եափուճեանը, որուն հետ դասընկերներ եղած էինք մանկապարտէզի օրերէն: Երկար տարիներու բացակայութեան պակասը լեցնելու միտումով էր կարծես, որ գրեթէ ամէնօրեայ...

Page 716 of 1110 1 … 715 716 717 … 1,110

Արխիւներ