Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ցնորամտութի՞ւն, Թէ՞ Թշնամանք

March 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուս յայտնի ազգայնական գործիչ, Միջազգային եւրասիական շարժումի ղեկավար, քաղաքագէտ Ալեքսանտր Տուկին հայրենի «Ժամանակ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յառաջ քշեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար հայ ժողովուրդի շահերուն խիստ հակադրուող գաղափար մը: Ան կ՛առաջարկէ այդ հիմնահարցի լուծումը քննարկել Սուրիոյ հարցով ստեղծուած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա ձեւաչափին մէջ` ընդգծելով. «Գլխաւորը` որքան կարելի է հեռու քշել Արեւմուտքը»:

Այդ ձեւաչափով խնդիրներու լուծման «փայլուն արդիւնքներ»-ը յստակօրէն կ՛երեւին Աֆրինի իրադարձութիւններուն` Մոսկուայի կողմէ քիւրտերու դաւաճանութեան եւ Անգարայի կողմէ ներխուժման, կոտորածին ու աւերին մէջ: Միւս կողմէ` մեզի համար ո՛չ Արեւմուտքն է վստահելի, ո՛չ ալ` Արեւելքը: Սակայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա-Ֆրանսա համանախագահութիւնը այն ձեւաչափն է, ուր հակակշռուած են երկու ժխտականները: Ստեղծուած է հաւասարակշռութիւն մը, որ հայկական կողմին կ՛ապահովէ երկու կողմերուն միջեւ խուսանաւելու կարելիութիւն մը, որ կու գայ աւելնալու հայկական կողմին համար միակ իսկականը եղող հայկական բանակին ու հայ զինուորին ներկայացուցած երաշխիքին վրայ: Երաշխիք մը, որուն անփոխարինելիութիւնն ու կենսական նշանակութիւնը ընդգծուեցաւ եւ ատոր վերյիշեցումը կատարուեցաւ ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմի ընթացքին:

Իր կերպարանքով եւ, ըստ կարգ մը կարծիքներու, նաեւ ազդեցութեամբ տխրահռչակ Ռասփութինը յիշեցնող Տուկին նաեւ կ՛առաջարկէ, որ հայկական կողմը «իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում» վերադարձնէ «Ազրպէյճանի հինգ» շրջանները, ինչ որ «կրնայ կարեւոր եւ նոյնիսկ վճռական քայլ ըլլալ դէպի իրավիճակի ապամագլցում, լարուածութեան թուլացում»:

Արցախի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, սակայն, ազրպէյճանական ոչ իսկ մէկ տարածք գոյութիւն ունի, փոխարէնը ազրպէյճանական կողմին մօտ կան բռնագրաւուած հայկական տարածքներ, իսկ եթէ իրապէս տարածքներու վերադարձի տեսքով բարի կամեցողութեան ցուցադրման անհրաժեշտութիւն մը կայ, ապա ատիկա պէտք է կատարէ Պաքուն եւ ոչ թէ Ստեփանակերտը: Այլ հարց, թէ բարի կամեցողութեան ցուցադրման տարազը յստակօրէն բանաձեւուած ու կողմերուն ներկայացուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կողմէ եւ որդեգրուած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի կողմէ, սակայն վերջինս մինչեւ օրս չի ցուցաբերեր զայն:

Տուկինի այն կարծիքը, թէ ցեղասպանութեան զոհ դարձած եւ ռուս-թրքական դաւերու պատճառով իր անկախ պետութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը իր տարածքներէն հինգը ռազմատենչ ու սպառնական յայտարարութիւններ կատարող, 1994-1995-ի զինադադարի համաձայնագիրը շարունակ խախտող եւ զէնքի ներածման բարձր համեմատութիւն ունեցող Ազրպէյճանին պէտք է յանձնէ, ցնորամտութի՞ւն է, թշնամա՞նք, թէ՞ երկուքը: Յամենայն դէպս, աւելի քան հեգնական է անոր կատարած այն մեղադրանքը, թէ Արեւմուտքը չի հասկնար շրջանի խնդիրները:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Ազգային Ու Գործարար Շրջանակներու Հետ Եւ Այցելեց Համայնքային-Կրթական Կեդրոններ

Յաջորդը

Թուրքիան Բողոքագիր Յղած Է Գերմանիոյ` Պերլինի Թրքական Մզկիթներուն Դէմ Յարձակումներուն Հարցով

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.