Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Կ՛ուզես, Կ՛ըլլայ…»

Մարտ 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Փետրուար ամսուն վերջին օրերուն եւ մարտի սկիզբը կը գտնուէի Անգլիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա: Ճիշդ այն օրերուն էր, երբ վրայ հասաւ այսպէս կոչուած «Արեւելքի հրէշը»: Ցուրտ եւ պաղ կլիման ոչ միայն անդամալուծեց տարածաշրջանը, այլեւ բաւական մարդկային եւ նիւթական վնասներ պատճառեց : Ես պէտք էր ելք մը գտնէի դուրս գալու համար Պելֆասթի փակ օդային տարածքէն` հասնելու համար Պէյրութ: Դժուար էր, բայց երեւցաւ դուրս գալու լաւ միջոցը: Պելֆասթէն դէպի Փարիզ, որմէ ետք` Պէյրութ:

Շաբաթ, մարտ երեքին կը մտնեմ Փարիզի «Շարլ տը Կոլ» օդակայանը: Առաւօտ բաւական կանուխ կարծէք օդակայանը նոր կ’արթննար: Հանդարտ էր ամէն տեղ եւ ամէն բան: Հասայ Ֆրանսական ընկերութեան օդանաւի մուտքի ընդունման կեդրոնները, ուր պաշտօնեանները մէկը միւսին քով եւ ազատ վիճակի մէջ կը սպասէին զիս: Ի՜նչ հաճելի է հանդարտ եւ ոչ խճողուած մթնոլորտը, երբ առջեւդ կան շատ մը պաշտօնեաններ, որոնց դէմքին ժպիտը պատրաստ է քեզ ընդունելու:

Կ՛երեւի միայն ետքը պիտի անդրադառնայի եւ կամ գիտակցէի, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս պատահականութիւնը զիս մղեց, որպէսզի անցնիմ այն կարգին, որուն ետեւ աշխուժ ժպիտով երիտասարդ օրիորդ մը զիս ընդունեց:

Փարիզ էի: Պատշաճ էր, որ տեղական լեզուով բարեւէի: Չուշացաւ իմ կողմէս « պոնժուրը» եւ անցագիրս յանձնեցի օրիորդին:

Երիտասարդ պաշտօնեայ օրիորդը նայեցաւ անցագիրիս եւ գլուխը վեր առնելով` ինծի ըսաւ. «Կրնաս նաեւ բարի լոյս ըսել»:

« Աղջի՞կ…», եղաւ իմ շատ արագ պատասխանս… Չեմ գիտեր, եթէ իմ արագ արտայայտութիւնը առանց անդրադառնալու էր, բայց զգացի, որ  թօթափած էի պաշտօնական հանգամանքը եւ դուրս եկած էի զսպուած եւ կաղապարուած այդ մթնոլորտէն` Փարիզի օդակայանին մէջ: «Մայրենիով» սկսած մեր զրոյցը ստացաւ բարեկամական եւ հաղորդական հիմք:

«Իմ մականունս Թաշճեան է». ըսաւ ան:

Եւ չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, բայց նոյնքան արագ եկայ հաստատելու, որ ան պէտք էր ըլլար Պէյրութէն կամ Կիպրոսէն:

«Շատ հաւանաբար Լիբանանէն կամ Կիպրոսէն եկած էք», ըսի իրեն` փորձելով կամրջել Թաշճեան ընտանիքներու իմ ծանօթութիւններս մեր այս շրջաններուն մէջ:

«Ինչու միայն Լիբանանէ՞ն եւ Կիպրոսէ՞ն մէկը կրնայ ըլլալ», եղաւ իր հաստատ պատասխանը:

Կը զրուցէի ինքնավստահ, խելահաս եւ համարձակ հայուհիի մը հետ:

«Հայրս Հալէպ ծնած է», շարունակեց ան: «Պատանի տարիքին` տասնմէկ տարեկանին, եկած է  Ֆրանսա»:

Ճիշդ էր: Ես պէտք էր կարենայի տեսնել եւ կռահել, որ Թաշճեան ընտանիքէն ալ ծանօթութիւններ ունիմ Հալէպի մէջ: « Մայրս քեսապցի է` Սարգիսեան ընտանիքէն եւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. վեհափառին զարմիկն է», շարունակեց ան հպարտ ու հաստատ հայերէնով:

«Զարմիկներ…»: Մեր զրոյցին մէջէն սկսած էի տեսնել, որ կը խօսիմ երիտասարդ օրիորդի մը հետ, որ ոչ միայն հպարտ հայ է, այլ նաեւ բաւական լաւ տիրապետած է  մայրենիին: Ան չգործածեց «քուզին» կամ « քուզեն» ֆրանսերէն արտայայտութիւնները, ինչ որ թերեւս կրնար շատ աւելի դիւրին ըլլալ իրեն համար…

«Ես Ֆրանսա ծնած եմ, բայց շատ փափաք ունէի այցելելու Սուրիա` իմ ծնողքիս ծննդավայրը,- ըսաւ ան.- Բայց կարելի չեղաւ. հիմա ալ քիչ մը ուշ է»: Իսկ «ուշ»-ով ան կ՛ակնարկէր անշուշտ Սուրիոյ ներկայ օրերու քաղաքական եւ պատերազմական վիճակին:

«Իմ ալ ծնողներս հալէպցի են,-  եղաւ իմ մասնակցութիւնը այս զրոյցին.- բայց ես Պէյրութ ծնած եմ»:

Այս բոլորէն անդին կար մէջս հարցում-հետաքրքրութիւն մը, որ ուզեցի ուղղել երիտասարդ Թաշճեանին: Բաւական ծանօթութիւն ունիմ ֆրանսահայ իրականութեան հետ եւ գիտեմ նաեւ, որ մայրենիին գործածութիւնը գաղութին մէջ տեղքայլի մէջ է, մանաւանդ` երիտասարդ սերունդին պարագային: Իսկ իմ առջեւս կեցած էր Ֆրանսա ծնած երիտասարդ հայուհի մը, որ մեր խօսակցութեան ընթացքին ոչ մէկ օտար բառ գործածեց…:

«Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Ֆրանսա ծնած ես եւ լաւ հայերէն կը խօսիս», եղաւ իմ հետաքրքիր ու դիպուկ հարցումը:

Երիտասարդ Թաշճեանի երեսին վրայ գծուեցաւ ժպիտ մը: Նոյն այդ ֆրանսական ընկերութեան պաշտօնեայի հանգամանքի

«պարտադրուած» ժպիտէն շատ աւելի անդին էր…  Սկսած էի աւելիով տեսնել Թաշճեանին հայկական ինքնավստահութիւնը եւ հպարտութիւնը իր դէմքին վրայ: Եւ իմ հարցումին ան դրաւ իր պատասխանը, որ դարձաւ ինծի համար մարտահրաւէր. «Եթէ կ՛ուզես, կ՛ըլլայ», ըսաւ ան:

Պատասխանը շատ պարզ էր եւ ունէր իր մէջ բովանդակութիւն մը, որ կ’ենթադրէր անձնական պատասխանատուութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն:

Հրաժեշտ առի Թաշճեանէն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի այս հաճելի հանդիպումին համար, բայց մէջս կար մէկ շատ կարեւոր հարցում. «Ո՞վ է, որ պիտի ուզէ…»:

«Մայրենի»-ին օրուան առիթով կային ուղերձներ եւ արտայայտութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ըսաւ. «Հայոց լեզուն` հայ ինքնութեան ու ազգային միաբանութեան առաջնային գրաւականն ու հայապահպանութեան հիմնասիւնը, ուծացման վտանգի դէմ զօրեղ վահանը»: Եւ նոյնքան հետաքրքրական էր նաեւ Սեւան Տէյիրմենճեանին արտայայտութիւնը. «Լեզուն կենդանի է դիմադրութեամբ»:

Բայց կայ տակաւին իմ հարցումը: Ո՞վ է, որ պիտի ուզէ  «ուծացման վտանգի» դէմ կենալ, եւ ո՞վքեր են անոնք, որոնք պիտի ու պէտք է «դիմադրեն»` լեզուն կենդանի պահելու գրաւականին ի խնդիր…

Փարիզ ծնած ու հոն ապրող Թաշճեանը գտած է եւ ունի պատասխանը: «Ինքն է, որ ուզած է»: Եւ ինքը իւրաքանչիւր հայն է: Ես եմ, դուն ես եւ` բոլորս: Բոլորս եթէ «ուզենք», «կ՛ըլլայ», եւ կը պահուի «մայրենին»:

Օդանաւի դրան մուտքին նոյն ընկերութեան այլ պաշտօնեայ մը  փոխարինեց իմ նստելու աթոռիս թուղթը եւ տուաւ ինծի առաջին կարգի տեղ: Ինծի համար քիչ մը տարօրինակ էր: Լիբանանեան մեր օդանաւային ընկերութեան հետ միշտ ալ ունեցած եմ այս փորձառութիւնը, քանի յաճախ կը ճամբորդեմ իրենց հետ: Բայց` ոչ ֆրանսականին հետ: Եւ դժուար չեղաւ հետեւցնելը… Թաշճեանն էր… Հայկական ծանօթութիւնը, որ սկսած էր Փարիզի օդակայանին մէջ, եւ որ ջերմացաւ մեր մայրենիին հաղորդակցութեամբ: Հոն, ուր երկու հայեր կրցած էին զիրար աւելի լաւ ճանչնալ, բայց նաեւ` հաղորդակցիլ:

Եւ եթէ «հայուն ինքնութիւնը եւ ազգային միաբանութիւնը» պիտի պահպանենք, այս պիտի նշանակէ, որ  նաեւ պիտի  պահպանենք «հայոց լեզուն»: Եւ «մայրենիին» պահպանումը մեծապէս պիտի օգնէ, որպէսզի հայը աւելի լաւ կրնայ հասկնալ «միւս» հայը: Բայց «հայոց լեզուն» պահելու համար պէտք է «դիմադրութիւն»: «Դիմադրութիւնը» նախ եւ առաջ անձնական ընտրանք է… Իմ ընտրանքը, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը:

«Եթէ կ՛ուզես, կ՛ըլլայ»:

Երիտասարդ Թաշճեանը «ուզած» է… Ան Փարիզի օդակայանին մէջ ապացուցեց, որ «կ՛ըլլայ» եղեր… որ «մայրենին» կը պահուի, եթէ ուզես…:

Եւ ուզո՞ղը: Պէտք է ըլլամ ես, դուն եւ` բոլորս:

Թաշճեանին ընտրանքը, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը:

«Մայրենիին» պահպանումը…

 

 

 

Նախորդը

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնին Գիտաժողովը

Յաջորդը

«Մեր Պապերի Նման Ենք»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?