ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Մանկութեանս յուշերուն մէջ դեռ վառ կը մնայ երկար մօրուքով «պապիկ»-ի մը պատկերը, որ կախուած էր մեր տան հիւրանոցի մուտքի ճիշդ դիմացի պատէն: Ծնողներս ինծի ըսած էին, որ ան շատ բարի եւ մեր բոլորին «Հայրիկ»-ն է: Ան տպաւորուած էր մէջս` որպէս ամենակալի օրինակը:
Այդ պատկերը «հանելուկ» ըլլալէ դադրեցաւ, երբ տարիներ ետք, ազգային վարժարան յաճախելով, դպրոցական հանդէսներուն իր մասին արտասանութիւններ ու երգեր սորվելով եւ կարդալով` ճանչցայ զինք, «Հայոց Հայրիկ»-ը` մեր ժողովուրդի ազատագրական շարժման ռահվիրաներէն անդրանիկը:
Հայրենասէրի այս զգացումով, երբ Խորհրդային Հայաստան այցելել կ՛արտօնուէր մեզի, նախ փափաքեցայ մեր դարաւոր հաւատքի կեդրոնատեղին` Էջմիածին այցելելով` Հայրիկի տապանաքարն ալ տեսնել: Յուզուած ու պատկառանքով մօտեցայ Մայր Աթոռի զանգակատան հարաւակողմը գտնուող շիրմաքարին: Հայրիկին տապանաքարը սպիտակ, մաքուր մարմարէ պատրաստել տրուած էր, Էջմիածնի Սինոտի յանձնարարութեամբ, Թիֆլիսի մէջ օրուան առաջնորդ Գարեգին արք. Սաթունեանը: Ան հաստատուած է կապոյտ կրանիթէ պատուանդանի վրայ` մօտ երկու մեթր երկարութեամբ: Մարմարէ շիրմաքարին գլխավերեւը քանդակուած է հայրապետական թագը եւ զոյգ գաւազաններն ու զարդերը, իսկ չորս կողմերը շրջանակաձեւ քանդակուած են նուրբ ծաղիկներ: Բարձրաքանդակ եւ շատ սիրուն տառերով ալ փորուած է տապանագիրը, որ գրած է Խրիմեանին յաջորդող Մատթէոս Իզմիրլեան կաթողիկոսը:
Յուզիչ էր տպաւորութիւնս: Խրիմեան Հայրիկի կենսագիր Հայկ Աճեմեանին նկարագրութեամբ` «Արարատեան աշխարհին մէջ, Մասիսի ստորոտէն եւ Արաքսի ափերէն քիչ հեռու, Էջմիածնի զանգակատան կամարներուն տակ, մո՜ւշ-մո՜ւշ կը ննջէ հայոց Հայրիկը, Արագածի հովերը կը շոյեն անոր շիրիմը», իսկական պատկերացումը ունեցայ: Ի դէպ, օրին վերոյիշեալի գիրքին մէջ (տպագրուած` 1920-ին) կարդացած էի, որ Հայրիկին թաղումը շարժապատկերի ընկերութեան մը կողմէ լուսանկարուած ու ցուցադրուած էր` Կովկասի մէջ որպէս պատմական ժապաւէն, ապա` Վան, 1909-ին: Արդեօք դեռ գոյութիւն ունի՞ անիկա:
Այսօր, Խ. Հայրիկի մահէն հարիւր տարի ետք, որքա՜ն իրական է բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի հետեւեալ խօսքը. «Արարատեան երկրի հողը ծածկեց նրա աչքերը եւ նա քնեց «հողին քնով» դարե՜ր, դարե՜ր, յաւիտեան…: Բայց հայ ժողովուրդը նրան չի մոռանայ: Քանի հնանայ նա, այնքան աւելի մեծ մարդու պսակով շողազարդուած` կը նայէ դարերի միջից հայ ժողովրդին եւ կը խօսի նրա հետ, իր ժողովրդի նուիրական իղձերից, հարազատ լեզուով: Ժողովուրդը նրան չի մոռնայ, որովհետեւ նա նրա սրտից էր եկել եւ դէպի նրա սիրտն էր գնում…»: