Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Պապերի Նման Ենք»

Մարտ 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Անցնող օրերուն աւարտեցինք փետրուար ամիսը:

Տարուան ամիսներուն մէջ փետրուարը լի է հայոց պահանջատիրական տօներով: Կարելի չէ թեւակոխել փետրուարը` առանց անդրադառնալու կարգ մը յիշատակելի թուականներու: Կը սկսինք Վարդանանց պատերազմի յիշատակութեամբ, կ’անցնինք Փետրուարեան ապստամբութեան, ապա կ’աւարտենք արցախեան ազատագրական պայքարի ոգեկոչումով:

Այս տարի տարբեր էր փետրուարը, որովհետեւ համայն հայութիւնը նշեց արցախեան պայքարի 30-ամեակը:

Փետրուարի վերջին օրերուն Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ արտասովոր աշխուժութիւն մը կար: Մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աշակերտները տարբեր ձեռնարկներով նշեցին Մայրենի լեզուի , գիրք նուիրելու եւ արցախեան պայքարի ոգեկոչման 30-ամեակը:

Մանկապարտէզի երեխաներուն` «Մեր պապերի նման ենք…» սրտաբուխ եւ հարազատ կանչերը, ուսուցչուհիներուն օգնութեամբ Արցախի դրօշին պատրաստութիւնը տպաւորիչ էին: Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի կարգերուն Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատրուրեան» սրահին բեմէն բարձրացող մեկնաբանութիւնները, երգչախումբին մատուցած երգերը, պարերն ու սահիկներու ցուցադրութիւնը ազդեցիկ եւ գօտեպնդիչ էին: Փաստօրէն Արցախի ազատամարտիկներուն շունչն ու թեւածող ոգին ներկայ էին բեմին վրայ` աշակերտութեան կողքին:

30 տարիներ առաջ Արցախի լեռներուն վրայ ծնունդ առած գոյամարտի պայքարը վարակիչ ազդեցութիւն ունեցած էր այս նոր սերունդին վրայ, որուն մօտ բացայայտօրէն կ’արտացոլար  պահանջատիրական պայքարի ամէն կեցուածք թէ  զգացում, գոյամարտը շարունակելու մղում, յաղթանակի երթի վճռական կամք եւ հաստատ համոզում:

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութեան մօտ վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները յստակօրէն կ’երեւէին: Այդ բոլորին  ականատես ըլլալը կը նշանակէր` վերապրիլ պատմութիւնը, ներշնչուիլ հերոսներու ոգիով, նախանձախնդրութեամբ սեւեռել մեր նայուածքները դէպի նոր սերունդը, վստահիլ անոր գաղափարներուն, տեսիլքներուն եւ մանաւանդ հայրենասիրութեան:

Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանումի համար պատասխանատուներ, ղեկավարներ եւ կրթական մշակներ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն: Ոմանց համար այդ ջանքերը թերեւս ապարդիւն կը սեպուին, ուրիշներու համար ալ` պարզ փորձարկումներ:

Ճիշդ է, որ համաշխարհայնացումի բոլոր երեւոյթներուն դէմ  պայքարիլը դժուար է, հոսանքն ի վեր թիավարելը բաւականին բարդ է,  սակայն ընկրկիլը ներելի չէ: Օտար  բարքերը  արտասովոր արագութեամբ կը թափանցեն  բոլոր եւ նոյնիսկ  մեր հայկական շրջանակներէն ներս, բայց եթէ անգամ մը մեր ակնարկը նետենք մանուկներուն, պատանիներուն կամ նորահաս երիտասարդներուն հոգիներուն, հոն պիտի հանդիպինք իրենց ծիներուն մէջ արմատացած  հայրենասիրութեան,  պիտի հանդիպինք իրենց սրտերուն մէջ բոյն դրած պահանջատիրական  զգացումին, պիտի հանդիպինք իրենց ուղեղներուն մէջ տեղ գտած ազատ հայրենիքի գաղափարին:

Հայկական կրթօճախներուն կամ միութիւններուն մէջ գործող ապագայ երիտասարդը խրախուսելը, մարդկային թէ հայկական արժէքներով դաստիարակելը այս փուլին չափազանց անհրաժեշտ է: Նորահաս երիտասարդութեան մէջ հայրենասիրական գաղափարի եւ կեցուածքի նուազագոյն նշոյլն իսկ հարկ է գնահատել եւ զարգացնել: Դեռ աւելի՛ն. օտար շրջանակներու մէջ գտնուող մեր երիտասարդութիւնը հայութեան մօտեցնելը հրամայական մըն է: Հաւատանք, որ օտարասէր հայ երիտասարդին մէջ եւս կարելի է գտնել թաքնուած հայրենասիրութիւն:

Արցախեան պայքարի 30-ամեակի ոգեկոչումը առիթ մըն է` աշակերտութեան թէ երիտասարդութեան մէջ զարգացնելու ազատ ու անկախ հայրենիքի ձգտումը: Չտատամսի՛նք, այնքան ատեն որ անոնք ունին կամքն ու պատրաստակամութիւնը:

Վերջապէս, «Մեր պապերի նման ենք»: Կը սիրենք մեր երկիրը, կը սիրենք ազատութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

«Եթէ Կ՛ուզես, Կ՛ըլլայ…»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?